Յայտարարութիւն

Friday, March 11, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 68 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


«Երբ գիւղին մօտեցանք՝ մի քանի կողմէ կրակեցինք. ժողովուրդը քրտական յարձակում է կարծելով սկսաւ փախիլ: Սակայն տղաներէն մէկը բլուրի մը վրայէն պոռաց թէ «ֆետայիներն են, մի՛ փախչիք»: Ասոր վրայ սկսան այնքան սիրով եւ խուռներամ մեզ դիմաւորել, որ կարելի չէր երեւակայել: Ծերունիներ մեր ձիերուն ասպանդակներուն դպնալով կը համբուրէին: Հրահանգեցինք որ գիւղի բոլոր էրիկ մարդիկը եկեղեցւոյ բակը հաւաքուին: Երբ հաւաքուեցան, սկսայ դարձեալ քարոզել որ պէտք է զինուիլ, եւայլն: Մինչ այդ, փափախս այնքան ցած էի դրած որ գիւղապետը չէր կրցած զիս ճանչնալ, սակայն երբ փափախս վեր առի՝ գիւղապետը յանկարծ եկաւ եւ առջեւս չոքած ըսաւ. «պարոն, ոտիդ պագնեմ, ինձ ներիր: Էյ, մարդ Աստուծոյ, խօսք ունիս ասելիք՝ ինչո՞ւ այսպէս որպէս մարդ ու ֆետայի չեկար, այլ եկար խղճուկ վարժապետի նման...»: Ըսի. «ի'նչ կը խօսիս, այ տղայ, ոտքի ելիր, դուն լաւն արիր եւ զիս զգաստացուցիր...», որովհետեւ զգացի որ մեր այդ կողմի ժողովուրդը, քիւրտերու նման, տեսած ու շօշափելի ուժէն կը տարուէր եւ չէր հանդուրժեր վարժապետական ձեւերը...:

 

Հազիւ թէ խօսքս աւարտած էի՝ մէյ մըն ալ այդ հսկայ գիւղապետը սկսաւ կարկուտի պէս հրամաններ արձակել գիւղացիներուն ըսելով. «Մկօ՛, տուր տասը դեղին ոսկի, իսկ դուն Խաչօ՛, եօթը կարող ես տալ իսկ ուրիշէ մը տասնհինգ ուզեց: Այսինչին ու այնինչին հրամայեց աղքատ գիւղացիներուն բաժինը վճարել, եւայլն: Գալով իրեն՝ կամարը (մէջքի գօտի՝ գրպաններով) գօտին հանելով մեր առջեւ թափեց աւելի քան 100 կարմիր ոսկի եւ ըսաւ. «այս ալ իմ բաժինը...»: Ես մերժեցի եւ ըսի թէ այդքանը պէտք չէր: Առինք այնքան որքան սահմանուած էր այդ գիւղին համար, իրենց կարողութեան սահմանին մէջ:

 

Սակայն իմ նպատակս այդ չէր միայն, այլ հսկայ գիւղապետն ու իր երիտասարդութիւնը ազատագրութեան դատին լծել էր միտքս: Ուրեմն, ժողովուրդը ցրուելէն ետք գիւղապետին մօտ հաց կերանք եւ զինք մէկ կողմ քաշելով ըսի. « գիտե՞ս, ես քեզի կոմիտէ պիտի շինեմ եւ կ'ուզեմ ձեր գիւղէն քեզի համար ընտրես մէկը որ գրել կարդալ գիտէ եւ ուրիշ մըն ալ որ կոմիտէի դրամները կարենայ հաւատարմօրէն պահել»: Իր ցուցմունքին վրայ երկու տղաք եւս ինծի հետ ժողովի նստան եւ յեղափոխութեան մասին իրենց երկար բարակ բացատրութիւն տալէ ետք, հանեցի եւ իրենց յանձնեցի կարմիր կնիքը... որ համբուրելով եւ Սուրբ կոչելով իրենց գլխուն վրայ դրին:

 

Ուրեմն, սիրելի աղջիկս Եղիսաբեթ, շարունակեց Ռուբէն, այդ մէկ ապտակին պատճառով, այդ գիւղը, իր գիւղապետով եւ իր երիտասարդութեամբ, սկսաւ իբրեւ յեղափոխական զէնքերու փոխադրութեան կեդրոններէն մէկը ծառայել: Այդ գիւղապետը ի վերջոյ, կառավարութեան կողմէ կասկածելի նկատուելով, միացաւ  ֆետայիներուն եւ հերոսական  կեանքէ մը ետք ինքն ալ զոհ գնաց Սասնոյ վերջին նահանջին»:

 

ՇԱՐ 68

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝