Յայտարարութիւն

Wednesday, June 20, 2012

Վեց Աբեղաներու Ձեռնադրութիւնը` Յոյսի Նոր Աղբիւր - Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Կիրակի, օր, Անթիլիասի մայրավանքը ականատես եղաւ հոգեպարար բացառիկ արարողութեան մը, որուն արգասիքն էր վեց երիտասարդ սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնը եւ միացումը Կիլիկեան դարաւոր միաբանութեան ծառայական առաքելութեան:

1957-էն ասդին առաջին անգամն էր, որ այս թիւով միաբաններու ձեռնադրութիւն կը կատարուի: 55 տարի առաջ 7 սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնը կատարուած էր երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի օրով:

Թերեւս ըսուի, որ սովորական երեւոյթ է, որ ամէն տարի, դպրեվանքի շրջանաւարտներ քահանայագործման ձեռնադրութիւն ստանան եւ նետուին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան մէջ: Անշո՛ւշտ, տրամաբանութեան բնական շղթան այլ տեղ չի կրնար առաջնորդել:

Այսուհանդերձ, տրամաբանութենէն եւ բնական արդիւնքէն անդին, Հայաստանեայց եկեղեցին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու հայութիւնը, վեց նոր աբեղաներու ձեռնադրութեամբ եւ առանց չափազանցութեան կամ սովորամոլական շուկայիկ քարոզչութեան, դէմ յանդիման կը դրուին մտածումի գրգիռ հանդիսացող գնահատականներու:

Նախ եւ առաջ, երեւոյթը ինքն իր մէջ քաջալերական է:

Եկեղեցիէն, հոգեւոր արժէքներէն ու հաւատքէն հեռացումի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, վեց երիտասարդներու ուխտը հաւատքով, ինքնընծայումով եւ ծառայութեամբ միանալու եկեղեցւոյ, դրական ազդանշանը կու տայ նաեւ ամրացնելու այն համոզումը, թէ երբ կայ համապատասխան լուրջ աշխատանք, ապա կ՛ըլլայ անպայման լուրջ արդիւնք: Տեւաբար դժգոհելու, մեր շուրջը միշտ անապատ տեսնելու, սին շատախօսութիւններու երեւոյթներուն դիմաց, ահա՛ պատասխանը, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր դպրեվանքին ճամբով կրցաւ հայութեան նուիրել վեց եկեղեցականներ:

Երկրորդ` վեց երիտասարդներու հաւատքն ու վճռակամութիւնը դառնալու կուսակրօն քահանաներ եւ հրաժարելու աշխարհիկ հաճոյքներէ, շահերէ թէ փառքերէ: Որոշումը ինքնին ցոյց կու տայ, որ տակաւին մեր ժողովուրդին մէջ չէ մեռած հոգեւոր արժէքները պահպանելու եւ այդ արժէքներուն ի խնդիր զոհողութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւնը: Առ այդ, մեզի կը մնայ այդ խանդն ու եռանդը, հաւատքն ու համոզումը խորացնելու եւ ամրապնդելու պատրաստակամութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Երրորդ` ձեռնադրուած աբեղաներն ու ցարդ եկեղեցւոյ ծառայութեան միացած իրենց երէց հոգեւոր եղբայրները, պարտաւորութիւն ունին եկեղեցին դէպի ժողովուրդ տանելու առաքելութեան մէջ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալը` Արամ Ա. վեհափառը կը յորդորէ, որ եկեղեցին քար ու շէնք չէ, այլ ժողովուրդն է, եւ եկեղեցականը պարտի երթալ ժողովուրդին, ապա մենք իբրեւ աշխարհականներ արդար իրաւունքը ունինք այս ակնկալութեան: Կը մնայ սակայն մէկ այլ բան. եկեղեցականը երբ կ՛երթայ դէպի ժողովուրդ, պարտի այնքան մը զգուշ ըլլալ, որ չվարակուի ժողովուրդի աշխարհիկ կեանքէն ու ապրելակերպէն եւ տեւաբար յիշէ, որ ինք այդ կեանքէն հրաժարելու ուխտ կատարած է: Իսկ ժողովուրդը ինք, երբ կ՛ակնկալէ արդարօրէն, որ եկեղեցին ու եկեղեցականը իր մօտ գան, անպայմանօրէն պարտի չաղաւաղել եկեղեցականը ու չգայթակղեցնել զայն աշխարհիկ բարքերով ու անցողակի հաճոյքներով:

Չորրորդ` կիրակի օր մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնադրութիւնը ժողովուրդէն առնուածը ժողովուրդին վերադարձնելու լաւագոյն արտայայտութիւնն էր: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր դպրեվանքին նկատմամբ մեր բարերարներուն թէ ազնուասիրտ հայ քաղաքացիներուն նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը յումպէտս չէ որ կը վատնուի: Այն ինչ որ կը տրուի, կը տնտեսուի այնպէս, որ բազմապատկուած արժէքով կը վերադարձուի մեր ժողովուրդին, որպէսզի ան իր կարգին շարունակէ նեցուկ կանգնիլ եւ աւելիով գուրգուրալ հոգեւոր, ազգային թէ հասարակական գործունէութիւն ծաւալող մեր հաստատութիւններուն:

Հինգերորդ` վեց աբեղաներու ձեռնադրութիւնը առիթ մըն էր նաեւ Ս. պատարագին ներկայ թէ հեռուէն հետեւող եկեղեցականներու ուխտի վերանորոգման: Արարողութեան ընթացքին կարելի եղած չափով փորձեցի վերյիշել անունները այն հոգեւորականներուն, որոնց բախտը ունեցած էի ճանչնալու փոքր տարիքէս: Անոնցմէ շատեր յաղթահասակ տողանցեցին, ուրիշներ տարբեր շուքով անցան, որոշ թիւ մը իրենց ուխտին մէջ ամուր չկարենալով մնալ հեռացան, սակայն ամուր մնաց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ու անսասան մնացին իրենց ուխտին մէջ անոնք, որոնք այսօր կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց թէ միջին սերունդի ներկայացուցիչներ են եւ որոնք վերանորոգելով իրենց ուխտը ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան լաւագոյն օրինակը կու տան ու պարտին շարունակել տալ միաբանութեան միացած երիտասարդ սերունդին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, երբ կը հետեւէի սրբազան արարողութեան, մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար յոյսի ներշնչում կ՛ապրէի անտարակոյս: Յոյս մը, որ հակառակ մեզ շրջապատող մշուշին, հակառակ մութին ու մեզ տկարացնող տարաբնոյթ երեւոյթներուն, իբրեւ լոյս կու գար Ս. խորանէն համակելու մեր հոգիներն ու մեր ապագան:

Կիրակի օրուան ձեռնադրութիւնը սովորական եկեղեցական արարողութիւն չէր:

Պարտաւոր ենք անկէ դասեր քաղել: Դրական երեւոյթներ արտահանել: Մեր յառաջիկայի քայլերը ուղղել:

Թթխմորը գոյութիւն ունի:

Յաւելեալ գուրգուրանքով, ճիշդ ու տեղին սրբագրութիւններով եւ ուղղումներով մենք անպայման լայն ու տարածուն ովասիսներ կը յառաջացնենք երբեմն անապատացող մեր իրականութեան մէջ:

Արտատպուած Ազդակ Օրաթերթէն

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝