Յայտարարութիւն

Sunday, January 31, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 30 - Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ Դ

Կարսը 1900-1904 թուականներուն.
Նոր եւ հին սերունդները. Շուշիի երիտասարդութեան մէջ եղած հոսանքները.
Թորգոմ-Թոըմանը.
Մենակը, Իսաջանը.
Սերգէյ` գործիչ Կարսում.
Իշխանը.
Բասէնի կռիւները. Նեւրուզ, Խան.



1900-1904 թուականներուն, Կարսի կեանքը աւելի քան յուզումնալից էր եւ փոթորիկներու ենթակայ: Յատկանշական փոփոխութիւններ եղած էին անոր թէ՛ կազմակերպական ներքին կեանքի եւ թէ՛ պայքարի բնոյթի մէջ:

¢¢¢

Ծանօթացանք Կ.Կոմիտէի ընտրութեան պայամաններուն: Ընտրողներուն համար անհրաժեշտ էր գիտնալ ոչ միայն թեկնածուին անձը, այլեւ անցեալը անոր նախնիքներուն, որոնք պէտք է հաւատարիմ լինէին հայկական բարքերուն: Այս պարագան պատճառ էր, որ Կ.Կոմիտէն ընդհանրապէս բաղկանար տեղացիներէ կամ ախալքալաքցիներէ եւ ալեքսանդրապոլցիներէ, որոնք ծանօթ էին իրենց եւ միեւնոյն ժողովուրդն էին` Բարձր Հայքէն ծնած: Այս հանգամանքը Կ.Կոմիտէի նկարագիրը կը դարձնէր յարատեւ եւ աւանդապաշտ:

Երկրորդ պարագայ մըն ալ պէտք է մատնանշել .- Կ. Կոմիտէն միայն գործին ղեկը իր ձեռքը կը պահէր, բայց ինքը գաղտնի կը մնար: Գործը թիավարողները գործիչներն էին, որ ընդհանրապէս կ’ընտրուէին Կ. Կոմիտէի ճաշակին համաձայն, ընդհանրապէս իրենց շրջանի կամ ծանօթ շրջաններու անձերէ եւ կամ Երկրի այն շրջաններէն, որոնց յենարանը Կարսն էր: Ատոնք էին Բարձր Հայքն ու Տարօնը եւ անոնց յարակից շրջանները: Ինչ ալ որ լինին պատճառները, իրողութիւնը է, որ թէեւ Վասպուրականի առաջին գործիչը եղած է կարսեցի, բայց ոչ մէկ վասպուրականցի գործիչ կամ զինուոր չէ եղած Կարս: Միաժամանակ Արցախը եւ Սիւնիքը, որոնք իրենց գործիչներով ու զինուորներով հեղեղած էին Անդրկովկասը, Պարսկաստանը եւ Վասպուրականը, բոլորին բացակայած են Կարսէն, Բարձր Հայքէն եւ Տարօնէն: Այսպէս էր մինչեւ 1900 թուականները:

Բան չէր փոխուած Կարսի եւ միջին Հայաստանի շրջաններուն մէջ, ուր նախկին նահապետական բարքերը կը շարունակէին եւ դասակարգերու տարբերութիւնները զգալի չէին: Բայց Թիֆլիսի, Բագուի եւ Ղարաբաղի մէջ, բաւական բան փոխուած էր: Փոխուած էին ե՛ւ տեղի զաւակները, որոնք բարձր կրթութիւն ստացած, կու գային Էջմիածնի Ճեմարանէն կամ Թեմական միջնակարգ դպրոցներէն (ընդհանրապէս անոնցմէ արտաքսուած), եւ խստօրէն կը քննադատէին բոլոր կարգերը: Նոյնպէս ե՛ւ Թիֆլիսի ռուսական դպրոցներէն եկողները ոչ մէկ բան չէին հաւնիր եւ ինչ որ նոր բան մը կը փնտռէին` հինը ժխտելով, բայց նորը չկարողանալով ձեւակերպել: Ասոնց մէջ ին Դերենիկ եւ Վահագն Տէմիրճեանները, Աւետիք Իսահակեանը եւ ուրիշներ, որոնք հետագային ծանօթ դէմքեր դարձան, տասը աղբիւրէ ջուր խմելէ յետոյ: Հիները անոնց մասին կ’ըսէին.
«Ջանըմ, հաւը որ հաւ է, հաւկիթ ածելէն ետք կը քչքչայ: Մեր լակոտներ, առանց հաւկիթ ածելու, մեզմէ ելած, մեզի լողալ կը սորվեցնեն եւ կը քչքչան: Այս եղա՞ւ»:

Ծնողները չէին հասկնար, թէ աշխարհի մէջ երկունք մը կար, զոր իրենք չէին զգար, բայց զաւակները կը զգային, թէեւ անորոշ կերպով: Եւ այդ երկու աղբիւր ունէր: Մէկը` հոգեւորական դասի ներքին փտախտն էր, որ յադ դասը դարձուձած էր աչքին փուշը, մանաւանդ հոգեւոր դպրոցներէն դուրս ելածներու: Միւսը ուղղուած էր արդէն արմատ ֆռնած քաղքենի դասակարգի եւ մասնաւորապէս հայ պուրժուայի դէմ, որ կը նկատուէր գործիք ռուս բռնակալութեան:
Այս հակակրութիւնները երիտասարդութեան մէջ, եթէ չէին հասունցած Կարսի եւ միջին Հայաստանի շրջաններու մէջ, ուր դեռ չկային այդ դասերը, բայց բիւրեղացած էին Անդրկովկասի մեծ քաղաքներու եւ փոքրիկ Շուշիի մէջ:

Շար 30


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝