Յայտարարութիւն

Friday, February 18, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 48 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 12 – «ՊԱՆԴՈՒԽՏ»


Պէյրութ հասնելէս ետք հօրեղբօրս տղան գնաց Lodging House պատսպարան: Ասիկա շէնք մըն էր, ուր կ'ապաստանէին Հայ արհեստաւոր որբեր, որոնք քիչ թէ շատ ամսական մը կը շահէին: Իրենց ամսականներուն կէսը պարտաւոր էին վճարելու պատսպարանին, ինչ ալ ըլլար վաստակին գումարը. Փոխարէնը՝ հոն կ'ուտէին, կը քնանային եւ իրենց լուացքը կ'ընէին պատսպարանին հաշւոյն, իսկ մնացեալը կը հոգար պատսպարանի տնօրրինութիւնը: Պատսպարանը կը պատկանէր եւ կը մատակարարուէր Նիր Իսթ Րիլիֆի եւ ՀԲԸՄի կողմէ:

Ես, որ նորեկ էի եւ տակաւին որեւէ գործ կամ վաստակ չունէի, չկրցայ այդ պատսպարանը ընդունուիլ, հակառակ քանիցս խնդրելուս: Ուրեմն, առաջին օրէն իսկ նեղ դրութեան մատնուեցայ: Քաղաքին բոլորովին անծանօթ, անտէր եւ անօգնական,, քովս հազիւ երկու օսմանեան դրամով, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ապրէի...: Առաջին գիշերը շատ համեստ պանդոկի մը մէջքնացայ եւ յաջորդ օրը սկսայ թափառիլ քաղաքին մէջ գործ փնտռելու նպատակով: Երբ Զէյթունիէ թաղամասին մէջ գտնուած կաթոլիկներու գերեզմանատան մօտէն կ'անցնէի, յանկարծ լսեցի մէկը որ Քեսապերէն կը խօսէր. Անմիջապէս մօտեցայ. Անունը Թօփալեան էր, ծերունի մը, որ գերեզմանատան պահապանն է եղեր եւ հոն ունէր սենեակ մը, ուր կը բնակէր կնոջ հետ: Երբ իմացաւ ով ըլլալս եւ անպատսպար վիճակս, ընդունեց որ անկողինս իրենց քով տանիմ եւ արտօնեց որ իրենց սենեակին մէջ պառկիմ: Չսպասեցի որ հրաւէրը կրկնէ. Անմիջապէս գոյքերս պանդոկէն փոխադրեցի ծերունի Թօփալեանին բնակարանը: Երեւակայեցէք 15 տարեկան տղայ մը գերեզմանոցին մէջ բնակութիւն հաստատած...: Ինչ առած. Հարկը կը պարտադրէր որ հոն բնակէի եւ այն ալ մեծ շնորհակալութեամբ:

Ամբողջ ուշքս ու միտքս կեդրոնացուցած էի արագ գործ մը ճարելուն վրայ, որպէսզի կարենայ պատսպարանը ընդունուիլ: Ուրեմն, յաջորդ 15-20 օրերը շարունակաբար վաճառատունէ վաճառատուն, գրասենեակէ գրասենեակ կը թափառէի՝ առաջարկելով ծառայութիւն, միայն թէ քիչ մը փող վաստկէի եւ կարենայի պատսպարան ընդունուիլ: Սակայն գործ չկար ու չկար: Ուր որ դիմես՝ մէյ մը հասակիդ կը նային, կը հարցնեն ի՞նչ արհեստ ունիս, ի՞նչ կրնաս ընել, եւայլն: Երբ կ'իմանային որ արհեստ չունէի, այլ՝ նախկին դպրոցական մըն էի, կը մերժէին:

Այսպէս, 21 օր թափառելէ ետք, օր մըն ալ համարձակօրէն մտայ Ճէնէրըլ Մօթորզ ընկերութեան ներկայացուցիչին գրասենեակը եւ ուզեցի տեսնել գրասենեակին տնօրէնը: Ծառայողներէն մէկը ուզեց արգելք հանդիսանալ, սակայն տնօրէնը, աղաչական ձայնս լսելով, արտօնեց որ իր գրասենեակը մտնեմ: Այդ մարդուն դիմագիծին անուշութիւնը եւ մեղմ ու ազնիւ վարմունքը վրաս լաւ տպաւորութիւն թողուցին: Կ'երեւի թէ Ամերիկայէն վերադարձած Լիբանանցի Արաբ մըն էր Ֆուատ Նասրալլան: Համարձակօրէն, կոտրտուած անգլերէնովս, արաբերէնով խառն, բացատրեցի որ ես որբ տղայ եմ, նոր եկած եմ Պէյրութ, եւ թէ 21 օրէ ի վեր կը թափառիմ եւ գործ կը փնտռեմ, եւ թէ ապրուստիս միջոցները հատնելու վրայ են եւ կ'աղաչեմ որ իրենց գրասենեակին մէջ որեւէ ծառայութեան համար ընդունին, որպէսզի կարենամ վաստակիս կէսը տալով Նիր Իսթ Րիլիֆի պատսպարանը ընդունուիլ, եւայլն: Երբ իմացաւ որ իրենց գրասենեակին դիմացի գերեզմանատան մէջ կը բնակիմ՝ կ'երեւի թէ խղճաց եւ սկսաւ զիս հարցուփորձել թէ ինչ գիտեմ: Զիս փոքրիկ քննութենէ մը անցնելէ ետք նշմարեց որ քիչ մը անգլերէն եւ արաբերէն գրել կարդալ գիտեմ, ըսաւ որ այդ օրուընէ սկսեալ աշխատիմ իրենց գրասենեակին մէջ որպէս Օֆիս Պօյ, գրասենեակի ծառայող: Պաշտօնս պիտի ըլլար գրասենեակը մաքրել ամէն առաւօտ, թտկրտել բոլոր դարակներուն մէջ գտնուող թղթիկները – օթօ եւ օթոյի կտոր ծախող ընկերութիւն էր – շտկրտել օթոյի կտորներու դարակները, նամակ տանիլ-բերել նամակատուն եւ զանազան տեղեր երթալ յանձնառութիւններու համար: Հարցուց այս գործերը կրնա՞մ ընել: Ըսի կ'ընեմ եւ ախորժակով սկսայ ամէն ինչ կարգի դնել եւ գետինը փայլեցնել:

ՇԱՐ 48

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝