Յայտարարութիւն

Monday, February 14, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 44 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 10 – «ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»


Յոյսս կտրած հեռացայ իրենց քովէն. սակայն, անուղղակի կերպով, խանի տիրոջմէն, խորամանկութեամբ հասկցայ թէ որ թուականին պիտի մեկնին: Խումբը որոշած էր երկու օր ետք առաւօտեան ժամը 4-ին ճամբայ ելլել: Ուրեմն, առանց ոեւէ մէկուն բան մը ըսելու, մէկ օր առաջ Տոքթ Պալֆին յայտնեցի որ վաղը առաւօտ կանուխ կը մեկնինք եւ խնդրեցի որ պահակը մեզ ժամը 3-ին արթնցնէ: Մարդասէր բժիշկը մեզի համար ճամբու ուտեստեղէն պատրաստել տուաւ եւ պահակն ալ ժամը ճիշտ 3-ին մեզ արթնցուց: Անմիջապէս մեր գոյքերը կապկպելու սկսանք, սակայն աչքս մնաց այդ զոյգ մը ծածկոցներուն վրայ, որոնցմով կը ծածկուէինք Տոքթ Պալֆին մօտ եւ ուզեցի մերինին հետ փոխարինել... Նշանը նկատել տուաւ թէ՝ «այդ գողութիւն է, չէ՞ որ որբանոցին մէջ զիս կը ծեծէիր գողութեան համար...»: Անմիջապէս զգացի արարքիս տգեղութիւնը եւ ուրեմն, մեր հին ծածկոցներուն մէջ, առաջուան նման ծրարեցինք մեր հագուստեղէնները, պայուսակի ձեւով կապեցինք եւ շալկելով՝ մեր հիւանդանոցի տաքուկ սենեակէն մեկնեցանք դէպի խանը:

Յունուարի վերջաւորութեան ցուրտ ու անամպ լուսնակ գիշեր մըն էր: Խանէն մօտ 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ , պատի մը տակ կծկուեցանք եւ հեռուէն նկատեցինք որ ջորիները տենդագին բեռցնելու վրայ են: Ժամը 4-ի ատենները, զինուած երիտասարդները, զէնքերը ապպաներուն տակ պահած, ջորիները առջեւնին ձգած, սկսան աճապարանքով քշել կենդանիները, բռնելով Լաթաքիա-Քեսապ ճամբան: Երբ 300-400 մեթր հեռացած էին, մենք ալ մեր թաքստոցէն ելլելով սկսանք աճապարանքով կարաւանին հետեւիլ, միշտ 200-300 մեթր հեռաւորութիւն պահելով: Մօտ երկու ժամ այսպէս քալելէն ետք, կարաւանին մօտեցանք Կէնտէլ կոչուած տեղը, որ ջրառատ ձոր մըն է, եւ անկէ անդին կը սկսի անտառային վերելքը դէպի Քեսապ: Երբ մեզ նշմարեցին՝ բոլորն ալ շշմեցան եւ սկսան տեսակ տեսակ սպառնալիքներ ընել մեզ ետ դառնալ ստիպելու համար, սակայն անօգուտ: Սկսանք լալ ու խնդրել որ ձգեն մեզ որ իրենց հետ քալենք միայն, թէ ջորի նստելու պէտք չունէինք եւայլն: Ի վերջոյ, նկատելով որ արդէն ահագին ճանապարհ կտրած էինք եւ կարելի չէր մեզ նման փոքրեր այդպիսի ամայի վայրի մը մէջ ձգել ու մեկնիլ՝ ստիպուեցան ընդունիլ, որ մեզ իրենց հետ տանին եւ թէ ինչ որ իրենց պատահի մեզի ալ կը պատահի: Մեր ուրախութեան չափ չկար: Ճամբու եզրին բուսած հըմպալաս պտուղ քաղելով, ուրախ ուրախ կը քալէինք, հազիւ կարենալով իրենց հասնիլ:

Երբ սկսանք անտառային վերելքին, յոգնութիւնը զգացինք. ուրեմն պարտադրաբար մեզ երբեմն ջորիներէն մէկուն վրայ կը նստեցնէին եւ այդ պարագային ալ մեզի կու տային իրենց Մարթին հրացանները, որոնք մեր ուսերէն կախած պատանեկան հպարտութիւն կը զգայինք: Իրապէս, այդ ժամանակամիջոցին, թուրք չէթէներու պատճառով այդ ճամբաներէն թռչուն անգամ չէր անցներ: Կարաւանի զինեալ երիտասարդներէն չորսը ճամբուն աջ եւ չորսը՝ ձախ բլուրներուն վրայէն կը քալէին՝ հսկելու համար կարաւանին վրայ, որ կարեւր եւ շատ անհրաժեշտ զէնք եւ պարէն կը փոխադրէր Քեսապ: Ժողովուրդին խանդավառութիւնը մեծ էր, մինչեւ Տիւզ Աղաճ, Քեսապի մուտքին առաջին գիւղը, կարաւանը դիմաւորելու եկած էին կարգ մը զինեալ երիտասարդներ:

Քեսապ հասնելէն ետք, եղբայրս ու ես մեր գոյքերը շալկած ուղղուեցանք շիտակ Զարուհի հօրաքրոջս տունը, որուն ամուսինը, ինչպէս վերը յիշած էի, Իսկէնտէրուն կը գտնուէր: Երբ տունէն ներս մտանք, նկատեցինք որ հօրաքրոջս երկու տղաքը՝ Գրիգորը 11 տարեկան եւ Նշանը՝ 9, գիւղական օճախին շուրջը նստած կը տաքնան: Երբ մեզ նշմարեցին՝ կ'երեւի կարծեցին որ Քեսապի որբանոցի տղաներէն ենք, ուղղակի հրաւիրեցին որ նստինք, տաքնանք եւ առաջարկեցին մեզի հաց ու պանիր: Երբ հարցուցի թէ մաման ուր էր, ձեր մաման կ'ուզենք տեսնել, ըսին ինչ հարկ կայ, մենք կու տանք ձեզի ինչ որ պէտք է. բարի եւ մանկական պարզամտութեամբ կ'ուզէին որբերու օգտակար ըլլալ, իրենց գիւղական հիւրասիրութեան սովորութեանց համեմատ...: Երբ ըսի որ մենք ձեր քեռիին տղաներն ենք՝ երկուքը մէկ պատշգամ ելլելով սկսան կանչել «մամա հասիր, քեռիին տղաքը՝ Ճորճն ու Նշանը երկինքէն եկան»: Հօրաքոյրս կարծելով թէ փոքրիկները վախէն է որ կը պոռան՝ վազն ի վազ դրացիներուն տունէն եկաւ եւ իսկապէս ի՞նչ տեսնէ, իր եղբօր որբ ձագուկները...: Այս իմ շատ սիրելի Զարուհի հօրաքոյրս էր, միակը որ ողջ մնացեր էր Եղեռնէն, որ նախքան ամուսնանալը, մանկութեանս զիս սիրած ու մեծցուցած էր: Մեզ տեսնելով, հօրաքրոջս լեզուն կարծէք կապուեցաւ մի քանի երկվայրկեանի համար, զարմանքէն եւ ուրախութենէն: Մեզ գրկած կը համբուրէր ու կու լար: Անկէ ետք հարցումներու տարափն է որ տեղաց: Ինչպէ՞ս եկաք, ուրկէ՞ եկաք, այս ի՞նչ անակնկալ է, Քեսապ թռչուն չի կրնար գալ դուք ինչպէ՞ս կրցեր էք գալ, եւայլն...: Անմիջապէս սեղան պատրաստեց: Ընթրելէն ետք ուզեցինք քնանալ, սակայն հօրաքրոջս ըսինք որ մեր վրան բորոտութեան նշաններ կան եւ լաւ կ'ըլլայ որ մեր սաւանները յաջորդ օրը խաշէ: Լաւ լոգանք մը առնելէ ետք քնացանք եւ մեր բոլոր խոնջանքը մոռցանք մինչեւ յաջորդ առաւօտ:

ՎԵՐՋ 10-ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ 44

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝