Յայտարարութիւն

Wednesday, February 29, 2012

Նամակնե՜ր, նամակնե՜ր... - ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Նամակնե՜ր, նամակնե՜ր...
Խորագիրը՝ Շաւարշ Նարդունին յիշելով...
Նամակները՝ Ոստայնին թելերուն ծայրերը այս ոստայնանկին կապող գլխաւոր
միջոցն էին, մինչեւ ել-նամակագրութեան, կամ այլ բառով՝ ելագրութեան ստեղծումը,
որ յեղաշրջեց հաղորդակցութեան ձեւն ու խորքը, տագնապի մատնելով թուղթի ու
մելանի ճարտարարուեստը, փոխադրական միջոցներու եւ նամակաբաշխութեան
սպասարկութիւնները, եւ մասամբ նորին...

Մինչեւ վերջերս նամակներուս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ցրուած կը մնար
զանազան տուփերու եւ դէզերու մէջ, ու գրեթէ անհնար էր գտնել որեւէ թուականի ու
ոեւէ մէկուն առաքուած կամ իր կողմէ ստացուած նամակ մը։ Երբոր սակայն
ձեռնարկեցի յուշերս գրելու, անդրադարձայ, որ առաջին գործս պէտք է ըլլար այդ
խառնիճաղանճի դասաւորումը։

Ունիմ հիւանդութիւն մը որ մթերամոլութիւն կը կոչուի, եւ որ իմ պարագային
թուղթերու կը վերաբերի, ըլլան ատոնք թերթ, նամակ, ծանուցում, յայտագիր։ Թերեւս
ժառանգակա՛ն հիւանդութիւն է, քանի որ նոյնը նկատած եմ ատենին մօրս մօտ։ Երբեք
չեմ մոռնար, որքա՜ն Յուսաբեր օրաթերթ դիզուած էր մեր տան մէջ, մինչեւ առաստաղ
հասնող սնտուկներով, ու վարագոյրի մը ետեւ ամփոփուած։ Ինչո՞ւ կը պահուէին այդ
թերթերը, չեմ գիտցած։ Այսօր ալ զաւակներս ու թոռներս իրաւամբ հարց կրնան տալ,
թէ ինչո՛ւ ես ալ այդքան թուղթ, թերթ, պարբերաթերթ, կամ անոնցմէ կտրօններ,
ապա նամակ, այլեւ դպրոցական դասատետրեր պահեր եմ այդքա՜ն ատեն։
Մաքրագործման անցայ, ու կÿերեւի դեռ երկար ատեն այդ աշխատանքը պէտք
է շարունակեմ՝ եթէ կնոջս հետ չեմ ուզեր լաւ յարաբերութիւններս խախտել... Միւս
կողմէ, սակայն, իւրաքանչիւր նետուած թուղթի կտորի հետ բա՛ն մը կը պակսի ինձմէ,
յիշատակ մը, մարդոց ու աշխարհի հետ կապ մը... Ոստայնէս թել մը գուցէ։
Յուշագրութեանս համար, սակայն, օրատետրերուս ու յատկապէս
նամակներուս պահպանումը անշուշտ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանար։
Տասներեք տարեկանէս ի վեր գրեր եմ, եւ հիմա՝ երբ կը վերադառնամ անոնց, կարծես
կեանքս անգամ մը եւս կ'ապրիմ։

Եթէ օրատետրերս աւելի ամփոփ ու առարկայական ներկայացումը կրնան
հանդիսանալ անցած ուղիիս, յաճախ չոր, մէկ երկու բառով միայն նշուած դէպքերու
թուումով, նամակներս, ընդհակառակն կը բացայայտեն գաղափարներ,
մտահոգութիւններ, յոյզեր եւ ակնկալութիւններ, ու կ'օգնեն, որ ես ինքս զիս
ճանչնամ, հասկնամ։ Անոնք պատուհան մը կը հանդիսանան ներաշխարհիս վրայ, ու
մանաւանդ կը ցոլացնեն հոգեկան ու մտային այն հոլովոյթը, որ ապրեր եմ
տարիքէ տարիք։

Առաջին նամակներս ընտանեկան բնոյթ ունին, ու կը սկսին Գալուստ մեծ հօրս
ղրկուածներէն։ Քիչ կը տեսնէինք զինք, քանի որ նոյն քաղաքը չէինք ապրեր –
տօնական օրերու կամ յատուկ առիթներու էր, որ ան Գահիրէ կու գար։ Կարօտի
խօսքեր կ'ըսուէին, առտնին դէպքեր կը յիշատակուէին։ Իսկ ինք միշտ կը
հետաքրքրուէր մեր դպրոցական արդիւնքներով, կ'ուրախանար մեր
յաջողութիւններով։
Հեռաբնակ ազգականներու գրուած նամակները կ'երթային աշխարհի բոլոր
կողմերը։ Անոնցմէ շատերու երբեք չէի հանդիպած, ոմանք ալ մինչեւ իրենց կեանքին
վերջը չտեսայ։ Մեր ճակատագիրն էր, որ միայն նամակով կապ կրնայինք հաստատել
իրարու հետ...

Յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր նշանախօսութեան ամիսներուն մեր միջեւ
Գահիրէ-Աղեքսանդրիա փոխանակուած առօրեայ նամակները։
Այդ տեսակէտէն, գաղթելէ ետք, կինս ալ իր ծնողքին հետ գլխաւորաբար
շաբաթական թղթակցութեամբ պիտի հաղորդակցէր, ու իր ալ ղրկած-ստացած
նամակները կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն մեր նամակներու պահարանին մէջ։
Յետոյ դասընկերներու, նախկին դասընկերներու կամ ընկերներու ուղղուած
նամակներ են, երբ ժամանակաւոր կերպով՝ ամառնային արձակուրդի կամ գործի
բերմամբ, կամ ալ մնայուն կերպով՝ յետագային, գաղթի՛ պատճառաւ բաժնուած
կ'ըլլայինք իրարմէ։ Ապա կու գան Աղեքսանդրիա հանդիպած ու մտերմացած՝
Երիտասարդացի անդամ ընկերներու ուղղուած նամակները։ Արդէն այդ նամակներուն
մէջ յաճախ կը շօշափուին մեզ յուզող հարցեր՝ Հայաստանի, Հայ դատի,
հայապահպանման ու այլ ոլորտներու վերաբերեալ։ Հիմա, տարիներ ու
տասնամեակներ ետք, այդ ընկերներէն ոմանց հետ, որոնք Մոնթրէալ չեն
հաստատուած, տակաւին կը շարունակուի թղթակցութիւնը, թէկուզ տարին անգամ
մը Ամանորը շնորհաւորելու համար, եւ ի հարկէ առանց թուղթի։
Խմբագրի մը կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է նամակագրութիւնը,
քանի որ աշխատակիցներուն հետ տեւական կապի մէջ պիտի գտնուի ան։ Այս
կապակցութեամբ ալ անհամեմատօրէն կÿընդլայնի հասողութեանդ սահմանները, եւ
ուզես չուզես աշխատակիցներդ կը դառնան նաեւ ծանօթներդ, ընկերներդ,
մտերիմներդ, ու կ'աւելնան Ոստայնիդ թելերը։ Տարիներ ետք ալ, երբ խմբագիր-
աշխատակից յարաբերութիւններ չկան այլեւս, կը շարունակուի նամակագրութիւնը։
Ու կը դիզուի՛ն թուղթերդ։

Ըլլայ խմբագրական պարտականութիւններուդ բերմամբ, ըլլայ
կազմակերպական աշխատանքներուդ, բազում կապեր կը ստեղծուին նաեւ
մտաւորականներու, գրողներու, գործիչներու հետ, որոնց հետ եւս ժամանակի
ընթացքին նամակներ կը փոխանակուին, հարցեր կÿարծարծուին, վէճեր կը
ստեղծուին, կը հարստանայ նամակներուդ հաւաքածոն՝ »ֆոնդ«ը, ինչպէս կ'ըսեն
արեւելահայերը։ Անոնցմէ շատեր պէտք է երթան տեղ գրաւեն այդ անձերու
արխիւներուն մէջ, եթէ կան նման արխիւներ։

Կան նաեւ մարմիններու, ժողովներու ուղղուած նամակներ, քանի որ բարի կամ
գէշ սովորութիւնը ունեցած եմ առաջարկներս, թելադրութիւններս կամ
դժգոհութիւններս գրաւոր փոխանցելու, յստակօրէն բանաձեւելով ըսել ուզածս։
Հիմա արդէն այդ բոլորը, ինչպէս ըսի, համացանցի թեւերուն կը յանձնուին,
ինչպէս ատենին՝ աղաւնիներուն, եւ թուղթի դէզերը կը նուազին, կÿանհետանան։
Հաղորդակցելու, մտքերդ ուրիշին հետ փոխանակելու պահանջքը, սակայն կը մնայ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-02-27 )1704(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Monday, February 27, 2012

Ընկերուհիս – ԼԻԼԻԹ ՊՕՅՄՈՒՇԱՔԵԱՆ

Քեսապ հայկական աւանը հազար տարիէն աւելի է որ գոյութիւն ունի իբր հայաշունչ շրջան : Այնտեղ բնակող մօտ երկու հազար հայերուն մեծ հայրերուն մեծ հայրերը , հաւանաբար անոնց ալ մեծ հայրերը Քեսապ ծնած ու մահացած են: Այս կտոր մը Հայաստանը իւրայատուկ ազգային դաստիարակութիւն տուած է իր զաւակներուն , որ կը շարունակուի ցայսօր: Շրջանը տուած է ազգային գործիչներ , որոնց կը հանդիպինք Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ: Տուած է մտաւորականներ , հոգեւորականներ , Կաթողիկոս , գրագէտներ , ուսուցիչներ , կրթական մշակներ եւ ուսումնասէրներ : Նոր սերունդը անմասն չէ վերոյիշեալներու յատկութիւններէն . ան անքակտելիօրէն կապուած է իր լեզուին ու մշակոյթին : Քեսապը օժտուած է գրական ճաշակի տէր երիտասարդ երիտասարդուհիներով , որոնք , անտարակոյս իրենց դոյլերը պիտի պարպեն հայ գրականութեան ջրաղացին մէջ :
«Նշանակ» հանդիպեցաւ կարգ մը գրողներու՝ մեծահասակ , երիտասարդ թէ պատանի , որոնց կարգին ՝ պատանի Լիլիթ Պօյմուշաքեանին , որ մեզի յանձնեց մի քանի բանաստեղծութիւններ գրուած մի քանի տարի առաջ : Որպէս նմուշ կը տպենք անոնցմէ մին նուիրուած Լիլիթի ընկերուհիին: Նոր բանաստեղծութիւններ կը սպասենք Լիլիթէն : «Նշանակ» պիտի շարունակէ իր «պեղումներ»ը եւ ընթերցողները տեղեակ պիտի պահէ գտած տաղանդներուն մասին :
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Միջահասակ եւ ժպտուն, կը բարեւէ ամէնուն,
Նշանաձեւ աչուկներ, միշտ կայտառ ու փայլփլուն:
Պզտիկ բերան ու քթիկ,
Անուշ ձայն մը ՝ շատ մեղմիկ:

Միշտ ուրախ եւ համբերող ,
Ընկերասէր ու ներող:
Հաւատարիմ , ջանասէր,
ժպտերես ու մարդասէր:

Մեծը կը յարգէ , փոքրը կը սիրէ ,
Իսկ զիս իր սրտին մէջ խո~ր պահած է:

Վստահ եմ զինք լաւ ճանչցաք : Այդպէս չէ՞...

Լիլիթ Պօյմուշաքեան

Saturday, February 25, 2012

Կողմնացոյցո՞վ թէ առանց կողմնացոյցի- ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Կողմնացոյցո՞վ թէ առանց կողմնացոյցի
Հայ դատի արդար լուծումը նպատակն է բոլորիս՝ հայութեան բոլոր
հատուածներուն, բոլոր կուսակցութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի։
Նպատակն է եւ ճիտին պարտքը։ Գէթ այդպէս կրնա՛նք ենթադրել։ Դժուար է այլ
իրավիճակ երեւակայել։

»Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ դատի լուծման -
ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումին։« ՀՅԴ Ծրագրի
նորագոյն՝ 1998-ի տարբերակի առաջին էջին վրայ զետեղուած այս յայտարարութեան
առաջին երեք բառերը եթէ փոխարինենք »Հայ ժողովուրդը« բառերով, ոչինչ կը
փոխուի իրականութեան մէջ։ Կրնանք տարբեր պատկերացումներ ունենալ հոն
հասնելու ճամբուն մասին, նոյնիսկ կրնանք տակաւին վիճիլ »ամբողջական« բառի
տարողութեան մասին, բայց ձգտումը կը մնայ ընդհանրական, կը մնայ ազգային,
համազգային։

Հայաստանի հզօրացումը, իբր անկախ պետականութիւն՝ իր ազգային
անվտանգութեան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային
ստորոգելիներով, հիմքը նկատել հայ ժողովուրդի գոյութեան ապահովման, նոյնպէս
դաւանանքն է բոլոր կողմերուն, ազգային կազմակերպութիւններուն, ո՛ւր որ ալ
գտնուին անոնք։ Գէթ այլ ենթադրութիւն չենք կրնար ունենալ։ Ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ
այս առաջադրանքին եւս։

Այս առնչութեամբ ալ երբոր նոյն Ծրագիրը, նոյնպէս իր առաջին էջին վրայ կը
յայտարարէ, թէ Հ.Յ.Դ.-ը »կ'առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային
ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան համերաշխութեան եւ
բարօրութեան ճամբով ապահովել հայ մարդու ու հայ ազգի անկաշկանդ,
բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը«, ասոր տակ եւս կրնան ստորագրել
բոլո՛ր կողմերը անխտիր։ Կրնանք, իրաւամբ, այս բոլորը իրականացնելու միջոցներուն
մասին ունենալ տարբեր մօտեցումներ, սակայն նպատակը ազգային, համազգային
ըլլալէ չի դադրիր։

Իսկ երբ իր իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներով Հայ յեղափոխական
դաշնակցութիւնը կը հաստատէ ու վերահաստատէ, թէ »ազգային անվտանգութեան,
ինչպէս նաեւ ազգային նպատակներու իրականացման տեսակէտէն Հայաստանի
համար էական գործօն է կազկակերպուած եւ քաղաքականացած Սփիւռքը, որու
հայկական ինքնութեան պահպանումը եւ կազմակերպական հզօրացումը
առաջնահերթութիւն է«, դարձեալ կը հաւատամ, որ այդ առաջնահերթութիւնը
հատուածական բնոյթ չունի, այլ ազգայի՛ն է, համազգային։ Ասոր գիտակից են այլեւս,
կ'ենթադրեմ, ոչ միայն Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները, այլեւ
Հայաստանի ալ պետութիւնն ու քաղաքական եւ այլ հաստատութիւնները։
Ուրեմն, այս բոլոր նպատակները կրնան ու պէտք են հետապնդուիլ հայ
ժողովուրդի ամբողջական ներուժի համախմբումով։ Ոչ մէկ կողմ ունի ուժն ու
կարողութիւնը, իրաւունքն ու մենաշնորհը այդ նպատակները առանձնաբար
հետապնդելու – ոչ Հայրենիքը, ոչ Սփիւռքը, ոչ ալ մէկուն կամ միւսին
որեւէ կազմակերպութիւնը։ Միասնաբա՛ր, համատե՛ղ ուժերով՝ անոնք ունին
պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը այդ ընելու։

Ինչ որ յստակացման ու պայծառացման կը կարօտի՝ այս նպատակներուն մղում
տուող, այս նպատակները իմաստաւորող գաղափարաբանութիւնն է, կողմնացո՛յցը։
Ի՞նչ տեսակ ապագայ կ'ուզենք կերտել մեր զաւակներուն եւ յաջորդ
սերունդներուն համար։ Վերանկախացումէն քսան տարի ետք, տակաւին յստակ
չէ ամեն ինչ։ Ո՞ւր կÿերթայ մեր երկիրը։ Ո՞ւր կը տանին զայն իրար յաջորդած
իշխանութիւնները։ Նոր եղեռնի մը վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի, այս անգամ
առանց արիւնահեղութեան՝ վտանգաւոր չափերու հասնող արտագաղթով։ Ի՞նչ
ազգային գաղափարաբանութեան կը հետեւին երկրի ճակատագիրը վարող պետական
այրերը, կուսակցութիւնները։ Ահա այս մարզին մէջ տարակարծութիւն կայ, երբեմն
անկամրջելի խրամատներով։ Ի՞նչ կրնանք ընել այդ ուղղութեամբ։

Հ.Յ.Դ. ծրագիրը կը սահմանէ այս կուսակցութեան գաղափարական հիմքը, որ
կու գայ իր արմատներէն - »Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իդէալն
է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային,
կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամեն
տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ։« Նման իդէալ
անիրականանալի է առանց, երկրէն ներս, ժողովրդավար կարգերու,
պայմանաւորուած՝ օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութեանց
տարանջատումով եւ փոխադարձ հակակշռումով, ու առանց, երկրէն դուրս,
իրաւահաւասար ազգերու ներդաշնակ համակեցութեան՝ պայմանաւորուած
իւրաքանչիւր ազգի ինքնորոշման անժամանցելի իրաւունքի յարգումով, սեփական
հողերուն վրայ ապրելու նոյնքան կենսական իրաւունքի յարգումով եւ ազգերու
համագործակցութեամբ։

Իր ծնունդէն ի վեր, արիւնալի գոյամարտի օրերէն մինչեւ օրս այդ իդեալը
առաջնորդած է այս կուսակցութիւնը։ Վահան Նաւասարդեան իր քաղաքական
կտակին մէջ այնքան կուռ կերպով կը բանաձեւէ այս գաղափարաբանութիւնը.
»Արցունք ու արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։
Հայ շինականը դէր դարձնել իր արդար վաստակին։
Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։
Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։
Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։
Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ իր ազատ
հայրենիքին մէջ։
Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ։«

Դաշնակցութեան համար կը մնայ իր այլազան առաջադրանքները ներկայացնել
հայութեան, ընտրութենէ ընտրութիւն՝ նման հասարակարգ մը յառաջացնելու համար
Հայաստանի մէջ։ Սակայն միւս, յատկապէս երկրի ղեկը իրենց ձեռքը պահող
կուսակցութիւններուն պարտքն է Հայաստանի ապագային առնչութեամբ իրե՛նց
պատկերացումները նոյնպէս յստակացնել, բացատրելով թէ ներկայ այս աշխարհին
մէջ, ուր տակաւին շամբերու օրէնքն է ի զօրու, ուր իրաւունքը զօրաւորինն է միայն,
ուր այսպէս կոչուած զարգացա՜ծ աշխարհի ամենէն հզօր պետութիւններուն մէջ
հարստութիւնը կը կեդրոնանայ ժողովուրդի միայն մէկ առ հարիւրին ձեռքը, եւ նոյնին
կապկումը նաեւ մե՛ր երկրին մէջ կը պատահի, ի՞նչ կÿառաջադրեն պահպանելու
համար թշնամիներով շրջապատուած Հայաստանի անվտանգութիւնն ու զարգացումը,
եւ ապահովելու համար հայութեան միասնականութիւնը՝ դիմագրաւելու համար բոլոր
վտանգները։

Լինել թէ չլինելուն նման, հարցադրումին մեր պատասխանը պիտի ըլլայ՝
կողմնացոյցո՛վ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-02-20 )1703(

Wednesday, February 22, 2012

Պարպուած շիշեր - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Պարպուած շիշեր
Այդ ամառ վերստին Արեւելեան գաւառներն էինք գացեր արձակուրդի։ Այդպէս
կը կոչուին Մոնթրէալի հարաւը՝ ամերիկեան սահմանին մօտակայ այն տարածքները,
որոնք ունին իւրայատուկ ինքնութիւն մը։ Նախապէս առաւելաբար անգլիախօս շրջան
մը եղած է, հիմա նուազ, սակայն տակաւին տարբեր դրոշմ մը կր կրէ։ Յատկապէս
գիւղերու, գիւղաքաղաքներու կերպարանքները առինքնող են։ Այսօր բաւական
զարգացած հողամաս մըն է զբօսաշրջային առումով, ու շատ շատեր ամրան տաքին
շաբաթ մը երկու հոն կÿերթան հանգստանալու։

Ընդհանրապէս տափարակ հողատարածք մըն է, սակայն բազմաթիւ կարեւոր
բլուրներ կամ լեռներ հոս ու հոն դուրս կը ժայթքին դաշտերէն ու նկարագիր կու տան
համայնապատկերին։ Ա՛յդ է, որ այնքան հետաքրքրական կը դարձնէ բնութիւնը։
Աւելցուցէք նոյնքան թիւով լիճեր ու լճակներ, ու ահա արձակուրդի իտէալ միջավայր
մը։ Քեպէգցիներու մեծամասնութիւնը ձմեռն ալ կը սիրէ այդ կողմերը երթալ ու
օգտուիլ դահուկելու սահուղիներէն, որ այդ բլուրներուն ու լեռներուն լանջերն ի վար
սարքուած են, անշուշտ ուրախութիւն պատճառելով ձմեռնորդներուն, բայց ոչ
ամառնորդներուն, որոնք զանոնք՝ այդ սահուղիները կը տեսնեն որպէս բնութեան մէջ
յառաջացած սպիներ...

Մենք Օրֆորտ լերան շրջապատին մէջն ենք, իջեւանած Մակոկ գիւղաքաղաքին
մօտերը, բայց լերան ստորոտը շինուած նոր պանդոկային համալիր մը։ Մտերմիկ
միջավայր մը, կարմիր կտուրով մի քանի տնակներէ բաղկացած։ Իւրաքանչիւրը՝ մէկ
կամ երկու ընտանիքի համար։ Ընկերովի՝ տնակ մըն ալ մենք ենք վարձած քանի մը
օրով։ Տնակ ըսածներս շատ հանգստաւէտ յարկաբաժիններ են, մի քանի ննջարանով,
նստասենեակով, բաղնիք ու խոհանոցով։ Դուրսը՝ անոնց միջեւ լողաւազանն է, ուր
աղջիկներս կը սիրեն խաղալ ու լողալ, սուզուիլ ու պոռչտալ։
Ես կը նախընտրեմ լճեզերք երթալ։ Մակոկը երկար լողափ ունի Մեմֆրամակոկ
մեծ լիճի հիւսիսային եզերքը։ Այդտեղէն կարելի է նաեւ փոքր նաւերով լիճն ի վար,
մինչեւ Ամերիկեան սահմանը երթալ ու գալ։ Լողալու համար սակայն աւելի կը սիրենք
Օրֆորտի մեծ զբօսայգիին մէջ գտնուող Սթուքլի լճակը, որ շատ մաքուր է, ուր
մակոյկներ, մանաւանդ շարժակաւոր մակոյկներ ու ջրահեծիքներ չեն շրջիր, աղմուկ ու
ապականութիւն չեն բերեր։ Աղմուկը՝ երեխաներու ուրախ ճիչերն են...

Եթէ Մոնթրէալէն պիտի գաս այստեղ, ու փորձես լիճին եզերքը գտնուող փիգ-նիգի
սեղաններէն մէկը գրաւել՝ օրը հոս անցնելու համար, առաւօտ շատ կանուխ պիտի
մեկնիս։ Բայց եթէ այս կողմերը գիշերած ես, անպայման կը յաջողիս
քաղաքաբնակներուն հասնելէն առաջ՝ գալ ու լաւագոյն, հովասուն անկիւնը գտնել...
Հետդ կը բերես մեծ սառնարանը՝ օրուան սանտուիչներով, պտուղ-
բանջարեղէնով ու օշարակներով )ոգելից ըմպելիները արգիլուած են նահանգային կամ
որեւէ զբօսայգիի մէջ(, որ նախորդ երեկոյ կամ նոյն առաւօտ կինդ խնամքով
պատրաստած է... Կը բերես կարդալիքդ, որ ջուրէ դուրս գտնուած հանգիստի մէկ
պահուդ, երբ զաւակներդ ալ իրենց տարեկիցներուն հետ աւազին վրայ խաղալով
զբաղած են՝ քանի մը էջ կարենաս ընթեռնել։

Շատ յիշատակներ կան կապուած այս վայրերուն հետ, ուր օրուան
վերջաւորութեան ալ կրնաս համերգներու ներկայ ըլլալ՝ Jeunesse musicale du Canadaի
ճամբարի սրահին, կամ Մակոկի մայր տաճարին մէջ, կամ ալ թատերական
ներկայացում մը վայելել քիչ մըն ալ աւելի հեռու՝ շրջակայ քաղաքներու կամ
աւաններու դպրոցական կամ համալսարանական թատերասրահներուն մէջ։ Ամբողջ
ամառը մշակութային եռուզեռ մը կայ այստեղ, որուն համար իրապէս բախտաւոր
պէտք ենք զգալ մենք զմեզ, բայց որմէ այնքան յաճախ ալ չենք գիտցած օգտուիլ,
այլապէս լեցուցած ըլլալով մեր ամառնային արձակուրդային օրերը։
Աղջնակներուս հետ քալելու ելած եմ։ Պանդոկէն մեկնելով, ճամբուն եզերքէն
յառաջանալով կը զրուցենք։ Երթեւեկ գրեթէ չկայ։ Ամառնային երեկոյ է, տակաւին
լոյս է, ու Օրֆորտի կոնաձեւ սքանչելի գագաթն ալ քովէն կը հսկէ մեր վրայ։ Մաքուր
օդը մեր թոքերը կը մաքրէ, լռութիւնը՝ մեր մտքերը։ Կը նկատենք, մեր առջեւէն զոյգ
մը կը քալեն։ Ծերունի մըն է, ու ձեռքէն բռնած իր թոռնիկը։ Մերթ ընդ մերթ կանգ
կ'առնեն, փոքրիկը կը ծռի, գետնէն բան մը կը վերցնէ ու մեծ հօրը կը յանձնէ, ան ալ
ուսէն կախուած լայն տոպրակի մը մէջ կը դնէ։ Կը մօտենանք ու բարեւ կ'ըսենք։ Կը
հասկնանք, որ զովացուցիչի շիշեր կը հաւաքեն։ Իւրաքանչիւրին համար մի քանի սենթ
կրնան գանձել, եթէ նպարավաճառատուն տանին։

- Մեր գեղեցիկ բնութիւնը կը փորձենք մաքուր պահել, - կ'ըսէ մեծ հայրիկը։
-Այո, - կ'աւելցնէ թոռնիկը, - պարապ շիշերը պէտք չէ ճամբաներուն վրայ ձգել։
Դժուար պիտի չըլլար հաւատալ իրենց, եթէ մարդուն հագուստ-կապուստը
չմատնէր աղքատութեան աստիճան մը, որուն վրայ գտնուողին համար ձեռք ձգած
իւրաքանչիւր սենթը կրնայ օգտակար ըլլալ։

Երբոր կը վերադառնանք պանդոկ, մենք ալ խաւաքարտէ պարապ տուփ մը կը
ճարենք ու կը սկսինք լողաւազանին շուրջ կամ մօտերը լքուած պարապ շիշերը
հաւաքել անոր մէջ։ Աղջիկներուս բան չեմ ըսեր, սակայն միտքս կը դնեմ, որ յաջորդ
երեկոյ, այստեղէն մեկնելէ առաջ պիտի ջանամ գտնել այդ ծերունին, ու ամբողջ
հաւաքածս յանձնել իրեն։
Իրապէս ալ, կը գտնենք զիրենք, ու լաւ բան մը ըրած ըլլալու
տրամադրութեամբ, իրեն կÿառաջարկեմ շիշերով լեցուն տուփս։ Մարդը կը մերժէ։
Անակնկալի կու գամ։ Կ'երեւի արժանապատուութեան հարց կը դառնայ։ Չեմ պնդեր
ու կը հեռանանք, սակայն կը խորհիմ ուրիշ կերպով օգնել իրեն։ Մէկիկ մէկիկ, կամաց
կամաց կը սկսինք պարապ շիշերը նետել ճամբուն եզերքը, որպէսզի ինք զանոնք
հաւաքէ թոռնիկին հետ։

Ահա մեր այդ ըրած պահուն, ուրկէ՛ ո՜ւր ոստիկանի ինքնաշարժ մը կու գայ մեր
ետեւէն, ուր մեր առջեւը անցնելով կը կեցնէ մեզ։ Տուգանք պիտի ստանանք։
Արգիլուած է շիշերը այդպէս նետելը։

Ի՞նչ ընենք։ Կը բացատրենք թէ ինչու կ'ընէինք ատիկա։ Մարդը չի հաւատար,
սակայն շատ չանցած հեռուէն կ'երեւին պապիկն ու թոռնիկը։
Ոստիկանը թոյլ կու տայ որ մեկնինք, բայց կը յարէ. - բարեգործութեան աւելի
լաւ ձեւ մը գտէք...

Շնորհակալ կ'ըլլանք, ու կը շարունակենք մեր ճամբան։ Յետահայեաց հայելիէս
կը տեսնեմ, որ ոստիկանն ալ շիշ մը կը նետէ իր պատուհանէն, մինչ Օրֆորտը
հետզհետէ կը փոքրանայ հորիզոնին վրայ...

Tuesday, February 21, 2012

Պատմութեան սեւ էջերը - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՝ ՍԻՐԵԼԻ ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶԻ ԳՐԻՉԷՆ:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՍ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:

«ՆՇԱՆԱԿ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք, Մարաշ քաղաքին թշնամիի ձեռքէն ազատագրումի 92րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու ընթացքին արտասանած ազգայնաշունչ ճառախօսութեան միջոցին ըսաւ , որ Թուրքերու պատմութեան մէջ մէկ հատ իսկ սեւ արատ չկայ:

Ի~նչ յաւակնոտ յայտարարութիւն ...

Աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունի՞ արդեօք պետութիւն մը, որ իր պատմութեան մէջ <<սեւ էջ >> չունենայ։Մանաւանդ պետութիւն մը որ վեց հարիւր տարի զէնքի ուժով իր տիրապետութեան տակ առած ըլլայ աշխարհիս երեք ցամաքամասերը ու իր պատմութեան մէջ սեւ էջ մ'իսկ չունենայ:Բոլոր պետութիւնները իրենց պատմութեան մէջ ունեցած են սեւ էջեր, բայց անոնք փոխանակ զանոնք ժխտելու քաջութիւնը ունեցած են զանոնք ընդունելու ու ներողութիւն խնդելու տուժող կողմերէն ։

Երբ Ճէմիլ Չիչէք Մարաշ քաղաքի մէջ կընէր այս ազգայնաշունչ յայտարարութիւնը, կը մոռնար որ երկու ամիս առաջ, 12 Դեկտեմբերին , նոյն Մարաշի մէջ Ալէվի դաւանանքի պատկանող հաստատութիւնները ոգեկոչեցին ու դատապարտեցին 1978 թուականին Մարաշի մէջ Ալէվիներու դէմ իրագործուած կոտորածին 33 րդ տարեդարձը:Ահաւասիկ սեւ էջ մը որ Թուրքիոյ պատմութեան տոմարին մէջ արձանագրուած է 33 տարի առաջ միայն :

Այս թուականէն ամիս մը առաջ, 23 Նոյեմբերին , վարչապետ Էրտողան շատ խիստ խօսքերով արտայայտուեցաւ Տէրսիմի կոտորածներու մասին ու ծանր խօսքերով դատապարտեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնը եւ իթթիհատական մտայնութիւնը, Տէրսիմի մէջ 1936-1939 թուականներուն Ալէվի Քիւրերուտ դէմ իրենց իրագործած կոտորածներուն համար ու ըսաւ որ եթէ ներողութիւն մը պէտք է խնդրուի այդ դէպքերուն համար ինք պատրաստ է պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելու:

Վարչապետ Էրտողան արդեօք ինչու՞ համար էր որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր ներողութիւն խնդրելու պետութեան անունով։Այս կոտորածն ալ միւսին նման պատմութեան մէկ սեւ էջը չէ՞ր արդեօք։

Այս օրինակներուն կարելի է աւելցնել Սեբաստիոյ մէջ Ալէվի Քիւրտերու դէմ տարբեր թուականներուն գործադրուած մէկէ աւելի կոտորածները։ Զինուորական յեղաշրջումները ,16 հազարի շուրջ մարդասպանութիւնները մինչեւ օրս անյայտ անոնքկը մնան: Կ'ենթադրուի թէ պետութեան կողմէ գործադրուած ըլլան անոնք :Սպաննուողներուն բոլորն ալ Քիւրտ, Ալէվի ու ձախակողմեան մտայնութիւն ունեցող մտաւորականներ, լրագրողներ կամ հայրենակիցներ էին:Անոնք առաւօտ մը իրենց տունէն դուրս ելան ու այլեւս չվերադարձան։ Կամ ալ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան եւ անհետացան : Անոնց ընտանիքները տարիներէ ի վեր կը սպասեն անոնց վերադարձին, կամ կը յուսան որ օր մը պիտի կարենան գտնել անոնց դիակները որպէսզի իրենց խեղճ հարազատները գերեզման մը ունենան:

Ասոնց վրայ աւելցնել պէտք է Թուրքիոյ մէջ ոչ Իսլամ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրագործուած թալանները եւ յանցագործութիւնները։Թրակիոյ մարզին մէջ Հրեաներու դէմ կատարուած ազգայնապաշտ յարձակումները, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, ունեւորութեան տուրքը, դէպքեր որոնք թէ Թուրք մտաւորականներու եւ թէ Թուրք ժողովուրդի կողմէ ընդունուած են իբրեւ պատմութեան սեւ էջեր։

Վարչապետ Էրտողանին Իթթիհատականներուն հակադրուած ըլլալը մեր բոլոր Թուրք հայրենակիցները գիտեն:Գիտեն թէ ան, ամէն առիթով որքան խիստ խօսքերով կը դատապարտէ իթթիհատականներուն հողերու վրայ գործած բոլոր ոճիրները: Սակայն ցաւալին հոն է , որ երբ նիւթը կը վտրաբերի նոյն իթթիհատականներու կողմէ 1915 ի տարիներուն այս հողերուն վրայ ապրող Հայերուն դէմ իրագործուած ոճիրներուն ՝ վարչապետը բոլորովին տարբեր կեցուածք ունի ու երբեք չի դատապարտեր իթթիհատականները:

Չեմ սպասէր հարկաւ որ Թուրքիոյ վարչապետը արտասանէ <<ցեղասպանութիւն>> բառը, բայց ես վարչապետ Էրտողանէն կը սպասեմ որ դատապարտէ նաեւ իթթիհատականներու կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած կոտորածները, նոյնպէս ինչպէս կը դատապարտէ Քիւրտերու ու Ալէվիներու դէմ գործադրուածները։Ոչինչ աւելին։

Վարչապետ Էրտողան իր բոլոր յայտարարութիւններու ընթացքին միշտ կ'ըսէ սա խօսքը ։<<մենք ստեղծուածը կը սիրենք ի յարգանս Ստեղծողին >>:Այս նախադասութեան մէջ վարչապետը կ'ուզէ շեշտել որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը ըլլալով հաւատացեալ, Աստուածասէր ու Աստուածավախ, բոլոր ստեղծուած էակները հաւասարապէս կը սիրեն ու կը յարգեն առանց իրենց մէջ խտրութիւն դնելու, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ ստեղծուած են Աստծոյ կողմէ:

Կարծեմ թէ մենք Հայերս Թուրքիոյ մէջ չունենալով Քիւրտերու ու Ալէվիներու նման բարձր բնակչութեան թիւ եւ ընտրութիւններու ժամանակ քուէի ազդու զօրութիւն չենք արժանանար <<Արարիչին կողմէ ստեղծուած>>ներու կարգին մաս կազմելու:

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 15 Փետրուար 2012

Thursday, February 16, 2012

Կ Ր Ի Ա Ն – ՎԱՀԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՎԱՆԴԱՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԻՑ ՄԵԿՈՒՄ ՊԱՏՄՎՈՒՄ Է, ՈՐ ԿՐԻԱՆ ՇԱՏ ԱՌԱՋ ԵՂԵԼ Է ՋՐԱՂԱՑՊԱՆ, ԵՎ ԵՐԲ ՈՒՐԻՇԻ ՏԱՇՏԱԿԻՑ ԱԼՅՈՒՐ Է ԳՈՂԱՑԵԼ, ՏԱՇՏԱԿԸ ԿՊԵԼ Է ՄԵՋՔԻՑ ՈՒ ՆԱ ԴԱՐՁԵԼ Է ԿՐԻԱ...

Մոտենում էր անորոշ տագնապը:Ամենուր խոսում էին աշխարհի վերջն ավետող, աշխարհին պատուհասող երկրաշարժերից, կործանարար ջրհեղեղներից: Տարբեր տարածքներում բռնկվող անհեթեթ պատրվակներով մարդակործան պատերազմներն ու նրանց անփառունակ ավարտն ազդարարող հզորների անզորությունը՝ ավելի էր լարում ու պրկում , մտածող ու խաղաղության համար ելք փնտրողների միտքը:Աշխարհին կործանումից փրկելու խենթացնող մոլուցքով տարված հազարավոր միամիտ մարդիկ արդարանում էին, բարձրախոսելով իրենց ազնվությունից, ոչ ոք չէր մտածում զղջալ ու մեղանչել: Արդարներից յուրաքանչյուրին թվում էր , թե ինքն է այս նոր հազարամյակի Աստծո ընտրյալը: Ընտրյալը դառնալու հույսը փաթաթած Աստծո օրհնած խաչին, սպասում էին աստվածային նշանին: Ազնիվ ու չափից շատ միամիտներին էլ թվում էր , թե անցյալը նույնությամբ կրկնվելու է: Մի անգամ հազարամյակներ առաջ մարդկությունը փրկվեց բարեպաշտ Նոյի շնորհիվ: Նրա պատմությունը գիտեին բոլորը: Մեծ ջրհեղեղից , Աստծո գթասրտության շնորհիվ Նոյի տապանը լողաց ջրերի վրա, փրկելով մարդկությանը: Նոյից հետո մարդ արարածի մեղքերը էլի օր , օրի սկսեցին կուտակվել ու ավելանալ, մեղանչողները՝ հատ ու կենտ, նրանց ջանքերը՝ սերունդներին փրկելու աննշմար: Աստվածն արեց հերթական, վերջին՝ աստվածային քայլը: Աշխարհն ապականող մարդկությանը փրկելու, մաքրագործելու նպատակով նա զոհաբերեց որդուն: Որդին մինչ մրուրը ըմպեց դառնությունների գավը: Բայց հարափոփոխ ժամանակների շունչը չէր սթափեցնում, մարդիկ ապրում էին իրար ատելով, Աստծուն՝ գովաբանելով:

Սեր սերմանելու աստվածային ձգտումը, նրա զոհաբերությունը չընկալող ու այն շրջանցող մարդիկ՝ Աստծուն հաճախ մատուցում էին քծնանք, չքմեղանք , ու վախից ավելի խճճվում չմաքրագործվող մեղքի ծփածով նիրվանայում: Աստվածն էլ հոգնած բազմակերպ քծնանքից, որոշեց մեղավորներին պատժել անհատապես: Զի մարդիկ չէին ընկալում աստվածային սիրո իմաստը, քծնելն ավելի դյուրին էր, քան՝ մեղանչելը, առավել դժվար՝ առաքինի ապրելը: Ագահներից շատերը դառնում էին վաճառականներ, փառատենչներից՝ նրանք, ովքեր գլխապտույտից գլուխ չէին կորցնում՝ ուշ, թե՞ շո'ւտ ամուր ու պինդ գլուխներին թագ էին կրում: Մնացածները՝ հույսը տված քծնանքին, միմյանց հրմշտելով օրն էին մթնեցնում: Խոտոր ճանապարհներով գնում էին նպատակին տիրանալու: Հանուն փառքի անում էին անհնարինը: Հազար ու մի ոճիրով ավելացնում արհամարանքը, խորացնում բաժանող վիհը: Մխիթարվում՝ Աստված հիշաչար չէ, բարի է, ներող ու հանդուրժող: Նրա բարեհաճությունը կվերականգնեն, մեկը՝ մյուսին գերազանցող կոթող ու տաճար կառուցելով: Իսկ նա չէր փոխում ունեցած կարծիքը, ոչ մեկին չէր առանձնացնում , չէր զատում, համատարած քծնողներին բնավ չէր նկատում: Գիտեր, որ իշխաններն ու թագավորներն ոչ միայն օտարներին ու հպատակներին, անգամ հարազատներին էին հալածում, լլկում, բանադրում հանուն սին ու վաղանցուկ փառքի: Փառքն ու քծնանքը՝ հավերժ միասին էին: Դժողք-գեհենի իրողությունը չէր զսպում, չէր կաշկանդում ընչաքաղցներին, այն անդարձորեն հեռու էր թվում, ու համարյա անիրական: Բռնություն , ավեր, թալան , սպանություն կոծկելով ՝ քծնանքը հրճվում էր, ծփում ու ծավալվում, ծիածանվում արյուն-արցունքի դառնաղի ծովում: Արդեն ոչ մեկին չէր զարմացնում փառատենչների ձգտումը: Բայց նա մի օր խիստ զայրացավ, աստվածային իր ամենատես բարձրունքից շանթեց մի մարդու, որի ազնվությանը չէր կասկածել բնավ: Հաց արարող ջաղացպանը գայթակղված ցորենի շեղջով ու իրեն վերագրելով արարչագործի դերը՝ ջրաղացում, գողացավ օտարի ալյուրից: Աստված բարկացավ ,հաց արարողի դերի մեջ մտած ջրաղացպան վարքից, անդարձորեն պատժեց ալյուրագողին:
Հացի տաշտակը շրջվեց ու դաջվեց, պլլվեց գող ջրաղացպանի մեջքին: Օրեր շարունակ, ամիսներ ու տարիներ անվերջ, խարանի տեսքով թիկունքին կպած տաշտակը հալածում էր ջրաղացպանին: Գնալով պակասում էին ցորեն աղացողները, մեջքին կպած տաշտակը տեսնում էին անգամ կույրերը: Խոտը ծածկեց ջաղաց տանող արահետը: Ջրաղացպանը կորցրած համբավն ու կարողությունը, զղջումի ցավն աչքերի խորքում ,մտնում էր ջուրը, ելնում էր ջրից: Հին օրերի հեւքով պտտեցնում էր հզոր որձաքարերը, հավատում՝ ջուրը կպոկի տաշտակը, իսկ տաշտակը գնալով ավելի էր սեղմում, ճկում էր ողնաշարը: Ցավի, զղջումի, ապրած սարսափի ՝ արցունքը խոշոր աչքերում ,օր-օրին այլափոխվում էր:Մտնում էր ջուրը, ելնում էր ջրից, ջրաղաց մտած արեւի թրթռացող շողքը թվում էր ցորենի շեղջ:Լույսի շեղջն էր աղում: Անվերջ պտտվելուց շիկացած որձաքարերը փշրվեցին: Փոշիացան:Ջրաղացն էլ չդիմացավ փլվեց:Տարիների երկարող շղթան անցնում էր աննկատ, ջրաղացպանի ոտքերն ու ձեռքերը կարճանում էին,նա օրերով ջրից դուրս չէր գալիս:Որձաքարերի փշրանքներից պատրաստած մանր խճաքարերով հաշվում էր օրերի շղթան:Կամաց-կամաց կերպարանափոխվեց դարձավ հետ ջրհեղեղյան առաջին հիբրիտ արարածը:Անունն էլ գտավ նրան, այդպիսին էր Աստվածայինի անբեկանելի կամքը:ԿՐԻԱ... Աստծո կամքով նա մահ չուներ, վերափոխվելու , վերստին մարդանալու տենչը, բնազդը նրան տանում էր ամենուր ու նա շրջեց ողջ աշխարհը: Մարդիկ ապրում էին հացով, օրվա արքաները,անգամ ՝ փառքը կորցրած հները: Հացը կար՝ թե աղքատի, թե նորաթուխ հարուստի սեղանին: Ապրեց դարեր իր տարօրինակ , զարմանահրաշ արտաքինով, նա Աստծո տված վերջին ու միակ անեծք կրող էր, եւ լավ գիտեր , քանի դեռ կա երկիրը լլկող ու մարդուն խաբող տմարդը, ինքը կապրի ու կունենա իր նման զեղունաժառանգներ՝ կրիա անունով:
Արհավիրքները, ջրհեղեղները նրան չէին վախեցնում:Արտաքինը հրապուրիչ չէր,լռայկաց, համարյա քչախոս,բնազդներով լի,համառ էր, համբերատար:Միակ բազմակենցաղը՝ցամաքում, ջրում, անապատում,լեռնալանջերին:

Մեջքի աղյուսա նախշերով զրահ, փոքր թաթիկներն ու տոտիկները,կակուղ ողնաշարը, երկարուկ ու պինդ վզիկը, վզիկի վերջավորությանը միաձույլ աննկատորեն մեծացող ու կլորացող գլխիկը՝ թեթեւաբարո կանանց միջավայրում հարուցում էր կրքատենչ ու տռփասեր ցանկություններ, երբ զրահի տակից դանդաղորեն դուրս էր գալիս՝ շփոթության խուճապի ալիքին հաջորդում էր ահարկու քրքիջը, գլխիկը՝ երկարուկ վզիկին միաձույլ, ողորկ ու լերկ, որի աջ ու ձախ մասերին խոշոր ու խոնավ աչքերն էին,իրենց բնում անվերջ վազում: Աչքերը՝ ասես վախեցած,խորունկ ու թաց, հարուստ հազար ու մի հիշատակներով, երբեմն՝ սրտաշարժ, լսողին անվերջ տրամադրող ճշմարտանման պատմություններով: Աչքերին երկար նայելուց միամիտ մարդիկ միանգամից հմայվում էին:Դրախտից վտարված նույն թովիչ ու խարդախ օձի աչքերն էին:Արտառոց արտաքինի, հեզ ու խոնհար անվնաս բնավորության շնորհիվ նա փնտրված արարած էր:Օտար աչքից աննկատ, թաքուն,մինչեւ վերջ չբացահայտված, խորհրդավոր կրիան միշտ էլ ուներ հզոր հովանավորներ՝ աշխարհի բոլոր կանայք, որոնց նա հաճախ մատուցում էր մանր-մունր ծառայություններ: Բնում անվերջ պտտվող ամենինչ տեսնող իր արագաշարժ աչքերի շնորհիվ: Ասկետ էր, քչով բավարարվող:Ժլատ էր, նույնքան էլ տերերին սիրաշահող: Մատուցած ծառայությունների փոխան թույլատրեին լողալ փոքր ջրավազաններում, որտեղ կար թափվող ջրի մեղմ կարկաչը, մրմունջը ,ցանկացած լույսի շողք՝ արեւի շողք հիշեցնող, նրա միակ թուլությունն էր ու երազանքը: Իսկ լողավազաններ ամենուր կային: Թե ճոխ պալատներում, թե հարուստների առանձնատներում, շատ անգամ նույնիսկ ամրոցատեսք ննջասենյակների կից հարկաբաժիններում:Նա ազատորեն վայելում էր բնազդային հաճույքներն ու անվերջ էր արեւի շողքն աղալու թաքուն երազանքը: Խելագարության չափ ահագնացող ձգտումը էր օրերից մի օր ,անծայրածիր հզոր ու բաց օվկիանոսում ՝ արեւի հերարձակ խրձերը աղալով , աղերսեր Աստծուն բազմակենցաղ մեղքերին թողություն: Երազանքն էր կրկին մարդանալ, թեկուզ՝ ջրաղացն ու հացը՝ Տերն արժանի չհամարի: Իսկ ո՞վ չուներ երազանք:

Արքան օրվա, թե՞ աղքատը հետին: Մեջքի զրահը՝ դիմացկուն, զարդա նաշխով, որձաքարից ամուր, ի՜նքը լավ գիտեր զրահի ամրությունը: Յուրաքանչյուրն իր երազով ու երազին բարուրած ապրելով, անցնում էր իր կյանքի անկրկնելի ճամփան: Ճանբին արված խոտոր քայլերից հաճախ սթափված, վախից ու հատուցման երկյուղից ահաբեկ ՝ եռանդով քծնում ու արդարանում էին , փորձում էին մեղանչումներով վերագտնել նախ իրենց կորցրած հավատը: Դժողքի սարսափազդու պատկերը, թեեւ հեռավոր, խորթ ու վանող էր բոլոր մահկանացուների համար: Գալիք գեհենից խուսափելու մարմաջով փորձում էին ետ վերադարձնել մերձավորից խլածն ու թալանածը, բայց ոչ նրան՝ ումից խլել ,շորթել, թալանել էին , վերադարձնում էին Աստծուն ,նվիրում էին ու քծնում էին Աստծուն: Իսկ Աստվածն անտարբեր էր, նրան վկայակոչելով՝ կառուցում էին աղոթատներ,հավատում էին , անգամ համոզված էին , որ ընչազուրկին , աղքատին ու հիվանդին փրկելը Աստծո գործն է,Աստված կկերակրի, երբեմն էլ հասած մահվան շեմին ՝ անում էին շռայլ նվիրատվություններ, անգամ անմահություն էին երազում, գեհենից փախած ՝ Աստծո շնորհիվ դրախտ էին տենչում: Բայց Աստվածն անհաղորդ էր: Նրա գութը շարժելու ջանք ու եռանդը զուր էր անցնում: Բարձյալը անտարբեր էր, նա վաղուց հիասթափված , հոգնած մարդկության հեղհեղուկ վարքից , անբարո բարքից, անհամար քծնանքախաղերից, շռայլ անհարկի նվիրատվություններից, այլեւս փորձ չէր անում փրկելու նոր տարերքի , կործանման շեմին հասած անբարոներին: ԿՐԻԱՆ դա գիտեր...Բարձյալի ներկայությունը ամեն պահ զգացող հոգիները՝ սոսկումի, հրճվանքի, արբեցումի մեջ թավալվում էին հավասարապես:Յուրաքանչյուրը ինքնատիպորեն, գտել էր մեղանչումի իր արահետը: Արահետները գնալով միախառնվում էին ու դառնում ճանապարհ, որի աջ ու ձախ կողմերում վեր էին խոյանում խրոխտ խաչերով երկինք միտող եկեղեցիներ, մտքի անձեռակերտ կոթողներ, հազար ու մի տաճարներ: Կյանքը դարձել էր անգիտակից խաղ, խաղ իր անակնկալ ելքերով: Կրիան քչերից մեկն էր ,որ գիտակցում էր մերկ ու դաժան ճշմարտությունը: Նա լավ գիտեր, որ նույնիսկ արքան մերկ է ու տկլոր, որ նա էլ մի սովորական մահկանացու է եւ հույզերի ալեբախության ժամին դարձել է արքա:

Վաղուց , շատ վաղո~ւց Կրիային պատժելուց հետո Բարձրյալը չէր հետեւում իր սահմանած կարգին: Ի՜նչու հտեւեր, բոլորն էլ արդար էին ու նույնքան էլ մեղավոր: Վերջին դատաստանից հետո աշխարհում միակ մեղավորն ու մեղքի համար պատժվածը մնում էր նախկին ջաղացպանը՝ կրիան, ողջ ազգ ու տակով , տոհմով ու գերդաստանով : Անգամ սերնդագործնեությամբ զբաղվելը տանջալիորեն երկար էր ու պարտադիր՝ միայն ցեղի ներսում: Չնայած խիստ կրքահարույց տեսքին ,մյուս սեռի հանդեպ եղած անհագուրդ տենչերին, վավաշոտ ու թախծածորուն աչքերին, դատապարտված էր անզորությամբ: Բազմակենցաղ կրիայի համար յոթը պորտը արժեք չուներ,ի տարբերություն ջորուն՝ նա սերունդ տալիս էր, բայց դժվար տքնությամբ: Թերեւս դա էր օձի ու կրիայի մտերմության գրվականը:Հին պատժվածները անցած բոլոր սողունների ու զեղունների գլուխը, ազատ ու անկաշկանդ պատկեր նշագրերով սարսափի ու խուճափի ալիքը զորացնում, ավելի էին թեժացնում: Նրանք նկարում էին ՏԱՊԱՆԸ , պոչով արագ սրբում, նկարում էին տապանի նմանակած, բայց առանց Աստծո օրհնանքի վերջերս կառուցած ՏԻՏԱՆԻԿԸ ու տարվում խելահեղ պարով:Վե~րջն է,աշխարհի վերջն է:Չգիտեին , չէ ավելի շուտ չէին ուզում հիշել Նոյին , անգամ ՏԻՏԱՆԻԿԻՑ փրկված Սմբատ Բյուրատի որդուն՝Վաղինակին, էլի միակ հայի, իրական պատմությունը, նրանք համարում էին պատահականություն:Մաքրամաքուր հայի վարքը անըմբռնելի, անծանոթ էր մեղքը շալակած, հազար ու մի նկուղ, պալատ ու լողասենյակ ելումուտ արած անիծված բազմակենցաղներին: Նրանց համար թռիչքն ու ճախրանքը խորթ էր:Սողացողներով ու քծնողներով լեցուն աշխարհը վաղուց խորթացել էր ճախրանքին:Շիփ շիտակ, թրատող մտքից խորշում էին:Կրիաները ջանադիր ու բնազդներով աղում էին լույսի դալուկ ստվերը համառ կամակորությամբ փորձում էին պտտել ժողովեդի դիմակայության որձաքարերը՝ առանց աղունի, ասես բնազդով փորձում էին պտտելով փոշիացնել որձաքարերը:Դարաշրջանը կրիական դարձնելու տենդով տարված,մոլուցքով քծնում էին պահի հպանցիկ արքաներին: Ժամերով լողում էին բոլոր գույների ջրերում, կուլ էին տալիս հազար ու մի համ ու հոտ ունեցող պղտոր

հեղուկներ, որ վաղվա անվերջ երկարող ջրհեղեղի օրերին շուռ գային ջրերի մեջ, մեջքի վրա ստեղծելով պստլիկ տապանի պատրանքը՝ ի տես Աստված: Կարճլիկ թաթիկները պարզած վեր, մեջքի վրա անվերջ աղերսելով. -Փրկիր տեր, մարդ չըմնաց, բոլորը թռան ու սկեցին, մեզ գոնե մարդացրու, կմնանք հլու հպատակ, երբ ջրերը քաշվեն տուր հաց արարելու շնորհը, տար հին տաշտակը, ջրաղացում ջանադիր միշտ կաղոթենք, զզվեցինք զրահից, մեր թաց ու վավաշոտ աչքերից, ետ տուր մեր ողնաշարը: Տերը ինչպես միշտ լուռ էր :Անհաղորդ: Ջրերը բարձրանում էին : Խավարի մեջ հիվանդ ու մելանխոլիկ վետվետում էր դեղնուցքանման լույսը ՝ ձու դառնալու ամբողջանալու երազանքով: Համատարած լռություն էր անխորհուրդ ու մութ: Ապրում էր հայը, ու պատմում: Կորած տիտանիկների, բանախոսող ու վավաշոտ արքաների, նրանց գլխատող հեղափոխականների եւ գալիք ջրավազանների շուրջը երեւացող լռայկաց , խոսուն աչքերով , տանկաձեւ թրթուռավոր սողուն ու միջատ հովանավորող կրիայի զարմանահրաշ պատմությունը:

Wednesday, February 15, 2012

Ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ
Մեր լեզուն պաշտպանելու համար սրբազան պատերազմ պէտք է հռչակել։
Ան սպառնալիքի տակ է դուրսէն թէ ներսէն։ Դուրսէն՝ միջազգայնացումն է, որ
անգլերէնի համատարած տիրապետութեան կÿենթարկէ ոչ միայն մեր, այլեւ աշխարհի
բոլո՛ր լեզուները, իսկ ներսէն մեր անտարբերութիւնն է, մեր լեզուն պահելու եւ
անաղարտ պահելու մեր անփութութիւնը ՝ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի։
Վտանգուածը ոչ միայն արեւմտահայերէնն է, այլեւ արեւելահայերէնը, մէկ
խօսքով՝ հայերէնը, եւ զայն պաշտպանելու համար համազգայի՛ն ճակատ է պէտք.
ինքնապաշտպանութեան մեր պայքարը համատեղ ճիգերով կրնայ ըլլալ միայն։
Այդ պայքարը բազմաշերտ է, ու բազմոլորտ։ Կայ անհատական շերտը՝ անհատ
ազգայիններու եւ ընտանիքներու մակարդակին վրայ, կայ կազմակերպական շերտը՝
կրօնական, քաղաքական, կրթա-մշակութային ու բոլոր այլ ոլորտներուն մէջ, եւ կայ
պետական շերտը՝ երկրի իշխանութեան իրաւասութեան տակ գտնուած բոլո՛ր
ոլորտներուն մէջ։ Լեզուի պաշտպանութիւնը ոեւէ մէկուն կամ
որեւէ կազմակերպութեան, նոյնիսկ պետութեան մենաշնորհը չէ, բայց բոլորին
առաքելութիւնն է, ճիտին պա՛րտքը։
Ներկայ յօդուածով կ'ուզեմ կեդրոնանալ մի քանի հրատապ խնդիրներու վրայ,
արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան առնչուած, որոնք մեր անմիջական
ուշադրութեան պէտք են արժանանալ։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա կենսական է, որպէսզի
արեւմտահայերէնը վերապրի. հայրենի պետութիւնը արեւմտահայերէնին պէտք
է ընծայէ պետական լեզուի կարգավիճակ. պայման է, որ այդ կարգավիճակը
ներառէ դասական ուղղագրութիւնը։ Եթէ հայ ծագումով ամեն անձ իրաւասութիւնը
ունի դառնալու Հայաստանի քաղաքացի, ապա անոր հետ յարաբերութիւնը, եւ
ընդհանրապէս արեւմտախօս սփիւռքահայութեան հետ յարաբերութիւնը
արեւմտահայերէնով պէտք է ըլլայ՝ անցագիրներու, պետական այլ վկայաթուղթերու,
փաստաթուղթերու, հաղորդագրութիւններու, լրատուութիւններու, հիւպատոսական
թէ բոլոր այլ կապերուն միջոցաւ։ Ասիկա բարձրագոյն մակարդակի վրայ
հետապնդուելիք աշխատանք է, որուն անյապաղ ձեռնարկելու են Սփիւռքի
թէ Հայաստանի մէջ մեր եկեղեցական թէ քաղաքական կազմակերպութիւնները։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա նոյնպէս կենսական է,
որպէսզի արեւմտահայերէնը ապրող ու գործածուող լեզու մնայ։ Ելեկտրոնային կամ
առցանց հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, որոնման բոլոր յայտագիրներով,
տեղեկատուական բոլոր կայքերուն վրայ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը կարելի
պէտք է ըլլայ։ Պէտք է ճարենք նիւթական միջոցներն ու համախմբենք առկայ
հմտութիւնները՝ համացանցը ղեկավարող հաստատութիւններուն եւ
ընկերութիւններուն մօտ անհրաժեշտ աշխատանքը տանելու ու այս կարելիութիւնը
վերջնական կերպով հաստատելու համար։ Նաեւ, զուգահեռաբար՝ մեր մամուլին,
հրատարակչականներուն եւ անհատ հաղորդակցողներուն մատչելի պէտք
է դարձնենք հաղորդակցական մէ՛կ համակարգ, որ իր բազմապիսի
տառատեսակներով հանդերձ, գործէ մէկ համակարգչային յայտագրով, ինչպէս
է լատինատառ լեզուներու պարագային։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼԻ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա եւս ամենէն
հրատապ հարցերէն մէկն է։ Առաջին հերթին, երբ նկատի կÿառնենք
սփիւռքահայութեան թուաքանակը ու իր զաւակներուն համար տրամադրելի
կրթական հաստատութիւններու թիւը, կ'անդրադառնանք թէ օտարանալու, մեր
լեզուն կորսնցնելու բոլոր տուեալները հոն են։ Առանց իւրաքանչիւր հայորդիի համար
հայկական ամենօրեայ դպրոցի գրասեղան մը կարենալ ապահովելու, մենք չենք
կրնար արեւմտահայերէնը )եւ այս պարագային նաեւ արեւելահայերէնը(
կորուստէ փրկել։ Սա կը նշանակէ դպրոցաշինութեան հսկայ արշաւ, սա կը
նշանակէ կրթաթոշակներու մատչելիութիւն, սա կը նշանակէ ծրագրուած աշխատանք
հայահոծ գաղութներուն մէջ։ Ու վերջապէս կը նշանակէ առցանց վարժարաններու
ցանցի ընդլայնում՝ հասնելու համար նաեւ նուազ հայահոծ կամ մեկուսի վայրերու մէջ
ապրող հայորդիներու հայեցի դաստիարակութեան կարիքներուն։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՄԻæՈՑՆԵՐՈՎ ԶԻՆՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒ –
Անյետաձգելի պահանջք է ունենալ դասաւանդութեան անհրաժեշտ միջոցները, սկսեալ
որակաւոր, վկայեալ ուսուցիչներէն )ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ պիտի պատրաստուին
անոնք(, արդիական մանկավարժական մօտեցումներով օժտուած դասագրքերէն ու
յարակից օժանդակ ելեկտրոնային կամ այլ սարքերէն )ո՞վ պիտի
պատրաստէ զանոնք(, ընթերցանութեան գրքերէն, տպագիր թէ թուայնացած )նոյն
հարցումը(, մինչեւ մամուլ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, ժամանցի յայտագիրներ ու
մասամբ նորին )հարցումները կը թողում ընթերցողներու երեւակայութեան...(։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԼԵԶՈՒ - Առանց զարգանալու
կարելիութիւններով օժտուելու, որքան ալ որ ջանանք մեր ունեցածը պահել, ի վերջոյ
կը լճանայ մեր լեզուն, կը քարանայ՝ բրածոյ, թանգարանային կը դառնայ։
Զարգանալու միջոցները առաջին հերթին նոր բառարաններն են, մանաւանդ առցանց,
քերականութեան դասագրքերը՝ այսօրուան համաշխարհային լեզուագիտութեան
հիմունքներու վրայ, առցանց ուղղագրիչներն ու քերականիչները )եթէ նման բառ ալ
կարելի է ստեղծել( կամ ինքնասրբագրիչ յայտագիրները, որոնք գրաշարած ատենդ
իսկ քեզի կը յուշեն գրելու ճիշդ ձեւը. բայց նաեւ այդ ճիշդ ուղղագրութիւնն ու
քերականութիւնը հաստատող կաճառը, որ վերջ գտնէ արեւմտահայերէնի այն
անտիրական վիճակը որ առկայ է այսօր։ Բայց երկրորդ հերթին, եւ ոչ նուազ կարեւոր՝
այդ լեզուն ապրեցնող գրականութիւնը, որուն մշակները նոյնպէս կարիքը ունին
խրախուսանքի՝ նիւթական թէ բարոյական։
Այստեղ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարցը դրուեցաւ։ Շատ տարբեր
չէ արեւելահայերէնի պաշտպանութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կÿընդգկէ նաեւ
տնտեսական ոլորտը, իր բոլոր երեսներով։

Ահա ինչ դիրքերու վրայ պիտի մղուի մեր գոյամարտը։ Սա լեզուի
պաշտպանութեան հարց չէ պարզապէս։ Սա ինքնութեան պաշտպանութեան հարց է,
մեր ազգային գոյութեա՛ն հարցն է։
Ով ունի ունկն...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-01-16 )1702(

Monday, February 13, 2012

Խաղն ու իրականութիւնը - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Խաղն ու իրականութիւնը
Ազգային ճակատագրով մտահոգ ընկեր մը ուշադրութեանս յանձնեց
դասախօսութիւն մը որ John Hunter անուն դաստիարակ մը տուած է TED Talk
համացանցային յայտագրին վրայ, ուր ան կը ներկայացնէ 1978-ին ստեղծած իր մէկ
աշխարհա-քաղաքական վարժութիւնը՝ World Peace Game )Համաշխարհային
խաղաղութեան խաղը(՝ ամերիկեան հանրային դպրոց յաճախող աշակերտներուն
համար։ Խաղին նպատակն է աշակերտները իրազեկ դարձնել աշխարհի հարցերուն ու
վարժեցնել »ինքնատիպ, ստեղծագործ ու բաց սիրտ լուծումներ« գտնելու այդ
հարցերուն՝ առանց նախապաշարումներու, մեկնելով իրենց անփորձ, անմեղ ու
մատղաշ վիճակներէն։
- Արդեօ՞ք, - հարց կու տայ ընկերս, - կրնանք մենք ալ թուրքերուն հետ մեր
հակամարտութիւնը լուծել այն ձեւով, որ այդ խաղի դրուագներէն մէկուն մէջ լուծում
կը ստանայ երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ պայթուցիկ կացութիւն մը։

Ո՞ր դրուագին մասին է խօսքը։ Ան կը վերաբերի Նին ցեղին, որուն բնակած
հողատարածքին դրացի երկրի անմիջական սահմանակից շրջանին մէջ, ուր ոսկիի
հանքեր գտնուած են ու պիտի պեղուին շահագործուելու համար, կը բացայայտուին
Նինի նախահայրերու աճիւնները։ Ըստ այդ ժողովուրդի կրօնական
հաւատալիքներուն, այդ տարածքները սրբազան վայրեր են, ու նախահայրերու
ոսկերտիքը պէտք չէ տեղափոխուին կամ խանգարուին որեւէ ձեւով։ Առաւել՝ այդ
հողերը կը նկատուին որպէս սեփական հայրենական տարածքներ։ Առ այդ նիները
իրենց պարտականութիւնը կը համարեն ներխուժել սահմանակից այդ շրջանը ու
գրաւել զայն՝ պատուելու ու պաշտպանելու համար նախահայրերու աճիւնները,
նոյնիսկ եթէ այլ ժողովուրդի մը կը պատկանին այդ հողերը ներկայիս։
Ստեղծուած է պիրկ ու անել կացութիւն։ Հարուստ դրացի երկիրը կը
յայտարարէ, որ նիները իրաւունք չունին իրենց սահմաններուն մէջ ապրելու, ու կը
պատրաստուի պատերազմի՝ դուրս դնելու համար զանոնք։ Խաղի զանազան
հանգրուաններուն կարելի չÿըլլար որեւէ ընդունելի լուծում գտնել։ Պրկումը կÿաճի։
Յանկարծ հարուստ երկրի վարչապետուհին ներշնչում մը կÿունենայ –
կÿորոշէ կրօնափոխ ըլլալ ու որդեգրել Նինի կրօնքը, ու կÿանցնի անոնց կողմը։ Հարցը
կը տարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան առջեւ, որ սակայն որեւէ որոշում
չի կրնար առնել նման աննախընթաց կացութեան առջեւ։ Բայց պրկումը կը փարատի
անմիջապէս, ու նիները դաշնակից մը կը գտնեն իրենց նախկին թշնամիին մօտ, ու կը
յաջողին համաձայնութեան մը հասնիլ դրացի երկրին հետ։
Խաղը հոս կը վերջանայ, գէթ մենք անտեղեակ մը մնանք թէ ի՛նչ տեսակ
համաձայնութեան կու գան հակամարտող կողմերը։

Նամակակից ընկերոջս հարցադրումին մէջ, կ'ենթադրեմ, մենք՝ հայերս այդ
Նինի կացութեան մէջ կը գտնուինք մասամբ, քանի որ մեր ալ նախահայրերու
աճիւնները սահմանին միւս կողմը կը գտնուին։ Մենք սակայն չենք ներխուժած
)տակաւին( մեր պապենական հողերը՝ փրկելու համար մեր պատիւն ու
սրբութիւնները։ Անարդարութիւն կրած կողմը մենք ենք, բայց որեւէ մէկուն վրայ չենք
յարձակած ֆիզիքապէս, չենք գրաւած կամ չենք ազատագրած մեր պապենական
հողերը։ Ու հակառակ ատոր, թշնամիին կողմէ տակաւին դատապարտման
կ'ենթարկուինք, նոյնիսկ երբ մեր իրաւունքներուն մասին կը խօսի՛նք միայն։ Այո,
կացութիւնը պիրկ է, ու բարւոք լուծումի կը սպասէ։ Խաղին մէջ, սակայն, այդ լուծումը
կու գայ հակառակո՛րդ կողմէն։
Ի՞նչ կրնայ ընել այդ կողմը։
Ըսէ՞ »կ'ընդունիմ մեղքս, պատրաստ եմ ձեր ուզածը կատարելու, ահա ձեզի
լայն հողատարածքներ՝ միացուցէք ՀՀ տարածքին, ընդլայնեցէք ձեր երկրի
տարածութիւնը, ունեցէք ելք դէպի Սեւ ծով, ահա նաեւ նիւթական համապատասխան
հատուցում, որ քանի մը հարիւր տարի պիտի օժանդակէ ձեզի՝ ձեր տնտեսութիւնը
ամրապնդելու համար. եկէք ստորագրենք հաշտութեան դաշինք ու վերջ տանք մեր
թշնամութեան«... Այս բոլորը նորութիւն չեն ըլլար, ի հարկէ։ Ուզուած բաներ են... մե՛ր
կողմէ։ Իսկ եթէ յանկարծ, Նինի թշնամի երկրի վարչապետին պէս՝ Թուրքիոյ
վարչապետը յայտարարէ, որ իր երկրի միլիոնաւոր քաղաքացիներուն նման, ինքն ալ
հայկական ծագում ունի, ու պատրաստ է երկրին սահմանները բանալու՝ որ արտերկրի
իր ազգակիցներն ալ վերադառնան իրենց տուները, պատրաստ է նաեւ երկրին անունն
ալ փոխելու ու զայն կոչելու Հայաստան, որպէսզի թուրք ամօթալի անունը այլեւս
գոյութիւն իսկ չունենայ։ Ասիկա՛ կÿըլլայ անսպասելի լուծում...
Իսկ մեր պարագային, կա՞ն քայլեր որ մե՛նք կրնանք առնել։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս
կրնանք խաղալ այդ Համաշխարհային խաղաղութեան խաղը։ Ի՞նչ »նոր« առաջարկ
կրնանք ընել։
Ի հարկէ, առաջին ու հիմնական ակնկալութիւնը որ թշնամին կը սպասէ մեզմէ՝
այն յայտարարութիւնն է, որ ՀՀ իշխանութիւնը կրնայ ընել, թէ Հայաստանը հողային
ոչ մէկ պահանջք ունի Թուրքիայէն, որուն համար ալ մեծ երեւակայութեան մը պէտք
չկայ, եւ որ սակայն չի համապատասխաներ հայութեան իղձերուն եւ երազներուն,
յատկապէս սփիւռքահայութեան, որ ժառանգորդն է տեղահանուած
արեւմտահայութեան։

Անակնկալը կ'ըլլայ եթէ Սփիւռքի հայութի՛ւնը ընէ նման յայտարարութիւն )ինչ
որ Նինի ցեղախումբի օրինակին ճիշդ հակառակ պատկերը պիտի ներկայացնէ(։
Առաջարկե՞նք, որ մենք Թուրքիայէն ոչ թէ հողատարածքներ կ'ուզենք առնել
ու Հայաստանի Հանրապետութեան կցել, այլ պարզապէս կը պահանջենք մեր
իրաւունքը՝ վերադառնալու մեր հայրերու, մեծ հայրերու կամ մեծ-մեծ հայրերու
բնակավայրերը, ու հոն ապրելու։ Կամ՝ քիչ մըն ալ աւելի յանդուգն կերպով՝ Թուրքիոյ
մէջ ստեղծել հայկական ինքնավար շրջաններ )անշուշտ այս ալ նորութիւն չէ վերջին
հաշուով...(։
Թէ ոչ – ու ասիկա մարդու մտքէ պիտի չանցնէր – Հայաստան ու Սփիւռք
միասնաբար յայտարարեն, որ վերջակէտ կը դնեն Հայաստանի իբր առանձինն
պետութիւն գոյութեան, ներկայ հողատարածքը կը միացնեն Թուրքիոյ, ու կը ստեղծեն
նոր երկիր մը, թերեւս Թուրքեւհայ )կամ ալ՝ քիւրտերուն ալ մասնակցութեամբ՝
Թուրք-Հայ-Քիւրտ Դաշնակցային Հանրապետութիւնը, ուր կրնան երեք
ժողովուրդները ապրիլ ու ստեղծագործել ազատօրէն, պահելով սեփական լեզու եւ
մշակոյթ, որպէս դարաւո՜ր եղբայր ժողովուրդներ...
Իսկ եթէ յանկարծ վրացիներն ու ազերիներն ալ միանան, ու ստեղծուի Փոքր
Ասիա-Կովկաս Միութիւնը, Եւրոպական Միութեան նման։ Բոլոր հարցերը լուծուած
չե՞ն ըլլար, ներառեալ Արցախի ու æաւախքի առկախ հարցերը...
Հեռանիստ ընկերս իր ել-նամակին մէջ նաեւ հարց կու տար, թէ միթէ Հրանդ
Տինք նման երազ մը չէ՞ր հետապնդեր թէկուզ իր տոն-քիշոտեան ձեւով։
Ճոն Հանթըրի ստեղծած Համաշխարհային խաղաղութեան խաղով, այո, շատ
մեծ խնդիրներ կրնան թերեւս անսպասելի լուծումներու յանգիլ։ Իսկ երբ խաղէն
անցնինք իրականութեա՞ն...

Saturday, February 11, 2012

Հայտարփաշայի Շոգեկառքի Կայարանը - 104 տարուայ ականատեսը հանգստեան կը կոչուի

Օշին Էլակէօզի այս յօդուածը պատմական զգացախառն վկայութիւն մըն է , որուն համար հեղինակը արժանի է ծափահարութեան : «Նշանակ» բարձր կը գնահատէ Էլակէօզի տուած պատմական կարեւոր պատահարներու փաստերը աշխարհագրական այս շրջանին մէջ , որուն դիմագիծը մի քանի տարուան ընթացքին պիտի զգենու այլ կերպարանք: Խմբագրութեան եւ ընթերցողներու կողմէ շնորհակալութիւն սիրելի Օշին Էլակէօզին:

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Անցեալները Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը յայտարարեց թէ Պոլսոյ պատմական խորհրդանշաններէն մէկը եղող Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանը, 1 Փետրուար թուականէն սկսեալ երկու տարուայ համար պիտի փակուի : Այս ժամանակամիջոցին, կայարանը պիտի նորոգուի ու յետոյ պիտի վերաբացուի մասամբ իբրև պանդոկ և մասամբ իբրև մշակութային կեդրոն:

Անցեալ կիրակի նկարչութեան գործիքս առի, ու գացի կայարան որպէսզի վերջին անգամ ելլալով զայն նկարեմ ու պատմական յիշատակ մը ըլլալով պահեմ։Կայարանը գրեթէ բոլորովին պարապ էր:Չկային այլեւս այն ճամբորդները որոնք աճապարանքով կը վազէին ձախ ու աջ:Լքուած վակոններուն մէջ կատուներ կը պտտէին միայն, ու ինծի նման քանի մը նկարիչներ:Յանկարծ ետեւէս ձայներ լսեցի. լաց, կոծ, պոռչտուք մարդիկ կը պոռային կարգախօսներ կ՛արձակէին:Ետ կը դառնամ մարդ չկայ ձախ ու աջ կը նայիմ մարդ չկայ:Հեռուն քարի մը վրայ աղբահաւաք մը նստած ծխախոտը կը ծխէ:Ձայները կը շարունակուին:Լա՜ց ու կոծ, արցունք անէծք իրար կը խառնուին: Անդրադարձայ թէ այս ձայները երեւակայական ձայներ էին, որոնք կը բխէին իմ ենթագիտակցութենէս: Յիշեցի կայարանի 104 տարուայ պատմութիւնը եւ անդրադարձայ թէ Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանը որքա՜ն տխուր յիշատակներ ունի Պոլսոյ փոքրամասնութիւններուն համար, քանի որ ան իր 104 տարուայ կեանքին մէջ, Պոլսոյ փոքրամասնութիւններուն ապրած ողբերգութիւններուն ամենամեծ ականատեսներէն մէկը եղած է :

Կայարանի շինութիւնը սկսած է Սուլթան Համիտի շրջանին, 30 Մայիս 1906 թուականին Օթթօ Ռիթթէր և Հէլմուդ Քունօ անունով երկու Գերմանացի ճարտարապետներու կողմէ և աւարտած է 1908 թուականին: Կայարանը, նախ իր եօթը տարեկան հասակին ականատես եղած է 1915 ին Պոլիսէն դէպի անվերադարձ վայրեր աքսորուող Պոլսահայ մտաւորականներու ողբերգութեան:Գրիգոր Զոհրապներ, Ռուբէն Սևակներ, Սիամանթօներ, Դանիէլ Վարուժաններ, եւ ուրիշներ։ Շուրջ 220 Հայ մտաւորականներ իրենց մահուան ճամբորդութեան սկսան այս կայարանէն:Անոնք վերջին անգամ Պոլիսը այս կայարանէն դիտեցին։Անոնք իրենց անվերադարձ ճամբորդութենէն առաջ վերջին անգամ այս կայարանի սանդուխներու վրայ հրաժեշտ առին իրենց հարազատներէն:Լաց ու կոծ, կործանած ընտանիքներ, քանդուած երազներ ։Կիներ բաժնուած իրենց ամուսիններէն, զաւակներ իրենց հայրերէն, մայրը իր զաւկէն, եղբայրը իր եղբօրմէն։ Երանի թէ կայարանը լեզու ունենար որպէսզի խօսէր ու պատմէր այդ օր ապրուածները։

Յետոյ 1942 թուականին , օրուան կառավարութիւնը կազմող կուսակցութիւնը, որ այսօր եւ գոյութիւն ունի ու Թուրքիոյ ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւնն է, երկիրը իր մէջ գտնուած ծանր տնտեսական պայմաններէն ազատելու պատրուակով <<ունևորութեան տուրք>> կոչուած տուրք մը որդեգրեց որ պատրուակ մըն էր ոչ իսլամական փոքրամասնութիւնները հարստահարել, ու անոնց պատկանող բոլոր դրամագլուխը իսլամականներուն ձեռքը անցնել:Ուստի տուրքին 87 տոկոսը բեռնաւորուեցաւ ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու ուսերուն, որոնք ստիպուեցան բոլոր իրենց պատկանող ինչքերը ոչինչ գինով ծախել Թուրք հայրենակիցներուն որպէսզի փրկուին Էրզուրում աքսորուելէ որովհետեւ անոնք հաւատացած էին, աքսորման պարագային, հոն պիտի սպաննուէին: Անոնցմէ շուրջ 1229 հոգի չի յաջողելով իրենցմէ պահանջուած տուրքը վճարել ի վերջոյ Հայտարփաշայի կայարանէն աքսորուեցան Էրզուրում - Աշգալէ:Նորէն լաց ու կոծ, կործանած ընտանիքներ, քանդուած երազներ, ողբերգութիւն եւ ... նորէն Հայտարփաշայի կայարանը:

Աւելի վերջ 6 Սեպտեմբեր 1955 թուականին, Յոյներու դէմ 6-7 Սեպտեմբերի աւերը իրականացնող խուժանին մէկ մասը նախապէս ծրագրուած կազմակերպութիւնով մը, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն հաւաքուեցաւ ու բերուեցաւ Պոլիս որպէսզի 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրականացնեն:

6 Սեպտեմբերի գիշեր Յոյն ծագում ունեցող հայրենակիցներու դէմ սկսող թալանը 9 ժամ տեւեց ու 7 Սեպտեմբերին առաւօտեան դէմ դադրեցաւ: Այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ սպաննուեցան 15 Յոյն ու 1 Հայ հայրենակիցներ, ծանր կերպով վիրաւորուեցան երեսուներկու Յոյն հայրենակիցներ: Կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուեցան : Չորս հազարէ աւելի տուն,շուրջ հազար գործատեղի, եօթանասուն երեք եկեղեցիներ, երկու վանք, քսան երեք դպրոց եւ հինգ հազարի մօտ այլ շէնքեր քանդուեցան կամ վնասուեցան:

Այս դէպքերէն վերջ, Թուրքիոյ Յոյն փոքրամասնութեան մեծ մասը իրենք զիրենք Թուրքիոյ մէջ այլևս ապահով չզգալու պատճառով լքեցին իրենց պապերուն հազարամեայ հողերը ու հեռացան այս երկրէն: Այս թալանը կատարելու նպատակով Իզմիթէն եւ Ատաբազարէն եկողները Պոլիս եկած էին Հայտարփաշայի կայարանէն:

Հայտարփաշայի կայարանը երկու տարի վերջ պիտի վերաբացուի իբրեւ պանդոկ եւ մշակութային կեդրոն:

Երբեմնի ողբերգութեանց հաւաքավայրը պիտի վերածուի խնջոյքի ու վայելքներու կեդրոնի:Հինէն լաց ու կոծ բարձրացող շէնքէն վաղը պիտի բարձրանան ուրախութեան ձայներ :Հինէն մեծ թիւով ընտանիքներու կործանումի ու իրարմէ բաժանման վայրը եղող շէնքին մէջ վաղը նոր ընտանիքներ պիտի կազմուին, հարսնիքներ պիտի կատարուին, ուրախութեան եւ երջանկութեան վայրի մը պիտի վերածուի:

Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու ողբերգութեան վրայ երջանկութիւն հիմնել:Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու լաց ու կոծի վրայ զուարճանալ :Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու քանդուած ընտանիքներու վրայ երջանիկ ընտանիքներ կազմել: Միթէ կարելի՞ է հազարումէկ անէծքներ տեղացուած վայրի մը մէջ բարեմաղթանք ընել:

Երկու տարի վերջ երբ Հայտարփաշայի կայարանը վերաբացուի իբրեւ պանդոկ ու մշակոյթի կեդրոն հոն զուարճացող ժողովուրդը արդեօք պիտի լսէ՞ հեռուէն լացի ու կոծի ձայներ:Անոնք պիտի մտածե՞ն արդեօք թէ տարիներ առաջ հոն ուր հիմա իրենք կը զուարճանան շատեր իրենց արցունքը հոսեցուցած են:

Ոչ̕ , քանի որ այս աշխարհի վրայ ամէն ոք կ'ապրի իր սեփական վիշտը եւ ամէն ազգ կ'ապրի իր ազգային ողբերգութիւնը :

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 7 Փետրուար 2012