Յայտարարութիւն

Monday, January 24, 2022

Կարծիք Նախագահ Սարգիսեանի հրաժարման առիթով


Նախագահ Սարգիսեան հրաժարեցաւ: Դժբախտութիւնն այն է որ մե՛ր երկրին նախագահն է հրաժարողը ինչ ալ ըլլան պատճառները: Եւ՝... այս օրերուն...
Շատեր կը կարծեն ես ալ կը կարծեմ թէ Պրն նախագահը վաղուց պէտք էր հրաժարած ըլլար, Նոյեմբեր 2020-ին, երբ յայտարարեց որ ինք տեղեակ չէր պարտութեան հետեւանք ստորագրութիւններուն եւ պայմաններուն մասին: Երբ սահմանադրութեան հսկողի իր հանգամանքը զէրոյի վերածուած էր իր վարչապետին կողմէ եւ հակասահմանադրական էին շատ մը հանգամանքներ, որոնք ծանօթ են բոլորին, ինք պէտք էր միջոցներ ձեռք առնէր զորս չառաւ:
Քաղաքական վերլուծում պիտի չընեմ, այդ մասնագէտներու գործն է: Որպէս սրտցաւ Հայ մէկ բան կը խնդրեմ բոլոր բարելամներէս. Գիտակցիլ տեղի ունեցածին ծանրութեան մանաւանդ՝ նկատի ունենալ թէ ինչ բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ այս հրաժարականը մեր երկրին համար:
Միւս կողմէն, կը խնդրեմ չգռեհկանալ եւ չհայհոյել: Երկուքն ալ տկարութեան դրսեւորում են եւ հայհոյանքն ու պարսաւանքը տեղ չեն հասցներ:
Երկու հարցեր միտքս կը չարչրկեն: Առաջին: Արդեօ՞ք Նախագահը պիտի դրսեւորէ մանրամասնութիւններ այն «գործիքներուն» մասին, որոնք իրեն չեն տրուած: Հանրութեան, ի մասնաւորի իշխանութիւնը իրենց քուէներով վերականգնողներուն սեփականութիւն պիտի դարձնէ՞ այն հակահայրենիք, հակաԱրցախ ծրագրուա՛ծ գործունէութիւնը, որ մեզ հասցուց պարտութեան թէ՛ ռազմական թէ՛ դիւանագիտական ճակատներուն վրայ: Կը կարծեմ թէ այդ պէ՛տք է ընէ, եթէ իր երակներուն մէջ հայրենասէրի արիւն կը հոսի: Ի վերջոյ ժողովուրդը իրեն յանձնեց սահմանադրութեան տէր կանգնելու պարտականութիւնը, զոր ինք ընդունեց...:
Երկրորդ մտահոգութիւնս՝ հրաժարականէն ետք՝ Ի՞նչ: Սա աւելի մտահոգող է: Իրմէ ետք՝ Ո՞վ: Այս հարցումին պատասխանը գլխու պտոյտ կը պատճառէ երբ Հայաստանի եւ Արցախի ապագային կը նայիս երկու տարուան դէպքերուն վրայ յետադարձ ակնարկ նետելէ ետք...:
Ուստի, պիտի խնդրէի որ այս ուղղութեամբ մտածուէր, մէկդի դրուէին զգացական արտայայտութիւնները եւ պահանջուի հաշիւ հրաժարեալ նախագահէն, մանրամասնութիւննե՛ր, ո՛չ ընդհանրութիւններ, նաեւ՝ մտահոգուիլ ապագա՛յ նախագահով, որուն պաշտօնը զբաղեցնող անձը կրնայ երկրի քաղաքական գահավիժումի գործընթացը արագացնել կամ՝ հակառակը:
Պարոն Սարգիսեանը պէտք է խօսի եւ պէտք է իր ձեռքը խղճին վրայ դրած խօսի, որպէսզի պատմութիւնը զինք յիշէ, այլապէս՝ անունը պատմութեան էջերուն մէջ կ'արձանագրուի որպէս պաշտօնէն հրաժարած պաշտօնեայ մը: Եւ այդքա՛ն:

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝