Յայտարարութիւն

Thursday, February 9, 2012

Երբ թելերը կը փրթին... կը փրթի՞ն իրապէս

Այս յօդուածը կարդալէս ետք երեք խօսք թռան բերնէս՝ Պռաւօ Վրէժ Արմէն: Ո՞վ ոստայն չունի կեանքին մէջ , ո՞վ փրթած եւ չփրթող թելեր չունի իր յուշերուն թէ իրականութեանց մէջ: Վրէժ Արմէն կը խօսի մի քանի նուիրեալներու մասին , օրինակ հանդիսանալով որ քանի քանի անձինք նուիրեալք կան մեր անմիջական յուշերուն մէջ որոնց տարած աշխատանքը պէտք է պանծացնել: Այս յօդուածը մտքեր արթնցուց իմ մէջ: Զայն կ'արտատպեմ «Հորիզոն»էն , այն համոզումով , որ բազում մտքեր պիտի արթննան ընթերցողիս մտքին մէջ իր ոստայնին մէջ գտնուող անձանց առնչուած...:
Նշան Պասմաճեան
»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«
ՈՍՏԱՅՆ
Երբ թելերը կը փրթին... կը փրթի՞ն իրապէս
Ամեն անգամ, որ սիրելի մը կամ ծանօթ մը կը հեռանայ այս աշխարհէն, այնպէս կը
զգամ, որ ինձմէ՛ բան մը պակսեցաւ - այն ամբողջութիւնը որ կը կազմէ էութիւնս՝ մասնի՛կ մը
կորսնցուց։

Երբ տարիներ առաջ սկսայ գրել այս շարքը, որ Ոստայն վերտառութիւնը կը կրէր, ու
կը շարունակէ կրել, աշխարհասփիւռ ծանօթներուս հետ կապերուս լայն ցանցը սարդոստայնի
մը նմանցուցի, եւ իւրաքանչիւրին հետ յարաբերութիւնս՝ թելի մը - այն ատեն ոչ համացանց
կար, ոչ պատկերակապ )Սքայփ(։ Անհամար թելերով, ուրեմն կապուած էի այն բոլորին, որոնց
հետ մանկութենէս ի վեր բաժնած էի կեանքէս մաս մը։ »Ինչպէ՞ս հասնիմ այս բոլորին«
կ'ըսէի, »թելերը ինձմէ բան մը կը տանին միշտ, կը սպառեն, բզիկ-բզիկ կ'ընեն հոգիս. բոլորն
ալ կեանքիս մասնիկներն են. կտրէ թելերը, ի՞նչ կը մնայ կեանքէն։ « Ու կ'աւելցնէի. »Ձայներ՝
հետզհետէ մարող, նկարներ՝ կամաց-կամաց խամրող նկարներ, բայց երբեք չմոռցուող
յիշատակներ, այս թելերը։ Նոյնիսկ, երբ չես գիտեր թէ միւս ծայրը գտնուողը դեռ հո՜ն է, թէ ալ
չկայ։«

Յետոյ, երբ այդ հարազատներէս - ազգական, բարեկամ, ընկեր, աշխատակից – շատեր
մահացան, սկսայ անդրադառնալ, որ թելերը կը շարունակէին յամենալ, ու այդ բոլոր
սիրելիներս չէին դադրեր մաս կազմելէ ոստայնիս։ Ու արդէն ահա կը մտնենք
բնազանցութեան ոլորտը...

Այս անցնող շաբաթները բազմաթիւ առիթներ եղան, որ նման խոկումներու
մատնուիմ։ Իրարու ետեւէ մեզմէ հրաժեշտ առին անձեր, որոնց հետ կապերս պարզապէս
պարագայական չէին եղած. անձեր, որոնք այս կամ այն ձեւով իրենց ազդեցութիւնը ունեցած
էին, ու հիմա որ ֆիզիքապէս մեզի հետ չեն՝ պիտի շարունակեն տակաւին առնչուիլ ինծի։
Իւրաքանչիւրին մասին կրնայի առանձնաբար գրել, սակայն բոլորին միաժամանակ մեկնումը
առիթ կ'ընծայէ ինծի, որ բոլորը միասին վերյիշեմ, ու նախախնամական միասնութիւն մը
տեսնեմ ատոր մէջ։

Կարեւոր չէ անպայման ժամանակագրական կարգը, թերեւս յիշեմ հնութեան կարգով –
ծանօթութեա՛նս հնութեան։
ՄՈՒԿՈՒՉ ՊՈՒՏԱՔԵԱՆ – Հօրեղբայր-մօրեղբայր, հօրաքոյր-մօրաքոյր չունէի, սակայն
հօրս ու մօրս ամենէն մտերիմ ընկերներն ու ընկերուհիները մեր հօբարներն ու մօբարները,
հօրաքներն ու մօրաքներն էին։ Անոնց կարգին առաջին գծի վրայ՝ ընկեր Մուկուչը )այդ
անունով ալ ճանչցած եմ զինք, պատանի տարիքիս, երբ սկսեր էի մուտք գործել
Պատանեկանի, ապա Երիտասարդացի շարքերէն ներս(։ Միշտ պատնէշի վրայ, հօրս հետ՝
Կոմիտէի անդամ, այս կամ այն գործին պատասխանատու։ Ժպիտը՝ անպակա՛ս իր դէմքէն։
Բարեհամբոյր ու բարեկիրթ, անո՛յշ լեզուով։ Շատ կը հրճուէի երբ իր ու տիկին Ալիսին տունը
կ'այցելէինք, ոչ այնքան մեզմէ կրտսեր զաւակներուն հետ խաղալու ակնկալութեամբ, որքան
լսելու իր խօսած աղուոր արեւելահայերէնը, քանի որ հայաստանցի էր ինք, անոնցմէ, որոնք
Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք արտասահման ապաստանեցան )ինք իբր
մանուկ, անշուշտ(։ Կեանքիս ընթացքին վրայ իր ունեցած որոշիչ դերը եղաւ Հ.Յ.Դ շարքերը
մտնելս՝ աւելի կանուխ քան ես ծրագրեր էի. միտքս դրած էի համալսարանական ուսումս
աւարտելէ ետք միայն կուսակցական դառնալ, բայց ինք, ու երկու ուրիշ »հօբարներ«՝ ընկ.
Նազարէթն ու ընկ. Զօհրապը երեկոյ մը եկան մեր տունը ու գրեթէ յանդիմանելու պէս
խթանեցին, որ չտնտնամ, քանի որ ինձմէ կրտսերները, որոնք իմ պատանիներն էին եղած,
ահա արդէն կը դիմէին շարքերը մտնելու...

ԱՐՓԻԿ ՇԱԼՃԵԱՆ – Ծնողքիս քիչ մը աւելի կրտսեր մտերիմներէն մէկն ալ ընկերուհի
Արփիկն էր, ուսուցչիս՝ Շահան Բագրատունիի քոյրը, որուն ներկայութիւնը քիչ մը ուշ
զգացինք մեր կեանքին մէջ, քանի որ իր արժանաւոր ու տակաւին այնքան երիտասարդ
ամուսնոյն՝ ընկեր Սեպուհի մահուան հարուածը զինք շրջան մը առանձնացած պահեց։ Յետոյ
սկսանք վայելել իր զգլխիչ ձայնը )»Ես մէկ ծառ եմ ծիրանի«( եւ հուսկ՝ իր հօրմէ ժառանգած
ու թերեւս ալ Սեպուհէն ամրակայուած՝ իր բեմադրական ու դերասանական տաղանդը, որ
գլխաւորաբար Համազգայինի ճամբով հարստացուց մեր բեմերը, ըլլայ Գահիրէ, ըլլայ
Մոնթրէալ։ Իր համբերութիւնը, բծախնդրութիւնը, սէրը, մանաւա՛նդ սէրը գեղեցիկին ու
որակին նկատմամբ անկասկած ոչ միայն մեր թատերական ներկայացումներուն մակարդակ
կու տային, այլեւ հանդիսատեսներուն՝ անխառն հաճոյք։ Ափսոս, կեանքի վերջաւորութեան
վերստին առանձնացաւ, ու հեռաձայնային խօսակցութիւններով միայն կապերս, թելերս
կանգուն մնացին...

ՎԻԳԷՆ ՄԱՍԵՐԷՃԵԱՆ – Վիգէնը արդէն սերնդակիցս էր, տարեկիցս, որուն հետ մեր
պատանութեան օրերէն ընկերներ էինք թէ որպէս ընտանեկան բարեկամներ եւ թէ ակումբի
ընկերներ։ Գահիրէէն ետք մեր կապերը ա՛լ աւելի սերտացան այստեղ, Երիտասարդացի
շարքերուն մէջ, երբ իբրեւ երէց անդամներ մենք կը զբաղէինք դաստիարակչութեամբ։ Անյագ
ընթերցող, գրասէր, տեւաբար խօսելու, արտայայտուելու տենչով վառուած, Վիգէն՝
ատամնաբոյժ եւ ուղղատամնաբան, որ նաեւ ունէր ակադեմական գործունէութիւն, մեր
վարժարանի գոյառման սկիզբի տարիներուն գործօն մասնակիցն էր մեր ազգային կեանքին,
նաեւ Համազգայինի գրադարանի զօրավիգ, սակայն հիւանդութեան պատճառաւ յետոյ
դժբախտաբար չկրցաւ իր ամբողջական դրսեւորումը ունենալ որպէս գաղութի կարողական
ղեկավար։

ՍՕՍԻ ՉԱԳՄԱԳՃԵԱՆ – Համակրելի, մշտաժպիտ ու համբերատար կրտսեր գործակիցս՝
երկար տարիներ »Հորիզոն«ի ոչ միայն գրաշարը, այլ խմբագրի անընթեռնելի ձեռագրին
վերծանողը, ստացուած գրութիւնները շարելու ատեն իսկ սրբագրողը ու մանաւանդ՝
համակարգչային թերի փոխակերպիչներէն շատ առաջ՝ հայաստանեան սխալագրութիւնը ճիշդ
ուղղագրութեամբ շարողը, որուն ներկայութիւնը միշտ պիտի փնտռուի խմբագրատունէն ու
Հայ կեդրոնէն ներս թէ դուրս։ Անհամար տարիներ, օրակա՛ն խօսակցութեամբ կապուած էինք
իրարու, հեռաձայնով, քանի որ խմբագրական աշխատանքիս մեծ մասը »դուրսէն« կը
կատարէի... Իր կորուստին կսկիծը երկար պիտի մնայ սրտիս մէջ։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ - Վերջապէս ընկեր Անդրանիկը, որուն ժպիտն ալ պիտի
փնտռենք երկար ատեն։ Իր հետ անձնական մտերմութիւն ունենալու առիթ չէր եղած, սակայն
Գանատա գալէն ի վեր մեր կուսակցական ժողովներուն իր մնայուն ներկայութիւնը այս
կազմակերպութեան ուժին մէկ հաւաստիքը կը հանդիսանար։ Իւրաքանչիւր կարգապահ
ընկեր, որուն կը հանդիպիս ամեն ընկերական ժողովի, անկախ իր ունեցած ներդրումէն կամ
ստանձնած դերերէն, ինքնաբերաբար կը դառնայ մտերիմդ, հարազատդ։ Անդրանիկ, այնքան
անյաւակնոտ ու համեստ, ատով հանդերձ լուռ ներկայ մը չէր, այլ զինք յուզող հարցերուն
նկատմամբ ձայն առնող ու իր պարզ ու անպաճոյճ բառերով միտքը յստակ արտայայտող ու
մտահոգութիւնները ներկաներուն հետ բաժնող ազնիւ ընկեր մը։ Իր օրինակելի վարքը բոլորիս
համար ուսանելի է։

Մօրս մահուան առթիւ գրած նշմարս վերնագրած էի »Բաժանո՞ւմ թէ վերամիացում«,
ու առաջին նախադասութիւններէն մէկուն մէջ կը հաւաստէի որ »Հին, ամո՛ւր թել մը փրթաւ
ոստայնէս...«, անմիջապէս յետոյ հարց տալով՝ »Իրապէ՞ս. իրապէս փրթա՞ւ։«
Համոզուած եմ, որ նման թելերը, ո՛չ, չե՛ն փրթիր...

Սակայն կը մնայ մարտահրաւէրը, ուղղուած մեր երիտասարդներուն՝ գալու ու նոր
թելեր աւելցնելու...
ՎՐԷԺ-
ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-05-06 )1671(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝