Յայտարարութիւն

Friday, May 28, 2021

Սիրելի ընթերցող,

Բժիշկ Արմենակ Եղիաեան բծախնդրօրէն կը հետեւի Հայ մամուլին եւ հոն ուր Հայերէնի սխալներու կը հանդիպի կ'ուղղէ կամ կը քննադատէ: Բծախնդիր է եւ պահանջկոտ: «Մամլոյ խճանկար» - ները պիտի հրապարակուին Նշանակի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ:

Բարի ընթերցում

(Նշանակ)

 

Մամլոյ խճանկար (4)

 

          «Հորիզոն» (26 ապրիլ−3  մայիս)

            ***«Թիւ 205-րդ օրինագիծը, զորս հովանաւորած էր պահպանողական պատգամաւորը...»:

            ---Սովորական թիւերը դասականացնելու երկու ձեւ ունի հայերէնը.

            ա) Ընդհանրապէս տուեալ թիւին ետեւը կ’աւելցնենք -րդ մասնիկը. օրինակ՝ 5-րդ,  37-րդ,  251-րդ եւ այլն: Կ’արտասանենք՝ հինգ-երորդ եւ այլն:

            բ)  Տուեալ թիւին առջեւ կ’աւելցնենք թիւ բառը. օրինակ՝ թիւ 5,  թիւ 37, թիւ 251:

            Օրինակ՝  ես գրաւեցի թիւ 5 սենեակը: Ոչինչ կ’արգիլէ որ լման տառերով գրենք՝  թիւ հինգ...:

            Այս տուեալներով՝ սխալ է գրել «թիւ 205-րդ», այլ խօսքով՝  երկու անգամ դասականացնել նոյն թիւը:  Պէտք է ընտրել մէկը կամ միւսը:

            ---զորս հովանաւորած էր...

            Պէտք է ըլլայ զոր՝ եզակի, քանի օրինագիծ յարաբերեալը եզակի է:

            ***25-րդ ամեակը...

          Նախորդին մէկ տարբերակն է այս ալ, որ իր կարգին շատ յաճախուած սխալ մըն է: Այս եւս կրկնակ դասականացումի մէկ ձեւ է:

            Արդեարեւ,  -ամեակ բաղադրիչը առանձին ցոյց կու տայ տարեդարձ մը՝ ծննդեան, հիմնադրութեան, անկախութեան կամ գերութեան, որեւէ այլ բանի: Օրինակ՝ «անկախութեան  25-ամեակը» կը նշանակէ 25-րդ ամը՝ տարին, տարեդարձը: Հետեւաբար չենք կրնար դառնալ մէյ մըն ալ աւելցնել -րդ դասական մասնիկը եւ ըսել՝ 125-րդ ամեակ:

            Չմոռնանք մանաւանդ, որ -ամեակ բաղադրիչը անկախ կիրարկութիւն չունի, միշտ կախեալ է թիւէ մը, ճիշդ  -րդ մասնիկին պէս, որ -երորդ կ’արտասանուի:

            ***Ալիեւեան նկրտումներ...

            ---Այստեղ կը գտնենք ներկայիս շատ ընդհանրացած սխալ մը. երբ յատուկ անուն մը ածականի կը վերածուի, ան կը կորսնցնէ իր յատկութիւնը, կը վերածուի հասարակ բառի, որ այլեւս չի գլխագրուիր. ուրեմն՝ Ալիեւ-ալիեւեան, Սուրիա-սուրիական,  Անի-անեցի,  Վան-վանեցի եւ այլն:

            Այս սխալը շատ աւելի յաճախական է, երբ յատուկ անունը նուիրականութիւն ունի, օրինակ՝ Աստուած-աստուածային, Հայաստան-հայաստանեան եւ այլն:

            «Հասկ»-ը անշեղօրէն կը գլխագրէ Աստուած-Աստուածային:

            Չմոռնանք՝ յատուկ անուններ կան, սակայն յատուկ ածական չկայ:

             

          «Յուսաբեր» (28-4-21)

            ***Պայմանագրերը ... պայմանագիրները (էջ մէկ)

            ---Այս երկուքէն, որոնք կը գտնուին  նոյն յօդուածին մէջ, առաջինն է ճիշդը:

            Երբ գիր արմատով վերջացող բարդ բառը ինչ-որ  «գրութիւն» ցոյց կու տայ, ապա յոգնակին կը կազմէ եր-ով. օրինակ՝ օրագիր-օրագրեր, բեւեռագիր-բեւեռագրեր, մեhենագիր-մեհենագրեր, բարեւագիր-բարեւագրեր, ծրագիր-ծրագրեր, ճակատագիր-ճակատագրեր եւ այլն:

            Իսկ երբ այդ գիր արմատը «գրող»  ցոյց կու տայ, յոգնակին կը կազմէ ներ-ով. օրինակ՝ պատմագիր-գպատմագիրներ, խմբագիր-խմբագիրներ, յօդուածագիր-յօդուածագիրներ, նամակագիր-նամակագիրներ, նաեւ՝ վիպագիրներ, բառարանագիրներ եւ այլն:

            ***նէօ-իսլամ

            ---Սա neo-islam(ism) տառադարձութիւնն է:

            Բնագրին neo արմատը երկվանկ է՝ ne-o, մինչ հայերէն «նէօ» միավանկ է եւ ուրիշ արտասանութիւն ունի. քմային օ մըն է ան եւ  հաւասար է ֆրանսերէնի eu-ին (feu, deux, peut)  եւ գերմաներէնի ու թրքերէնի ö-ին: Ուրեմն՝  պէտք է գրել նէո-իսլամ, ուր նէ-ո երկվանկ է: Այս էո երկբարբառը շատ սովորական է հայերէնի մէջ. օրինակ՝ Գէորգ, Թադէոս, Արգէոս, լեգէոն  եւ այլն:

 

          «Ապագայ» (26-4-21)

                ***Իսրայէլի պետութիւնը,   շահարկումի դրած է ցեղասպանութիւնը...

            ---Ենթական եւ ստորոգիչը (դիմաւոր բայը) ստորակէտով տրոհելու անհանդուրժելի  սովորութիւնը հետզհետէ  հող կը շահի, տուն-տեղ կ’ըլլայ, կ’աճի ու կը բարգաւաճի. Tut-Ankh-Amon-ի բարբառով՝ աճ-ուճա...

            ***Այդ յիշատակութիւնը քաղաքական հաշուարկումներո՞վ կը կատարուի թէ` իբրեւ յարգանք մեր նահատակներուն:

            ---Իսկ ան կը զլացուի հոն, ուր պարտի ներկայ ըլլալ. «Այդ յիշատակութիւնը քաղաքական հաշուարկումներո՞վ կը կատարուի, թէ՞ իբրեւ յարգանք մեր նահատակներուն»:

            ***«Ճանաչումը պիտի գայ ամբողջացնելու երկրի օրէնսդիր ժողովին կողմէ առնուած քայլը»:

            ---Չեմ գիտեր ուրկէ՞, ինչպէ՞ս յառաջացաւ վերջին տարիներուն  հայերէնը կրաւորական կառոյցներով խճողելու մոլորութիւնը, որ ահաւոր չափերու հասած է,  երբեմն ուղղակի ախտագին է երեւոյթը: Ըստ ոմանց՝ ռուսերէնն է աղբիւրը:

            Այսպէս, մէջբերուած օրինակը կարելի էր վճիտ հայերէնով ալ շարադրել.

            « Ճանաչումը պիտի գայ ամբողջացնելու երկրի օրէնսդիր ժողովի առած քայլը»:

            ---«Լաւագոյնը կ’արտադրէ Աֆէեանի կողմէ հաստատուած  ընկերութիւնը»:

                «Լաւագոյնը կ’արտադրէ  Աֆէեանի հաստատած ընկերութիւնը»:

            ---«Նախագահը Թուրքիոյ կողմէ կատարուած կոտորածը կոչեց իր անունով»:

                 «Նախագահը Թուրքիոյ կատարած կոտորածը կոչեց իր անունով»:

           

            ***«Պիտի յիշենք մեր ահաւոր եղեռնին 106-րդ ամեակը»:

            ---Այս մասին արդէն խօսուեցաւ վերը, սա իր կարգին կը հաստատէ պարզապէս աղաւաղ  ձեւի ստացած տարողութիւնն ու ժողովրդականութիւնը:

            armenag@gmail.com                                                                       Արմենակ Եղիայեան

 

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝