Յայտարարութիւն

Wednesday, January 5, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 5 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ

 


 

Այդ թուականներուն մեծ հայրս ունէր բազմահարիւր (10) այծերէ բաղկացած հօտ մը, 8-10 կովեր, հորթեր եւ զանազան բեռնատար անասուններ, ընդարձակ մշակելի հողեր, որոնք կը ծաղկէին իր կտրիճ եւ երիտասարդ զաւակներուն տքնաջան աշխատանքով:

 Հաճելի էր տեսնել, առաւօտ կանուխէն, հօրս եւ երեք հօրեղբայրներուս դէպի դաշտ ուղղուիլը, արօրը իրենց ուսերուն, լծկան եզները իրենց առջեւ: Իսկ մեծ հայրս գրեթէ ամբողջ տարին լեռները կ'անցընէր, հովիւներուն հետ, որսի հրացանը ուսին: Տեսնելիք էին հարսերը, որոնցմէ մէկը կովերը կը կթէր, մէկը հաց կը թխէր եւ կամ տան մաքրութեամբ կը զբաղէր, իսկ երրորդը տան ջուրը կը կրէր մօտակայ աղբիւրէն, զոյգ կուժերը ուսին, լաչակը իջեցուցած մինչեւ բերանը եւ ամօթխած: Իսկ երկու փոքր հօրեղբայրներս, Կարապետն ու Աւետիսը, հօրեղբօրորդւոյս Սերոբին եւ եղբօրս Յովսէփին հետ կ'ուղղուէին դպրոց, որ մեր թաղին մօտ էր:

 

Մանկութեան յիշողութենէս այս է որ մնացած է մտքիս մէջ մեր ընտանեկան կեանքի մասին: Այժմ ինծի կը թուի թէ ա՛յդ էր իրական նահապետական կեանքը: Ինչ նախանձով կը դիտէի եղբօրս դպրոց երթալը, գիրքերու տոպրակը կախած կողքէն, մէջը զանազան ուտեստեղէններով եւ չոր պտուղներով լեցուն: Իսկ իմ եւ միւս փոքրերուն չարութիւն չէր պակսէր տան բակին մէջ: Օրերը այսպէս երջանիկ կ'անցնէին: Հինգ տարեկանիս զիս ալ դպրոց ղրկեցին, նոր տրուած պայուսակիս մէջ՝ քերական մը, որուն մէջ պատկերներուն եւ գիրերուն վրայ հիացած էի...:

 

Կ'ուզեմ քիչ մը պատմել մանկութեանս արկածներէն:

 

ՇԱՐ. 5

_____________________________________________________________________ 

Ծանօթագրութիւններ

=====================

(10)Բնագրին մէջ կ'ըսուի «մօտաւորապէս 1000», որ չափազանցուած կը թուի ըլլալ Քեսապի նման համեմատաբար փոքր տարածքի մը համար, ուր մեծ թիւով ուրիշ ընտանիքնե՛ր ալ այծի հօտեր ունեցած են տարիներու ընթացքին:

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝