Յայտարարութիւն

Saturday, March 26, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 5


 «Ճըսըր Շուղուր»ի մէջ քիչ մը հանգստացանք, նոյնիսկ գետի աղտոտ ջուրերուն մէջ լոգցանք։ Մայրս, քանի մը ոսկի ունէր,

մէկ ոսկի մանրել տուաւ, մեզի համար հաց, պանիր, վարունգ եւ հրուշակ գնեց։ Արձակուրդը շուտ վերջացաւ։ Երրորդ օրը, առաւօտ կանուխ, նոր ասկեարներ եկան, շատ ուրախ էին, հասնողին մտրակով կը զարնէին, ձիերը վազցնելով։

 

Կարաւանը դարձեալ կը շարժէր, ընդարձակ դաշտի մը մէջ խռնուելով։ Մունիր էֆէնտին դարձեալ յայտնուեցաւ, ձեռքին՝ երկար գաւազան մը։ Մտաւ ամբոխին մէջ, այդ գաւազանով, երկու մասի բաժնեց կարաւանը։ Մէկ մասը դէպի հիւսիս, միւս մասը դէպի հարաւ։ Մենք առաջին խումբին մէջ մնացինք։ Վայնասունները սիրտ կը ծակէին։ Հարազատները զիրար կը կորսնցնէին։ Վայ անոր, որ կը փորձէր մէկ կողմէն միւսը անցնիլ։

 

 Այսպէս գաղթի նոր ճանապարհը բռնեցինք, դէպի բաց տափաստաններ։ Ո՛չ ծառ, ոչ ալ ջուր ... տաք հովը կը փչէր, աւազը մեր աչքերը կը կուրցնէր։ Իսկ կիզիչ արեւը՝ կ՛այրէր մեր կիսամերկ մարմինները։ Գիշերներն ալ անապատի պաղ հովը կը սառեցնէր մեր արիւնը։

 

 Չեմ յիշեր քանի շաբաթ քալեցինք մինչեւ որ հասանք «Ռաքքա» քաղաքը։ Հոն տեղաւորուեցանք աղտոտ խանի մը, գարշահոտ ախոռի մը մէկ անկիւնը։ Հոս սկսաւ մեր խաչելութիւնը։ Անօթութիւնն ու համաճարակը կը հնձէին գաղթականները առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան։ Ամէն առտու կու գային մեռելներ փոխադրող սայլեր, կը հաւաքէին դիակները ու կը

տանէին։ Խանի բնակչութեան թիւը մէկ կողմէն կը պակսէր, անոնց տեղ նոր խլեակներ կու գային կը տեղաւորուէին, երբեմն կռիւներ եւ ծեծուըրտուք ալ կը պատահէին։

 

 Ես՝ կ՛երթայի մուրալու, ինչ որ բերէի, քիչ մըն ալ, Եփրատի եզերքէն խոտ կը հաւաքէի՝եթէ գտնուէր: Կ՛ուտէինք: Մարդ մը կար, մօրս մէկ հեռու ազգականը, որուն քեռի կ՛ըսէինք, յաճախ կու գար ու կը խլէր իմ բերած ուտելիքներուն մեծ մասը, ու անհագօրէն կը լափէր։ Ես կ՛ատէի զայն եւ չէի հանդուրժեր անոր դաժանութիւնը։ Քեսապէն մեր բերած առարկաներէն, մեզի մնացեր էր սեւցած տապակ մը, որուն մէջ կը խարկէինք ձիերու թրիքներուն մէջէն հաւաքած գարիի հատիկները։ Քեռի կոչուած Սադայէլը, օր մը եկաւ, մօրս ձեռքէն բռնի կերպով խլեց այդ տապակը, ծախեց քանի մը պարղութով, դրամը գրպանեց ու անհետացաւ։

 

 Գիշեր մըն ալ քոյրս, անօթութենէն սրտաճմլիկ ձայնով կու լար հաց-հաց...ըսելով։ Ո՞ւրկէ ճաrել հաց... առտուայ կողմ կամաց-կամաց լռեց... խորհեցանք քնացաւ, սակայն յաւիտենական քունի մտեր էր։ Մենք շատ լացինք, խանի մէջ գտնուող դրացիները մեզ մխիթարելու եկան։ Առտու դարձեալ յայտնուեցաւ «Քեռի» կոչուածը։ Մեռելասայլը եկած էր արդէն  քոյրս ալ նետեցին սայլին վրայ, խանին մէջէն քանի մը ուրիշ կիներու դիակներ նոյնպէս, քոյրս մնաց միւսներուն տակ։ «Քեռին» կարծէք կ՛ուրախանար մեր դժբախտութեան համար ու կը քրքջար։ Մայրս արդէն հիւծած էր։ Առաւօտ մը, խանին առջեւ երեւցան չորս ասկեարներ, մէկը՝ ձեռքին թմբուկ մը, ուժգին կը թմբկահարէր, մեր ականջները կը խլանային եւ դատարկ աղիքները կը ցնցուէին ու կը ցաւէին։ Բոլորս սարսափեցանք։ Ասկեարները շատ ժպտուն եւ սիրալիր կ՛ըսէին՝.- «Խանըմներ եթէ կ՛ուզէք, ձեր զաւակները փրկել, վաղը հաւաքուէցէ՛ք, Ռաքքայի ծայրամասը, ուրկէ ճամբան Հալէպ կը տանի։ Հո՛ն, սայլեր պիտի սպասեն։ Մեր բարեխնամ կառավարութիւնը գթալով ձեր զաւակներուն վրայ, որոշած է Հալէպի որբանոցը տեղաւորել զանոնք, որ ապրին եւ վերադառնան ձեր քաղաքները»։ Մայրս՝ քաջալերուած  ուրիշ  մայրերէ, զիս  ալ  ղրկել  ուզեց, գէթ ես ազատէի մեր ընտանիքէն։

ՇԱՐ 5

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝