Յայտարարութիւն

Thursday, January 13, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 12 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ (Նահապետական Օճախը)



Պսակէն ետք, հարսը դարձեալ կը բազմեցնեն ճերմակ ձիուն վրայ եւ նորէն երգելով ու պարելով զայն կը հասցնեն հօրեղբօրս նորակառոյց տան առջեւ, ուր հարսը վար կ'իջնէ ձիէն բայց ներս չի մտներ, որովհետեւ տակաւին արարողութիւններ կան կատարելի: Հարսին ձեռքը կու տան նուռ մը, զոր դիմացի պատին պէտք է զարնէ, եւ եթէ լաւ փշրուի՝ կը նշանակէ թէ հարսը առողջ է եւ ուժով եւ թէ ատակ է իր գիւղական գործը կատարելու... Իսկ խաչեղբայրը, փարչ մը ձեռքը, մէջը լեցուն շաքարեղէններով, կը զարնէ եւ կը կոտրէ տան շեմին: Անմիջապէս ներկայ երեխաները կը յարձակին հաւաքելու համար շաքարեղէնները: Բայց հարսը դարձեալ տուն չի մտներ՝ դեռ կայ կեսուր հօր խոստում-նուէրը, մինչեւ զայն չստանայ կարելի չէ ներս մտնել... Կը սկսի պոռչտուքը, « ո՞ւր է կեսրայրը»: Մեծ հայրս ուրախ է ու երջանիկ : Կը մօտենայ եւ կը խոստանայ հարսին իր ստացուածքներէն այսինչ պարտէզը կամ արտը, որ կ'ընդունուի ծափողջոյններով: Ապա հարսը ոտք կը դնէ տան շեմին, ուր կը մորթուի մատաղը:

Ասկէ ետք հարսնեւորները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելով կը մեկնին ուրախ եւ երջանիկ, առանձին թողնելով ամուսնացեալ ամոլը:

Այս իմ առաջին լաւ յիշած գիւղական հարսանիքներէն մէկն է, որ մանկութենէս ի վեր տպաւորուած է մտքիս մէջ: Անկէ ետք, զանազան առիթներով ներկայ եղած եմ բազմաթիւ հարսանիքներու, հին ու նոր բարքերով, սակայն ոչ մէկ հարսանիք իմ վրայ ձգած է աւելի լաւ տպաւորութիւն քան այդ օրուան, հին գիւղական եւ նահապետական սովորութեամբ կատարուած Աբրահամ հօրեղբօրս հարսանիքը:

ՇԱՐ. 12 - Վերջ Երկրորդ մասին «Նահապետական Օճախը»


 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝