Յայտարարութիւն

Wednesday, April 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 85 -Ռուբէն

¢¢¢

Ես եղած էի ռուս զինուորական բանակի մէջ, ուր բազմութիւնները, ըստ իրենց որակի, կը դասաւորուէին մի ամբողջական մեքենայ կազմելու համար: Հոն հաւաքական միաձոյլ անհատ մը` բանակը կար, եւ մարդիկ անոր շնչաւոր մասերն էին միայն:
Ես եղած էի Կարսի Յեղափոխական զօրանոցը, ուր մարդիկ իբր անհատ գոյութիւն ունէին, կը դատէին, կ’արտայայտուէին ըստ իրենց կարողութեան, բայց մի բռնակալ կար, որ ամէնքին կը շաղկապէր. այդ բարոյական եւ գաղափարական միատեսակ ըմբռնողութիւնն է, որից շեղողները չէին կրնար համարուիլ ամբողջութեան մասնիկը:
Ես չէի եղած չեթէական այն մթնոլորտին մէջ, որ արդէն կը պատրաստուէր երթալու դէպի մահ եւ այդ տարօրինակ նորութիւն մը կ’երեւար ինծի: Հասկնալու համար, համառօտ կերպով ներկայացնեմ այդ խմբի անդամները:
Կոստին շուշեցի էր. եւ, Խեչոյի ըսածին պէս, իրօք որ աւարտած էր ռուսական միջնակարգ դպրոցը, յաճախած էր համալսարանը, եղած էր եւրոպական կենտրոնները, նպատակ էր դրած խորացնել հոգեբանութիւնը մինչ այն աստիճանի, որ կարելի լինի մօտիկէն եւ հեռուէն ազդել եւ իր կամքին ենթարկել բարեկամ եւ թշնամի մարդկանց: Այս միջոցով ան կը յուսար հիպնոսացնել Սուլթան Համիտը եւս եւ Հայկական Հարցը լուծել: Այս կրթուած երիտասարդը, ի հարկէ ձախողելով իր գիտական որոնումներուն մէջ, եկած էր այ եզրակացութեան, որ միայն ոյժով եւ կազմակերպութեամբ կարելի էր խլել ազատութիւնը: Ան Խոյի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր. կը հսկէր այս կէտէն անցնող Երկրի գծերուն վրայ, կը ճամբէր եկած խմբերը, կը մատակարէր, բայց այս բոլորը այնքան սահմանափակ էին իր ուժերու համար, որ կը նախանձէին մեր վրայ որ Երկիր կ’երթայինք: «Եթէ անգամ չսպաննուինք, - կը մտածէր ան, - գոնէ հայրենիքի ժողովուրդին հետ կը լինինք»:
Կոստին էր մեր խնամակալը, մեզ կերակրողը, ախոռը մաքրողը: Ան մեզ լոբի եւ ոսպ շատ կը կերցնէր եւ երբ դժգոհութիւն կը նկատէր, կ’ըսէր.
- Ուխտած էք մեռնիլ, ինչ ոչ ալ ուտէք, վերջը նոյնն է. խնայողութիւնը թող մնայ ձեզի հետեւողներուն:
Մենք կը ծիծաղէինք եւ մեր դգալները կը բանէին: Երբ Տէր Չարւատար դիտողութիւն կ’ընէր, թէ մի ծառայ բռնէ սեւ աշխատանքի համար, Կոստին կ’ըսէր.
- Քեզ Հայրիկի աշակերտ եւ Վարագայ սերունդ կը համարես, հարկաւ Ոտնլուայի գիշեր շատ տեսած ես: Առաքեալներու չափ ալ չկաք, ինչո՞ւ ես ալ ձեր ոտքերը չլուամ: Կ’ըսէք ծառայ վարձեմ, մեր պապու դրամո՞վ վարձեմ:
Կոստին միշտ զուարթ էր եւ կ’ուզէր զուարթ պահել իր շուրջինները: Անոր հոգեբանական պրպտումներէն միայն հետեւեալ արդիւնքն էր մնացեր: Երբ իրմէ ծածուկ գիրք մը կը բանայինք, էջը եւ պարբերութիւն մը մտքերնիս կը պահէինք եւ իրեն կ’առաջարկէինք գտնել էջը եւ կարդալ այդ պարբերութիւնը, կը գտնէր. կը մտածէինք բան մը եւ ան կը գուշակէր թէ ինչ կը մտածենք: Այդ յատկութիւնը մէկուն վախ, միւսին զարմանք կը ներշնչէր: Ան վհուկ եւ գերբնական էակ մը կ’երեւար: Այսպիսի խաղերով ժամանակ կ’անցընէինք:
Քանի մը օր միայն անցուցի Խոյ Կոստին հետ եւ մեր յարաբերութիւնները ատով ալ վերջացան: 1909ին անգամ մը եւս զայն տեսայ Համոյի (Օհանջանեան) տանը, բայց ան զիս չճանաչեց, ես ալ անծանօթ ձեւացայ: Այդ չի նշանակեր, որ ես անոր մասին լուրեր չունէի:
Կոստի Համբարձումեանը ձեռներէց, չարքաշ, խելացի եւ պայամաններին յանդուգն գործիչ մըն էր: Եւ որ էական է, իր լայն հայեացքներով եւ ուսումով` ան շուտով գրաւեց կարեւոր տեղ մը մեր կեանքին մէջ: 1905ին Պարսկաստանէն կ’անցնի Անդրկովկաս եւ հայ-թաթարական ընդհարումների մէջ դեր կը կատարէ. 1909ին, երբ հալածանքի կ’ենթարկուէր Դաշնակցութիւնը, ան այդ նեղ օրերուն յանձն կ’առնէր պահել Ռուսիոյ մէջ կազմակերպութիւնը, զայն վերջնական քայքայումէն փրկելու համար: 1914ին, կը ստանձնէ Քաղաքներու Միութեան դրօշի տակ գործող Ճակատի խնամատիրական գործը` ի մասնաւորի Վասպուրականի սահմաններու վրայ. 1915-1917, ան Վասպուրականի վերակազման գործին մէջ է եւ երբ Արամ Վանի նահանգապետութիւնը կը թողնէ, ան կը փոխարինէ զայն, առնելով իր վրայ բոլոր գործերու տնօրինութիւնը: Վասպուրականի պարպումին, ան ժողովրդեան հետ է իբր լիազօր: Կը մասնակցի եւ կը ղեկավարէ Պարսկաստանի կռիւները եւ կը սպաննուի Սային Կալայի մօտերը, առանց տեսնելու Հայաստանի անկախութիւնը, որուն յայտարարութեան լուրը արած էր արդէն: Անոր եղբայրն էր յայտնի բոլշեւիկ Սաքօ Համբարձումեանը, որ կարեւոր պաշտօններ գրաւեց Հայաստանի խորհրդայնացման սկիզբի շրջանին եւ շատերու հետ միասին զոհ գնաց 1937-8ի մաքրագործումներուն, զորս կատարեցին Ստալին եւ Բերիա:

Շար. 85

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝