Յայտարարութիւն

Saturday, February 12, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 42 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 10 – «ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»


Նոյն գիշերը մեր պատրաստութիւնները տեսանք եւ որոշուած օրը, մեր ճղճիմ հագուստեղէնները մէկական փաթանիայի մէջ տեղաւորեցինք եւ երկու տեղերէ կապելէ ետք փոքրիկ պայուսակներու ձեւ տուինք եւ այդպէս բեռնաւորուած, առաւօտեան ժամը 4:30-ին, գաղտագողի, որբանոցէն փախչելով գացինք Նիր Իսթ Րիլիֆի գրասենեակին առջեւ: Քիչ ետք վարորդը եկաւ եւ մեզ տեղաւորեց հսկայ քամիոնի(բեռնատար մեքենայ) մը ապրանքներուն վրայ, որ գոցուած էր թանձր կտաւով: Ձմեռնային պաղ առաւօտ մըն էր. երկու եղբայրներ, բամպակի հակերուն կռթնած, փաթանիաները վրանիս առինք չմսելու համար: Կէսօրէ ետք ժամը 4-ի ատենները հասանք Գըրըգ-Խան կոչուած տեղը, ուրկէ մարդը Անտիոք պիտի երթար: Ուրեմն այդտեղ մեզ յանձնեց Հայ խանճիի(պանտոկապետ) մը, պատուիրելով որ մեզի ապաստան տայ այդ գիշեր եւ յաջորդ օրը ձեւով մը մեզ կառքի մը մէջ տեղաւորէ եւ Իսկէնտէրուն ղրկէ:

Կրնա՞ք երեւակայել մեր յանդգնութիւնը: Ես հազիւ 14 տարեկան, եղբայրս՝ 11, անծանօթ քաղաք մը կ'երթայինք՝ Իսկէնտէրուն, ուր ոեւէ ծանօթ չունէինք եւ անկէ պէտք էր որ կարգադրէինք մեր ճամբորդութիւնը դէպի Քեսապ, առանձին, անօգնական...: Սակայն մեր պատանեկան երեւակայութիւնը թռիչք էր առած, չէ՞ որ ժամ առաջ կ'ուզէինք մայրիկին միանալ... ճամբայ մը կը գտնուէր, Աստուծոյ վրայ յոյս դրած էինք ու վստահած Անոր...

Յաջորդ առաւօտուն, խանին Հայ տէրը մեզ դրաւ Իսկէնտէրուն գացող բեռնատար ձիով կառքի մը վրայ, 3 Մէճիտի վարձատրութեան փոխարէն մեզ Իսկէնտէրուն հասցնելու համար: Կառքին ցնցումներէն մեր աղիքներուն մէջ ոչինչ մնաց: Հազիւ Իսկէնտէրուն հասած՝ առաջին մեր հանդիպած ճաշարանէն ներս մտանք եւ Արաբերէնով խնդրեցինք որ մեզի ճաշ բերեն: Կ'երեւի մեր որբանոցի հագուստները մեզ մատնեցին եւ դանդաղեցան կերակուր տալու, թերեւս այն կասկածով որ աղքատներ ենք եւ չենք կրնար դրամը վճարել: Սկսայ Արաբերէնով բարկանալ ցոյց տալով քանի մը Մէճիտ, թէ ահաւասիկ ձեզի դրամ եւ աճապարեցէք մեզի ճաշ տալ... իսկ Հայերէնով ալ սկսայ մրթմրթալ թէ ինչ անպիտան մարդիկ են, աղքատ ենք ըսելով կերակուր իսկ չեն ուզեր տալ...: Ճաշարանին տէրը այս լսելով՝ անմիջապէս մեզի մօտեցաւ եւ Հայերէնով հարցուց թէ ովքե՞ր ենք եւ ո՞ր տեղացի: Երբ իմացաւ որ Քեսապցի ենք եւ Մանճիկեան ընտանիքէն՝ ինքն ալ, որ քեսապցի էր, սկսաւ մեզի հետ քեսապերէն խօսիլ եւ յայտնեց որ (Զենոբ) հօրեղբօրս տղան Սերոբը եւ (Զարուհի) հօրաքրոջս ամուսինը Իսկէնտէրուն կը գտնուին եւ թէ նոյն այդ ճաշարանը կ'ընթրեն ամէն իրիկուն: Ուրեմն, ճաշերնիս ուտելէ ետք եւ քիչ մը քաղաքին մէջ շրջագայելէ ետք վերադարձանք նոյն ճաշարանը հօրեղբօրս տղուն սպասելու համար: Երեկոյեան ժամը 7-ին եկան եւ մեծ եղաւ իրենց զարմանքը, երբ մեզ տեսան: Թէեւ ուրախացան, բայց իմանալով մեր նպատակը ըսին թէ այժմ Քեսապի ճամբաները Անտիոքի վրայով բացարցակապէս գոց են, քանի որ ճանապարհները քեմալական չէթէներով(զինեալ աւազակներ) լեցուն են: Հօրեղբօրս  տղան եւ  հօրաքրոջս ամուսինը, ուրիշ քեսապցի բանուորներու հետ խոշոր սրահ մը վարձած էին, մօտաւորապէս 8-10 անձ, որոնց մեծ մասը նաւահանգիստի բանուորներ էին: Ուրեմն այս մեծ սրահին մէջ անկիւն մը յատկացուցին մեզի, ուր տախտակամածին վրայ, ծածկուած մեր միակ փաթանիայով, կը քնանայինք: Բնական է որ ազգականներս աւելորդ անկողին չունէին եւ այդ բանուորներուն ծածկոցները մերինէն լաւ չէին:

Նկատելով որ Անտիոքի վրայով ճամբայ չկայ, որոշեցինք առժամաբար տեղւոյն հայկական վարժարանը յաճախել: Ամիս մը Իսկէնտէրուն մնալէն ետք սկսայ որոճալ գաղափար մը՝ ծովու ճամբով երթալ Լաթաքիա: Անկէ ետք Աստուած մեծ էր, վստահաբար միջոցը կը գտնէինք երթալու Քեսապ:

Ուրեմն, շարունակաբար այս մտասեւեռումս կրկնելով, հօրեղբօրս տղան եւ հօրաքրոջս ամուսնը, զզուած մեր շարունակական պնդումներէն՝ մեզի տոմս կտրեցին Իսկէնտէրունէն Լաթաքիա, իտալական Սիթմար ընկերութեան մէկ նաւուն վրայ եւ այսպիսով մեկնեցանք Լաթաքիա:

ՇԱՐ 42

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝