Յայտարարութիւն

Tuesday, March 22, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՇԱՐ 1 - «ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ» - ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ



Մեծ մայրիկս՝ Ֆանի Նէնէն, նիհարակազմ, բարձրահասակ, բարեձեւ մարմնով եւ գեղեցիկ դէմքով, 60-65ի մէջ կին էր։ Բարի էր ան, գուրգուրոտ, աստուածավախ եւ մաքրասէր։

Ձմեռները, ան Վարդան հօրեղբօրս մօտ կը մնար՝ Պէյրութ: Ամրան սկիզբը, Քեսապ կու գար, մեր մօտ, ուր կը մնար մինչեւ աշնանավերջ։

Շատ կը սիրէինք ու կը յարգէինք Ֆանի նանարը։ Մեծ հաճոյքով հեքիաթ կը պատմէր մեզի: Չէր ձանձրանար։ Գիշերները, փոքր քոյրս Սեդան եւ ես կը քնանայինք իր աջին ու ձախին, նիհար եւ ոսկրուտ թեւերուն վրայ։ Մեղմիկ կ՛երգէր կամ հեքեաթ կը պատմէր, մինչեւ որ մենք անուշ քունի մտնէինք։

Վաղ առաւօտուն կ՛իջնէր ներքնայարկ, երեսը կը լուար ու կը սանտրուէր։ Յաճախ, մեր տան տախտակամածի ճեղքերէն կը լրտեսէինք իր վրայ... մտիկ կ՛ընէինք անոր աղօթքը։ Դէպի արեւելք նայող պատուհանին առջեւ կը կենար, ձեռքերը դէպի վեր բացած՝ կ՛աղօթէր. նախ՝ «Տէրունական աղօթք»ը ապա՝ Քեսապի բարբառով, Աստուծմէ կը խնդրէր առողջութիւն եւ բարիքներ Քեսապի տղուն, հարսին, թոռներուն, նաեւ՝ Պէյրութ բնակող հօրեղբօրս եւ հօրաքրոջս ընտանիքներուն համար։

Ինձմէ մեծ քոյրերս ճանչցէր էին մեծ հայրս՝ «Նշան պապուկը», որ յանկարծամահ եղած էր, հանրակառքի կայարանի մը մէջ, Ս. Յակոբի սաստիկ ցուրտ օր մը։

0ր մը, երկու մեծ քոյրերս գացեր էին, մեր դրացի իւղաբերենց Գոհարիկին մօտ, որ իրենց ամենամօտիկ ընկերուհին էր։ Մեր թաղի շատախօս եւ նախանձոտ Շուշան պառաւը ներս կը մտնէ եւ անմիջապէս կը սկսի հարցումներ ուղղել Ֆանի նէնէիս մասին՝ «Ի՞նչ բերաւ ձեզի, կարօտցե՞ր էիք ձեր այդ նէնէին գոնէ ձեր հարազատ նէնէն ըլլար, խորթ է խորթ, ձեր խորթ
նէնէն է...»:

Իւղաբերը, ի տես քոյրերուս վախին եւ յուզումին, կշտամբեր է Շուշան պառաւը եւ լռեցուցեր... Քոյրերս, լալով տուն շտապած էին եւ մեզ փոքրերս մեր ննջարանը կանչելով պատմեցին մեզի ինչ որ լսեր էին։ Մենք հինգ քոյրերով կու լայինք։

Մեր լալու ձայնը լսելով, ծնողքս եւ նէնէս ներս մտան, շուարած, մեզի հարց կու տային թէ ինչ էր մեր խմբական լացին դրդապատճառը: Չէինք համարձակեր պատասխանելու, այլ միայն կու լայինք։ Հայրս այնքան շատ պնդեց, մեծ քոյրս ըսաւ.«ինչպէ՞ս չլանք, այսօր իմացանք որ նէնէն մեր խորթ նէնէն է եղեր։ Երեք փոքր քոյրերս շրջապատեցինք մեծ մայրս, փէշէն կախուած, ձեռքերը կը համբուրէինք։ Խեղճը ի՞նչ զգաց, ով գիտէ, յանկարծ փղձկեցաւ ու լացաւ։ Հայրս անոր մօտ գալով, «Մայրիկ» ըսաւ եւ համբուրեց ճակատը։
ՇԱՐ 1

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝