Յայտարարութիւն

Saturday, January 8, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 8 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 2 - ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՃԱԽԸ

 

 

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 8 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ

 ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 2 -  ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՃԱԽԸ

Երբ ինը տարեկան էի, տօնական օր մը, մեծ հայրս տուն եկաւ եւ, նահապետական սովորական ընթրիքէն ետք, բոլոր զաւակները վերը՝ օտան, հիւրասենեակը կանչեց, ըսելով թէ լուրջ հարց մը ունի լուծելիք:  Բոլոր զաւակները, որոնք իրենց հօր այդքան լրջութիւնը մինչ այդ բնաւ չէին տեսած, ապշած իրարու երես նայեցան եւ հնազանդելով օտան ելան: Ես ալ, հետաքրքիր երեխայ, եւ մեծ հօրս ամենասիրելին, փէշէն կառչած մնացի եւ արտօնուեցայ իր կողքին նստիլ, օտային մէջ: Լռութեան մէջ, մեծ հայրս, առանց յառաջաբանի, ըսաւ  տղոց. «նկատելով որ ընտանիքը այլեւս մեծցած է, եւ այս տունը բոլորիդ չի բաւեր, որոշած եմ ձեզ իրարմէ զատել եւ ստացուածքներս ալ բաժնել ձեր մէջ: Եւ որպէսզի որեւէ ատեն ձեր մէջ թիւրիմացութիւններ չծագին, ձեր ներկայութեամբ եւ ձեր հաւանութեամբ պիտի բաժնեմ ստացուածքներս վեց որդիներուս միջեւ, հաւասար չափով: Ուրեմն, տղաս Մինաս, որ գրոց բրոցն ես եղբայրներուդ մէջ, թերթ մը թուղթ բաժնէ 7 մասի եւ գրէ ինչ որ ըսեմ»: Հայրս իւրաքանչիւր թուղթի կտորի վրայ գրեց պարտէզներու, արտերու, ծառերու անուններ, որոնց բաժանման հաւասարութեան մասին իւրաքանչիւր զաւակին հաւանութիւնը առնելէ ետք, այսպէս աւարտեց. «Զաւակներս, կը տեսնէք որ ջանացի բոլոր բաժինները, որքան հնարաւոր է, հաւասար ընել , ուրեմն իւրաքանչիւր թուղթի վրայ գրուած ստացուածքները վիճակով պիտի բաժնուին ձեր մէջ: Չեմ ուզեր որ ապագային ոեւէ մէկդ ըսէ, որ իմս գէշ կամ լաւ եղաւ, եւ այդպէսով ընտանեկան խռովութեան տեղի տաք: Քանի տակաւին վիճակ չեմ ձգած, կ'ուզեմ իւրաքանչիւրդ ըսէք թէ ինչ փոփոխութիւններ կարելի է մտցնել այս թուղթերու բաժիններուն մէջ, որպէսզի բաժանումը ձեր բոլորին հաւանութեամբը ըլլայ»:  

ՇԱՐ. 8

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝