Յայտարարութիւն

Tuesday, March 8, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 65 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Սիրելի ընթերցող, Ռուբէն Տէր Մինասեանը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ «Ռուբէն Փաշան» կամ պարզապէս՝ «Ռուբէն»ը, Մայիս 28-ով անկախացած Հայաստանի ներքին գործերու առաջին նախարարը: Գէորգ եւ Եղիսաբէթ Մանճիկեան բախտաւոր եղած են որ այդպիսի մարդ մը իրենց յարկին տակ ունեցած են լման 3 տարի: Գէորգ Մանճիկեանը, երբ Պէյրութէն Քեսապ երթար, ընդհանրապէս ամառները, անպայման հօրս սեղանին հիւր կ'ըլլար եւ կը պատմէր անցեալէն, ի միջի այլոց՝ Ռուբէնէն: Իմ մանուկ հոգիս կը նախանձէր, որ ինչո՞ւ Ռուբէնը մեր տան հիւրը չէր եղած...: Երբ մեծցայ՝ անդրադարձայ որ մենք ալ բախտաւոր եղած ենք Գէորգ Մանճիկեա՛նը մեր սեղանին հիւր ունենալով... ՆՊ:  

 

Երուսաղէմի մէջ վերոյիշեալ ընկերութեան մօտ պաշտօնավարութեանս շրջանին, պատահեցաւ որ անգլիական իշխանութիւնները մեր մեծահամբաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանը փախցուցին Եգիպտոսէն, Ալամէյնի կռիւներուն ժամանակ եւ Երուսաղէմ բերին: Իմ փափաքիս եւ խնդրանքիս ընթացք տալով՝ ընկեր Ռուբէն փաշան եւ տիկինը բնակեցան իմ տանս մէջ, մօտաւորապէս 3 տարիներ, որոնք կեանքիս ամենէն երջանիկ տարիները կրնամ համարել: Ռուբէն ինծի եւ իմ կնոջս համար ճշմարիտ հայր մը եղաւ. գիշերներ անցուցած ենք իրեն հետ, գրեթէ բռնի պատմել տալով իր յեղափոխականի արկածներէն: Մեր տունը ապրած շրջանին Ռուբէն յաճախ կը զբաղէր գրամեքենայով իր Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները գրի առնելով: Անոնցմէ պատմած է մեզի զանազան դրուագներ, որոնք յաւիտեանս պիտի մնան յիշողութեանս մէջ:

Մի քանի դրուագ կ'ուզեմ պատմել իր համով-հոտով պատմածներէն, որպէս յիշատակ այդ աննման եւ մեծ յեղափոխականէն, որ գիտէր միայն իր համեստ ընկերները անմահացնել, մնալով ժլատ ինքն իր անձին նկատմամբ: Ընդհանրապէս Եղիսաբէթն ու ես կ'օգտագործէինք իր լաւ տրամադրութեան մէջ եղած վայրկեանները, կամ երբ օրինակով մը ուզէր մեզմէ յայտնուած կարծիք մը ջրել: Իր հերոս եւ մահացած ընկերներուն նկատմամբ ունէր անսահման սէր եւ երբ մէկուն ու միւսին մասին պատմէր, արցունքը կը հաւաքուէր աչքերուն մէջ, թէկուզ զուարճալիք նիւթերով լեցուն ըլլար այդ վկայութիւնը: Ընկեր Ռուբէնին մասին պատմեմ մի քանի դէպքեր, որոնց ականատես կամ ունկնդիրը եղած եմ անձամբ:

* * *

Հակառակ անոր որ շատ քիչ հաւաքոյթներու ներկայ կ'ըլլար, երբ նոր Երուսաղէմ հասած էր, եւ տակաւին մեր տան մէջ չէր բնակեր, օր մը զինք հրաւիրեցինք դասախօսելու մեր խմբական ժողովներէն մէկուն: Ժողովը մեր տան մէջ էր: Չմերժեց: Տղաքը, իրեն ի պատիւ, մեր տան սրահի մուտքին երկու կողմերը շարուեցան, որպէսզի ինք մէջտեղէն անցնի: Դասախօսութիւնը աւարտելէն ետք, տղաքը նոյն ձեւով շարուեցան անոր դուրս ելլելու պահուն: Այդ օրը մեր տունը կը գտնուէր կնոջս դասընկերուհիներէն Օրիորդ Սիրանուշ Տէր Վարդանեանը, որբուհի մը, որ միայն կը յիշէր թէ իր հայրը յայտնի յեղափոխական մը եղած է, անունը Արամ, սակայն շատ մը նշանաւոր յեղափոխականներու հարցուցած էր բայց ոչ մէկ բան չէր կրցած իմանալ իր հօր մասին: Եղիսաբէթը օրիորդին կ'ըսէ թէ այս Պարոն Ռուբէնն ալ նշանաւոր յեղափոխական եղած է եւ մանաւանդ գործած է Երկրի մէջ, Մուշի շրջանը. Ուրեմն սպասէ, երբ դուրս ելլէ, հարցուր իրեն, թերեւս բան մը գիտնայ հօրդ մասին: Ուրեմն, երբ տղաքը տան մուտքին երկու կողմը շարուած էին, որպէսզի մէջտեղէն անցնէր ընկեր Ռուբէնը, առ ի քաղաքավարութիւն՝ տիկնոջս ձեռքը թօթուեց, բարի գիշեր մաղթելով. Սակայն յանկարծ քովի օրիորդը նկատելով, մէկէն գոյնը նետեց եւ հարցուց թէ ո՞վ էր այդ աղջիկը...: Խեղճ աղջկան լեզուն բռնուեցաւ եւ խօսք մը չկրցաւ արտասանել: Եղիսաբէթ ըսաւ.

-Այս աղջիկը ընկերուհիս է եւ իբրեւ թէ իր հայրը մշեցի նշանաւոր յեղափոխական մը եղած է եւ կ'ուզէ ձեզի հարցնել թէ դուք որեւէ բան գիտէ՞ք իր հօր մասին...

Ռուբէնը մեղմօրէն հարցուց.

-Աղջիկս, անունդ ի՞նչ է

-Սիրանուշ Տէր Վարդանեան

Այդ որ լսեց, ցնցում մը ունեցաւ Ռուբէն եւ ըսաւ.

-Հօրդ անունը կը յիշե՞ս

-Արամ

- Իսկ հօրեղբօրդ անունն ալ կը յիշե՞ս

-Հայկ էր...

Այս որ լսեց, խեղճ Ռուբէնը փուլ եկաւ: Այդ հսկան, որ պատերազմներու ընթացքին գութ չէ ունեցած թշնամիներւուն հանդէպ՝ երեխայի նման սկսաւ լալ, գրկեց Սիրանուշը եւ սկսաւ կուշտ ու կուռ համբուրել, շարունակ լալով եւ կրկնելով՝

-Աւրանայ Արամին աղջիկը, Աւրանայ Արամին աղջիկը...

Այնքան յուզուած էր եւ արցունքները չէր կրնար զսպել, որ ստիպուեցանք միջամտել եւ աղջկան վիզէն ազատել: Քիչ մը հանդարտելէ ետք ըսաւ.

-         Աղջիկս, ուղղակի հօրդ դիմագծերը ունիս, եւ եթէ նոյնիսկ անունդ ալ չըսէիր, պիտի կարծէի որ Աւրանայ Արամին, իմ ազնիւ, ազիզ խմբապետիս դիմացն եմ...այնքան յուզուած եմ որ բան մը պիտի չկարենամ ըսել քեզի. կը խնդրեմ որ վաղը քովս գաս, որպէսզի պատմեմ քեզի հօրդ մասին: Մեզի դառնալով ըսաւ.

-         Խոնարհեցէք այն հերոս Աւրանայ Արամին աղջկան առջեւ եւ գիտցէք ասոր հայրն ու իրեն նմանները կ'արժեն աւելի քան հարիւրաւորներ:

 

ՇԱՐ 65

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝