Յայտարարութիւն

Sunday, September 19, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-143-Ռուբէն

1894 թուին, երբ արդէն ֆետայիները ուժեղացած էին թէ՛ Սալմաստի եւ թէ Դերիկի վանքին մէջ, որոշւում է Պետոյին օգնելու համար ուղարկել առաջին զինատար խումբը: Մինչ այդ զէնքերու փոխադրութիւնը կ’ընէին հատ հատ մարդիկ կամ կը կատարուէր քիւրտերու միջոցով: Վարդանը կ’անցնի Վան, ուր կը մնայ իր խումբով մինչեւ 96 թուի կռիւները: Այս յաջող փորձը պատճառ կը դառնայ, որ կազմակերպուին ուրիշ խումբեր:
Արմենականները ուժեղ էին Վանի մէջ: Անոնք նաեւ Սալմաստ ունէին բաւականաչափ ոյժ, մանաւանդ որ այդ կուսակցութեան ոգին ու ղեկավարը կը գտնուէին Սալմաստ: Խրախուսուած Վարդանի օրինակէն, Աւետիսեանը կը կազմէ մեծ խումբ մը, մօտ 100 հոգի, որոնց մէջ կը լինին Արմենական գործիչներէն` Ուզունը, Սեւ Լաճը, Չարւադարը, Արսէնը, Մուշեղը եւ ուրիշներ: Այդ խումբը նոյն ճանապարհով կը հասնի Վան:
Այդ խումբէն յետոյ, Դաշնակցութիւնը կ’որոշէ երկրորդ խումբ մը ուղարկել Երկիր, Նիկոլի ղեկավարութեամբ, որ Սալմաստ կը գտնուէր այդ ատենը իբրեւ ուսուցիչ: Կը հաւաքուին մօտ 60 զինուորներ եւ Հոկտեմբերի մէջ, երբ արդէն պիտի ձիւնէր, կ’ուղեւորուին դէպի Երկիր: Անոնք կ’աճապարէին, որովհետեւ կոտորածի շշուկներ կային: Խումբին հետ էր Տէրոյեանը, որ եկած էր Երկրէն: Խումբին կը միանան նաեւ Արմենականներէն 12 հոգի, որոնց մէջ յայտնի Ուստա Փանոսը:
Խումբը երբ ճամբայ կ’իյնայ, ձիւնը կը սկսի տեղալ եւ ծածկել ճանապարհները: Խոշապ հասնելուն, ոմանք կ’առաջարկեն յետ դառնալ, բայց Նիկոլը կը յամառի եւ կ’որոշէ ինչ գնով ալ լինի, անցնիլ Երկիր: Առաջ կը շարժուին ու կը հասնին Սարայ: Տասը հոգիի չափ կը մտնեն մարագ մը, ցուրտէն պատսպարուելու համար: Միւս մասը կը մնայ լեռը` ձիւնին ու բուքին տակ: Քիւրտերը եւ զօրքը կը նկատեն զանոնք եւ կու գան ու կը պաշարեն: Կը սկսի կատաղի կռիւ մը, որ կը տեւէ ամբողջ օրը: Այդտեղ կը սառին Ուստա Փանոսին ոտքերը:
Խումբը, քանի մը զոհ տալով, կը յաջողի գիշերը պատռել թշնամիի շղթան եւ առաջ կը շարժի դէպի Վասպուրական: Գետի մը մէջ կը թրջուին զինուորները եւ անոնցմէ տասէն մէկը կը սառի ու կը մնայ ճանապարհին: Տէրոյեանը, որ 12 հոգիով մարագներն էր ապաստանած, ուրիշ ճանապարհով կը յաջողի Վան հասնիլ, իսկ Նիկլոը, խումբի մնացորդով, կը մտնէ Բողազ Քեասան գիւղը: Հազիւ քիչ մը հանգիստ կ’առնեն, երբ նախորդ օրուան կռուողները կու գան ու կը պաշարեն խումբի ապաստանած տունը: Տեղի կ’ունենայ ա՛լ աւելի սաստիկ կռիւ մը: Քիւրտերը եւ զօրքը ցախեր կը բերեն եւ տան շուրջը դնելով կը վառեն: Կրակի ու բոցի մէջէն ֆետայիները դուրս կը թռչին ու շեշտակի կրակոցներով կը սպաննեն բազմաթիւ քիւրտեր, որոնց մէջ նաեւ երկու ցեղապետեր` Շա եւ Ջնդի: Քիւրտերը սարսափի եւ շփոթութեան կը մատնուին այս ամենակատաղի կռիւէն, եւ խումբը, օգտուելով ատկէ, դուրս կու գայ գիւղէն ու կը շարունակէ կռիւը, բարձրանալով մօտակայ լերան վրայ: Ձիւնը ճեղքելով, ֆետայիները, միշտ հետապնդուելով քիւրտերէ, առաջ կը շարժին եւ գիշերը իրենց հետքը կորսնցնելով, կը հասնին Վարագ ու կ’ազատին:
Այդ խումբի դժուարութեամբ Երկիր անցնելէն ետքը, Սալմաստի մէջ պարապ չեն մնար եւ կը սկսին աւելի ուժգին պատրաստել մարդիկ ու ռազմամթերք: Այդ ձմեռը կ’անցնեն նախապատրաստական աշխատանքեր կատարելով:
96ի գարնան Վասպուրականէն կը վերադառնան այնտեղ գացողները, որպէսզի նոր ուժեր տանեն Սալմաստէն: Նողազ Քեասանի հերոսը` Նիկոլը իր շուրջ կը հաւաքէ 10ի չափ հրացանաւորներ, 40ի չափ անզէն զինուորներ, որպէսզի զինէ եւ վերադարձնէ Վան: Արմենական Ներսէսը նոյնպէս կը վերադառնայ, Խոյի ճանապարհով, 10-12 հոգիով, որպէսզի զէնք տանի: Այս երկու խումբերուն ալ դժբախտութիւն կը պատահի: Ներսէսը թէեւ ապահով կը հասնի Խոյ, հոն կը ձերբակալուի, իսկ Նիկոլը կը հասնի Դերիկ, որ 95ի գարնանը, քանի մը գիւղերու հետ, քանդուած էր պարսից կառավարութեան կողմէ, տաճիկներու ստիպման տակ: Նիկոլը կ’ապաստանի աւերակներու մէջ, բայց այդտեղ կը պաշարուի քիւրտերէ: Մերոնք կը համոզեն քիւրտերը չկրուիլ, անոնք, սակայն, համարելով այդ թուլութեան նշան, աւելի համարձակօրէն կը սեղմեն պաշարման օղակը վանքին շուրջը, կը գրաւեն իշխող դիրքերը եւ կը սպաննեն Շերոն ու իր մէկ ընկերը:
Զինուած միայն ութը հրացաններով, ֆետայիները կը պաշտպանեն վանքին դուռները: Քիւրտերը քանդուած գմբէթէն կը կրակեն: Նիկոլը խոտեր ու գազեր կը լեցնէ վանքը, կը վառէ ու ծուխով կը պաշտպանուի: Երբ գիշերը վրայ կը հասնի, ֆետայիները դուրս կը թռչին վանքի դռնէն եւ սպաննելով քանի մը քիւրտեր, կ’ազատին: Խումբէն փոքրիկ մաս մը կ’երթայ Սանամէրիկ, իսկ մնացածները կը մտնեն Քեօհնա-Շահար, ուր բոլորն ալ, մէջն ըլլալով նաեւ Նիկոլը, կը ձերբակալուին: Յետոյ կաշառքով կ’ազատուին պարսիկներու ձեռքէն: Այդպէսով մեծ վնաս կը հասցնէ Վասպուրականի 1896 թուի կռիւներուն:

Շար. 143



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝