Յայտարարութիւն

Tuesday, January 18, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 17 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ - ՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 4 – ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ


Այսպէս ուրեմն, մեր գիւղի կեանքը կ'անցնէր խաղաղ, ժողովուրդը լծուած էր իր շինարար աշխատանքին, երբ ծագեցաւ 1914-ի Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ սկսաւ սէֆէրպէլլիքը, զօրահաւաք ( այս եւ տեղահանութեան մասին տես «Քեսապ» Հատոր Ա. Յակոբ Չոլաքեան, էջ 99-107): Յովհաննէս հօրեղբայրս եւ ուրիշ Մանճիկեան երիտասարդներ, տնեցիներուն լաց ու կոծով զինուորութեան մեկնեցան եւ գիւղը կարծէք յուսաբեկուած էր: Օրէ օր կը ստանայինք պատերազմական զանազան լուրեր: Մթնոլորտը մթագնած էր: Մինչ այդ չտեսնուած թիւով ժանտարմներ (ոստիկաններ) երեւցան Քեսապի շրջակայքը: Մեր գիւղի՝ Գարատուրանի ծովահայեաց պահակատունը, ուր ընդհանրապէս հազիւ մի քանի ժանտարմներ կը գտնուէին, անոնց թիւը բարձրացած էր 25-30-ի: Բնազդօրէն ժողովուրդը սարսափի մէջ էր եւ կուտակուած ամպեր կը տեսնէր իր շուրջը: 1915-ի գարնան, շշուկներ սկսան լսուիլ թէ ժողովուրդին մէկ մասը պիտի հեռացնեն ծովեզրեայ շրջանէն:

Այս շփոթ վիճակը տեւեց մինչեւ 1915-ի Մարտ ամսու վերջերը, երբ յանկարծ Քեսապի շրջան ղրկուեցան աւելի քան 150 ժանտարմներ եւս: Ասոնցմէ 35-ը ղրկուեցան Գարատուրան գիւղը: Օր մը, գիւղի քահանան, Տէր Պետրոս Բաբուճեանը, հեւ ի հեւ մտաւ մեր տունը եւ սկսաւ հօրս հետ փսփսուքով խօսակցիլ եւ յայտնեց ինչ որ գաղթի մասին: Տէր Պետրոսը եւ հայրս գիւղի յայտնի Հնչակեաններէն էին եւ ուրեմն Տէր Պետրոսը կ'ըսէր հօրս.« Օղլում, Մանաս, մեզ պիտի քշեն եղեր անապատները, ուրեմն ինչո՞ւ կեցեր ենք: Այս 35 ժանտարմները մկան դեղով թունաւորելը ես իմ վրաս կ'առնեմ. թող Աստուած այդ մեղքը իմ ճիտիս փաթթէ: Ուրեմն ժողովուրդը առնենք եւ անմիջապէս Տիւնակը բարձրանանք»:

Տիւնակը գիւղի հանդիպակած կողմի սեպ անտառածածկ լեռն է, անառիկ եւ քարայրներով հարուստ: «Դուն գիտես, օղլում, այդ լերան վրայ եթէ բաւարար պաշար հանենք եւ երկու անցքերը գոցենք, կարող ենք բանակի մը դիմադրել ամիսներով: Հայտէ տղաս, երթանք Քեսապ եւ նայինք այս ուղղութեամբի՞նչ կարելի է ընել»:

Կ'երթան Քեսապ եւ կը խորհրդակցին նաեւ միւս կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարներուն հետ, կրկնելով թէ լաւագոյնն է լեռ բարձրանալը եւ դիմադրելը,- Մուսա Լերան նման, որոնց ապստամբութեան լուրը արդէն հասած էր Քեսապ (1) – քան թէ անապատները քշուիլ:

Խորհրդակցութիւնները արդիւնք չեն տար: Հայ կաթոլիկներն ու բողոքականները կ'ըսեն թէ միսիոնարները զիրենք պիտի պաշտպանեն եւ թէ միայն լուսաւորչականներն են որ պիտի գաղթեն, եւայլն...: Այսպիսով ապստամբութեան ծրագիրը ջուրը կ'իյնայ եւ ժողովուրդին մօտ կը տիրէ սարսափն ու յուսալքումը: Իսկ մենք՝ երեխաներս, կը զարմանայինք թէ ինչո՞ւ այսքան տխուր էին մեր ծնողները, չէ՞ որ պտոյտի պիտի երթայինք, ուրեմն հետաքրքրուած ու անհամբեր էինք տեսնելու թէ ինչ պիտի կատարուէր:

ՇԱՐ. 17
________________________________________________________________________________
 
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
___________________

Դէպքերու իրական շարքը եւ թուականները հետեւեալներն են. Գարատուրանի տեղահանութեան հրահանգը կը տրուի Յուլիս 25-ին եւ գարատուրանցիները լեռ ելլելու առաջարկ կը ներկայացնեն Յուլիս 26-ին: Տարագրութեան հրամանը Մուսա Լեռ կը հասնի Յուլիս 30-ին, երբ կը վերջանար քեսապցիներու տրուած տարագրութեան պայմանաժամը եւ Գարատուրանը արդէն պարպուած էր (Յակոբ Չոլաքեան «Քեսապ» Ա հատոր, ծանօթագրութիւն 110 էջ 543): Մուսա լեռցիները լեռ սկսան բարձրանալ Յուլիս 31-ին (ծանօթագրութիւն 544 էջ 111):


 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝