Յայտարարութիւն

Saturday, February 19, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 49 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 12 – «ՊԱՆԴՈՒԽՏ»


Առաջին օրը զիս երկու անգամ նամակատուն ղրկեց. նամակատան տեղն իսկ չէի գիտեր. իր հարցումին թէ գիտե՞ս նամակատան ուր ըլլալը՝ սուտ խօսեցայ եւ այո՛ ըսի, վախէս, որ եթէ ոչ ըսեմ՝ ծառայութեան չառներ: Վազելով դուրս ելայ եւ ճամբան ասոր անոր հարցնելով գտայ եւ սորվեցայ նամակատան տեղը, եւ նոյն ձեւով իրենց բոլոր յաճախորդներուն տեղերը, ուր յանձնառութիւններու համար զիս կը ղրկէին: Այս ծառայութեան համար ինծի պիտի վճարէր առաջին ամիսը 3 սուրիական ոսկի – այն ժամանակ երկու սուրիական ոսկին մէկ անգլիական սթերլինկ կ'արժէր – ուրեմն այսպէս փրկուած էի:

Մի քանի օր ծառայելէս ետք տնօրէնս կարծէք ինձմէ գոհ մնացած էր: Իմ ունեցած դրամս հատնելու վրայ էր, հազիւ մի քանի օրուան ապրուստի դրամ ունէի իսկ ամսագլուխը շատ հեռու էր. ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ապրիլ: Առաւօտ մը, երբ տխուր տրտում գործս կ'ընէի գրասենեակին մէջ, մտազբաղ վիճակս կ'երեւի տնօրէնս նշմարած էր. մօտեցաւ եւ հարցուց թէ բանի մը պէտք ունէի՞, կամ թէ անհանգիստ էի, վերջապէս, ինչո՞ւ այդքան տխուր էի...: Սրտիս կսկիծէն, ինքնաբերաբար սկսան արցունքներս հոսիլ եւ իր պնդումին վրայ վիճակս բացատրեցի, ըսելով թէ ապրուստի միջոցներս լրանալու վրայ էին եւ ամսականս առնելու համար տակաւին 3 շաբաթ կար: Խնդրեցի իրմէ, եթէ հնարաւոր էր, ինծի տար պատսպարանին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ յայտնէր թէ որքան ամսական կը  վճարուէի եւ ինծի կէս ամսական կանխավճար տար, որպէսզի պատսպարանի տնօրէնութեան տալով ես ալ կարենայի այնտեղ ապաստանիլ եւ մտահոգութենէ ազատիլ: Տնօրէնս շատ ազնուորէն խնդրանքս կատարեց: Երեկոյեան, մէկուկէս սուրիականն ու տուած նամակը առնելով վազեցի ապաստանարան, ուր անմիջապէս ընդունուեցայ: Ուրախութիւնս անսահման էր: Ուստի, անմիջապէս գերեզմանատուն գացի, ծերունի Թօփալեանին շնորհակալութիւն յայտնեցի իր ասպնջականութեան համար, գոյքերս առնելով փոխադրուեցայ ապաստանարան, ուր քնանալու տեղ յատկացուեցաւ ինծի, հօրեղբօրս տղուն Յակոբին կողքին, ազատուելով մեծ մղձաւանջէ:

Յաջորդ ամիսները՝ 1920ի Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, խաղաղ կերպով աշխատեցայ այդ ազնիւ մարդուն գրասենեակը, ուր ամսականս ամէն ամիս աւելցուց եւ երբեմն ալ բացառիկ նուէրներ տուաւ: Այդ մի քանի ամսուան ընթացքին շատ խնայողութեամբ ապրելով կրցայ նոյնիսկ 4 Սթերլինկ խնայել: Պարապ ժամանակ չէի անցներ գրասենեակին մէջ. երբ գործ չունենայի, միշտ ձեռքս գիրք մը՝ անգլերէն կը սորվէի, որպէսզի յառաջդիմեմ, որուն համար տնօրէնս շատ գոհ էր:

Հազիւ երեք ամիս աշխատած ՝ սկսայ մտմտալ թէ այսպէս, իբրեւ օֆիս պոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագաս: Սկսայ դպրոցական անցեալ կեանքս յիշել եւ նոյնիսկ երանի տալ որբանոցի կեանքին, ուր գոնէ ուսում կը ստանայի. միտքս կու գար մանաւանդ Շնելլէրի որբանոցը, որ այժմ անգլիացիներու ձեռքն էր եւ կը մտածէի թէ ինչպէս կարելի էր Երուսաղէմ երթալ եւ ջանալ կրկին այդ որբանոցը մտնել ուսումս շարունակելու համար...:

ՇԱՐ 49

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝