Յայտարարութիւն

Tuesday, October 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-152 Ռուբէն

Քանի մը խօսք ալ Սամլաստի գործիչներու մասին, որոնց հետ մէկ երկու ամիս միայն մնալէ ետք, մնաս բարեաւ ըրի ու բաժնուեցայ, կարծելով որ այլեւս պիտի չտեսնեմ զանոնք:
Սալմաստի կուսակցական ներկայացուցիչը Սամսոնն էր, «Սամսոն Խանը», ինչպէս կը կոչէին զայն պարսիկները: Հայերը զայն կ’անունաէին «Պարոն Սամսոն»: Ինչպէս վերը ըսի, սկսած 1898 թուէն, այդ ընկերը միայնակ փոխարինեց Սալմաստի մէջ բոլոր այն գործիչները, որոնք Խանասորի արշաւանքէն յետոյ, ստիպուած եղան եղան հեռանալ Պարսկաստանէն: Մինչեւ անոր Սալմաստ գալը, դէպի Երկիր տանող փշոտ ճանապարհը բաւական մաքրուած էր: 7-8 տարուան իր գործունէութեամբ, կուսակցութիւնը բաւական փորձառութիւն ձեռք բերած էր տեղական ժողովուրդը իր հետ կապելու, Երկրին օգտակար լինելու, զէնքեր փոխադրելու, կապ պահպանելու, խումբեր ուղարկելու եւ կառավարութեան հետ յարաբերութիւն մշակելու եւ այլ կարգի գործերու մէջ: Սամսոնը օգտուեցաւ ձեռք ձգած արդիւնքէն եւ Սալմաստի ու շրջակայքի մէջ կատարուող գործունէութիւն կարողացաւ դնել ամուր հիմքերու վրայ: Ան քիչ զոհաբերութեամբ եւ քիչ զոհերով կարողացաւ մեծ արդիւնքներու հասնիլ:
Սամսոնը մեծ կրթութիւն չունէր, բայց ջանասիրութեամբ եւ ինքնապաշտպանութեամբ ձեռք բերած էր որոշ հմտութիւն, այնպէս որ կրնար կրթուածներուն իսկ ուղղութիւն տալ եւ ղեկավարել յեղափոխութեան գործը: Ան արհեստաւոր մըն էր, զինագործ մը, որ նախապէս կ’աշխատէր Թորոսի եւ Կարոյի հետ Թաւիրզ, բայց դիտելու ընդունակութիւն ունենալով, կրցեր էր ձեռք բերել փորձառութիւն եւ ատոր շնորհիւ էր, որ դարձած էր հեղինակութիւն իր շրջապատին համար: Թերեւս իր արհեստի բորումով, ան ունէր յամառութիւն եւ ուժեղ կամք, եւ կրնար զսպել եւ ենթարկել այնպիսի զինուորական ուժեր, զորս կառավարելը եւ իրեն ենթարկելը մեծ դժուարութիւններու հետ էր կապուած: Եւ որպէսզի առաջն առնէ անկարգութեանց եւ յարգել տայ կուսակցական կանոններն ու աւանդութիւնները, ան չէր խուսափեր խիստ միջոցներու դիմելէ` ծեծէն սկսած մինչեւ գնդակահարութիւն: Այդպէսով, այդ կարճահասակ մարդը իր շրջապատի մէջ ստեղծած էր դէպի ինքն համակրութիւն, պատկառանք եւ վախ: Ասոր կը նպաստէր նաեւ այդ մարդու հասարակ բնաւորութիւնը, սիրալիր եւ տակտով լինելը, որ երբեմն խորամանկութեան հետ կը խառնուէր: Ան չէր օգտուեր իր դիրքէն, զոր տրուած էին անոր կուսակցութիւնը, իր շրջապատը եւ կամ կառավարութիւնը: Անհատական կեանքի մէջ մնացեր էր նոյն հասարակ բանուորը` իր բնաւորութեամբ ու վերաբարմունքով դէպի ուրիշները: Ղեկավարի, խանի իր հանգամանքը զգացնել կու տար միայն գործի ժամանակ, եւ այն լա շատ խիստ կերպով, իսկ իր մասնաւոր կեանքին մէջ ան պարզ եւ քաղցրաբարոյ մարդ մըն էր, որու շնորհիւ ե՛ւ իր հետ կը կապէր բոլոր խաւերը:
Սալմաստ տուած է նաեւ տեղական ուժեր, որոնց վրայ կը յենուէին մեր գործիչները: Ատոնցմէ էին Մարտիրոսն ու Զաքարէն, որոնք նեցուկ կը հանդիսանային Արմենական կուսակցութեան, ու անոր համար աշխատեցան ու նահատակուեցան: Անոնք ոչ միայն Սալմաստի տեղական գործիչներ էին, այլեւս ֆետայիներ եւ մեծ դեր կատարած էին Վանի «ջոջ կռուին»: Աւետիսեանի ստեղծագործած այդ մարդիկ անոր կողքին ալ մեռան Բարթողիմէոս Առաքեալի վանքի մօտ:
Շատ գործիչներ կան, որոնք հռչակ ձեռք կը բերեն, որոնց անունները միշտ կը յիշուին, բայց իրականին մէջ ատոնք ոչինչ պիտի դառնային, եթէ չունենային իրենց հետ այնպիսի մարդիկ, որոնք գործի իսկական ուղն ու ծուծը կը հանդիսանան: Սալմաստի շրջանին մէջ, եթէ գործի ղեկավարութիւնը կը պատկանէր Նիկլոին, Սամսոնին եւ միւսներուն (եւ նրանք էին երեւացողը եւ կարգադրողը), բայց ասոնց կողքին կար Ղալասար գիւղին մէջ համեստ գիւղացի մը, Սարգիս անունով, որու համար կարելի է ըսել, որ Սալմաստի ամբողջ գործի հոգին էր: Եթէ չլինէր այդ ինքնատիպ եւ անձնազոհ մարդը, թերեւս Սալմաստի եսասէր եւ քաղաենի ժողովուրդին մէջ հնար չլինէր ստեղծել վերը մատնանշած միութիւնն ու զոհաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել զէնքերու եւ կուսակցական գոյքերու անվնաս եւ անխարդախ պահպանումը: Ան տերւիշ ծնած մարդ մըն էր, որու նշանաբանն էր կուսակցութեան գոյքը պաշտպանել ամէն գնով, մոռնալով նոյնիսկ իր անձը: Այս մարդը միլիոն արժեցող գոյքերի պահապանն էր եւ փոխադրողը, բայց ինքը միշտ անօթի էր եւ միշտ աղքատ: Այդ հասարակ գիւղացին իր մէջ կ’ամփոփէր ժողովրդի անձնազոհութիւնը եւ գաղափարականութիւնը եւ կ’ապրէր միայն Հայաստանի ազատագրման ու անկախութեան իտէալով: Ան իր սիրելի ընկերներէն շատերը ճանապարհ գցած էր դէպի Երկիր, ուր քիչերն էին ողջ հասած եւ ուրկէ ալ աւելի քիչերն էին վերադարձած: Անոր մէջ անձնազոհութիւնը հասած էր ինքնամոռացութեան եւ դարձած էր տեսակ մը բնաւորութիւն: Յայտնի նշան խփող մըն էր հրացանով եւ միշտ կ’ուզէր կռիւի գնալ: Մասնակցած էր Խանասորի արշաւանքին: Դժուար է բնորոշել մեր հասարակական այդ գործիչները, որոնք իրապէս գործը վարողներն են, բայց կ’ամաչեն այդ ցոյց տալ, եւ նոյնիսկ ատոր գիտակցութիւն ունենալը մեղք կը համարեն:

Շար. 152



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝