Յայտարարութիւն

Saturday, January 1, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ



2008-ին Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը հրատարակեց Գէորգ (Ճորճ) Մանճիկեանի «Յուշեր» գիրքը: Հրատարակութիւնը իրականացնողներն ու մեկենասներն են Յակոբ եւ Տիրուկ(Մնակեան) Մանճիկեաններ: Յակոբը երախտագէտ եղբօրորդին է Գէորգին:

2009-ին Տիրուկը այս գիրքը նուիրած էր ինծի: Վերջերս վերստին կարդացի եւ որոշեցի զայն թերթօնի նման հրատարակել իմ ֆէյսպուքեան էջիս եւ կայքէջիս՝ nshanag.comի մէջ, հնարաւորինս՝ ամէնօրեայ հերթականութեամբ, ծանօթացնելու համար այս հոյակապ անձնաւորութիւնը, որ իր տիկնոջ Եղիսաբէթին հետ միասին երեք տարի Պաղեստինի իրենց տան մէջ խնամեցին նշանաւոր յեղափոխական եւ Հայաստանը հայացնող Ռուբէն Տէր Մինասեանը, ճանչցուած՝ Ռուբէն Փաշա: Դիմեցի Յակոբին, արտօնութիւնը ստացայ եւ անմիջապէս սկսայ գործի: Զայն կը նուիրեմ բոլոր ընթերցասէր հարազատներուս, ընկերներուս եւ բարեկամներուս, որպէս 2022-ի կաղանդչէք:
Բարի ընթերցում:
Նշան Պասմաճեան – Օքլանտ – Նոր Զելանտա

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ՄԵԿԵՆԱՍ ՅԱԿՈԲ ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Այս գիրքին հրատարակութիւնը հոգեկան հատուցում մըն է ազնիւ եւ գուրգուրացող ամոլի մը հանդէպ, Գէորգ եւ Եղիսաբէթ Մանճիկեաններու, որոնք երկրորդ ծնողքի դերը կատարեցին իմ ուսանողութեան տարիներուն: Կայ նաեւ հատորին շահեկան բովանդակութիւնը, որ կը ներկայացնէ Եղեռնէն վերապրողի մԸ մաքառումներն ու նուաճումները եւ Պաղեստինի սփիւռքահայ փոքր գաղութին յարափոփոխ կեանքը:

Գէորգ Մանճիկեանի «Յուշեր»ը գրուած են մէկ շունչով, յստակ ու գեղեցիկ ձեռագրով մը եւ ժամանակագրական յաջորդականութեամբ: Գլուխներու բաժանում, լեզուական յղկումներ եւ պատշաճեցումներ կատարուած են բնագրին վրայ ընթերցումը սահուն դարձնելու համար, միշտ փորձելով պահել բնագրին ընդհանուր ոճն ու յատկանիշները:

Այս հատորին հրատարակութեան համար շնորհակալ եմ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, որ ընդառաջեց այս հրատարակութիւնը ներառել իր մատենաշարէն ներս: Մասնաւոր շնորհակալութիւն Յակոբ Կարապետ Մանճիկեանին, Գէորգին հորեղբօր որդւոյն, որ գրեց նախաբանը եւ կատարեց գնահատելի լրացումներ ու մատնանշումներ, Յարութիւն Պէրպէրեանին՝ մշակուած նախնական բնագրին վրայ իր ըրած թելադրութիւններուն համար, Լեւոն Տէր Մինասեանին, Ռուբէնի զաւկին, որ կարդաց «Ռուբէն Տէր Մինասեանի Հետ» գլուխը եւ քաջալերեց որ այս հատորը լոյս տեսնէ եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանին, որ յանձն առաւ վերջնական խմբագրական աշխատանքը:

Յակոբ Յովսէփ Մանճիկեան
Յուլիս 2008, Մոնթրէալ
                                                                                  ՇԱՐ. 1
Սիրելի ընթերցողներ,
Յաջորդ յօդուածը պիտի ըլլայ Յակոբ Կարապետ Մանճիկեանի կողմէ գրուած Յառաջաբանը, որմէ ետք պիտի սկսինք հեղինակին «Յուշեր»ու հրապարակման

Նշան

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝