Յայտարարութիւն

Monday, January 24, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 23 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 6 – «ՈՐԲԱՆՈՑ»

 


Այսպէս, հօրս մահէն մի քանի ամիս ետք, օր մը Մաթէոս Պապուկը, մեծ հօրս կրտսեր եղբայրներէն մէկը, մեզի եկաւ եւ մօրս ըսաւ որ կ'ուզէ մի քանի որբեր Երուսաղէմ տանիլ, գերմանական որբանոցը, եւ թէ արդեօ՞ք կը փափաքէր զիս ալ ղրկել որբանոց: Մայրս ինծի դառնալով հարցուց. « տղաս, կ'ուզե՞ս որ Մաթէոս պապուկը քեզ գիշերօթիկ դպրոց տանի»: Այն ժամանակ որբանոցին ինչ ըլլալը չէի ըմբռներ: Իմ տարիքի տղոց համար ասիկա նորութիւն էր, երթալ հեռաւոր տեղ եւ այն ալ դպրոց: Ուրեմն յօժարեցայ եւ ընդունեցի: Իսկ հօրեղբայրներս կը պնդէին թէ պէտք չէր զիս ղրկել: Մաթէոս պապուկին հետ պայմանաւորուեցանք շաբաթ մը վերջ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի ինք Սալթէն գար եւ զիս տանէր: Իսկ ես մեր գիւղին մէջ շարունակ պարտէզները բանջարեղէն թռցնելու ետեւէն էի եւ իմ չարութիւններովս՝ հոգէառը տանտիրոջ քրոջ Խազնային: Առաջին առթիւ սորված էի արաբերէն հայհոյանքները, զորս Խազնան առատօրէն կը շռայլէր ինծի: Իսկ տանտիրոջ տղան, Մուսան, որ 19-20 տարեկան բարի երիտասարդ մըն էր, միշտ տէր կ'ըլլար ինծի եւ կը շփացնէր զիս: Պէտք է ըսել որ գաղթականութեան ամբողջ ընթացքին, այս շատ բարի ընտանիքը մեծ բարիք ըրած է մօրս եւ իր զաւակներուն, իմ որբանոց մեկնելէս ետք ալ: Այս մասին պիտի անդրադառնամ հետագայ էջերուն մէջ:

Ուրեմն, շաբաթ մը ետք, Կիրակի օր մը, Մաթէոս պապուկը եկաւ եւ զիս իրենց տունը Սալթ տարաւ: Յաջորդ առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք: Եօթ որբեր էինք, բոլորս ալ գարատուրանցի: Կարգով պիտի հեծնայինք միակ իշուկը, որ Մաթէոս պապուկը ունէր: Կարծեմ Ապրիլ ամսուան մէջ օր մըն էր, 1916-ին: Առաջին ժամը որ քալեցինք Սալթի ձորն ի վար՝ հաճելի էր իսկ երբ հասանք Յորդանանի ձորը, Ղօր կոչուած վայրը, սկսաւ նեղացուցիչ տաքը: Կարգով, երբեմն հեծնալով, երբեմն քալելով, հասանք եւ անցանք Յորդանան գետի կամուրջը, փայտաշէն, որ աւելի ուշ կոչուեցաւ Ալէմպիի կամուրջ, եւ հասանք Երիքով քաղաքը, ուր գիշերեցինք խանի մը մէջ, առանց որեւէ ծածկոցի, պարզ գետնի վրայ: Միայն թէ կրակ մը վառած էին խանի մեր սենեակին մէջ: Երեկոյեան ընթրիքը ընելէ ետք, հաց ու հէլվայով, ամէն մէկս տարածուեցանք գետնին վրայ, գործածելով մեր հագուստներու փոքրիկ կապոցը որպէս բարձ: Բնական է, առաջին անգամ ըլլալով զգացի մայրիկին ու իր գուրգուրանքին պակասը: Յիշեմ, որ այն ժամանակ, մեր գիւղացի տղոց տարազը, զըպունը (շրջազգեստի ձեւով կարուած տղամարդու զգեստ, երկար պարեգօտ), մէջքին Հալէպի գօտի մը, եւ փոխանակ կօշիկի՝ մեր գիւղական եմէնիները(կոշտ կաշիով գիւղական ոտնաման):    

Ուրեմն, Երեքշաբթի առաւօտ կանուխ կրկին ճամբայ ելանք դէպի Երուսաղէմի վերելքը, որ մեր մանուկ հասակին համար աւելի յոգնեցուցիչ էր: Եօթ որբերս ճամբան շարունակեցինք, եւ, երբեմն քալելով, երբեմն իշուկին վրայ հեծնալով, հասանք Երուսաղէմ եւ ապաստանեցանք Սուրբ Յակոբայ վանքին մէջ: Կ'երեւի թէ Մաթէոս պապուկը կատարած էր մեր կեցութեան կարգադրութիւնը: Յաջորդ օրը մեզ տարաւ եւ յանձնեց գերմանական Շնելլըր որբանոցի տնօրէնութեան եւ իւրաքանչիւրս համբուրելով արցունքոտ աչքերով բաժնուեցաւ մեզմէ: Մաթէոս պաուկը ադկէ ետք աւաղ անգամ մըն ալ չտեսայ, Սալթի մէջ ան ալ մահացաւ:

ՇԱՐ. 23

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝