Յայտարարութիւն

Friday, February 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 39 - Ռուբէն

Ինրո՞ւ, շղթայ չի կամզեր. երեւի մեզ մեռած կը կարծեն կամ իրենց թնդանօթներու ոյժին շատ եւ վստահած», կը մտածեն մերոնք, «բայց թէ ուզեն կամ չուզեն, թնդանօթները պիտի լռեն, երբ հետեւակը 100-200 քայլ մեր դիրքերուն հասնի: Այն ատեն ահա մենք մեզի ցոյց կու տանք եւ համոզարկով անոնց շարքրեը կը նօսրացնենք»:
Շէկ Համոն ձայնը ձգած` կը կանչէ ամէնքի.
- Ձեր հոգուն մատաղ, մեր բախտը կը բանի: Վախկոտն այն է, առանց հրամանի` հեռուէն կւը կրակէ: «Պրիցէլ»ը (նշանառութիւն) իջուցէք, 200 քայլէն երբ նշան տրուի, կրակեցէք:
Թշնամին կու գայ եւ կու գայ: 2000 քայլի վրան է, 1000ը անցաւ. աւելի արագ կու գայ եւ արդէն 500 քայլի վրայ է եւ տղաները ջղային կը դառնան: «Քիչ կըն ալ համբերեցէք», եւ ահա թնդանօթները լռած են ու համազարկերը սկսուած, եւ ցորենի արտերու պէս զօրքի խիստ սիւնակները կը հնձուին: Իրենց ընելիքը մոռցածի նման, ոմանք կը վազեն առաջ եւ դիրքերուն տակը կ’իյնան ուժաթափ: Ոմանք յետ կ’երթան ու նորէն կը հաւաքուին: Եւ այսպէս, մէկ թէ երկու ժամ օրհասական կռիւէ վերջ, փողերը կը փչեն եւ տղաներու գնդակներուն տակ յետ կը քաշուին, երբ արեւը ա՛լ իր վերջին վայրկեանը կ’ապրէր` կորսուելով լեռներուն ետեւ:

Ոգեւորութիւնը մեծ էր: Ոմանք կ’ըսեն. «Հետեւինք ու թնդանօթներ խլենք»: Բայց գործէն հասկցող Շէկ Համոն կ’ըսէ. «Չէ, այսօրուան համար միասին մի երգ երգելու է: Բոլորդ ալ երգեցէք»...
«Դէ, զարկէք, զարկէ՛ք...
Դէ, լէխըն, լէխըն, բա մըն լէխըն...
Առաքել, Մուշեղ լեռներէն իջան,
Աւերակ ջաղաց օրեւան եղան»...
Կ’երգեն, հաշիւ կը տեսնեն, ո՞վ սպաննուած է, ո՞վ վիրաւոր ու անկարող շարժուելու: Եւ այդ օրը 4էն 1ը սպաննուած եւ 3ը ողջ առողջ են, եւ իրենց պաշարը նոյն քանակով կը մնայ, եթէ սպաննուածներու եւ քանի մը վիրաւորներու պաշարը բաժնուի ողջերու վրայ: Այդ գործողութիւնն է, որ կը կատարուի:
Ամենացաւալին անոնց վիճակը չէ, որ թնդանօթի, հրացանի գնդակներ առած, կամ սուինի-սուրի միջոցով այլանդակուած սպաննուած, վերջացած են: Ամենադաժանը այն չէ, որ դեռ կռիւը չվերջացած, ոյժերը սպառած, վաղուան կռիւին անստուգութիւնը արդէն կը ճաշակէ: Բոլորէն ողբերգրականը, դժուարինը` հայ ֆետայու համար վիրաւոր ինկած ըլլալն է:
Այս մասին խօսքը տանք Էրղրումի շրջաններէն Երկար Գարեգինին, որ ազատուած էր Բասէնի կռիւէն եւ որուն ես հարց ու փորձ ըրի իր ազատման եւ կռուի մասին:
- Ի՞նչ տղայի հարցուներ կ’ըսեն: Երէկ գիշերը տեսած երազդ, դու այսօր կը յիշե՞ս: Չորս թէ հինգ ամիս անցած է այդ կռուի վրայէն: Արմուկի ցաւի պէս երկաւ եւ անցաւ, բան չեմ յիշեր: Միայն թէ մէկ բան հէչ չեմ մոռնար,- ըսաւ Գարեգինը, եւ աչքերը լեցուեցան:
- Լաւ, այդ մէկ յիշածդ ինծի պատմէ, խնդրեցի անկէ:
- Մեր գիւղի Սերգէյի տղայ Սեդոյին դու չես ճանաչեր: Իմ լաւ ընկերն էր: Մէկ տասնեակի մէջ կռիւ կ’ընէինք: Ես հասկցայ, որ զարկուաւ: Շատ կը սիրէի, աղբօրմէս աւելի: «Գարեգին, Գարեգին».- կանչեց, չլսել տուի, իր կողմը չնայեցի: Կը վախնայի: Իրիկուն եղաւ: Զօրքը կոտրած էինք եւ «Առաքել-Մուշեղ» կ’երգէինք, քէֆ կ’ընէինք: Մէկ ալ այդ անաստուած Շէկ Համոն գլուխս կանգնեցաւ: «Սեդոն երկու ոտքերէն եւ կուրծքէն զարնուած է. կ’երթաս Սեդոյին վերջին խօսքը կ’առնես: Այս ջրամանը, այս հալուան եւ այս քիսկիս 20 մանէթով գլխուն տակ կը դնես: Իր վրայի փամփշտակալը եւ հրացանը կ’առնես: Իմ ու քու կողէ բերնէն կը համբուրես: Շատ չուշանաս, քիչ յետոյ ճամբայ պիտի երթանք: Ոտքերս կը դողային, աչքերս կը մթնէին: Սեդոն գլուխը դարձուց ինծի, տեսաւ, չխօսեցաւ , նայեց աչքերուս. իմ սիրտ փուլ եկաւ: Ջրամանը, հալուան, քիսիկը, որ Շէկ Համոն տուաւ, գլխուն տակը դրի, իմ ունեցածն ալ վրան աւելցուցի: Հարցուց, թէ Շէկ Համոն ո՞ւր է: Սուտ խօսեցի, ըսի թէ` ան վիրաւոր է, հոս պիտի մնայ, ասոնք ալ ճամբած է քեզի, գուցէ պէտք պիտի գայ: Ըսի. «Սերգօ, ես պիտի երթամ, ճամբորդ եմ: Քու հրացանը եւ փանփուշտները ինծի պէտք պիտի գան»: Ան չառարկեց եւ ըսաւ. «Գարեգին, ուրեմն, մենք բաժան-բաժան ճամբո՞վ պիտի գնանք»: Էլ իմ սիրտը չդիմացաւ: Կ’ուզէի փախչիլ, բայց ան կանգնեցուց եւ ըսաւ. «Իմ հոգին կ’ըսէ, որ դու սաղ սալիմ պիտի մնաս: Իմ հարսին կ’ըսես, որ եթէ ինձմէ զաւակ ունենայ, թող հալալ ընէ իմ հարսին, առանց սուգի պահէ ան, իր ձեռքով անոր փեսայ գտնի եւ իր զաւակը դարձնէ»: Համբուրեցի, բայց ճամբան լացի: Ներողութիւն կ’ընես: Յաս ո կ յիշեմ, կնիկ կը դառնամ եւ լացս կու գայ:
Սեդոն հալուան չէր կերած, բայց ջուրը խմած էր: Մինչեւ օրս անյայտ կը մնայ անոր վախճանը:
Դառնանք մեր պատմութեան թելին:
Թէ ի՞նչ միտումով Շէկ Համոն սկսած էր «Դէհ, զարկէ՛ք...Դէ, լէխըն, լէխըն», Խաթաւինի աւերակ ջաղացքի երգը, որ տասնեակ տարիներ դեռ կը շարունակուի, մարդ չի կրնար ըսել: Գուցէ պարզապէս պատահական երգի մը ընտրութիւն էր այդ, բայց գուցէ եւ նախազգացում վաղուան սպառնալիքի: Ատոր պատասխանը կրնար տալ Շէկ Համոն, որ միւս օրը ինքն ալ այլեւսպիտի չլինէր: Բայց այդ երգը, ըստ երեւոյթին, շատ ազդած էր Նեւրուզի վրայ: Ան կը ստուգէ ռազմանիւթը, հաւաքելով թէ՛ մեր կողմէ ընկածներէն եւ թէ՛ թշնամիէն առածներէն եւ կը տեսնի որ այնքան շատ է, որ դժուար է ամբողջը վերցնել եղած ոյժերով: Թէեւ չորսէն մէկը սպաննուած էր կամ շարքէն դուրս ինկած, բայց մնացողը Խաթաւինի կռուողներէն երկու անգամ աւելի էր:
Ու կը բացականչէ.
- Լաւ է, շատ լաւ է, այսօրուան կռուին` թշնամուց պառկեցուցինք դուք 1000 կ’ըսէք, ես քիչը-քիչը 200 կ’ըսեմ: Մեր ոյժը դեռ լրիւ տեղն է, քանի մը անգամ աւելիով, քան ճամբայ հանուած միւս խմբերը: Ուրեմն, պատրաստուեցէք մեր ճամբան շարունակելու: Երգը փոխեցէք, «Լազի շորերը» սկսեցէք:

Շար. 39


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝