Յայտարարութիւն

Friday, April 16, 2010

ԾՈՎԱՅԻՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆԸ - ՄԱՐՕ ԳԸՎԸՐԵԱՆ - ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

Առողջ ապրելու արուեստը

Ծովային Բոյսերու Էութիւնը

Ովկիանոսի բանջարեղէնները հանքային եւ սննդանիւթերու դրամատուներն են. այնքան հարուստ են սննդանիւթերու բազմութեամբ որ կը գլեն կ’անցնին հողի վրայ բուսող ուտելիքները: Բարձր քանակով կրածին եւ երկաթ ունենալով, կը հայթայթեն նաեւ B սննդանիւթը, ներառեալ B12 սննդանիւթը, A սննդանիւթը, potassium, magnesium, phosphorus եւ iodine:
Ովկիանոսի յատակը այս արժէքաւոր բոյսերով հարուստ է, անոնք կը պարունակեն trace minerals, selenium, zinc, copper, rubidium, nickel եւ molybdenum: Ասոնց հակապատկեր՝ հողի վրայ բուսող բանջարեղէններու մէջ ներկայիս կը պակսին այս տարրերը, որոնք այնքան անհրաժեշտ են մեր առողջութեան համար, այս ալ կը պարտինք արդի երկրագործական մեթոտներու որոնք կը պարպեն հողը կենսանիւթերէ:
Մեր ապականած կորիզային դարու մէջ, կարեւոր է գիտնալ որ մութ գոյնով ծովային բոյսերը (komlu, wakame, arame, hizik) կը պարունակեն alginic acide-ը որ radio active շողարձակ նիւթերը եւ ծանր մետաղները մարմինէն դուրս կ’արտաքսէ:
Ծովային բոյսերը կը հանդարտեցնեն ներքին յոյզերը (emotions) երբ քիչ քանակով կ’ուտենք որոշ ատեն մը: Գերաշխոյժ փոքրեր կ’օգտուին ասոնցմէ, նաեւ կը թուլացնեն (relaxation) կարծր բնաւորութիւնը stress-ներու դիմադրողականութիւնը կը զօրացնեն:

Ծովային բոյսերը կրածինի եւ երկաթի աղբիւր են:
1/4 գաւաթ եփուած Hiziki-ն 152.6 mg. կրածին ունի եւ 3.16 mg. երկաթ:
1/4 գաւաթ եփուած wakame- (եփուած) 130 mg. կրածին եւ 1.3 mg. երկաթ:
1/4 գաւաթ եփուած Komlu-ն կը պարունակէ 7.6 կրածին եւ 0.9 երկաթ:
1/2 գաւաթ եփուած կանաչ կաղամբը 145 mg. կրածին եւ 0.6 երկաթ:
1/2 գաւաթ եփուած broccoli-ն, 68 mg. կրածին եւ 1.7 mg. երկաթ ունի:
1 գաւաթ կաթը կը պարունակէ 288 mg. կրածին եւ 0.1 mg. երկաթ կը պարունակէ:

Ըստ RDA-ի (Recommended daily allowances) օրական մեզի պէտք է 800-1200 mg. կրածին ու 12-18 mg. երկաթ:
Կաթին հաւասարելու համար, ծովային բոյսերու հետ ուտել, գոց գոյնով կանաչեղէններ եւ նման ուտելիքներ որոնք քիչ կրածին կը պարունակեն:
Կրածինի մասին հակաճառութիւններ կան: Որքա՞ն կրածինի պէտք ունինք: Գիտական միջավայրի մէջ կարծիքները բազմազան են:
Չափահաս մարդոց համար Ամերիկեան RDA-ին օրական 800 mg. կը յանձնարարէ, իսկ world health association-ը 600 mg. այն մտահոգութեամբ որ ամէն մարդ նոյն չափով կրածին չի կրնար իւրացնել:
Գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն թէ այն նախնիները, որոնք բուսակեր եղած են, զօրաւոր ոսկորներ եւ տոկուն ատամներ ունեցած են (Diet & Nutrition , by Rudolf Ballentine):
Մարզանքի կամ ֆիզիքական աշխատանքի պակասը, կենդանական ուտելիքներու սպառումը (soda pop), կը պարպեն մարմնին calcium-ի մթերքը: Ասկէ դուրս նաեւ, կրնայ ըլլալ որ stress-ով լեցուն կեանքի ոճը արգելք կ’ըլլայ որ ուտելիքէն եկած բաւարարար կրածին չկարենանք ներծծել:
Եթէ կարենանք պարզ կեանք մը վարել եւ միեւնոյն ատեն ուտել ուտելիքներ որոք չեն յոգնեցներ մեր մարմինը եւ որոնք լեցուն են կրածինով, սննդանիւթերով (վիթամին) եւ հանքային բոյսերով,քաջալերած կ՜ըլլանք սննդանիւթեր ներծծելու մեր կարողութիւնը:
Մարնին կրածինի մթերքը կը սպառի Soda pop խմելով, միսի, պանիրի, կաթի սպառումը չափազանցելով եւ մարզանք չընելով:
Ծովային բոյսերու գործածութեամբ կը վերափոխարինենք կորսուած կրածինը :

Մարօ Գ. Նիկողոսեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝