Յայտարարութիւն

Monday, January 3, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 3 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ



Այստեղ կը սկսին Գէորգ Մանճիկեանի Յուշերը – Բոլոր ծանօթագրութիւնները, փակագիծի մէջ առնուած թիւերով, դրուած են իւրաքանչիւր մասի աւարտին աւելի փոքր տառերով (Նշան):

1. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Ծնած եմ 25 Օգոստոս 1905-ին, Կասիոս Լերան կողին գտնուող Քեսապի շրջանի Գարատուրան(1) գիւղը:
Մանկութիւնս առաջին ցնցող դէպքը եղած է 1909-ի Ատանայի կոտորածը, երբ Քեսապի շրջանի բոլոր գիւղերը դրացի թրքական գիւղերու կողմէ յարձակման ենթարկուեցան եւ ժողովուրդը սկսաւ փախչիլ եւ ապաստանիլ Քեսապի անառիկ լեռներուն մէջ, ուրկէ տեղափոխուեցաւ մօտակայ Լաթաքիա քաղաքը, մինչեւ որ փոթորիկը անցաւ:

Տիրող թոհուբոհին մէջ հայրս մեր հետքը կորսնցուց եւ մայրս, փոքր եղբայրս, որ այն ժամանակ հազիւ 3 տարեկան էր, մեծ եղբայրս եւ ես, ուրիշ ազգականներու հետ, գիշերով, առանց որեւէ բան առնելու տունէն, բացի կապոց մը հաց ու պանիրէ, բռնեցինք լեռնային անցք մը եւ ուշ գիշերով ապաստանեցանք Տիւնիկուն Մաղարան(2), հսկայ լերան մը ստորոտը գտնուող քարայր մը: Այդ պահուն լերան վրայէն լսեցինք հրացանաձգութիւն, եւ ատոր որպէս արդիւնք, փոքր եղբայրս՝ Նշանը, սկսաւ լալ ու ճչալ, քիչ մնաց որ մեր թաքստոցը մատնուէր: Թրքական եաթաղանի վախը այնքան սաստիկ էր, որ մեզ հետ եղող դրացիները խորհուրդ տուին մօրս խեղդել եղբայրս, քան թէ թոյլ տալ որ իր լացով մատնէ մեր թաքստոցը եւ պատճառ դառնայ բոլորիս կոտորման: Բնական է, որ մօր մը համար այդ անկարելի էր: Բարեբախտաբար եղբօրս ճվոցը չլսած թուրք հրոսակները հեռացան լերան վրայէն եւ գիւղ մտան կողոպուտի եւ տուները այրելու համար:

Այդ նպաստաւոր առիթէն օգուտ քաղելով, մեր խումբը, գաղտագողի, դիմացի պարտէզներուն մէջէն, Ուշնօգ լերան կողէն ելաւ Չալմայի (3) դաշտագետինը, մօտաւորապէս՝ կէս գիշերին: Ցուրտ եւ շատ մութ գիշեր մըն էր, երբ հասանք Չալմայի աղբիւրին մօտ: Քիչ մը հանգչելէ ետք աղբիւրին մօտ գտնուող հին սօսի ծառին տակ, սկսանք յառաջանալ դէպի Պաղճաղազ (4) գիւղը եւ անկէ շարունակեցինք քալել անտառներու մէջէն եւ առաւօտեան արշալոյսէն առաջ հասանք Պասիթ հրուանդանին մօտ, ուրկէ առագաստանաւերով փոխադրուեցանք Լաթաքիա:

Մանկութեանս ամենադառն յիշատակներէն մէկն է Լաթաքիոյ մէջ մեր գաղթական կեանքը, ուր հազարաւոր ժողովուրդ, աննպատակ, թրքական եաթաղանէն փախած, կը թափառէր փոշոտ փողոցներուն մէջ: Չեմ յիշեր թէ որքան ժամանակ մնացինք Լաթաքիա, սակայն կը կարծեմ թէ 15-20 օրէն աւելի ըլլալու չէր, երբ արտօնուեցաւ ժողովուրդին ետ դառնալ իրենց գիւղերն ու տուները:

Երբ վերադարձանք, անմիջապէս զգալի էր թէ «թուրքը անցած էր մեր գիւղերէն»: Մեր թաղի կարգ մը տուները այրած վիճակի մէջ գտանք եւ բոլոր տուները՝ լրիւ կողոպտուած եւ պարպուած իրենց արժէքաւոր գոյքերէն: Սակայն ժողովուրդը, որ արհեստով հողամշակ կամ անասնաբոյծ էր, անմիջապէս իր կեանքը վերակազմելու աշխատանքին լծուեցաւ, ի մասնաւորի այծերու հօտ ունեցողները, որոնց կենդանիներուն մեծ մասը լեռներն ըլլալուն՝ փրկուեցան: Այդ բախտաւորներէն մէկն ալ մեծ հայրս էր, որ գիւղին ամենէն մեծ հօտը ունէր: Ժողովուրդը նուիրուեցաւ կրկին իր տնտեսութիւնը վերականոնաւորելու եւ իր փլատակ կամ այրած տուները վերականգնելու գործին: Շնորհիւ հայու աշխատասիրութեան, այդ աղէտէն հազիւ մէկ տարի անց, գիւղերը գտան իրենց գրեթէ նախկին բարօր վիճակը:
__________________________________________________________________________
Ծանօթագրութիւն
==============
(1)Քեսապ հայաբնակ փոքր գաւառ մըն է որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը, Միջերկրական Ծովու եզերքին եւ կը բաղկանայ Քեսապ աւանէն եւ տասնեակ մը հայկական գիւղերէ: Գարատուրան գիւղը կը գրաւէ ծովուն բացուող երկար հովիտ մը, Թուրքիոյ սահմանին երկայնքին, որմէ ներս, աւելի հիւսիս, Կասիոս Լեռն է: Կասիոսի ծովահայեաց փէշերուն վրայ է Սուէտիան – Մուսա Լեռ – երբեմնի հայաբնակ գաւառակը, որ նոյնպէս կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս՝ Ալեքսանտրէթ Սանճաքի Թուրքիոյ կցուելէն ետք, 1939 թուականին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տես «Քեսապ», հատոր Ա. Յակոբ Չոլաքեան, հրատարակութիւն Համազգայինի Սուրիոյ Օհանջանեան Վարչութեան, Հալէպ, 1995, էջ 277-325):

(2) Տիւնիկուն մաղարան՝ Տիւնակ սարին քարայրներէն մէկը: Տիւնակ սարը կ'եզրէ Գարատուրանի հովիտին հարաւ-արեւմուտքը: Գրեթէ ուղղահայեաց կը բարձրանայ, ծովեզերքէն սկսած, եւ կը միանայ Սելտրան սարին, որ ամենաբարձր գագաթն է ներկայ Քեսապի շրջանին, Կասիոսէն ետք):

(3) Չալման Սելտրան սարի հարաւ-արեւելեան լանջին փռուած մշակելի բարեբեր լեռնագոգ մըն է, որ պատկանած է գրեթէ ամբողջութեամբ Մանճիկեան գերդաստանին. յայտնի է իր վճիտ ու առողջարար ջուրի աղբիւրով ու պապենական դարաւոր Սօսի ծառով:

(4) Պաղճաղազ Քեսապի ամենէն հարաւ գտնուող գիւղերէն մէկն է

ՇԱՐ. 3


 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝