Յայտարարութիւն

Monday, January 17, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 16 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 3 – ԿԱՐՄԻՐ ՁԻՆ


Մինչ մենք խորհրդակցութեան մէջ էինք թխրկոց մը լսեցինք վարէն: Վար իջանք ախոռ, մէկս դուռը պահակ կենալով: Ի՞նչ տեսնենք, աւազակը չես գիտեր ինչպէս, կ'երեւի փոքր դաշոյն մը ունեցած է իր գրպանը, պարանը կտրած է եւ կը փորձէ պատին մէջ ծակ մը բանալ որ փախի: Անմիջապէս կրկին կաշկանդեցինք եւ կրկին ոտքէն պարան մը կապելով ետեւնէս քաշքշելով գացինք Քեսապի ճամբուն վրայ, լերան կողին մէջ գտնուած խանդակը (խորունկ նեղ ձորակ, ժայռոտ ափերով) ուր գիտէինք բաւական խորունկ հորի պէս փոս մը կար: Կէս գիշերը անց, լուսնակ գիշեր էր: Հոն նախ աւազակը նստեցուցինք եւ խոստովանեցուցինք, թէ իրապէս ինք էր ձին գողցողը: Խոստացաւ դրամական հատուցում կատարել իր գողութեան փոխարէն եւ մեզի տալ աւելի լաւ ձի մը, քան ինչ որ գողցած էր մեզմէ: Սակայն այնքան վրէժի զգացումէ տարուած էի, որ սուր քար մը առնելով ճիշտ ականջին տակը գլխուն զարկի: Մեռած կարծելով,  անմիջապէս նետեցինք փոսին մէջ, որ մօտաւորապէս երկու մեթր խորունկ էր եւ սկսանք քարեր տեղացնել հորին մէջ: Քառորդ ժամ վերջ սակայն կրկին հռնդիւններ լսեցինք: Ուրեմն, Ստեփան ամմօն, համեմուած հայհոյանքով մը վար իջաւ հորը եւ գործը վերջնականապէս լրացուցած՝ վեր ելաւ: Երկուքով, շուրջի հսկայ ժայռերով փոսը լեցուցինք մինչեւ բերանը, որպէսզի որեւէ ձեւով ապագային լէշին (դիակ) հոտը չելլէ: Այսպէս, մեր վրէժը լուծած տուն եկանք, առանց տնեցիներուն մօտ կասկած արթնցնելու:

ՎԵՐՋ Գ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ. 16   

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝