Յայտարարութիւն

Monday, March 28, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 6


 

 Մեր խանի մէջ ապրող Քեսապցի Վարդուհին ալ պիտի երթար։ Մայրերը կը թելադրէին մեզի, որ իրարու տէր կ՛անգնինք, չթրքանանք։ «Տէրունական աղօթք»ը, մեր անուն մականունը, Քեսապ անունը կրկնել կու տային մեզի։ Վարդուհին ու ես, շատ դժուարաւ համոզուեցանք։ Առտու շատ կանուխ գացինք որոշուած վայրը, ուր՝ սայլերն ու «բարի» ասկեարները կը սպասէին։ Չորս սայլեր քսանհինգական փոքրեր լեցուցին։

Դահիճները ունէին տետրակներ, իբր թէ, մեր անունն ու մականունները կ՛արձանագրէին։ Ես՝ Վարդուհիին ձեռքը պինդ բռներ էի։ Յանկարծ, մեր սայլին մօտեցաւ, մեր հեռաւոր ազգականին տղան՝ Կարապետը։

- Յովսէ՛փ, վար ցատկեցէ՛ք, ըսաւ ան, ձեզի այրելու պիտի տանին, ես լսեցի, ասկեարները կը խօսէին, շու՛տ, վար ցատկեցէ՛ք եւ զիս հասէ՛ք «ըրմախը»։ Եփրատ գետին ըրմախ կ՛ըսէինք։ Ասկեար մը, «0լան կեաւուր, խնզիր օղլու խնզիր» ըսաւ, մտրակը բարձրացուց օդին մէջ, սակայն Կարապետը փախեր էր։ Ես ու Վարդուհին, օգտուելով ասկեարներու բացակայութենէն՝  ցատկեցինք վար, ուղղուեցանք դէպի գետը եւ պահուըտեցանք։ Բաւական ժամանակ անցեր էր, յանկարծ սայլերու ձիերուն գլուխները դարձան դէպի Մեսքենէ տանող ճամբուն կողմը, մայրերու սրտաճմլիկ ողբն ու կոծը բարձրացաւ օդին մէջ։ Կարապետ՝ որ ինձմէ չորս  տարեկան  մեծ  էր,  լաւ  թրքերէն գիտէր. իր փերեզակ հօր հետ, Քեսապի մօտիկ թրքաբնակ գիւղերը շրջելով, սորվեր էր լեզուն։ Կարապետ եկաւ մեր մօտ, հոն մնացինք մինչեւ կիսախաւարը պատեց մթնոլորտը։ Ան մեզի ընկերացաւ մինչեւ մեր խանը, ուր բոլոր մայրերը կ՛ողբային մեր կորուստը։ Մեզ տեսնելով զարմացան, մենք պատմեցինք մեր փախուստին մասին։

 Կարապետը մեր ազատարարն էր...

````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````

 Տարիներ վերջ 1939ին երբ մենք ընտանեօք դարձեալ

Թուրքիայէն փախանք, «Սանճաք»ի պարպումով, Քեսապ հանդիպեցայ Սերոբ անունով համագիւղացիի մը։ Ան պատմեց թէ ինչպէ՞ս Մեսքենէ գացող չորրորդ սայլին վրայ դրուած էր: Բոլոր  փոքրիկները հորերուն մէջ լեցուցած միջոցին, օգտուելով ոստիկաններու զբաղ վիճակէն , մազապուրծ ազատեր էր , պահուըտեր էր հսկայ ժայռերուն ետին, անօթի, ծաrաւ, ամայի վայրերէ անցնելով, հասեր էր արաբ պետեւիներով բնակուած գիւղ մը։ Հո՛ն, հանդիպեր Քեսապցի Հաննա Յովհաննէս անունով մարդու մը, որ հնակարկատութեամբ կը զբաղուէր  այդ գիւղին մէջ։ Հաննա՝ հայրութիւն կ՛ընէ Սերոբին։ 0ր մըն ալ, անապատներու մէջ, Հայու բեկորներ փնտռող, պետեւի ձեւացած փերեզակներու կը հանդիպին, կ՛իմանան թէ Հալէպի մէջ Հայութիւն կայ, անոնց ցուցմունքներով Հալէպ կը հասնին, հո՛ն Հայ կարմիր խաչի օգնութեամբ, տասը հոգինոց խումբ մը համագիւղացիներու հետ կը հասնին Հայրենի գիւղ՝ Քեսապ։

 

 Քրոջս մահէն ետք, շարունակեց պատմել հայրս, մայրս հետզհետէ հիւծեցաւ, անօթութենէն եւ զաւակը կորսնցնելու ցաւէն։ Առտու մը գացի խոտ փնտռելու եւ մուրալու։ Բաւական ժամանակ վերջ վերադարձայ, մայրս չկար։ Գամուած մնացի, խանի ախոռին այդ անկիւնը։ Դրացիները հասկցուցին թէ մայրս Յովսէփ, Յովսէփ կանչելով մահացեր է... քանի մը օր ետք, Վարդուհիին մայրն ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ։

  Վարդուհիին, ես հոգ կը տանէի, չէի արտօներ իրեն խանէն հեռանալ։ Ինչ որ հաւաքէի, խոտ կամ պատառ մը հաց, երկուքով կը կիսուէինք եւ կ՛ուտէինք։

ՇԱՐ 6

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝