Յայտարարութիւն

Friday, September 18, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -43- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ըմբռնեց՝ դանդաղօրէն, դժուարութեամբ։ Պսակի արարողութեան չափ պարզ իրողութիւնը, մանուածապատ առասպելի մը մթին կերպարանքը ստացաւ շշմած ուղեղին մէջ։ Հարցաքննիչ դատաւորին լուսաբանութիւնները։ Իպրահիմին լուսանկարը ոստիկանութեան տոմարին մէջ, իրարու շղթայուած եւ իրար ամբողջացնող դէպքերուն բացորոշ իմաստը՝ հազիւ թէ կրցան շօշափելի դարձնել իրականութիւնը։ Գիւղերը՝ գոյութիւն երբեք չէին ունեցած Իպրահիմի կեանքին մէջ, բայց գոյութիւն ունէր գողութեան ու դրամաշորթութեան համար կրած բանտարկութիւններուն արձանագրութիւնը ոստիկանութեան ալպոմին մէջ, լուսանկարին տակ։ Ճարտար բեմադրութիւն մըն էր հէքեաթային իրենց այցելութիւնը Իպրահիմի կալուածներուն ու հէքեաթին մէջ հէքեաթ մը՝ գորգապատ վրանը ամայութեան մէջ, Եփրատի ափին, գարուն բուրող բլուրի մը կողին... Մեղսակիցներով խաղցուած զաւեշտ մը՝ շքեղ ընդունելութիւնները, այցելութիւնները... Օ՜, դեռ այն ուշ գիշերուան երկու գինովները եւ Իպրահիմի վեհանձն ու հերոսական խոյանքը...
Այնքա՜ն պարզ ու հասարակ խաղ մը սակայն, ամէնէն միամիտ հոգիներն իսկ սթափեցնող բացայայտ կատակ մը, որուն չէր կրցած թափանցել իր ճկուն միտքը, սուր տեսողութիւնը։ Ինք՝ փորձ ու համբաւեալ պատրանքի վաճառորդ, այսպէս, օր ցերեկով զոհ կը դառնար պատրանքի մը...
Կորսուած ոսկինե՞րն էին, կորսուած սէ՞րը թէ այնքան ծիծաղելիօրէն խաբուած ըլլալու նուաստացումը, չէր գիտեր, բայց աքցան մը կը ծամէր սիրտը եւ այդ մտածումները փոխն ի փոխ կը սեղմէին աքցանը։ Կանգնած էր պատուհանին առջեւ ու անթարթ աչքերով կը դիտէր փողոցը։ Հասկնալէ ետք ամէն բան, դեռ չէր հասկնար, դեռ կը փորձէր չհաւատալ։ Դեռ պատրանքին տիրապետութիւնը, կարճատեւ ընդմիջումներով, կը շարունակուէր։
Մեկնած էին ոստիկանները, դատաւորը, մխիթարողները, ծառաները։ Մեծ սրահէն կը լսուէր ծախուած կարասիներուն տեղափոխութեան աղմուկը։ Կատու մը կ՚անցնէր դիմացի պատէն, ծոյլ-ծոյլ, արեւին տակ ճապկտալով ու ձգտուելով։ Տեղ մը ձայնագիր մը կը նուագէր անծանօթ եղանակ մը։ Սկաւառակը ճեղք մը ունէր անպայման, քանի որ ասեղը չէր տեղափոխուեր ու այլանդակ եղանակին միեւնոյն մասն էր որ կը կրկնուէր, կ՚աճէր, կը մրճահարէր անվերջ, մօտենալով, բարձրանալով, շարունակ աւելի ուժգին, ուղեղին վրայ, ուղեղին մէջ...
Սառոյցի պէս պաղ բան մը սողաց ծոծրակէն, կռնակն ի վար։ – ձայնագիրը կարծես ջութակ մըն էր, միակ թելով մը, որ կը սղոցէր արագ-արագ, ոխով, կատաղութեամբ։ Սառոյցը տեղ-տեղ այրող ածուխի վերածուեցաւ ողնասիւնին երկայնքին։ – Ջութակի միակ թելը կը ցնցուէր ճիպոտին տակ, հովին մէջ վայող հեռագրաթելի մը պէս... Ներսի սրահին մէջ խոշոր կարասի մը ինկաւ յանկարծ, ահաւոր աղմուկով, ամայի բնակարանին պայթուցիկ արձագանգովը։ Պաղ քրտինք մը պատեց ճակատը, մազերը թափահարում մը ունեցան գանկին վրայ՝ աներեւոյթ հովահարէ մը... Նոր անկում մը ու նոր պայթիւն մը։ Պայթեցաւ նաեւ անյայտ ձայնագիրը, ջութակը թրթռաց, ճզզաց, լռեց...

*
* *

Ահա եկաւ նորէն, թօթուեց խառնակ մազերուն մոխիրը մաքուր հագուած այդ պարոնին առջեւ, բաներ մը պահանջեց, բողոքեց, պոռաց, հայհոյեց, լացաւ, գնաց։ Նստաւ խանութի մը առջեւ, ցուցամատով գետինը հաշիւ մը լուծեց, նորէն ոտքի ելաւ, կանչեց, լացաւ, խնդաց, հեռացաւ...
Խենթ կին մը։ Խենթի պատմութիւն մը։ Կը հաւատա՞ս։ Չե՞ս հաւատար։
Կարդա՛, անցի՛ր...

Շար . 43
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝