Յայտարարութիւն

Friday, March 23, 2012

Մեր «ժամանցն ու զբօսը» - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Մեր «ժամանցն ու զբօսը»
- Վաղը կարծեմ համերգ մը կայ Պոլսահայ միութեան շարքին մէջ, երթա՞նք։
- Երթա՛նք։ Տեղ մնացա՞ծ է արդեօք։
Այսպէս, ամբո՛ղջ կեանք մը ապրեցանք՝ մեր ժամանցի ու զբօսի ժամերը
առաջին հերթին յատկացնելով հայկական ձեռնարկներուն։ Ի՛նչ ալ ըլլար առիթը, հայ
երաժի՞շտ մը ելոյթ պիտի ունենար, հայ արուեստագէ՞տ մը ցուցահանդէս պիտի տար,
Հայաստանէն խո՞ւմբ մը բեմ պիտի ելլէր, թէ հայկական շարժանկար մը պիտի
ցուցադրուէր, հո՛ն պիտի երթայինք, մեր նախընտրութիւնը անո՛նց պիտի տայինք։
Մեզի համար պարզապէս հետաքրքրութեան խնդիր չէր։ Այդ բոլորը քաջալերելու
պարտաւորութիւն մը կը զգայինք։ Նախանձախնդրութիւն մը։ Նոյնիսկ
արժանապատուութեան հարց կար։ Սրահը պէտք է լեցուէր, ձեռնարկը պէտք
է յաջողէր, արուեստագէտը կամ արուեստագէտները պէտք էին զգալ, որ համայնքը
իրենց կռնակն էր, որ մինակ չէին, որ կը գնահատուէին հաւաքականութեան կողմէ։ Եւ
ասիկա՝ ո՛ր »կողմ«ն ալ որ ըլլար կազմակերպողը։ Արդէն հատուածականութիւնը չէր
կրնար տեղ ունենալ երբ հարցը մեր մշակոյթին կը վերաբերէր։ Այսպէ՛ս
դաստիարակուած էինք։ Մե՛ր սերունդը այդպէս սորված էր։

Անգամ հեռաւորութիւնները մեզ չէին կրնար սանձել, մեր խանդավառութիւնը
մարել։ Շերպրուքի գեղարուեստից թանգարանը Քարշի ու Մալեքի լուսանկարչական
ժառանգութեան նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէ՞ս ունէր. խումբ պիտի ըլլայինք
ու մի քանի ինքնաշարժով պիտի քշէինք երկու ժամ, մեր կիրակին այդ թանգարանը
այցելելու պիտի յատկացնէինք, ցոյց տալով նաեւ թանգարանին, որ երբ իրենք հայ
արուեստագէտներ, կամ անոնց յիշատակն ու վաստակը կը յարգեն, մենք ալ իրենց
այդ նախաձեռնութիւնը կը գնահատենք։ Ի դէպ, այդ օրն էր, որ առաջին անգամ
ըլլալով տեսանք աշխարհահռչակ գանատացի այդ արուեստագէտներու անունները
)թէկուզ փակագիծի մէջ( յիշուած որպէս Քարշեան եւ Մալեքեան...

Կամ մինչեւ Օթթաուա պիտի երթայինք՝ ՀՀ դեսպանատան առջեւ կերտուած ու
յաւերժական Հայաստանին նուիրուած տուֆէ արձանի բացումին ներկայ ըլլալու,
մինչեւ Քեպէգ՝ Կոմիտասի կիսանդրիին զետեղման առթիւ, կամ նոյնիսկ՝ Հայաստանէն
պատանիներու պարախումբի մը խեղճ ելոյթին ներկայ ըլլալու համար։
Նոյն տրամաբանութեամբ, պիտի չբացակայէինք մեր ձեռնարկներէն, կամ
հայաստանեան բառով՝ միջոցառումներէն։ Շաբթուան երեկոները
դասախօսութիւննե՞ր պիտի ըլլային, գրքերու շնորհահանդէսնե՞ր, միջինքի
ընթրիքնե՞ր, աւագ շաբթու արարողութիւննե՞ր – հո՛ն էինք մենք, որքան ալ որ
աշխատանքէ յոգնած կամ ո՛ւշ վերադարձած ըլլայինք տուն։ Շաբաթ երեկոները
խրախճանքներ կային, ճաշկերոյթներ, դպրոցին, կեդրոնին կամ եկեղեցւոյն համար՝
հանգանակային նախաձեռնութիւններ, զանազան կազմակերպութիւններու իրարու
յաջորդող տարեկան պարահանդէսներ, կիրակի ցերեկները՝ դաշտագնացութիւններ,
հոգեհանգիստներ, խաղողօրհնէք ու սկաուտական տողանցք, իսկ կիրակի երեկոները՝
ազգային ոգեկոչումներ, ինչպէս՝ Արցախի ու Փետրուարեան ապստամբութեան, Մեծ
Եղեռնի, Մայիս 28-ի, Հայաստանի վերանկախացման, կամ Հ.Յ.Դ. Օրուան,
որոնցմէ բացակայիլը մեղանչում կը նկատէինք, թէկուզ ամեն տարի յար եւ նման
ըլլային այդ բոլորը նախորդ տարուան կատարուածներուն, իսկ Ապրիլ 24-ի առթիւ
մեր ձեռնարկներուն գանատացի քաղաքական դէմքերու ունեցած ելոյթները համը
փախցնելու աստիճան կրկնութիւններ ըլլային, Օթթաուա՝ Խորհրդարանին առջեւ մեր
բողոքի ցոյցին, թէ այստեղ՝ մեր հանդիսասրահներուն մէջ։ Եւ չմոռնանք դպրոցական
հանդէսները, որոնց ոչ միայն ծնողք կամ մեծ ծնողք ներկայ պիտի ըլլայինք, այլեւ իբր
վարչական մեր կազմակերպութիւններէն որեւէ մէկուն, հրաւիրուած՝ այդ
կազմակերպութիւնը ներկայացնելու, ամե՛ն տարի, ամե՛ն տարի։

Տակաւին կային շաբաթավերջներ, որոնք պիտի տրամադրէինք մշակութային
համախմբումներու, մարզական մրցաշարքներու, արտակարգ ժողովներու, շրջանային
ժողովներու, լսարաններու, խորհրդաժողովներու եւ մասամբ նորին։
Մեզմէ ոմանք, երբ աւելի պատասխանատու մարմիններու անդամ պիտի
ըլլային՝ նոյնիսկ շաբաթով կամ երկու-երեք շաբաթով պիտի բացակայէին տունէն,
երկրէն ալ՝ ժողովներու կամ այլ համահայկական բնոյթի քաղաքական, մարզական
կամ մշակութային նախաձեռնութիւններու մասնակցելու համար։
Ոչ միայն մեր օրուան հանգիստի ժամերը, շաբթուան հանգիստի օրերը, այլեւ
նոյնիսկ մեր տարեկան արձակուրդները պիտի սպառէին այդ նպատակով, կամ պիտի
պատշաճեցուէին՝ չխաչաձեւելու համար մեր պարտականութիւնները։
Չզարմանաք, եթէ աւելցնեմ, որ նոյնիսկ երբ զուտ անձնական, ո՛չ հաւաքական
միջոցառման մը մէջ ըլլայինք, մեր շուրջ հայե՛ր պիտի փնտռէինք – համերգի՞ մը
գացած ըլլայինք՝ պիտի զննէինք սրահը, տեսնելու համար որ ուրիշ հայեր ալ կայի՞ն,
Գէյփ Գոտ կամ Ֆլորիտա ծովեզերքը հանգի՞ստ պիտի ընէինք, լողափին կամ
երեկոյեան՝ ճաշարանները պիտի նայէինք, որ ծանօթի պիտի հանդիպէի՞նք... Իսկ
տունը, մեր ընտանեկան հանդիպումներուն, տարեդարձներուն, բարեկամական
այցելութիւններուն, կրնա՞ր պատահիլ, որ խօսակցութիւնը չգար, չյանգէր մեր
ազգային խնդիրներուն, ցաւերուն՝ ձուլման, արտագաղթին, կամ մեր պայքարներուն՝
բոլոր ճակատներուն վրայ։

Այո, այսպէ՛ս դաստիարակուած , այսպէ՛ս մեծցած էինք՝ պանդխտութեան մէջ
հաւաքական պատկանելութեան զգացումով, սփիւռքացած ըլլալով հանդերձ՝ ազգին
մա՛ս կազմելով, Հայրենիքէն դուրս ապրիլը փոխարինելով Հայրենիքին համար,
հայութեան համար ապրելու թէկուզ խաբուսիկ, թէկուզ մտացածին այդ ապրումով։
Դուրսէն դիտողը, մանաւանդ առաջին անգամ Սփիւռք եկող հայրենի այցելուն,
փոքրիկ Հայաստաններ տեսաւ այստեղ։ Ես երբ առիթը ունեցայ այցելելու մեր
այլազան գաղութները, Ամերիկա, Եւրոպա, Միջին Արեւելք թէ Աւստրալիա, տեսայ
փշուր-փշուր Հայաստան մը։ Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար այդ փշուրներէն վերստին
երկի՛ր ստեղծել...
Իսկ հիմա, որ դարձեալ կը մտածեմ այս բոլորին մասին, փշուր-փշուր
հայրենիքէն աւելի փշուր-փշուր ազգը կը տեսնեմ, ամեն մէկս Հայաստան մը, ամեն
մէկս մասնիկ մը այդ Հայաստանէն։ Արդէն աւելի բարդ, աւելի դժուար լուծելի
թնճկախաղ մը, puzzle մը։
Այդ բոլոր միլիոնաւո՛ր կտորները քով-քովի բերողը ու ճիշդ տեղը մտցնողը ո՞վ
կրնայ ըլլալ, ո՞ր կազմակերպութիւնը՝ կուսակցութիւնը կամ եկեղեցին։ Դատարկուող
Երկիրը ո՞վ կրնայ ետ լեցնել, վերստեղծել։ Այդ հրաշագործ ճիպոտը միայն Հայոց
հայրենիքը կրնայ ունենալ, կամ այդ հրաշագործ սոսինձը միայն հայ
պետականութիւնը կրնայ հանդիսանալ։
Ատոր կը գիտակցի՞ ան։ Կը գիտակցի՞նք մենք՝ հին թէ նո՛ր սերունդներս։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-03-19 )1707(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Friday, March 16, 2012

Բաժնէ՛, կը տիրես...- ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ

Արամ Քէթէնճեանը ՝ միշտ համեստ, միշտ սրտցաւ, միշտ սրտբաց:
Կարդացէք Արամ բանաստեղծին պարզ բայց բովանդակալից յօդուածը գրուած 2006ին: Ան ժամանակավրէպ պիտի չըլլայ 3006 թուականին ալ , սիրելի Արամ, այնքան ատեն որ մարդը գոյութիւն ունի աշխարհի երեսին:
Սուրիան պիտի չընկրկի ու պիտի մնայ կանգուն ինչպէս Ծառուկեան կ'ըսէ ՝ «թէ արեւներն իսկ փլին ու ճամբաներն ըլլան դժոխք ու արիւն»...Դժբաղդաբար , մեզի համար օրինակելի Արեւմուտքը այսօր կորսնցուցած է իր բարոյական դիմագիծը: Ճիշտ կը հաստատէ Արամ, որ կայսրութիւններ այսօր պատմութեան մէջ կը յիշուին թէ օր մը գոյութիւն ունեցած են...: Միացեալ Նահանգներով ղեկավարուած Արեւմտեան Կայսրութիւնը , Միջին Արեւելքի մէջ Համատներով ու Էրտողաններով ներկայացուած՝ աւելի կանուխ քան ուշ ՝ պիտի ընկղմի եւ դառնայ այն ինչ որ դարձաւ Հռովմէականը կամ այլք: Միացեալ կոչուած Նահանգները այս ընթացքով պիտի դառնան «Բաժանուած» Նահանգներ,այն «Նահանգներ»ը զորս ելած են բաժնելու ՝ որ տիրեն...
Ասկէ մօտ քառասուն տարի առաջ Նշան փալանճեան Ճեմարանի ուսուցչուհիներէն մին կ'ըսէր ու կը կրկնէր ՝ « յաջորդ քրիստոսը դեղին ցեղէն պիտի գայ » , անշուշտ ան չէր ակնարկէր Քրիստոսի գալստեան այլ իր ըսածին այլաբանական իմաստ տալով կը նախատեսէր Ճերմակ ցեղի անկումը , որոնց պարագլուխն էր «Աւետեաց Երկիր» Միացեալ Նահանգները:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Սիրելի Ընկեր Նշան ,
Բարեւ

Ձեր երկրին (Քէթէնճեան կ'ակնարկէ Սուրիոյ - Ն) լուրերը մտահոգիչ են. կը յուսանք որ բարիով խափանուին չարախորհուդ մարդկանց նպատակները եւ ժողովուրդն ու յատկապէս հայութիւնը վերագտնէ առողջ վիճակն ու անդորր կեանքը:

Ինչպէս կը նկատէք, որ նամակիս կը կցեմ վեց տարիներ առաջ գրած յօդուածներէս մին, ՆՇԱՆԱԿ ին մէջ հրատարակելու խնդրանքով անշուշտ եթէ յարմար կը նկատէք նախ իր բովանդակութեամբ ապա մակարդակով: Գիտէք՝ ես արձակագիր չեմ , սակայն փորձած եմ քանի մը յօդուածներ գրել:
Կը խնդրեմ ամենայն հարազատութեամբ պարզել Ձեր կարծիքը. անկեղծօրէն կը փափաքիմ Նշանակին անունը մշտապէս փայլուն տեսնել: Եթէ յարմար է հրատարակութեան՝ ապա կը խնդրեմ սրբագրել ինչ որ կարեւոր կը նկատէք:

Անկեղծօրէն՝
Արամ

xxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxx

Երկու բայերու մէջ ամփոփուած ցաւալի իրականութիւն, որն դարձած է հանրայայտ ու նշմարելի եւ իբրեւ նշանաբան՝ աներեւութապէս ի գործ կը դրուի խաւարը սիրողներուն կամ սիրոյ գաղափարը չ՛ընդունողներուն կողմէ: Բացառութիւնները յարգելով, այս կերպը կ՛որդեգրուի պետութեանց, դիւանագէտներու, քաղաքական գործիչներու, գործատէրերու, եւ պատասխանատուներու կողմէ՝ դիւրաբար տիրելու կամ «Աթոռ»ը չկորսնցնելու նպատակով:
Ցաւօք սրտի, յիշեալներու կողքին կան անհատներ, յաճախ նոյնիսկ ազգականներ ու բարեկամներ, որոնք ընկերական կամ ազգականական գեղեցիկ կապը անտեսելով, կը դիմեն սատանայական ճանապարհներու եւ կ՛ընեն այն՝ ինչ իրենց շահը կը պահանջէ եւ անարդար ցանկութիւնները կը գոհացնէ, նոյն ատեն պառակտումի սերմը կը ցանէ հարազատներուն միջեւ հասցնելով զայն ատելութեան աստիճանի:
Լաւ ազգ մը կը ճանչցուի իր զանազան խաւերու միասնականութեամբ, որուն հիմքը սէրն է անպատճառ:
Ընկերութիւն մը կը զարգանայ ու կը գոյատեւէ հասարակութեան անխոնջ ու արդիւնաբեր աշխատանքով եթէ հոն սէր ըլլայ:
Վարժարան մը տպաւորիչ կ՛ըլլայ իր յաջողութեան տոկոսով եւ այդ չիրագործուիր, եթէ ուսման կողքին չ՛ըլլայ սիրով լի փոխադարձ յարաբերութիւն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ մէկ կողմէ եւ աշակերտութեան միջեւ՝ միւս կողմէ:
Գերդաստան մը , ընտանիք մը կը փայլին իրենց շրջանապատին մէջ եթէ անոնց բոլոր անդամները իրարու հանդէպ ըլլան անկեղծ ու միակամ :
Իսկ այս բոլորը կ'իրականանան երբ ի գործ դրուի Քրիստոսի « Սիրէ՛ եղբայրդ քու անձիդ պէս» խորհուրդը:
Սէրը պէտք է լուսաւորէ խաւար մտքերն ու անօրէն ճանապարհները. կեղծաւորները պարտին մոռնալ առժամեայ եւ անցողական գանձերը ու գործեն սիրով եւ համախմբուած. պէտք է հաւատան, որ արդարութիւնն է յաւիտենականը:
Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, քանի-քանի կայսրութիւններ ու թագաւորութիւններ եկան ու անցան. որքա՜ն աթոռներ թափուր մնացին կամ ուրիշին սեփականութիւնը դարձան. որքան չար մարդիկ աննշան մնացին:
Միայն Աստուծոյ պարգեւած սէրն ու անոր վրայ հիմնուած գործն է , որ պիտի ապրի յաւիտեան:

Արամ Սրկ. Քէթէնճեան

Պաղտատ, 2006թ.

Thursday, March 15, 2012

Պոլսոյ Կարօտը - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

«Նոսթալժի» ի մը պատմութիւնն է Օշին Էլակէօզի պատմութիւնը: Իր հարազատութեան համար զայն կը հրապարակենք: Ո՞վ կարօտ չունի իր սրտին մէջ մանաւանդ այսօր , երբ նոյն քաղաքին մէջ արիւնակիցներ տասնեակ մղոններով հեռու են իրարմէ . իսկ, ամենէն վտանգաւորը , չըսելու համար միլիարաւոր՝ միլիոնաւոր մղոններով սրտերը հեռու են սրտերէ...

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Մօրեղբայրս Պերճ Ագչա, 1915 թուականին Անգարայէն աքսորուած ու ճամբան իր անդամներէն վեցը զոհ տուած մեծմօրս երկրորդ զաւակն էր: Ան քառասուներկու տարի առաջ ամուսնացած էր քեռկնոջս հետ, որուն ընտանիքն ալ նոյն աղիտալի տարիներուն Պուրսայի Քիրմասթի գիւղէն աքսորուած, ճամբան իր ընտանիքի անդամներէն ոմանք զոհ տալէ ու զանազան արկածախնդրութիւններ ապրելէ վերջ, նախ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը գաղթած, աւելի վերջ Քան հաստատուելով Ֆրանսահպատակութիւն ստացած ընտանիքի մը թոռն էր: Զարմանալի էր , որ քառասուներկու տարիներ Ֆրանսա ապրած, հոն աշխատած ու ի վերջոյ հանգստեան կոչուած մօրեղբայրս ինքզինքը երբեք չէր կրցած Ֆրանսացի զգալ ու միշտ որպէս օտար ապրած էր այդ երկրին մէջ։Այս քառասուներկու տարիներու տեւողութեան պահած էր իր Թրքական անցագիրը ու Ֆրանսական հպատակութիւն ստանալու համար դիմում իսկ չէր ըրած:Երբ իրեն հարցնէինք թէ, ինչու հպատակութեան համար դիմում չըներ զանազան պատրուակներ կը հնարէր . բայց ես գիտէի որ ինք չափազանց կապուած ըլլալով իր արմատներուն կը հաւատար, թէ զոյգ հպատակութիւն ունենալու պարագային ինքզինքը մասամբ հեռացած պիտի զգար իր արմատներէն եւ իր սիրելի Պոլիսէն, ուր իր պատանութեան ամենագեղեցիկ տարիները անցուցած էր։ Քառասուներկու տարիներ իր միտքը միշտ Պոլիս եղած էր։Ամէն անգամ որ Պոլիս գար իր ընտանիքով, կը մտածէր տուն մը գնելու մասին: Վստահ եմ որ եթէ կարելիութիւնը ունենար շատ պիտի փափաքէր վերահաստատուիլ Պոլիս, բայց ընտանեկան պայմանները չէին արտօներ :

Վերջին անգամ երբ ընտանեօք գացած էինք Քան , գիշեր մը մեզի ըսաւ որ ընթրիքի համար մեզ յատուկ նշանակութիւն ունեցող ճաշարան մը պիտի տանի։ Ճաշարանը կը գտնուէր քաղաքէն ինքնաշարժով քսան վայրկեան հեռաւորութիւն ունեցող գիւղաքաղաքներէն մէկուն ծովեզերքը։

Երբ հասանք , անդրադարձայ որ ճաշարանը ոչ մէկ առանձնայատկութիւն ունէր։Ընդհակառակը պարզ ու սովորական ճաշարան մըն էր։ Կը մտածէի թէ ինչ պէտք կար այս ճաշարանը գալու համար այսչափ ճամբայ կտրել, քանի որ Քան քաղաքի մէջ ասկէ շատ աւելի գեղեցիկ ճաշարաններ կային։Երբ նստանք սեղանին շուրջը ու օրուան ճաշերուն ցանկը բացի, տեսայ որ ճաշերն ալ սովորական ճաշեր էին , որոնք ամենահասարակ ճաշարանի մը մէջն իսկ կարելի էր գտնել:Կնոջս հետ աչք աչքի եկանք ու հասկցայ թէ ան ալ ինծի պէս նոյն բանը կը մտածէր:Կ'ուզէի մօրեղբօրս հարցնել թէ ինչ էր այս ճաշարանին յատկութիւնը բայց կ'ամչնայի։Ի վերջոյ երբ առիթը հանդիսացաւ ՝ հարցուցի ։

Մօրեղբայրս խնդաց ու ըսաւ որ երբ մթնէ ու քաղաքին լոյսերը վառին այն ժամանակ է որ պիտի հասկնանք թէ ինչու համար մեզ հոս բերա ծ էր։

Սպասեցինք ։ Ի վերջոյ գիշէր եղաւ քաղաքին բոլոր լոյսերը վառեցան։ Կնոջս հետ անհամբերութեամբ կը սպասէինք։Քիչ վերջ մօրեղբայրս ներս գնաց եւ նեղ ու երկար, մեր օղիի գաւաթներուն նմանող չորս հատ գաւաթ առած վերադարձաւ։ Գրպանէն ըմպելիի փոքր շիշ մը հանեց ու պարպեց գաւաթներուն մէջ։Օղիի բուրումնաւէտ ու զօրաւոր հոտը ռունգերէս ներս կը թափանցէր ։Անդրադարձայ որ ճաշարանին սպասեակները վարժ էին այս կացութեան քանի որ անմիջապէս մեզի փոքրիկ դոյլ մը սառ, պանիր ու պտուղ բերին։Մօրեղբայրս գաւաթներուն մէջ օղին պարպած ժամանակ ակնոցին վրայէն մեզի նայեցաւ ու ըսաւ << այս օղին մեր երկրին օղին է >>։

Յետոյ բաժակները բարձրացուցինք, իրարու առողջութիւն մաղթեցինք ու քանի մը ումպ խմեցինք։Մօրեղբայրս գաւաթը վար դրաւ ու ըսաւ։

-Դուն հարցուցած էիր թէ ի՞նչ է այս ճաշարանին առանձնայատկութիւնը, թէ ինչու՞ համար ձեզ հոս բերի:Հիմա սա դիմացի եզերքը նայէ եւ ըսէ թէ ինչ կը տեսնես։

Ֆրանսայի Նիս կամ Քան քաղաքները այցելողները գիտեն, որ հոն ծովը եւ երկինքը յատուկ գեղեցիկ գոյն մը ունին եւ անոր համար է որ այդ ափը կը կոչուի Côte d'Azur, որ Ֆրանսերէն կը նշանակէ <<կապոյտ ափ>>։Հրաշալի ծով մը ունի, բայց ծովուն դիմացը ուրիշ ափ մը չկայ մեր Պոսֆորին պէս ուստի գիշեր ատեն երբ ծովը դիտէք ՝ մուս մութ կերեւի, բայց հոս այդպէս չէր որովհետեւ ծովուն միւս կողմը ուրիշ ափ մը գոյութիւն ունէր, ուր կար բնակութիւն : Անդրադարձայ , որ այդ տուներուն լոյսերը այնպիսի ներդաշնակութեամբ մը քով քովի վառած էին , որ երբ դիմացի ափէն դիտէիք կը նմանէին ճիշտ Փաշապահչէին, Պէյքօզի եւ Չուպուքլուի ծովեզերքին։ Հասկցայ որ մօրեղբայրս յաճախ իր օղին կ'առնէր ու այդ ճաշարանը կուգար, հոն կը նստէր, գաւաթ մը օղին կը խմէր ու ինքզինքը Պոսֆորի ափին վրայ գտնուող ձուկի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կ'երեւակայէր եւ այսպէսով Պոլսոյ կարօտը կ'առնէր :

Մօրեղբայրս մահացաւ 2009 թուականին։ Քանի մեր հանդիպումը իր հետ՝ վերջինը եղաւ ։Իր կտակին համեմատ դիակը Պոլիս բերուեցաւ եւ իր ընտանեկան գերեզմանին մէջ հողին յանձնուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան օրը տեղատարափ կ’անձրեւէր, այնքան , որ պահ մը մտահոգուեցայ թէ թաղումը պիտի ստիպուէինք յետաձգել ։

Երբ դագաղը դրուեցաւ փոսին մէջ ու վերջին քանի մը բահ հողը իր վրան կը նետէին, յիշեցի Հրանդ Տինքի հետեւեալ խօսքը .

<<Այո՝ , մենք հայերս աչք ունինք այս հողերուն վրայ որովհետև մեր արմատները հոս կը գտնուին, բայց ոչ թէ այս հողերը առնել տանելու, այլ գալ ու անոնց խորքը թաղուելու համար>>

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 17 Փետրուար 2012

Wednesday, March 14, 2012

Հայերէ՛ն գրելու, եւ հայերէնը ուղի՛ղ գրելու համար

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ

Որքա՛ն մէկ կողմէ կը դիւրանան գրաւոր հաղոդակցութիւնները՝ ելն
ամակագրութեան, կամ ընկերային կապաստեղծ կայքէջներու ընծայած միջոցներուն
շնորհիւ, այնքա՛ն միւս կողմէ կը նահանջէ հայերէնի գործածութիւնը։ Կը նահանջէ՝ մի
քանի պատճառներով։
Առաջին ու գլխաւոր պատճառը հայերէնի իմացութեան պակասն է։ Կը նուազի
թիւը հայերէնին տիրապետողներուն։ Ասիկա չի վերաբերիր միայն
արեւմտահայերէնին։
Երկրորդ պատճառը օտար լեզուներու տեւական ներկայութիւնն է մեր կեանքի
այլազան ոլորտներուն մէջ, ինչ որ քիչ առիթ կը թողու հայերէնի գործածութեան։
Ասոր ալ ի հետեւանք, նոյնիսկ հայկական վարժարան յաճախած, ու հայերէն գրելկ
արդալ սորված մարդիկ կը վարանին հայերէնով հաղորդակցելու իրենց
հարազատներուն կամ ընկերներուն հետ, որովհետեւ ճիշդ այդ գործածութեան
պակասին իսկ պատճառաւ, թէ աղքատացած է իրենց բառապաշարը, թէ ալ մոռցած
են ուղղագրութիւնը։
Երրորդ պատճառը տեղեկութեան պակասն է յաճախ՝ արդի հաղորդակցական
սարքերուն վրայ հայերէնով գրելու կարելիութիւններուն վերաբերեալ։ Կամ՝
տեղեկանալէ ետք, դժուարութիւնը կամ ծուլութիւնը՝ անհրաժեշտ ներբեռնումները
կատարելու ու հայերէն տառաշարով, տառատեսակներով եւ այլ մատչելի
դիւրութիւններով օժտուելու համար։ Ոմանց պարագային առարկայական պատճառներ
ալ կ'ըլլան՝ կապուած համակարգիչներուն կամ առձեռն սարքերուն։
Արդիւնքը՝ արդի կեանքին մաս կազմելէ կը դադրի մեր լեզուն, ու անոր
գործածութիւնը կը սահմանափակուի, մեր մեծամասնութեան մօտ, առտնին
խօսակցութիւններով, այս վերջիններն ալ՝ 20-50 տոկոս կամ աւելի օտար բառերու
ներխուժումով։

Կը նկատեմ, որ նոյնիսկ հայերէն լաւ գիտցողներ, հայերէնին տիրապետողներ,
գրողներ կամ ուսուցիչներ առանց վարանելու կամ այլ լեզուով կը գրեն, կամ ալ
հայերէնը լատինատառ կը գրեն, մեղանչելով Մեսրոպ Մաշտոցին դէմ, առանց
անդրադառնալու որ ի՛նչ կը կատարեն։ Մեր ամբողջ ընդդիմութիւնը տխրահռչակ՝
1922 թուականի ստալինեան »դեկրետ«ով պարտադրուած ուղղագրութիւնը
սրբագրելու ու դասական, Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադառնալու՝ կը դառնայ
անիմաստ, քանի որ լատինագրութիւնը մեր այբուբենի գոյութեան իսկ կը սպառնայ։

Ի՞նչ ընել։
Երկու հայորդիներ մտադրած են իրենց ամբողջ ուժերը տրամադրել հայերէնի
պահպանման ու ստեղծել յարմարութիւններ, որպէսզի վերջ գտնեն հայերէն գրելու
վարանումները, որպէսզի ամեն հայ, որ հայերէն սորված է, կարենայ առանց մեծ
դժուարութեան գործածել իր մայրենի լեզուն՝ իր գրութիւնները համակարգիչով
տառաշարած ատեն։
Այս սիւնակին մէջ, նախորդ յօդուածով )»Կը ճանչնա՞ք Նայիրին«, 5 մարտ
2012( ներկայացուցի անոնցմէ մէկը՝ Սէրուժ Ուրիշեանը ու իր ստեղծած »Նայիրի«
բառարանային համակարգը )www.nayiri.com(։ Այսօր կ'ուզեմ ներկայացնել իր սերտ
գործակիցը՝ Հարօ Մհերեանը եւ իր ուղղագրիչը՝ HySpell-ը (www.hyspell.com)։
Երկուքին աշխատանքները կ'ընթանան զուգահեռ կերպով, զիրար ամբողջացնելով։
»Հայերէն լեզուն այն մի քանի նախահնդեւրոպական լեզուներէն է, որ դիմացեր
է յեղաշրջման ճանապարհին՝ աւելի քան 12 000 տարիներ, սկիզբ առնելով Հայկական
բարձրաւանդակի խորքէն։ Կը հաւատանք որ լեզուաբան մը անկարող է լուրջ եւ
լրացուցիչ հետազօտութիւններ կատարել հնդեւրոպական լեզուներու ուղղութեամբ
առանց հայերէն լեզուի խորին ուսումնասիրութեան։« Այսպէս կը բացուի HySpell.com
կայքը։
Մաթեմատիկոս, բնագէտ, համակարգչային ճարտարագէտ եւ ֆիլմարտադրիչ
Մհերեանի հայերէնի հանդէպ ունեցած անհուն սէրն է, ու անոր վերապրումին
նկատմամբ իր անսակարկելի յանձնառութիւնը, որ մղած է զինք ստեղծելու գործիք մը,
որ այլ լեզուներու պարագային կը մատուցուի ուղղակի տառաշար համակարգերուն
կամ սարքահիմքերուն կողմէ։ »HySpell հայերէնի ուղղագրիչը յառաջացաւ ջանքերուս
ընդմէջէն, երբ կը հետապնդէի մաթեմատիկայի եւ ֆիզիկայի ցկեանս
հետազօտութիւնը, եւ ի հետեւութիւն իմ խորին ցանկութեանս՝ կեանքիս մնացեալ
մասը խօսիլ եւ գրել միայն հայերէնով,« կը խոստովանի գիտնականը իր կայքէջին մէջ։
Այդ ջանքերը զարգանալով կը մղեն զինք մէջտեղ բերելու ընդարձակ ծրագիր մը,
»միակ նպատակ ունենալով օգնել հայկական դպրոցներուն եւ կրթական
կազմակերպութիւններուն՝ մայրենի լեզուի տարածման եւ զարգացման իրենց
աշխատանքին մէջ։«
Առաջին հերթին կը գոյանայ »աշխարհի ամենալիակատար հայերէնի
ուղղագրութեան ստուգիչը՝ HySpell ուղղագրիչը«, որ արդէն անվճար կր գործածուի
Նայիրիի համակարգին մէջ՝ բառերու պրպտումի ընթացքին։ Իսկ եթէ փոքր գումարի
մը փոխարէն նաեւ ներբեռնէք ուղղագրիչը ձեր համակարգիչին մէջ, ապա ձեր
ելագրութեան )համակարգչային տառաշարութեան(, ել-նամակագրութեան
թէ ցանցանաւումի պահուն՝ երբ ձեր առցանց որոնումները կը կատարէք, ձեր
ուղղագրական սխալները կարմիր կը ստորագծուին, ու ձեր բառին վրայ աջ կտտելով
(click) կը ստանաք ընտրացանկ մը, որմէ ձեր ուզած բառը կրնաք ընտրել։
Ուղղագրիչը կ'ընդգրկէ աւելի քան 150 000 արմատական բառերու ցանկ մը, հիմնուած
Ստեփան Մալխասեանի ու Էդուարդ Աղայեանի բացատրական զոյգ »հիմնարար«
բառարաններուն վրայ )ածականը՝ ինչպէս նշուած է կայքին վրայ(, եւ 300
խոնարհումներու եւ հոլովումներու ճամբով կը յանգի 5 միլիոնէ աւելի բառային
ձեւերու։
Եթէ ուզած բառդ գոյութիւն չունի ուղղագրիչի բառացանկին մէջ, քեզի նաեւ
հնարաւորութիւն կ'ընծայուի առաջարկելու մուծել այդ բառը։
Պէտք է նշել նաեւ, որ HySpell ուղղագրիչը անվճար կը տրամադրուի բոլոր
հայկական դպրոցներուն. կը մնայ, որ անոնք յատուկ ել-նամակով դիմեն
արտադրիչին՝ ձրիաբար ստանալու համար զայն։

HySpell ունի նաեւ իր մասնագիտական տարբերակը, որ ուղղագրիչին կողքին
կը հայթայթէ մի քանի ստեղնաշար, Իւնիգոտով կիրարկելի 50 տառատեսակ,
գրութիւններու խորհրդային գրելաձեւէն դասական ուղղագրութեան փոխարկիչը, եւ
Իւնիգոտէն ARMSCII-8 այլագրութեանց փոխադարձ վերածիչը։

Հարօ իրաւամբ դիտել կու տայ, որ »առաջին եւ ամենագլխաւոր գործօնը ազգի
մը յարատեւման՝ իր լեզուն է եւ գրականութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, լեզուն կը
վերագծէ ազգին սահմանները։ Այսօրուան համակարգչի արհեստագիտական եւ
համացանցի ընդհանրացման դարուն, բնական լեզու մը ենթակայ է կորուստի՝ եթէ իր
կրողներու առօրեայ կեանքին ընթացքին չկիրառուի«։ Ինք, որպէս սկիզբ՝ մշակեր է
HySpell ուղղագրիչը՝ որպէս »թիւ մէկ հնարք«՝ զարգացնելու համար հայերէնի
գործածութիւնը։ Սակայն, ան դեռ շատ այլ ծրագիրներ ունի, որոնց իրագործումը կը
հետապնդէ Նայիրի համակարգին միջոցաւ։

Իւրաքանչիւր հայախօս ու հայագիր մարդու վայելքը պիտի ըլլայ օգտուիլ
ստեղծուող յարմարութիւններէն, եւ պարտականութիւնը՝ իր նիւթական
թէ բարոյական նպաստը բերել ազգակերտման այս գործին։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
ԾԱՆՕԹ. Նայիրիի մասին նախորդ յօդուածս լոյս տեսած էր, երբ մարտ 1-ին անոր
կայքին վրայ զետեղուեցաւ ու այցելուներուն մատչելի դարձաւ նաեւ Հրաչեայ
Աճառեանի ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆը։
Հորիզոն, 2012-03-12 )1706(

Tuesday, March 13, 2012

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ-

Արամ Ա. Վեհափառ գնահատանքի այս խօսքը գրած է 15 Յուլիս 2006ին որպէս գնահատանք Մանուշակ Պոյաճեանի անձին ու գործին ՝ «Հայ Եկեղեցագիտութիւն» հատորի հրատարակման առիթով :
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Դպրեվանքի մէջ Մեր ուսանողութեան շրջանին, երբ Կաթողիկոսարանի մատենադարանը կ'այցելէինք, հոն յաճախ կը տեսնէինք համալսարանական ուսանողուհի մը, որ կանոնաւոր հերթականութեամբ մատենադարան կ'այցելէր հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու աստուածաբանութեան առնչուած նիւթերու մասին ուսումնասիրութիւն կատարելու: Մեզի , դպրեվանեցիներուս համար որոշ իմաստով անբնական երեւոյթ մըն էր հայ օրիորդի մը հետաքրքրութիւնը եկեղեցական-աստուածաբանական հարցերու գծով: Այդ օրիորդը Մանուշակ Պոյաճեանն էր :

Փոքր տարիքին իսկ ուշիմ ու աշխատասէր, միշտ աշխատունակ ու աշխոյժ, իր տեսակէտներուն մէջ հետեւողական , իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ բծախնդիր անձ մը եղաւ Մանուշակ Պոյաճեան: Ընդհանրապէս աստուածաբանական հարցերու , եւ մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իր ունեցած սէրն ու յատուկ հետաքրքրութիւնը տարիներու ընթացքին զինք մղած էին լայն ծանօթութիւն ամբարելու այս բնագաւառէն ներս: Մանուշակ Պոյաճեան նաեւ լայն ծանօթութիւն ունէր միջ-եկեղեցական շարժումին մասին: Արդարեւ, իր գործօն մասնակցութիւնը Միջին ԱրեւելքիԵկեղեցիներու Խորհուրդի գործունէութեան, եւ հետագային Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս ունեցած իր կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս Խորհուրդի տեղեկատուական մարզէն ներս , Մանուշակ Պոյաճեանը օժտեցին աստուածաբանական հարուստ փորձառութեամբ: Այս բոլորին վրայ հարկ է նաեւ աւելցնել իր բերած կարեւոր նպաստը մեր ազգային կեանքի կազմակերպման ու ծաղկման , մասնաւորաբար մշակութային եւ կրթական մարզերէն ներս:

Իր աշխատասիրութեամբ եւ փորձառութեամբ , պարկեշտութեամբ ու ծառայասիրութեամբ Մանուշակ Պոյաճեան բոլորին՝ հոգեւորական թէ աշխարհական , աշակերտ թէ ուսուցիչ, ծնողք թէ մտաւորական , հայ թէ օտար, յարգանքին ու գնահատանքին արժանացաւ: Մեր նախոորդ Վեհափառ Հայրապետները եւս , զարեհ Կաթողիկոս , Խորէն Կաթողիոս եւ Գարեգին Կաթողիկոս զինք մօտէն ճանչցան ու միշտ գնահատեցին իր կատարած աշխատանքները ու մանաւանդ իր հաւատարիմ կապուածութիւնը ու նուիրեալ ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Ներկայ հատորը (Հայ Եկեղեցագիտութիւն ՆՇ) հրատարակութեան համար չէ պատրաստուած հանգուցեալին կողմէ: Որպէս դասաւանդութեան նօթեր պատրաստուած է այս գործը եւ պատրաստութեան ընթացքին լայնօրէն օգտագործուած յատկապէս Օրմանեան Պատրիարքին գործերը: Սակայն, իր ներկայ վիճակին մէջ եւս, գնահատելի կը նկատենք այս աշխատանքը: Ուզեցինք զայն հրատարակութեան յանձնել ՝ առաջին, նկատի ունենալով նման գործի մը պակասը եւ հետեւաբար՝ անոր անհրաժեշտութիւնը մեր ընտանիքներէն եւ դպրոցներէն ներս. Երկրորդ , որպէս գնահատանքի արտայայտութիւն Մանուշակ Պոյաճեանի բերած նուիրեալ ծառայութեան մեր եկեղեցւոյ , մեր Սուրբ Աթոռին , հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին:

Այս առիթով Մեր գնահատանքը կ'ուզենք յայտնել Գերապատիւ Տ.Գրիգոր Ծ.Վարդապետ Չիֆթճեանին , որ ներկայ գործին խմբագրական աշխատանքը կատարեց ՝ պահելով բնագրին հարազատութիւնը նոյնութեամբ : Նաեւ Մեր գնահատանքը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին , որ սիրայօժար կերպով մեկենասութիւնը ստանձնեց ներկայ գործի հրատարակութեան ՝ որպէս գործնական արտայայտութիւն Մանուշակ Պոյաճեանի նկատմամբ իր ունեցած գնահատանքին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Monday, March 12, 2012

Ո՞վ է Մանուշակ Պոյաճեան

Հոգեւոր եւ կրօնական կազմակերպութեան մը կազմակերպած Գիրքի ցուցահանդէսի մը ներկայ գտնուեցայ երէկ: Այնտեղ կը վաճառուէր ինծի շատ սիրելի եւ մօտիկ անձի մը ՝ Մանուշակ Պոյաճեանի «Հայ Եկեղեցագիտութիւն» հատորը: Այս մեծ հայուհին քաղցկեղի պատճառով իր մահկանացուն կնքեց ասկէ վեց տարիներ առաջ: Զինք առաջին անգամ ճանչցած եմ 1971ին որպէս Լիբանանի Հայկական Ռատիօժամի տնօրէնուհի : Մանուշակն ու ես գործակցած ենք ազգային եկեղեցական զանազան ասպարէզներու մէջ : Համբերատար , գիտակից , հաւատացեալ , համեստ եւ հիւմուրով լի անձնաւորութիւն մըն էր : Հազիւ վաթսուն էր :Մահացաւ...
Ստորեւ վկայութիւն՝ անխոնջ աշխատող Մանուշակի կենսագրութեան մասին , արտատպուած իր գիրքէն:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»
Մանուշակ Պօյաճեան ծնած է 1946ին , Պէյրութ: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Մայրապետներու Ecole des Filles la Charite եւ Besancon վարժարաններուն մէջ: Ապա ուսումը կը կատարելագործէ Ecole Superieure des Lettres ի մէջ , որուն պատմագիտութեան բաժանմունքէն կը վկայուի Լիսանս ի վկայականով:

Կանուխէն ան կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ եւ 1960էն սկսեալ յաջորդաբար կը պաշտօնավարէ Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճին , Համազգայինի Ճեմարանին , Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին , Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ:

1985-1986 տարեշրջանին , տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի հետ ան կը հրաւիրուի Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի տնօրէնութեան պաշտօնին: 1989ին , տոքթ. Փափազեանի մահէն ետք , Մանուշակ Պօյաճեան առանձինը կը վարէ Քոլէճի տնօրէնութիւնը:

Կրթական իր ասպարէզին կողքին , Մանուշակ Պոյաճեան կ'ունենայ ազգային-միութենական բեղուն գործունէութիւն: 1970ական տարիներուն ան գլխաւոր աշխատակիցը կ'ըլլայ Լիբանանի հայկական ռատիօժամին: Գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Համազգայինի պարի միաւորի վարչութեան , «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի վարիչ մարմնին եւ «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի աշխատանքներուն: Բազմիցս կ'ընտրուի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, իսկ 1998-2002 ին՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:

Մանուշակ Պոյաճեան ուսանողական տարիներէն մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Իր գործունէութեան դաշտերը կը հանդիսանան քարոզչական եւ դաստիարակչական մարզերը: Կը մասնակցի Հայ Դատի աշխատանքներու:

Իբրեւ յանձնառու ԼՕԽական , կնոջական համագումարներու փնտռուած ներկայութիւն կը դառնայ:

Մեծ են Մանուշակ Պոյաճեանին ծառայութիւնները Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան : Իբրեւ անդամ, իսկ 2002էն ետք ՝ իբրեւ ատենապետ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբին , ան երկար տարիներ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մօտ:

1991-2005 , ան անդամ կը նշանակուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Տեղեկատուական Խորհրդատու յանձնախումբին: 1999էն ետք, Յանձնախումբին ատենապետութիւնը վարելով, իբրեւ խորհրդատու, ան մաս կը կազմէ Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան : Միաժամանակ , ան կը գործէ Խորհուրդի ծրագրումի (1999 – 2005) եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու յատուկ յանձնախումբերուն մէջ (2000 – 2005):

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ , Մանուշակ Պոյաճեան իր նպաստը կը բերէ «Կիլիկիա» թանգարանի պատրաստութեան եւ կաթողիկոսարանէն ներս կատարած մշակութային աշխատանքներուն: Ան մաս կը կազմէր կաթողիկոսարանի Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի Յանձնախումբին:

Յետ մահու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Ս.Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով:
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք Արամ Ա. Վեհափառ Հօր «Հայրապետական Գնահատանք» ը Մանուշակ Պոյաճեանին անձին ու գործին : ( Նշանակ)

Sunday, March 4, 2012

Կը ճանչնա՞ք Նայիրին - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ,
ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆՔ ՈՐ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԿԱՐԴԱՔ ԱՅՍ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆՔ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԵՒ ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆԻ ՏՈՒԱԾ ԵՐՋԱՆԿԱԲԵՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆԸ:
ՆՇԱՆԱԿ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Կը ճանչնա՞ք Նայիրին
Խօսքս չի վերաբերիր Չարենցի նայիրեան աղջիկներէն մէկուն, ոչ ալ Երկիր
Նայիրիին, որ պատմական Հայաստանի ամենէն հին բնորոշ անուններէն մէկն է՝
ծննդավայրը հայ ժողովուրդի, այլ այս վերջինի անունը կրող հիմնարկին ու անոր
կայքին՝ Nayiri.com-ին։

Քանի մը շաբաթ առաջ այս սիւնակին մէջ )»Ինքնապաշտպանութեան
դիրքերու վրայ«, 13 փետրուար( կը նշուէր անհրաժեշտութիւնը հայերէնը համացանցի
վրայ ամրակայելու, որպէսզի ան մնայ որպէս ապրող ու գործածուող լեզու։ Այս
կապակցութեամբ ռահվիրայի դեր ստանձնած »Նայիրի«ն )հիմնուած 2004-ին( կը
հանդիսանայ այն անշրջանցելի ու հրաշալի գործիքը, որմէ անվճար կրնայ օգտուիլ
ամեն ոք, որ հայերէն կը գրէ ու կը կարդայ, ըլլայ ան աշակերտ, ուսանող, լրագրող,
գրող, թէ պարզ ընթերցող։ Ամենածանօթ դռներէն մտէք համացանց ու այցելեցէք
կայքը։

Ի՞նչ կը մատուցէ »Նայիրի«ն։
Առաջին հերթին »հայերէն ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է« ան,
ինչպէս կը շեշտուի իր կայքէջի ներածականին մէջ։ Բազմաթիւ առկայ բառարաններ,
դասական )Մեսրոպեան( ուղղագրութեամբ, թուայնացած են ու զետեղուած այնտեղ,
ընդգրկելով Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի »ԲԱՌԳԻՐՔ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ« բառարանը
)17 600 բառ(՝ բառի մը իմաստը հայերէնով որոնելու համար, Մեսրոպ Գույումճեանի
»ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԲԱՌԱՐԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԷ ԱՆԳԼԵՐԷՆ«-ը ))96 000 բառ(, Յարութիւն
Քիւրքճեանի »ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ«-ը ու Գրիգոր
Շահինեանի »ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԷ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ«-ը։
Այս բառարաններուն մէջ որոնումները դիւրացնելու համար կայքին միջերեսը
(interface) թարգմանուած է անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն ու
թրքերէն լեզուներու՝ այդ լեզուները գործածողներուն համար։
Այս տարուան յունուարին ցանցայցելուները »Նայիրի«էն ստացան բացառիկ
նուէր մը՝ Ստեփան Մալխասեանցի »ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ«-ը )110
000 բառ(, որ ցարդ կը մնայ անգերազանցելի՝ որպէս դասական ուղղագրութեամբ
հայերէնի բառարան։ Ինչպէ՞ս կը գործէ ան. կը շարես փնտռած բառդ, ու կը բացուի
բառարանի այն էջը, որուն վրայ կը գտնես ուզածդ։ Ծրագրուած է, որ յետագային
ուղղակի փնտռուող բառի բառայօդուածը բացուի։
Այստեղ կանգ չառներ »Նայիրի«ի բառարանամատուցումը։ Ան մտադրած
է նոյն ձեւով մատչելի դարձնել բազմաթիւ այլ առկայ բառարաններ՝ ըլլայ հայերէն,
կամ այլ լեզուներէ հայերէն, ըլլայ հայերէնէ այլ լեզուներ։
Բայց »Նայիրի«ի առաւելութիւնները միայն ասոնք չեն։ Ան այլ դիւրութիւններ
ալ կÿընծայէ։ Եթէ ձեր որոնման ատեն »հայերէն բառ մը սխալ գրէք, "Նայիրի"ն կը
ներկայացնէ մօտաւոր ճիշդ բառ մը։ ... Եթէ չգտաւ՝ ան կ'առաջարկէ նմանաձայն բառ
մը, կամ խումբ մը բառեր, իսկ երբ կարելի է՝ նաեւ տուեալ բառին համանունները«,
մինչեւ որ որոնողը իր ուզած բառը գտնէ։ Սա, ուղղագրական սրբագրիչի դերն է, կամ
ուղղագրիչի։ Բայց ունի նաեւ արմատ-վերլուծիչի գործառոյթը, որով, եթէ գոյական մը
հոլովուած ձեւով որոնուի, ան կը գտնէ բառին ուղղական ձեւը, իսկ եթէ բայ մը
խոնարհուած որոնուի՝ անոր աներեւոյթ եղանակը։
Վերջապէս ան կը հայթայթէ նաեւ ամբողջական հայերէն այբուբենի
ստեղնաշարը, համակարգչային տարբեր համակարգերու պատշաճող։ Իսկ որոնումի
ատեն կը գործէ ինքնաշարժ հայկական տառաշար մը, որով որոնողը առանց յաւելեալ
տառաշար մը զետեղելու իր համակարգիչին մէջ, կրնայ ուղղակի գործածել
բառարանները։

Սակայն ո՞վ է այն նուիրեալը, այն սրբազան խենթը, այն հանճարեղ ուղեղը, որ
այս գործը մէջտեղ բերեր ու անվհատ կերպով զարգացուցեր է, ու կը
շարունակէ զարգացնել՝ զարմացնելով բոլորս։ Չեմ ուզեր իր համեստութիւնը
վիրաւորել, բայց անհրաժեշտ է ամփոփ կերպով իր մասին ալ խօսիլ։
ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ – ծնած Պէյրութ, հասակ առած Լոս Անճելըս, ան
Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանէն ստացած է իր Պսակաւոր գիտութեանց
տիտղոսը՝ վկայուելով որպէս ելեկտրական ճարտարագիտութեան եւ համակարգչի
գիտութեան մասնագէտ։ Կը գործէ որպէս ծրագրակազմի ճարտարագէտ )software
engineer(: Սակայն իր հետաքրքրութիւններէն մէկը »լեզուաբանութիւնն է, յատկապէս
հայերէնի եւ լատիներէնի ուսումնասիրութիւնը«, ինչպէս կը գրէ »Նայիրի«ի կայքին
վրայ։ Այս վերջինի գաղափարը ծագած է իր ուսանողական օրերէն, երբ հայերէն
կարդալու կամ գրելու դժուարութիւն կ'ունենար, տեւաբար բառարաններու
օգնութեան դիմելու ստիպուած։ Համոզուած, որ նոյն դժուարութեան կը հանդիպին
շատ այլ երիտասարդներ, ան կÿորոշէ ընդհանրական լուծում մը գտնել, օգնելու
համար բոլոր իր տարեկիցներուն, որոնք ամեն պարագայի կÿուզէին պահել ու
գործածել իրենց մայրենի լեզուն։ Կայքը կը սկսի ստեղծել որպէս ամավերջի
պարտականութիւն Պըրքլիի համալսարանին մէջ հայերէնի դասին։ Անձնական
զոհողութիւններու գնով, ան կը շարունակէ աշխատանքը, մինչեւ որ կը հասնի
այսօրուան այն բարդ ու տեւաբար զարգացող համակարգին, որ Nayiri.com-ն է։ Ան չի
յաւակնիր լեզուագէտ ըլլալ, իր բոլոր մուտքագործումները կու գան առկայ ծանօթ
բառարաններէ, բայց նաեւ կը վայելէ գործակցութիւնը իրեն նման նուիրեալներու, ու
աջակցութիւնը նուիրատուներու։
Միշտ իր կայքէն կը տեղեկանանք, որ ֆրանսերէնի պարագային իրեն
օժանդակած է ուսողագէտ ու վիճակագրագէտ պրոֆ. Ֆիլիփ Փիլիպոսեան,
ատենապետ Մաշտոց բառարաններու կաճառին, Ֆրանսա )որ հայթայթած
է Քիւրքճեան-Շահինեան բառարաններու ճոխացուած տարբերակը(, ընդարձակ
բառապաշարի ինչպէս նաեւ ուղղագրիչի պարագային՝ ուսողագէտ, բնագէտ,
համակարգիչի ծրագիրներու ճարտարապետ եւ HySpell ուղղագրիչը ստեղծող Հարօ
Մհերեան )որուն աշխատանքին ալ կ'արժէ առանձնաբար անդրադառնալ(, կայքի
բովանդակութեան ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն )գեղարուեստական նիւթերու(
պարագային՝ համացանցի կայքերու մասնագէտ Ժան-Փիէռ Խաչիկեան, եւ
գերմաներէնի ու թրքերէնի թարգմանութեան պարագային՝ համակարգիչի
ծրագիրներու ճարտարագէտ Անթուանէթ Ունանեան, կայքի հայերէն գրութեան
պարագային՝ լեզուաբան Ենովք Լազեան, ինքնագործ հայերէն ստեղնաշարին
պարագային՝ Իլիա Լեպետեվ, ու կայքի գլխաւոր նշանակի )տարբերանշանի(
զարդագիր տառերու պարագային՝ նկարչուհի Սիրուն Երէցեան (Ռոսլին
պատկերասրահ)։

»Նայիրի«ն ցարդ վայելած է Համազգային հայ կրթական ու մշակութային
միութեան հովանաւորութիւնը՝ Գույումճեանի անգլերէնէ հայերէն բառարանին ու
Մալխասեանի բացատրական բառարանին թուայնացման համար, նաեւ Մաշտոց
բառարաններու կաճառին հովանաւորութիւնը՝ վերանայուած ու ճոխացուած
հայերէն-ֆրանսերէն ու ֆրանսերէն-հայերէն բառարաններու պարագային։ Ան
հովանաւորներու կարիքը ունի միւս հսկայ աշխատանքները իրագործելու համար։ Այս
գրութիւնը թող կոչ մը ըլլայ բոլոր ՀԱՅԵՐԷՆասէրներուն՝ իրենց ներդրումը ունենալու
համար պատմական այս նախաձեռնութեան մէջ։ Սէրուժին հետ կարելի է կապուիլ
գրելով serouj@cal.berkeley.edu ել-հասցէին :
Համեստ քայլերով սկսած, արդէն բաւական ճամբայ կտրած այս աշխատանքը
տակաւին կարողականութիւնը ունի հիմքը հանդիսանալու հայ արդի առցանց
բառարանագրութեան համազգային ճիգի մը, որ հետզհետէ չափազանց կարեւոր ու
կենսական կը դառնայ հայերէնի զոյգ բարբառներուն, բայց մանաւանդ
արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման տեսակէտէն՝ մեր ինքնութեան
իսկ պահպանման ռազմավարութեան մը ծիրին մէջ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-03-05 )1705(

Յ.Գ. Սոյն յօդուածին լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք, բայց թերթի թուականէն իսկ
առաջ, Նայիրին իր կայքին վրայ թողարկեց նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի »ՀԱՅԵՐԷՆ
ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ«ը

Saturday, March 3, 2012

ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՆԱԾ ՁԱՅՆԵՐԸ

ԱՂԱՂԱԿԵԼ- Բարձր պոռալ
ԳՈՌԱԼ – Ուժգին պոռալ
ԹՍԹՍԱԼ – Յոգնածութեան պատճառով ձայն հանել, ցած ձայնով լալ
ԹՓՐՏՈՒՔ – Ոտքի ձայն
ԺԽՈՐ – Աղմկալի բարձր ձայն
ԽՈՐԴԱԼ– Քունի մէջ կոկորդէն ու քիթէն խըռ-խըռ ձայն հանել
ԽՌԿԱԼ , ԽՌԱԼ , ԽՌՄԲԱԼ , ԽՌՄՓԱԼ – Քունի մէջ կոկորդէն ու քիթէն խըռ-խըռ ձայն հանել
ԽՌՆԳՏԱԼ – Քիթին տակէն խօսիլ , ԿԱՓԿԱՓՈՒՄ - Ակռաներու արագ արագ իրար զարնուելու ձայն
ԿԼԹԻԿ – Հեծկլտուքի ձայն . նաեւ՝ ստոծանիի կծկումէն յառաջացած կոկորդի անյօդ ձայն
ԿՉԿՉՈՑ – Բարձր ձայնով ծիծաղ
ԿՐՃՏՈՒՄ – Ակռաներու արագ արագ իրար զարնուելու ձայն
ՀՌՆԴԻՒՆ – Հոգեվարքի , մահամերձի խռկոցի ձայն
ՀՌՀՌՈՑ – Բարձրաձայն եւ անզուսպ խնդալու ձայն
ՃԻՉ – Բարձր եւ սուր ձայն
ՄՐՄՌԱԼ – Կսկիծի , ցաւի ձայն հանել
ՇԱՌԱՉ – Ապտակի ձայն
ՇՇՈՒԿ – ՇՇՈՒՆՋ , Ցած ձայնով խօսակցութիւն
ՊՈՌԱԼ – Բարձրաձայն աղաղակել
ՏՌՏԵԼ – Փուք կամ տեռ արձակելու ձայն
ՏՌՏՌԱԼ – Քիթին տակէն դժգոհութիւն յայտնել
ՏՐՈՓՈՒՄ – Սրտի բաբախումի ձայն
ՓՆԹՓՆԹԱԼ - Քիթի տակէն դժգոհանքի ձայն հանել
ՓՍՓՍՈՒՔ – Շշուկով խօսիլ . մէկուն ականջին գաղտնի բան մը ըսել
ՔՐԹՄՆՋԵԼ – Քիթի տակէն դժգոհանքի ձայն հանել
ՔՐՔԻՋ – Անզուսպ , բարձր ծիծաղելու ձայն

Օգտագործուած աղբիւրներ՝ ՍՕԽի օրացոյց եւ «Հայոց Լեզուի Նոր բառարան»