Յայտարարութիւն

Saturday, April 9, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 17


 

 Նախաճաշէն ետք, հայրս հարց ու փորձեց զիս, թէ կուզէի՞ ուսումս շարունակել։ Լուռ մնացի, մայրիկը օգնութեան հասաւ, պնդեց որ անպայման Ֆրերներու դպրոցը մտնէի ուսանելու։

Որոշուած էր արդէն։ Անթիլիասի մէջ ես շատ լաւ Ֆրանսերէն եւ Անգլերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ սորվեր էի։

 

 Հայրս եւ ես, բարեկամի մը ընկերակցութեամբ, որ ժամադրութիւն առեր էր մեզի համար, «Pere Jean»էն, Հինգշաբթի առաւօտուն ներկայացանք տեսչարան։ «Pere Jean»ի հարցումներուն ինքնավստահ պատասխանեցի։

 Իր փափաքով, ամփոփ ձեւով պատմեցի ոդիսականս, նախախնամութենէն ինծի տրուած գաւազանին մասին երբ կը խօսէի, «Pere» ը  յուզուեցաւ։

 Տեղւոյն վրայ, մտից քնութիւն մը անցուցի, գրաւոր եւ բերանացի։

 

Բարձրահասակ եւ ժպտուն վարդապետ մըն էր քննութիւնս ընդունողը։ Մէկ ժամ սպասելէ ետք, եկաւ «Pere Paul»ը ձեռքը գլխուս դրաւ եւ ըսաւ՝.- «Դուն արդէն ութերորդ դասարանի աշակերտ ես»։

 

 Երկուշաբթի դպրոց կու գաս, հետդ մէկ դեղին ոսկի կը բերես։ Յանկարծ քրտինքը պատեց ամբողջ մարմինս, ինկայ մտածումի մէջ։ Անտրամադիր էի։ Հայրս զգաց վիճակս։ Հարցուց պատճառը, բան չկայ ըսի, մարդիկը առաջին օրէն մէկ դեղին ոսկի կ՜ուզեն։ Հայրս հանգստացուց զիս ըսելով՝.      «Աստուած մինչեւ հոս առաջնորդեց քեզի, այդ մէկն ալ կը կարգադրէ»։ Մայրիկս ալ շատ ուրախացաւ, այդպէս դիւրաւ ընդունուելուս համար, իսկ երբ վճարումին համար կը մտահոգուէի, ան քաջալերեց ու ըսաւ.- «ինչ որ ալ ըլլայ, դուն պիտի չյուսահատիս եւ պիտի ուսանիս ամէն գնով»։ Երկուշաբթի մէկ դեղին ոսկին գրպանս դպրոց հասայ։ Գիրքերս ստացայ։ Ֆրանսերէն, Անգլերէն գիրքերուն հետ, Լատինական գիրերով Թրքերէն գիրք մըն ալ տրուեցաւ ինծի։ Նոյն օրը «Pere Jean»ը անունս փոխեց «Ժոզէֆ»ի :Պետական արձանագրութիւն չունէի, ինք անձամբ կատարեց բոլորը պետութեան մօտ, եւ ես կոչուեցայ Ժոզէֆ Պասմաճեան։

 

 Դպրոցական օրերը կ՛անցնէին, սակայն ես շատ դժուարութիւն կ՛ունենայի դաս սորվելու մեր մէկ սենեակնոց տան մէջ։ Փոքրիկները շատ անգամ կը խանգարէին զիս։ Մայրիկս դարձեալ տագնապեցաւ։ Հօրս կը պնդէր թէ՝ երկու սենեակնոց տուն մը պէտք էր վարձուէր։« Տղան հոս չի կրնար դասերը պատրաստել, կը խանգարուի » կ՛ըսէր։ Ես կը հիանայի այդ անգրագէտ կնկան վրայ, որ այդքան կը մտահոգուէր իմ ուսմանս եւ հանգիստիս համար։

 

ՇԱՐ 17

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝