Յայտարարութիւն

Wednesday, February 9, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 39 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 9 – «ՓՈՐ ՍԱՅԻՏ»


Հոն կը հագուէինք մեր գիշերանոցները եւ կը սկսէինք մեր շահատակութիւններուն, որոնց ամենէն զուարճալին անտառապահներուն ուռկաններուն ձուկերը թռցնելն էր...: Երկու ընկերներ պահակ կը կենային եւ միւս երկուքը քաղցր ջուրին մէջ մտնելով, վեր կը վերցնէին ուռկանները, որոնք քանալին մէկ կողմէն միւս կողմը ձգուած կ'ըլլային – քաղցր ջուրի քանալը հազիւ 3-4 մեթր լայնք ունէր – եւ մէջը գտնուած ձուկերը կը հանէինք եւ ճիւղէ շամփուրի մը վրայ շարելով, երբեմն 10-15 ձուկ, կրկին կը մտնէինք աղի ջուրի քանալը եւ լողալով, ձուկերն ալ ետեւնէս քաշելով, կ'անցնէինք միւս կողմը եւ կը վերադառնայինք քէմբ: Երբեմն կը պատահէր որ մեր շահատակութիւնները ըրած ժամանակ, պահակը հեռուէն մեզ կը նշմարէր եւ մեր ետեւէն կը վազէր, սակայն պահակը չհասած մենք արդէն քանալ նետուած կ'ըլլայինք, կամ քարկոծելու պարագային՝ ջուրին մէջ սուզուելով կը լողայինք, այնպէս որ քարերը եթէ մեզի հասնէին իսկ վնաս չէին կրնար տալ:

Զինադադարին օրը, 11 Նոյեմբեր 1918, Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ տողանցքներ պիտի կատարուէին: Սիսուան վարժարանի սկաուտներն ալ իրենց պանտա-միւզիքով եւ ամբողջ սկաուտական կազմով քաղաք տարին, ուր ժամերով տողանցեցինք: Կէսօրին, ճաշարանի մը մէջ մեզ հիւրասիրեցին Ազգային Միութեան ներկայացուցիչները, որոնց մէջ կը յիշեմ օրիորդ Ռոզ Գալֆայեանը, որ զիս գրկած, որպէս ամենափոքր սկաուտը, սեղան նստաւ եւ գուրգուրանքով ամէն կերպով զիս հիւրասիրեց:

1919-ի գարնան սկսան գաղթականները ղրկել իրենց ծննդավայրերը: Եղբայրս Յովսէփը փափաք ունէր որքան կարելի էր շուտ Քեսապ վերադառնալ, նախապատրաստելու համար մեր վերադարձը տուն, սակայն իր դիմումները քանիցս մերժուեցան: Լուր ստացայ որ փոքր նաւ մը, պետութեան հաշւոյն, կարգ մը քեսապցիներով պիտի մեկնէր Լաթաքիա, որ Քեսապի մօտ է: Սակայն եղբօրս չարտօնեցին այդ նաւով ալ մեկնիլ: Որոշեցինք փախցնել եւ զինք տեղաւորել այդ նաւուն մէջ: Նկատի առնելով որ զինուորական պահակագունդին մօտ կը ծառայէի, երբեմն արտօնուած էի իրենց փոքրիկ նաւակը գործածել, զոր թիավարելը լաւ վարժուած էի: Ուրեմն, հրաման առի այդ օրը քիչ մը պտոյտ ընելու այդ փոքրիկ նաւով, որուն մէջ տեղաւորեցի Յովսէփը, իր անկողինն ու գոյքերը: Թիավարեցի քէմբէն մինչեւ նաւահանգիստ, որ մօտ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ էր: Նաւը, որ գաղթականներ պիտի փոխադրէր, ցածլիկ էր: Ուրեմն, եղբայրս նաւուն հակառակ կողմէն տարի եւ ես, ցատկելով նաւուն վրայ, սկսայ խօսակցիլ պահակ զինուորին հետ, որ մեր պահակագունդի անդամներէն էր: Պատուիրած էի եղբօրս, որ ես երբ պահակը զբաղեցնեմ, ինք գոյքերը վեր՝ նաւուն մէջ նետէ եւ ինքն ալ ցատկէ նաւ եւ  գաղթականներուն խառնուի:

Համաձայն մեր կարգադրութեան, երբ ես կը շաղակրատէի պահակին հետ, որ նաւուն աստիճաններուն վրայ կանգնած էր, եղբայրս, որ նաւուն միւս կողմը կապուած նաւակին մէջն էր, իր գոյքերը նաւէն ներս նետեց եւ վեր ցատկելով խառնուեցաւ գաղթականներուն: Աչքիս պոչով նկատեցի եղբօրս ապահով նաւ ելլելը ուստի զատուեցայ պահակէն, որ զարմացած էր թէ ինչպէս այդ փոքր հասակովս կարողացած էի 500 մեթր թիավարել: Հետս եկաւ տեսնելու թէ ինչպէս կը թիավարէի: Կրկին նաւակ մտայ եւ պայ-պայ ըսելով հեռացայ: Նաւուն մեկնելէն ետք այդ նոյն պահակին պատմեցի եղելութիւնը, որուն համար այնքան զուարճացաւ ու խնդաց ու պատմեց ընկերներուն ալ, որոնք սկսան զիս քոնթր-պանտիստ անուանել: Հոգս չէր, կը բաւէր որ եղբայրս մեկնած էր կարգի դնելու համար մեր պապենական տունը, նախքան մեր Քեսապ մեկնիլը:

ՇԱՐ 39

ՎԵՐՋ 9ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝