Յայտարարութիւն

Monday, April 4, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 13

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 13

 

 Այդ պզտիկ սենեակէն, ուրիշ դուռ մը բացուեցաւ, սխտորի եւ շունչի հոտեր լեցուեցան թոքերուս մէջ։ Յանկարծ գլխու պտոյտ զգացի, ես որ անուշաբոյր եւ մաքուր դաշտերէ եւ բլրակներէ    կու գայի, հիմա այդ հոտերը կը շնչէի։ Հարիւրաւոր փոքրիկներ, խուզուած մազերով, շարք-շարք, ընդարձակ սրահի մը մէջ։ Մեզ տեսնելով յանկարծ, շարքերը խանգարելով, բնազդաբար մեր կողմ ուղղուեցան։ Տիկ. Մարթա եւ ուրիշ չորս կիներ, այնքան բարձր ձայնով պոռացին, որ փոքրիկներն ու ես մեր կեցած տեղը գամուեցանք։ Անմիջապէս երկու մայրիկներ, զիս բաղնիք տարին, ոսկեգոյն գանգուռ մազերս խուզեցին, լոգցուցին եւ որբանոցի կապոյտ համազգեստ մը հագցուցին։ Ուրիշ սրահ մը մտանք ուր՝ մինչ այդ, որբերը մտեր եւ սեղաններու շուրջ նստեր էին։ Տիկ. Մարթա ձեռքէս քաշեց ու սեղանի մը մէկ անկիւնը տեղաւորեց զիս։ Պատուիրեց որ ամէն օր, ճաշի պահուն նոյն տեղը նստիմ։ Իւրաքանչիւր որբի դիմաց դրուեր էր, պղինձէ պնակի մը մէջ, տեսակ մը ապուր, մէջը դգալ մը, քովն ալ գնդակի նմանող հացիկ մը։ 0րիորդներէն մէկը բարձրաձայն, «Աղօթք» ճչաց։ Բոլոր որբերը, աչքերնին գոց տեսակ մը եղանակով, «Ով Հայր օրհնէ՛ մեր այս սեղան» աղօթքը ըսին։ Բոլորը նստան, ես ոտքի մնացեր էի, «Մայրս այս աղօթքը կը սորվեցներ ինծի...»

 

 Շատ դժուար կլլեցի այդ ապուրը, որուն մէջ բրինձ եւ սխտորի կտորներ կը լողային։ Կէսօրէ ետք, տարեկից որբերու հետ, գետին փրուած փսիաթի մը վրայ նստանք։ 0րիորդ Զարուհի, Հայերէն տառերը կը սորվեցնէր։ Քանի մը օր ետք, ես յիշեցի մօրս սորվեցուցած Ա.Բ.Գ.-ը։ 0ր մըն ալ, անսխալ գոց ըսի, օրիորդս զարմացաւ։

 

 Ամէն առաւօտ, պաշտամունքէն վերջ, կը նստէինք նախաճաշի, թէյ, հաց, լաւագոյն պարագային կտոր մըն ալ պանիր։ Ստիպողական էր, նախաճաշէն անմիջապէս ետք, երկուական պճեղ սխտոր ծամել եւ կլլել, վրայէն ալ մէկական գաւաթ ջուր խմել։ Սխտորը որպէս դեղ կը տրուէր, զանազան հիւանդութեանց դէմ դիմադրականութիւն ունենալու համար։ Հլու հնազանդ, ես կը կատարէի բոլոր հրամաններն ու պարտաւորութիւնները։ Սակայն սխտոր ուտելը տաժանք էր... իսկ ոջի՞լը...

 

 Առտու մը որբերը մէկ-մէկ, սենեակ մը կը մտնէին ետ դուրս կ՛ելլէին, կուպրով պատուած՝ սեւ գլուխներով։ Իմ ալ կարգս եկաւ այդ խորհրդաւոր սենեակը մտնելու, իմ գլուխս ալ ենթարկուեցաւ կուպրապատումի։ Երբ, ընկերներէս հետաքրքրուեցայ այդ գործողութեան պատճառը, պատասխանեցին՝ ոջիլի համար։ Երեկոյեան նոյն ձեւով, կարգով կը մտնէինք այդ սենեակը, ու պոռալով, ճչալով դուրս կ՛ելլէինք։ Երբ կարգը ինծի եկաւ, Տիկ. Մարթա, վարժ շարժումով մը գլուխս դրաւ ծունկին, զօրաւոր քաշեց գլխուս կուպրը։ Աչքերէս կրակ ցայտեց եւ ճչացի։ Լռէ՛ տղայ, բարկացաւ Տիկ. Մարթա։ Իմ հրեշտակս, սատանայի փոխուեցաւ այդ վայրկեանին։ Մայրիկները լոգցուցին մեզ։ Երկու անգամ ենթարկուեցայ այդ տանջանքին, մինչեւ որ Լիբանան՝ Ճիպէյլի որբանոցը թռչնոց  բոյն փոխադրուեցանք։ Միսիոնարները այդ գիւտը ըրած էին, որպէսզի մազերու արմատներու տակ բոյն դրած ոջիլները, մեր գլխուն մորթը չփճացնէին։

 

ՇԱՐ 13

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝