Յայտարարութիւն

Wednesday, March 23, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՃԻԿԵԱՆ - ՇԱՐ 2


Մեր ընտանիքի ամենատխուր պահերէն մէկն էր այդ պահը։ Այդ օր, բոլորս անտրամադիր, չկրցանք ճաշել։ Կէսօրէ ետք, հայրս եւ քոյրերս հաւաքուեցանք մեր ննջարանը։ Հայրս մօրս պատուիրեց նստիլ Մայրիկին հետ եւ հիւր չընդունիլ... Ան շատ յուզուած էր, սակայն ՝ շատ զգոյշ, սկսաւ պատմել, իր ու իր ընտանիքին ոդիսականը։
- «Ատանայի կոտորածին, Քեսապ անմասն չէր մնացած. թալանուած էր : Տուներ եւ արտեր այրած էին։ Սպաննուած էին 200-250 հոգի։ Այրած էր նաեւ Հայ Աւետարանական համայնքի Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ զանգը մնացեր էր երկու պատերու միացման անկիւնին վրայ ՝ ամրացուած լայն եւ հաստ տախտակներու վրայ։ Զանգակին մէկ կողմէն կախ ինկած էր հաստ եւ տոկուն պարան մը։ Ժամկոչը, այդ պարանը քաշելով կը հնչեցնէր զանգը, ուրախ եւ տխուր առիթներով, մանաւա՛նդ, երբ վտանգ սպառնար գիւղին։
1915ի գարնանային հինգշաբթի երեկոյ մը, Սարգիս, Յակոբ, որոնց հայրը ժամկոչ էր, եւ ես կը խաղայինք այրած եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ, երբ յանկարծ, Յակոբ ըսաւ՝.- «տղա՛ք, եկէք զանգը հնչեցնենք»։ Սարգիսն ու ես հերթով հնչեցուցինք շատ անվարժ կերպով, Յակոբ՝ իւրաքանչիւրիս կից մը տալով, սկսաւ հնչեցնել, նախ՝ կտրուկ, ապա շարունակեց պարզ եւ շատ կանոնաւոր։ Զանգին ձայնը լսելով, Պատուելին եւ ժողովուրդը սարսափահար եկան։ Սարգիսն ու ես փախանք, Յակոբ՝ կը շարունակէր։ Եկեղեցւոյ ժողովականները բռնեցին Յակոբը եւ լաւ տփոց մը տուին իրեն։ Այդ օրուընէ գիւղի պառաւները, նախապաշարուած, չարագուշակ նկատեցին զանգի պատմութիւնը, ըսելով թէ ուշ կամ կանուխ, աղէտ մը պիտի գար գիւղին գլխուն...։ Եւ աղէտը չուշացաւ...
Հայրս շարունակեց- «Այդ գարնան, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու ծառերը, ծաղիկները բացուեր էին։ Լեռներն ու դաշտերը կանաչներու մէջ թաղուած, վայրի ծաղիկներ, մանաւա՛նդ՝ կակաչներ բացուեր էին. մեր վարդենին ամբողջ թաղին մէջ բուրմունքով կը լեցնէր օդը։ Սակայն գիւղացիք, տխուր, անտրամադիր եւ յուսահատ էին։
Մեր թաղի մեծերը կը հաւաքուէին մեր տան ներքնայարկը եւ փսփսուքով կը խօսէին թէ՝ 0սմանեան պետութիւնը, պատերազմի մէջ մտած է Ռուսին, Անգլիացիին եւ Ֆրանսացիին դէմ։
Պատերազմի մէջ մտնելը շուրջ մէկ ամիս վերջ հասեր էր մեր շրջանը։
Մեր ընտանիքը՝ հայրս, մայրս, փոքր քոյրս Մարին եւ ես։
Հօրս անունը ՝ Նշան Պասմաճեան էր սակայն ճանչցուած էր «Վայիզ» կեղծանունով, որ կը նշանակէ քարոզիչ: Թէ ինչո՞ւ «Վայիզ», որովհետեւ բարի, աստուածավախ եւ ազգասէր մարդ էր։ Գեղեցիկ երիտասադ էր ան, ճերմակամորթ, կապոյտ աչքերով, շէկ մազերով։ Ճակատին ունէր վէրքի սպի մը, զոր կը գոցէր ֆէսով։ Մայրս՝ «Ռուհիմա», միջահասակ, ճերմակամորթ, սեւ աչքերով, ունէր սեւ սաթի նման երկար մազի հիւսքեր։ Ազգականներն ու դրացիները շատ կը յարգէին զինք։ Բաւական գրել կարդալ գիտէր։ Նմանապէս՝ հայրս։ Ամէն գիշեր, փոխն ի փոխ Աստուածաշունչէն համարներ կը կարդային, կ՛աղօթէինք ու կը քնանայինք։ Ես տակաւին դպրոց չէի երթար, մայրս «Ա. Բ. Գ.»ը եւ մէկէն-հարիւր գրել կը սորվեցնէր, բառեր կազմել կու տար եւ ես կը գրէի։ Այբբենարան մը բերեր էր հայրս ինծի համար Պէյրութէն, հետզհետէ սկսայ կարդալ։ Աստուածաշունչը հեգելով կը կարդայի, Սաղմոսներ գոց կ՛արտասանէի։ Ծնողքս կը հրճուէր։ Իսկ քոյրս Մարին, չորս տարեկան, կապուտաչուի, կարմիր այտերով, շէկ մազերով, անուշիկ աղջնակ մըն էր, շատ կը սիրէի զինք։
ՇԱՐ 2

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝