Յայտարարութիւն

Thursday, October 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 153 - Ռուբէն

Ահա ասոնց մօտ էր, որ ես հիւր եղայ մօտ 10 օր: Հոն ինծի պատմեցին եւ Սերգէյի (Արամի) Երկիր անցնիլը:
Մեր ամենամեծ զուարճութիւնն էր այդ տան մէջ խաղալ Քասարի հետ, որ հաւատարիմ էր այդ տանը այնպէս, ինչպէս Սարգիսը` Կուսակցութեան:

¢¢¢
Այդտեղէն զիս կանչեցին Թաւիրզ (չեմ յիշեր ի±նչ գործով եւ ինչո±ւ), ուր մնացի մօտ ամիս մը, որպէս Կ. Կոմիտէի գործավար: Գրասենեկային այդ աշխատանքը, սակայն, զիս չէր գոհացներ. ես կ’ուզէի որքան կարելի է շուտ Երկիր անցնիլ:
Թաւիրզէն գացի Խոյ: Կոստին այլեւս հոն չէր, ան գնացած էր Կովկաս: Այդտեղ կար ինչ որ տարօրինակ մարդ մը, լայն գլխարկով, եւրոպացու դէմքով ու հագուստով: Ան կը խօսէր արագ-արագ, կարծես բերանին մէջ ինչ որ բան կար եւ այնպիսի հնչիւններով կը խօսէր, ինչպէս որ եւրոպացի պաստէորները: Այս մարդը Ամերիկայի մեր ընկերներէն էր, որ եկած էր Կոստին փոխարինելու: Ան կը կոչուէր Մալխաս, բուն անունով` Արտաշէս Յովսէփեան, որ իսկական հակապատկերն էր Կոստիի: Կոստին կարճահասակ էր ու հաստ, իսկ Մալխասը` բարակ եւ երկար: Առաջինը կը հագուէր թափթուած ու պատռոտած շորեր, իսկ Ամերիկայէն եկած պարոնը կը կրէր եւրոպական ճանապարհորդական տարազ: Կոստին քացրաբարոյ էր եւ միշտ ժպտուն ու խոհուն, նորեկը միշտ բարկացոտ, կարծես վրադ պիտի յարձակէր, եւ կը հայհոյէր` «շուն շանորդի» ըսելով: Կոստին հեմբերող էր, բայց եւ ոխակալ, իսկ Մալխասը` վառօդի նման փշտացող ու յետոյ զղջացող: Կոստին կը ղեկավարէր իր ծառայութիւններով, իսկ այս մէկը` իր հրամաններով:
Մալխասը ստեղծած էր Խոյի մէջ իրեն համար վիճակ մը, որ խանութիւն կը յիշեցնէր: Չէր կարելի ըսել, սակայն, որ խաներու այս երկրին մէջ, ան սխալ կ’ընէր: Անոր այդ կեցուածքը թերեւս ճիշդ էր եւ գուցէ աւելի օգտակար, քան հանդարտաբարոյ եւ հեզ Կոստինը, որ գոմի աղբը կը մաքրէր:
- Ծօ՛, ախպա՜ր, բա... ես Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, ելլեմ համշարու շորեր հագնեմ, քթոցն առնեմ թրիք թափեմ եւ ատկէ ետքն ալ երթամ Շամդինանի Շէյխին հետ բանակցիմ ու դաշնակցի՜մ: Չէ, ատանկ բաներ ես չեմ հասկնար: Ծօ՛, ախպար, շուն շանորդի, ատանկ գործ չի դառնար...
Մալխասը նոր էր եկած Շամադինանէն: Ան գացեր էր բանակցելու թէ ասորիներու եւ թէ Շամդինանի Շէյխին հետ (Իբադուլլահի որդի): Արդէն կարծեմ ըսի, որ դեռ 96 թուականներուն միտք կար կապ հաստատել քիւրտերու եւ ասորիներու հետ, բայց այդ փորձերը մնացեր էին միայն փորձեր: Մալխասին կը յաջողի տեսնուիլ այդ շէյխերուն եւ բէկերուն հետ, բայց արդիւնքը մեծ չ’ըլլար: Ինչո±ւ անոնք իրենց լիքը կուժը մեր դատարկ կուժին պիտի խփէին: Շէյխ Սատըխը համարեա ինքնիշխան էր Շամդինանի մէջ եւ կարիք չունէր ապստամբելու` հայերու հետ միացած: Սակայն եւ այնպէս, ան բարեկամ էր դէպի հայերը եւ համամիտ էր անկախութեան գաղափարին: 1895-96 թուականներին, ան չէր թոյլ տուած որ իր քիւրտերը մասնակցին կոտորածներուն, ըսելով որ «հայերէն յետոյ մեզ պիտի կոտորեն»: Անոր այդչափի բարեկամութիւնն ալ մեծ բան մըն էր հայերու համար: Ահա այդ ուղղութեամբ կ’աշխատէր Մալխասը, չմոռնալով պատմել ինծի իր բանակցութիւններու եւ իրեն ցոյց տրուած արքայավայել ընդունելութեան մասին:
- Շուն շանորդի, բոլորդ էլ կու գաք եւ իսկոյն Երկիր կ’երթաք, մենք էշի պէս համշարիների մէջ պիտի փտինք, կ’ըսէր ան ինծի:

Շար. 153


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝