Յայտարարութիւն

Sunday, February 27, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 56 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Մտադրեցի գրասենեակի մը մէջ պաշտօն մը ճարել եւ այլեւս ինքնաշխատութեամբ զարգանալ: Ուրեմն, գրեթէ ամիս մը Երուսաղէմի մօրաքրոջս տան մէջ մնացի եւ գործ մը չկրցայ գտնել: Այդ ամիսներուն Արամ Սարկաւագը վարդապետ օծուեցաւ, Մամբրէ վարդապետ եւ ղրկուեցաւ Եաֆա, որպէս Եաֆայի տեսուչի օգնական եւ ժամարար: Դպրոց եղած շրջանին զիս շատ սիրելուն, իրեն երկտող մը գրեցի եւ խնդրեցի իրմէ որ ինծի գործ մը ճարէ: Պատասխանեց որ քովը երթամ՝ Եաֆա: Այդպէս ալ ըրի: Գիտցած անգլերէնս, թէեւ դպրոցին մէջ լաւագոյներէն էի, բաւարար չէր պաշտօնեայ ընդունուելու համար: Սակայն, Հայր Սուրբը զիս տեղաւորեց իր ծանօթներուն շրջանակէն Պրն Անթուան Քասսարին քով, Prince Line՝ խտիւական նաւային ընկերութիւններուն ներկայացուցիչը: Հոն 3 ամիս վարժութեան համար պիտի ծառայէի ձրիաբար: Անկէ ետք, եթէ յառաջդիմէի, խոստացաւ ինծի ամսական տալ:

Այդ երեք ամիսներուն ընթացքին, ազնիւ Մամբրէ վարդապետ Գալֆայեանը զիս կերակրեց եւ կարգադրեց որ Յունաց վանքին մէջ ալ սենեակ մը ունենամ, առանց վարձքի, քանի որ լաւ յունարէն գիտէր եւ յունաց վանքի տեսուչին բարեկամ էր: Յունաց վանքին դուռն ալ, ըստ սովորութեան, գիշերը ժամը 8.30-ին կը գոցուէր. հետեւաբար, ժամը 8.30-էն մինչեւ կէս գիշեր կը սերտէի եւ ինքնաշխատութեամբ կը փորձէի անգլերէնս զօրացնել: Պրն Քասսարի գրասենեակին մէջ ինծի յանձնեցին Ֆայլինկ-ի պաշտօնը, ուր ամէն առիթ տրուած էր ինծի բոլոր նամակները թղթատելու, կարդալու եւ իրենց տոսիէներուն՝ թղթապանակներուն մէջ տեղաւորելու: Այս աշխատանքը շատ օգտակար եղաւ ինծի. աստիճանաբար ալ սկսայ գրամեքենայի վրայ վարժութիւններ ընել, այնպէս որ, այդ երեք ամսուան պայմանաժամի ընթացքին բաւարար յառաջդիմութիւն ցոյց տուի եւ չորրորդ ամիսը ինծի երեք եգիպտական ոսկի վճարումով պաշտօնեայ ընդունեցին:

Այդ տարիներուն, պատերազմէն անմիջապէս ետք, կեանքը շատ սուղ էր եւ երեք եգիպտական ոսկին չնչին ամսական էր, սակայն գոնէ անօթի չէի մնար: Ունեցածս մէկ հագուստ էր, խաքի կտորէ, գոց օձիքով, Ժառանգաւորացէն հետս բերած, եւ մէկ փոխնորդ ճերմակեղէն եւ գուլպայ: Ուրեմն, Մամբրէ վարդապետը զիս ամիս մը եւս կերակրեց, որպէսզի կարենամ առաջին ամսականէս փոխնորդ հագուստ գնել:

Յարատեւօրէն եւ առանց բացառութեան, ամէն գիշեր ժամը 8.30-էն մինչեւ կէս գիշեր շարունակեցի ինքնաշխատութեամբ զարգանալ. գրասենեակին մէջ ալ չարաչար կ'աշխատէի եւ կ'ընէի ամէն ինչ որ ինծի կը յանձնուէր տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Շատ ազնիւ տնօրէն մը ունէինք Ճորճ Հալապի անունով, որ որեւէ ըրած գործիս, եթէ նոյնիսկ սխալ ըլլար, գէշ է չէր ըսեր, այլ՝ « Շատ լաւ է տղաս միայն եթէ այս բառը կամ նախադասութիւնը այսպէս գրես՝ աւելի լաւ կ'ըլլայ» եւ կամ՝ «կարծեմ թէ այս բառը այսպէս կը գրուի» ըսելով գրածներս կը սրբագրէր եւ կրկին գրել կու տար մինչեւ որ հաւնէր:

Այսպիսի ազնիւ քաջալերանքով մէկ տարուան մէջ բաւական յառաջդիմեցի: Առաջին տարին շատ անձուկ վիճակ ունեցայ: Պաշտօնավարութեանս հինգերորդ ամսուն Մամբրէ վարդապետը Ֆրանսա գնաց որպէս Մարսիլիոյ հոգեւոր հովիւ: Մնացի առանց նեցուկի եւ պիտի բաւարարուէի երեք եգիպատականի ամսականովս: Այդ տարուան մէջ պատահած են ամիսներ որ նախաճաշ չեմ ըրած, պարզապէս որպէսզի նախաճաշի դրամը խնայելով ինծի կարենամ գիրք մը, տետրակ մը կամ շապիկ մը գնել: Իսկ ճաշս ու ընթրիքս կ'ըլլային շատ համեստ, ընդհանրապէս հաց ու պանիր եւ ձիթապտուղ եւ շաբաթը անգամ մը կամ երկու կը համարձակէի ճաշարան երթալ տաքուկ ճաշ մը ուտելու համար:

ՇԱՐ 56

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝