Յայտարարութիւն

Wednesday, August 12, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 6 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Կորսուած, մոռցուած եւ հրաշքով վերյայտնուած այս լուսանկարին պատմութիւնը եւ գաղտնիքները վերջացան։ Հոգեբուժական իմ փորձարկութիւնս ալ, յուսամ, վերջ կու տայ այլեւս դահիճիս այցելութիւններուն։ Միայն թէ, որքան կը դիտեմ լուսանկարը, պատկերին ետեւէն ուրիշ դէմքեր, ուրիշ դէպքեր կը յայտնուին։

Կը նմանիմ մէկուն, որ կանգնած է խաղաղ, հայելիի պէս ողորկ ծովու մը ափին եւ յանկարծ, անխորշոմ այդ մակերեսին վրայ հսկայական ալիք մը կը կազմուի,– այս պզտիկ պատկերով – կը խուժէ վրաս եւ ամբողջ էութիւնս կ՚առնէ իր յորձանքին մէջ, կը ցնցէ, կը սարսէ եւ իր թափէն ուժասպառ, կը քայքայուի ոտքերուս տակ, վերածուելով յիշատակի փշրանքներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կեանքիս մէկ դրուագն է, անձի մը կամ անցքի մը հետ կապուած։
Այդ անձերէն առաջինը Միհրան էֆէնտին է...



ՄԻՀՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻՆ

Մօտաւոր ազգական մը կը կարծէի։ Յայտնի եղաւ թէ ազգական չէ, ոչ իսկ հայրենակից մը, այլ մեր Կիւրին քաղաքին մօտակայ Աշոտի գիւղէն։ Հազիւ որբանոցէն դուրս եկած, ինքզինքս գտայ Միհրան էֆէնտիին հոգատարութեան տակ, անպաշտօն որդեգիր՝ առանց որ բառը արտասանուած ըլլայ։ Չորս զաւակ ունէր – Արաքսի, Եղիա, Նուպար, Ալիշան – ու ես եղայ հինգերորդը։
– Էրանուհի՛,– կ՚ըսէր մայրիկիս իր լաւ տրամադրուած պահերուն,– ես Աստուծմէ չորս տղայ ուզեցի, մէկը աղջիկ էղաւ։ Աս քուկդ ալ իմիններուս խառնեմ նը, հաշիւս շիտակ կ՚ելլէ...

Փառաւոր մարդ մըն էր։ Թիկնեղ, մեծղի, պարթեւ։ Մանաւանդ ֆէսը կրած պահերուն, ինծի կը թուէր շարժուն աշտարակ մը։ Եւ հակառակ ծանր զանգուածին, զարմանալիօրէն ճկուն եւ աշխոյժ։ Կարդալ-գրել չէր գիտեր։ Բնաւ դպրոց չէր տեսած։ Բնածին սուր ուշիմութեան հետ օժտուած էր նախաձեռնութեան հազուադէպ ոգիով եւ մասնաւոր տաղանդով մը։

Պանդոկապետութեան ասպարէզին կոչեցեալն էր։ Ուրիշ բառ չկայ։ Կան որ նկարիչ կը ծնին, բանաստեղծ, երաժիշտ։ Միհրան էֆէնտին ծնած էր որպէս պանդոկներու ստեղծիչ։ Աշխարհահռչակ Հիլթընը, որ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ իր անունը կրող շքեղ պանդոկներ ունի, չեմ գիտեր, կոչումի՞ մը իրագործումն է, թէ շահարկուող ձեռնարկի մը յաջողութիւնը։ Միհրան էֆէնտին պանդոկներ բացաւ, որոնց թիւը զաւակներուն թիւին եռապատիկը գլեց անցաւ, եւ բոլորն ալ զաւակներուն պէս կայտառ, այսինքն տնտեսապէս քաջառողջ։ Չեմ տեսած մարդ մը, որուն առեւտրական հոտառութիւնը այնքան սուր ըլլայ, նոր ձեռնարկի մը մասին նախատեսած գնահատումը՝ նոյնքան անվրէպ։
– Առաջին վեց ամիսը օթէլէն շահ չկայ։ Դուն տուր, ինք ուտէ։ Տարի մը կ՚ուզէ որ կշտանայ։ Անկէ ետքը կարգը քուկդ է։ Կե՛ր, ուտել գիտես նը...

Ասիկա իր ոսկեղէն կանոնն էր, որմէ երբեք չշեղեցաւ եւ յաջողութիւնը ոչ մէկ ատեն դաւաճանեց իրեն։ Նուազագոյն ծախսով առաւելագոյն տպաւորութիւնը գործող կահաւորումի եզակի ձիրք մը ունէր Միհրան էֆէնտին։ Սրահ մտար՝ հիացումի մէջ ես։ Ի՜նչ ճոխութիւն, արեւելեան ի՜նչ փարթամութիւն։ Քանի՜ քանի հազարներ արժած ըլլալու են այդ բոլորը։ Քիչ մը զննական եղիր ու մօտէն դիտէ՝ եւ կը հասկնաս թէ ենթադրեալ հազարներդ հարիւրներէն անդին չեն անցնիր։ Պատի մը վրայ մաշած գորգի կտոր մը, վրան՝ խաչաձեւ կախուած երկու հին սուրեր, մէկը երախակալէն կիսով դուրս մնացած։ Անկիւն մը կաշիէ ցած օթոցներ, որոնք նոյնքան ցած սեղան մը կը շրջապատեն, սատափէ մոզայիքներով։ Եռոտանիի մը վրայ գործածութենէ դադրած գունագեղ նարկիլէ մը, քովն ալ, ոսկիի պէս փայլուն պղինձէ կրակարան մը։ Ապակեփեղկի մը մէջ բաժակներ, նաշխուած պնակներ («Ասոնք անթիքա՜ են...»)։ Ճոխութիւն, հնութիւն եւ... խնայողութիւն։ Աչքդ ճոխութիւնը կը տեսնէ, հնութիւններէն կը շլանայ եւ խնայողութիւնը կ՚անգիտանայ...

Պանդոկը բացուեցաւ։ Բայց Միհրան էֆէնտին յաճախորդի չէ որ կը սպասէ։ Առաջին գործը կ՚ըլլայ ճաշկերոյթներ տալ, անսահմանօրէն ճոխ ու շռայլ սեղաններով։ Նահանգապետ, դատաւոր, տուրքերու վերահսկիչ, ոստիկանապետ, առողջապահութեան տնօրէն,– այդ ամէնը, բոլոր անոնք որ իշխանութեան մարզ ունին քաղաքին մէջ, Միհրան էֆէնտիին առաջին հիւրերն են եւ նոր պանդոկին ապագայ մունետիկները։ Եւ ոչ բոլորը միասին եւ ոչ ալ նոյն օրը։ Շաբաթ մը կը տեւէ «բացումի» արարողութիւնը, յաջորդական քանի մը խնճոյքներով։ Այդտեղ՝ ի յայտ կու գայ նաեւ Միհրան էֆէնտիին նրբին դիւանագիտութիւնը։ Ընդհանուր դատախազին հետ տուրքերու տնօրէնը գործ չունի, այլ ոստիկանապետը, ինչպէս նահանգապետի սեղանին՝ առողջապահութեան վերահսկիչը յարմար է որ տեղ գրաւէ, որպէսզի իւրաքանչիւր օրուան մթնոլորտին մէջ ազատ զգայ եւ պահէ ընդունուած կարգը։ Ամէնօրեայ գործակիցները – ի պահանջել հարկին մեղսակիցներ – մէկ փունջ եւ մէկ սեղան։
Ճաշկերոյթի ընթացքին ծառայող մը կը ներկայանայ եւ ըստ պատուէրի, ականջին կը փսփսայ թէ յաճախորդ կայ դուրսը, սենեակ կ՚ուզեն։ Միհրան էֆէնտին բարձրաձայն կը պատասխանէ, բոլորէն լսելի.
– Այդ մարդուն ըսէք որ տեղ չունինք, այսօր օթէլը փակուած է ի պատիւ Աքրամ պէյին եւ Զիա էֆէնտիին...
Աքրամ պէյը ընդհանուր դատախազն է, Զիա էֆէնտին՝ ոստիկանապետը...

Երկու անդաւաճան բարեկամներ, որոնք ապերախտ չեն։ Սուրիոյ փաստաբանական կաճառին համագումարը կայ Հալէպի մէջ, անկէ ետք ներքին ապահովութեան պետերուն շրջանային ժողովը, վարչական հազար ու մէկ մարմիններուն խորհրդակցութիւնները։ Կառավարութեան քաղաքականութիւնն է արդէն միշտ բան մը ընել Հալէպի մէջ, որպէսզի հիւսիսային Սուրիոյ մայրաքաղաքը Դամասկոսին չնախանձի եւ լքուած չզգայ։ Այդ բոլոր ցոյցերը շրջաններէն հարիւրաւոր հիւրեր կը բերեն Հալէպ, որոնց ի պատիւ պաշտօնական ճաշկերոյթներ կը տրուին։ Ո՞վ կրնայ կազմակերպել, եթէ ոչ Միհրան էֆէնտին, որ անունը չլսուած համադամներու մասնագէտն է եւ մեծ խնճոյքներու կազմակերպիչը։

– Աման, Միհրան էֆէնտի, Սուպհի պէյ Պերեքեթը Հալէպէն կ՚անցնի, ութսուն հոգինոց սեղան մը կ՚ուզեմ, քեզ տեսնեմ, ծախքին մի նայիր...
Հալէպի քաղաքապետն է պատուէր տուողը, Միհրան էֆէնտին «երես ճերմկցնելու» մէջ՝ մէկ հատիկ, հաշուեցոյցը՝ պետական գանձէն, եւ վճարող ստորադաս պաշտօնեան չէ որ պիտի համարձակի առարկել իր պետին կողմէ վաւերացուած վեհանձն գումարը...
Պատրաստած կերակուրն ալ, իր կահաւորումներուն պէս կը շլացնէին։ Գաղթականութեան շրջանին գերմանական սպայակոյտի մը մօտ խոհարար եղած էր եւ այլազան իր կերակուրները, չլսուած անուններով եւ տարաշխարհիկ համեմներով – քիմիական բաղադրութիւններու կատարեալ թնճուկ մը – գերմանացիներէն սորված ըլլալը կը կրկնէր միշտ։ Հաւաստում մը, որուն մասին ներելի էր կասկածիլ, նկատի ունենալով գերմանական խոհանոցին բացարձակ... գերմանացիութիւնը։ Գոնէ ֆրանսականը յիշէր որպէս վկայութիւն։ Կերակուրներն ալ իր գիւտերն էին անկասկած, բայց կը գնահատուէին իրապէս, ու գերմանական պիտակը պիտի չբաւէր վարկ տալու անոնց, եթէ մարդոց քիմքերը հաշտ չըլլային։

Միհրան էֆէնտիին ազդեցութեան ծիրէն դուրս կը մնար միայն անմրցելի Օթէլ Պարոնը, Ճեմալ փաշայէն սկսած մինչեւ Սուրիոյ նախագահներուն եւ վարչապետներուն իջեւանը, որ սակայն աւելի իր վարկը կ՚ապահովէր քան թէ նիւթական բարգաւաճութիւնը, որ մաշումի մէջ էր։ Հռչակաւոր Պարոնը, ապաւինած իր անխախտ հմայքին, նման էր ազնուական մեծատունի մը, որ երեւոյթները կը պահէ միշտ, բայց որուն կալուածները գրաւի տակ են արդէն։ Շահողը, բարգաւաճողը, նորանոր կալուածներու տիրացողը՝ Միհրան էֆէնտին էր, աննշան գիւղէ մը որպէս գաղթական Հալէպ ինկած այս անուս հայը, որ միայն իր անունը գրել գիտէր – ով գիտէ որմէ սորված – եւ կը ստորագրէր, գծագրելու պէս, անվարժ աշակերտի մը տատամսումով։

Պանդոկներու շարանին եւ վերսլաց իր թռիչքին առաջին սանդխամատը կազմեց Մարսիլիա պանդոկը, յետոյ Օթէլ Սանդրալ, Օթէլ Բալաս, Նոր Բալաս, Քլարիճ... Ապա ոստում մը Լիբանան, Ալէյի մէջ սեփական մեծ պանդոկ մը ընդարձակ հողամասով եւ վերջին իր գլուխ գործոցը՝ Պէյրութ, Օմար Խայեամ...
Իմ պատմութիւնս ալ կը սկսի Օթէլ Մարսիլիայէն։

Շար. 6


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝