Յայտարարութիւն

Wednesday, March 9, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 66 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Եւ այսպէս, արցունքը աչքերուն, առանց ետեւ նայելու, ընկերներու շարքերուն մէջէն դուրս ելաւ, յուզելով մեզ եւ արցունք հոսիլ տալով մեր աչքերէն: Իսկ Աւրանայ Արամին խեղճ աղջիկը, յուզումէն անքուն մնացած, առաւօտեան գացած է ընկեր Ռուբէնին մօտ ունկնդրելու համար իր հօր կեանքի հերոսական պատմութիւնը:Աւրանայ Արամը 5-6 անգամ վիրաւորուած է ֆետայական կռիւներու մէջ եւ ամէն անգամ փորձած է անձնասպան ըլլալ, որպէսզի թշնամուն ձեռքը չիյնայ բայՑ միշտ ազատուած է. իսկ վերջին անգամ, Սասունի եւ Մշոյ ժողովրդային նահանջի ընթացքին – որուն մասին Խմբապետ Մուշեղ իր յուշերուն մէջ պատմած է, նաեւ՝ Կոմսը (Վահան Փափազեան) – վիրաւորուած է եւ չկարենալով անձնասպան իսկ ըլլալ, աղաչած է որ իր կեանքին վերջ տան: Այդ դառն պարտականութիւնը տրուած է իր մէկ ազգականին, որ նաեւ իր յեղափոխական ընկերներէն մէկն էր: Այստեղ արժէ անդրադառնալ Կոմսի «Խոնարհ Հերոսներ»ու Ա հատորին, ուր ան կ'ըսէ թէ Աւրանայ Արամին մականունը Խարախանեան եղած է, Մշոյ Առաջնորդ Ներսէս Եպս Խարախանեանի եղբօրորդին: Աւրանայ Արամը կոչուած է նաեւ Տէրտրանց Արամ, ըստ Ռուբէնի 7րդ հատորին մէջ կատարուած յիշատակութեան, որովհետեւ Արամին հայրը քահանայ եղած է: (Գէորգ Մանճիկեան հաւանական կը գտնէ որ որբ աղջկան յիշողութեան մէջ «Տէրտրանց»ը մնացած է եւ Աւրանայ Արամին դուստրը Տէր Վարդանեան մականունը որդեգրած է ՆՊ):

 

Ուրեմն, Աւրանայ Արամը, իր իսկ պահանջով եւ ազգականին սիրելի գնդակով , որպէսզի թշնամիին ձեռքը իյնալու անպատուութիւնը չունենայ, մահացած է իսկական հերոսի մը պէս իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին ազատագրութեան ճանապարհին:

 

Ընկեր Ռուբէնը զարմանալի եւ հիանալի յիշողութիւն ունէր անձերը ճանչնալու: Եթէ մէկ անգամ մէկու մը հանդիպած էր, տարիներ ետք զայն կը ճանչնար, նոյնիսկ կրնար յիշել հանդիպման վայրը եւ առիթը:

 

* * *

 

Ուրիշ օր մը, Երուսաղէմ, երբ Ոսկան Սահակեանի դերձակի խանութին առջեւ նստած էինք եւ սուրճ կը խմէինք, յանկարծ նշմարեց մարդ մը, մօտ 35 տարեկան, եւ ետեւէն կանչեց. «Տղայ, հոս եկուր»: Իրապէս, մարդը Հայ էր եւ Երուսաղէմի բնակիչ: Դժբախտաբար անունը մոռցած եմ: Երբ մարդը խոնարհաբար մօտեցաւ եւ բարեւեց, Ռուբէն յանկարծ հարցուց. «դուն այսինչին տղան չե՞ս»: Երբ մարդը հաստատական պատասխան տուաւ – դաշնակցական տղայ մըն էր – մէկէն ըսաւ. « գիտե՞ս որ հայրդ դաւաճան մըն էր...:»: Մարդը մէկէն դեղնեցաւ եւ ինչ պատասխան տալը չգիտցաւ: Ռուբէն ձայնը մեղմացնելով տղան իր մօտ նստեցուց եւ ըսաւ. « չէ տղաս, հայրդ ազնիւ յեղափոխական մըն էր եւ ինծի ալ գործակից: Հակառակ անոր որ որդի ունենալէն տեղեակ չէի, սակայն կերպարանքդ այնքան կը նմանի հօրդ, որ անմիջապէս ճանչցայ: Հայրդ Կարսի մեր այն ընկերներէն էր , որ հակառակ կամքիս, սահմանադրութենէն ետք վերադարձիս մասին մօրս լուր տուած էր... եւ ատոր համար կատակով զինք միշտ «դաւաճան» կը կոչէի, ինչ որ ճիշտ հակառակն էր իրականութեան: Հայրդ ազնիւ յեղափոխական էր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն Մայիսեան պոլշեւիկ ապստամբութեան զոհերէն մէկն է: Քու հայրդ ալ անմահներու շարքին մէջ կը գտնուի, որ արիւնովը ծառայեց Հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ազատագրութեան դատին»:

 

* * *

 ՇԱՐ 66

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝