Յայտարարութիւն

Sunday, April 29, 2012

ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ - ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ - (Ծաղկաքաղ 5) Թարգմանեց ՝ Վազգէն Գէորգեան

Աղաչում եմ քեզ,բոլոր չարաչար ու տաժանելի Տառապանքների վիշտ ու թախիծով Լի հոգիների խնամակալիդ. Մի´ բազմապատկեր ցաւս հեծութեան Եւ մի´ խոցոտիր վիրաւորուածիս, Մի´ դատապարտիր արդէն պատժուածիս, Բազմաչարչարիս մի´ տանջիր նորէն, Խարազանուածիս մի´ գանակոծիր, Մի´ գլորիր ինձ, երբ ընկած եմ ես Եւ մի´ կործանիր անօգ գայթածիս, Ամօթահարիս մի´ ամաչեցրու, Տագնապահարիս մի´ յանդիմանիր Եւ մի´ խորտակիր յուսահատուածիս, Յուզուածիս էլ մի´ խռովիր նորէն, Մի´ ալեկոծիր բքահարուածիս, Էլ մի´ սասանիր, երբ ցնցուած եմ ես, Մի´ հողմակոծիր արդէն մրրկածիս, Մի´ կեղեքիր ինձ, յօշոտուած եմ, տե´ս, Արդէն ջարդուածիս էլ մի´ ջախջախիր, Էլ մի´ բզկտիր, մորմոքուած եմ ես, Մթնածիս նորից մի´ կուրացրու, Մի´ ահաբեկիր սարսափահարիս Եւ խարշատուածիս էլ մի´ խոռովիր, Անկար հիւանդիս մի´ մահացրու, Մի ծանրաբեռնիր թոյլ ու տկարիս. Մի´ աւելացրու ծանր անուրներ թիկունքիս կարկամ, Դառն հեծեծանքիս՝ նորանոր ողբեր: Մի´ վարուիր այդպէս ուժգնօրէն՝ հողիս, սաստկապէս՝ մոխրիս, Ահարկու՝ փոշուս, անաչառօրէն՝ գոյակիս հանդէպ: Եւ մի´ ընդհարուիր այդքան խստութեամբ՝ Մեծդ փոքրիս հետ, լոյսդ՝ խաւարիս, Բնութեամբ բարիդ՝ ի բնէ չարիդ, Ողկոյզ օրհնութեան անէծքի պտղիս, Քաղցրդ էութեամբ՝ համակ դառնութեանս, Փառաւորեալդ անայլայլելի իսպառ անարգիս, Նշխարդ կենաց՝ կաւի զանգուածիս, Տէրդ տէրերի՝ երկնային տիղմիս, Լիութիւնդ անհատ՝ աղքատ ստրուկիս, Առատութիւնդ աննուազելի՝ Ապաւինազուրկ բազմաչարչարիս, Բարութիւնդ անբաւ՝ ամենաթշուառ չքաւորիս հետ: Քանզի այն ով է, որ հասած լոյսին արևածագի՝ Կասկած չունենայ, թէ խաւարի մէջ կարող է ընկնել, Կամ մօտիկ լինելով կեանքին՝ մահանալ Կամ ազատութեան՝ և բռնադատուել, Փրկութեան՝ մատնուել, նորոգման՝ եղծուել, Կամ թէ օրհնութեան՝ և տարագրուել, Կամ բժշկութեան՝ և վիրաւորուել, Լիառատութեան՝ նուազել յանկարծ, Հացի ճոխութեան՝ ու քաղցած մնալ, Գետի հոսանքին՝ ծարաւից այրուել, Գթին մայրական և նենգադաւուել, Կամ աստուածային աջիդ խնամքին՝ ու զրկուած մնալ: *** Ահա ճարակող քաղցկեղի նման Յանցանքիս վէրքերն անցել են բոլոր օրինակներից Ու տարածուելով՝ լափել լիովին անդամներս ողջ. Գթիք սպեղանի, Իսրայէլի պէս, Որ դրուի անչափ իմ խարաններին. Հիմնախարսխից ազդրերիս մինչև Ծայրագագաթը մարմնիս շինութեան Չկայ այլևս որևէ առողջ Կամ բժշկութեան ենթակայ մի տեղ: Լսի´ր, ողորմած, բարերար, օրհնեալ, Եւ երկայնամիտ սրտիս այս ողորմաղերս պաղատանքներին, Որ անձկութեան մէջ ուղերձում են ինձ: *** Նայի´ր, անձկալի կեանքի յուսատու ամենատես ա´չք, Ցաւագնած սրտիս հեծեծանքների Աղաղակներին դառն ու մեծագոչ, … Աղաչում եմ քեզ, ջարդուած, խորտակուած, Լուծուած հողանիւթ անօթիս նորէն, Տէ´ր, աստուածաբար վերստեղծելով հրաշակերտի´ր: Ինձ, որ պատկերդ եմ, մեղքով հնացած, Մուրաներիդ մեջ ջուլի´ր վերստին խօսքիդ հրայրքով: Քո հանգստարան-խորանի՝ մարմնիս, Շինուածքը խախտուած, պահապան հոգուս հետ, պաղատում եմ, Մաքրագործի´ր քեզ ի բնակութեան: Չար գործերիս տեղ նոյն փոխատարութեամբ մի´ հատուցիր ինձ: Արբած եմ ահա, ըստ մարգարէի, բայց ոչ թե գինով: Քո հրամանով, ազատարար ու ամենակեցոյց, Թափի´ր, բարերա´ր, մահուան բաժակիս Թմրաբեր մրուրն անօրինութեան, Որ վերջին օրս հատուցման ժամին քոնը չքամեմ: *** …Թէև գիտակից, սակայն, անպատշաճ, Զարտուղի, խոտոր ճամբով ընթացայ Ու մոլորուեցի դժնդակօրէն,- Որ մեղանչում է կատարելապէս ըստ ամենայնի: Ոտնահարելով քո կամքով հաստուած Ամէն մի սահման՝ դուրս ընդոստնեցի, Գործելով ստոյգ անօրինութեան: Չարագործութեան չափն անգէտների՝ հասցրած իր լրման՝ Բազմապատկեցի ինքս էլ նիւթելով նորեր տակաւին,- Թէ օրինակ է իսկական դժնի յանցագործութեան: Սաստեցիր, սակայն ես չսոսկացի, Յորդորեցիր, բայց չանսացի երբեք,- Որ մարզ նան է ապստամբութեան: Մեզ արդարութիւն յարդարեցիր, տէ´ր, Ինձ պատրաստեցիր լուտանք ու ամօթ. Քեզ՝ վայելչական փառք ու մեծութիւն, իսկ ինձ՝ նախատինք. Քեզ՝ քաղցր յիշատակ, ինձ՝ մաղձ, քացախուած կատարելապէս. Քեզ՝ անլռելի բարեբանութիւն, Իսկ ինձ՝ ողբաձայն աղաղակ ու կոծ. Քեզ՝ օրհներգութիւն, երանութեամբ լի, Իսկ ինձ՝ յուսամերժ տարագրութիւն. Քեզ՝ իրաւունքներ արժանավայել, Իսկ ինձ՝ դատաստան ամենավարան. Քեզ՝ անճառելի դրուատանք ու գովք, Իսկ ինձ՝ միմիայն մոխիր լիզելու խայտառակ պատիժ: Շար . 5 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Saturday, April 28, 2012

ԱՆՎԵՐՋԱԿԷՏ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ... ԶՈՅԳ ԱՉՔԵՐՈՒ ԹԵՒԵՐՈՎ- ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Ծիտերու ուրախ ճռուողիւն մը դուրս կը քաշէ զիս անկողնէս: Կ’ուղղուիմ դէպի այգը, որ կ’ուրուագծուի սենեակիս միակ պատուհանին մետաքսէ դեղնաւուն վարագոյրին ետին ու անմիջապէս կը բանամ պատուհանը: Զով ու կազդուրիչ օդը մայրական համբոյրի մը պէս կը փակի երեսներուս: Արցախ եմ: Հայրենի հեռաւոր լեռներուն վրայ աշնանային մշուշը հարսանեկան հագուստի մը սպիտակութիւնը ունի, ճոխ ու ծոպաւոր, ուր մարգարիտներու շքեղութեամբ հեռո՜ւն կը սկսին բռնկիլ արեւուն առաջին շողերը: Եղեամը թրջած է սաղարթախիտ հսկայ ծառին տերեւները, որոնք բանաստեղծական այս եղանակի բոյրը կը գգուեն իրենց տակաւին կանաչ երակներուն մէջ եւ կը բարձրանան մինչեւ պատուհանս՝ կանաչաւուն այդ բոյրէն մասնիկ մըն ալ ինծի մատուցելու համար կարծես...

Ի՜նչ երջանիկ եմ: Կը ներծծեմ հոյակապ մինակութիւն մը, Պէյրութի ժխորէն հեռու, Գանատայի ցուրտէն անմասն: Հոս Ստեփանակերտն է, Արցախի մայրաքաղաքը, սիրտը, ինչպէս գրուած էր հսկայ պաստառին վրայ, երբ Լրագրողներու Համահայկական Հինգերորդ Համախմբումի մասնակիցներս Արցախի մէջ մեր այցելութիւններուն առաջինը իբրեւ սրտի պարտք մատուցեցինք զոհուած ազատամարտիկներու պանթէոնին, եւ ճամբուն լայնքին կախուած պաստառին՝ մեծադիր սա գրութիւնը. «Ստեփանակերտը Արցախի սիրտն է»...
Չորս գիշեր առաջ, 12 Հոկտեմբերին հասանք Արցախ։ Այսօր 16ն ենք, տակաւին մութուլոյս, եւ ցայգային շաղը համբոյրի մը քաղցրութեամբ կը խաղայ ափերուս մէջ, որոնք ինծի անծանօթ աղերսով մը բացուած կը մնան պատուհանէն դուրս...

Վերջին օրն է արդէն ու փոխադրակառքերու ծանր հռնդիւնը կը լսուի հեռուներէն: Պահ մը ետք պիտի իջնէ վարագոյրը նաեւ արցախեան էփիզոտին վրայ. Երեւան պիտի վերադառնանք, քանի մը օր ետք ալ հոն, ուրկէ եկած էր 200 լրագրողներէս իւրաքանչիւրը...
Ներքին դժկամութիւն մը կը շարունակէ կրծել հոգիս, երբ աճապարելը անխուսափելի կը թուի: «Ինչպէս եկանք, այնպէս ալ կ’երթանք», կը կրկնեմ հանրածանօթ ասոյթը ու դժգոհութիւնս աւելի արմատ կը նետէ ինձմէ ներս։ Նորէ’ն պիտի երթանք ... հայրենիք մը եւս ձգելով պիտի երթանք՝ իբրեւ թափառական հայու անվերջակէտ Ճամբորդութի՜ւն: Բառակապակցութիւնը փոխ կ’առնեմ Ազնիւ Գարալէքեան-Միքայէլեանի առաջին քերթողագիրքէն։ Ուրկէ ո՜ւր այդ գիրքին խորագիրը այս պահուն կ’իյնայ միտքս եւ փազըլի քարի պէս կը նստի իր ճի'շդ տեղը...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն ... երկու բառ միայն, բայց քանի՜-քանի՜ մակարդակներու վրայ բան ըսող, բան պատմող, խորհուրդ փոխանցող... Հոս սակայն, ամէնէն ազդուն ուղղակի մեկնաբանութիւնն է բառային այս զոյգին, որ կարծես միեւնոյն ատեն ըլլար նկարէն արտայայտութիւնը հայերուս կեանքին...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն...

Կը ճամբորդենք ազգովին, ամէն օր, ամէն վայրկեան, հոգիով, միտքով, մարմնով նոյնիսկ, կը խորասուզուինք ծանօթ-անծանօթ էութիւններու մէջ, կը տարբաղադրենք մեզի հրամցուած բարիքը, քիչ թէ շատ կը փիլիսոփայենք, մէկ ալ տեսար արագ-արագ կը շարժինք խումբով, վայրեր կը փոխենք, հոս ցուրտը երկար է, հոն երկրաշարժի վախ կայ, անդին՝ քաղաքական անկայունութիւնը ապահովութիւն չի ներշնչեր, կ’ըսենք, ու նորէ'ն ճամբայ կ’ելլենք, կ’երթանք Հայաստան-Արցախ, հոն ալ չենք բաւեր, մեզի բարի եկար ըսող չկայ, գործ չկայ, դուն հայ ես, Հայաստանն ալ քու տունդ է հաւաստիացնող մը կ’ուզենք բայց չենք գտներ, որովհետեւ օրէնք չկայ, իրաւունքներ չկա՜ն, տեղացին ի’նք չունի ապահով կռուաններ, մենք ինչպէ՞ս ապրինք, երբ համատարած անգործութիւն է, կը փաստաբանենք, կը հեռանանք, կը մօտիկնանք, կ’անջատուինք, կը միանանք, համահայկական հարցերու շուրջ կը փորձենք խմբուիլ, մէկ բռունցք դառնալ, «Ո’Չ» կը պոռանք Ցեղասպան Թուրքին երեսին եւ պահանջատիրական ցոյցեր կը կազմակերպենք տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն չենք կրնար մեր ոտքերուն տակէն հոսող պղտոր ջուրերը յանուն ազգի շահերուն կասեցնել ու օր ցերեկով փրոթոգոլնե՜ր հրապարակ կը նետենք, յատկապէս մեր ածուին համար նենգ ենք, բանսարկու, քինախնդիր ու դաւաճան յաճախ, թէեւ հայկական վարժարաններու մատղաշ տղոց կ’աւանդենք վեհանձնութիւն, կը հպարտանանք Մամիկոնեաններու տոհմով, բայց եւ՝ սէր կը փնտռենք ամէնուրեք, յաճախ անողոքաբար կը մերժե’նք զայն, մերթ կը զուգուինք, երեք-չորս կ’ըլլանք, մերթ կ’որբանանք, կը մահանանք, յետոյ նորէ’ն կը ծնինք մեր թոռներուն անուններուն մէջ, տեղ մը Սարգիս կ’ըլլանք, այլ տեղ մը Մայքըլ, տեղ մը եան ունինք, ուրիշ տեղ մը օղլու կը ճանչնան մեզ, տեղ մը բարեպաշտ քրիստոնեաներ ենք, եկեղեցի-դպրոց-տուն կը քարոզենք, ուրիշ տեղ մը կ’ուզենք բացայայտել մեր ինքնութիւնը եւ կը սպասենք որ եկեղեցին ի'նք գայ մեզի այցի եւ հուրը բերէ քրիստոնէական հաւատքին, տեղ մը կարճ ու նիհար ենք, այլ տեղեր լայն, վիթխարի, կարծես մէյ-մէկ աժդահաներ ըլլայինք՝ միտքով, խաբելու բնազդով, թէ ի տղայ տիոց վաշխառուութեամբ, բայց եւ այնպէս մե՛րը կ’ընենք միջազգային ամպիոններ, կը շահինք մրցանակներ, աշխարհին կու տանք տիեզերական անուններ, բացառիկ ենք իբրեւ արուեստագէտներ, սակայն անպայման տեղ մը կը ձգտինք հարստութեան, այլ տեղ մը յետին աղքատութեան ճիրաններուն մէջ կ’արիւնինք, կը լկտիանանք երբեմն, յաճախ բոզարած կը դառնանք, վսեմ գաղափարներու ռահվիրաներ իբրեւ կը պարգեւատրուինք բեմերէն, ուրիշ տեղ մը մեր երգերը ծախու կը հանենք, բայց գնող մը չենք գտներ, իսկ օտարներու մօտ մեծ հռչակ կը վայելենք երբ Կոմիտաս ու Սայաթ Նովա կ’երգենք, տեղ մը կը պոռանք՝ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», ուրիշ տեղ մը կը փախչինք զինուորական ծառայութենէ, թէկուզ տեղ մը ըլլանք կաշառակեր, օրինախախտ ազգայիններ, այլ տեղ մը սակայն անպայման ե'նք նախագահ-բարեգործներ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը կառուցենք գիւղեր, ճամբաներ, հիւանդանոցներ, կը նորոգենք եկեղեցիներ քիչ մը ամէն տեղ, տեղ մը անմեղներ բանտ կ’առաջնորդենք մեր քսու հաշիւներուն ի հետեւանք, դարանակալ թշնամիները կը դառնանք մե'ր իսկ ծնողներուն, որովհետեւ իրենց ողջուցը մեզի չեն կտակեր իրենց հարստութիւնը, ուրիշ տեղ մը բանտերը մե'նք կը խճողենք, կը սպաննենք, կը թալանենք, անբարոյ արարքներ կը գործենք, բայց եւ այնպէս մեր արիւնը կը զոհաբերենք յանուն հայրենիքի ազատութեան, քանզի անկոտրում յեղափոխականներ ենք, «Ազատութիւն կամ մահ»ը մեր հաւատոյ հանգանակն է, առանց դոյզն կասկածի, որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ունինք նաեւ Արցախը ծախել ուզող ամօթալի Լեւոն Տէր Պետրոսեաններ, բայց նաեւ յաղթե'լ գիտենք, ունինք մարտունակ հայկական բանակ, ունինք երկգագաթ Արարատ, կաթողիկոսական երկու աթոռ, երկու հայրենիք, երկու նախագահ, երկու խորհրդարան, այլեւ ունինք երկու լեզու, երկու ուղղագրութիւն, երկու աչք, երկու ձեռք, երկու ոտք, երկու ականջ, բայց միայն մէ'կ սիրտ...
Ու սիրտը այդ մեր պապերուն աւանդն է մեզի, իսկ ներկայի կշռոյթը անոր՝ քաջարի հայ մայրերու սրտի զարկն է հայրենի լեռներու վրայ, գիւղերու մէջ, ռազմաճակատներուն, Արցախի անկոխ գեղեցկութիւններու տարածքին։ Այսպէ'ս նաեւ՝ հա'յ ենք մենք, ՀԱ'Յ, թէկուզ օտար ոստաններու մէջ հայերէն խօսիլ-գրել-կարդալ չգիտնանք, թէկուզ ռուսի, արաբի, պարսիկի, անգլիացիի, ամերիկացիի, հոլանտացիի, ֆրանսացիի, գերմանացիի եւ նոյնիսկ այլակրօն ցեղերու հետ կապենք մեր կեանքը, հա’յ ենք մենք հազարամեակներէ ի վեր, ու մեր արիւնը երեք գոյն ունի...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն...
Կ’անցնիմ հոգեվիճակէ-հոգեվիճակ, ազգիս համայնապատկերը լայն բռնած ուղեղիս պաստառին վրայ, մէկ կողմէ արցախեան չորսօրեայ կեցութեանս վերջին արեւածագը կ’ուզեմ ամբարել զգայարաններուս մէջ տեղ մը, միւս կողմէ կ’արտորամ հաւաքել իրերս, պատրաստուիլ բաժանման։ Նորէ՜ն բաժանում ... դարձեա՜լ խզում բոլոր այն լաւ բաներէն, որոնք քուկդ են իբրեւ հայ, բայց քուկդ չեն իբրեւ մարդ ... չե'ն ... երկուութիւններով հարուստ ամբողջ տիեզերք մը, բայց ոչ մէկ անկիւն, որ ըլլար իմս ... ըլլայի ես իրեն համար, ըլլայինք մենք իրարու համար...
Պիրկ մատներս կ’իյնան ճամպրուկիս վրայ ու խուլ աղմուկով մը փակիչը կը տանին մէկ ծայրէն միւսը։ Արցունքներ կը հաւաքուին հոգիիս աւազանին խորը։ Լալու, ճչալու փափաք մը կը սկսի ուռճանալ ինձմէ ներս, սակայն նոյն պահուն հոգիս կը սկսի դարպասել ա'յլ գեղեցկութիւն մը, երբ աչքերու տեսքով սէրը դարձեալ կը յառնի մէջս։ Ա՜խ այդ զոյգ աչքերը ... մեղմանուշ, քաղցր, հոգեթով, այդ համբուրելի՜ աչքերը ... ծովու գոյն, հողի գոյն, բնութեան բոլոր գոյներուն ծիածանումով շաղուած այդ աչքերը, որոնք զիս կը գգուեն անտեսանելի աղու նայուածքով, խռովքս կը վերածեն մելանուշ համանուագի, երազի մը իրականացումը կ’աւետեն անձայն՝ նոր երազի մը ստեղծման համար ... ու կիրքը նորէ’ն կը դառնայ կեանք, շարժում, ըլլալու եղանա՜կ, երբ ջիղերուս մէջէն կը սկսի քալել անվերջակէտ ճամբորդութիւն մը, որ տակաւ առ տակաւ կ’էանայ ինձմէ ներս, կը հագնի զիս ամբողջութեամբ, ես ի'նքը կ’ըլլամ, աչքերը՝ զի'ս...

Վերջին անգամ ըլլալով գլուխս դուրս կը ցցեմ սենեակիս պատուհանէն, թոքերս կը լեցնեմ Արցախի հերոսական թթուածինով, հայեացքիս տակ կ’ամփոփեմ ձեռք-ձեռքի, մարտական պար բռնած արցախեան լեռնաշղթան, մինչ արեանս գնդիկները եռալ կը սկսին ներսս, երակներս առողջ աւիւնով հետզհետէ կ’ուռին, սրտիս բաբախիւնը կ’աւելնայ՝ սիրոյս աճումը հաստատող պատուհանիս հասած միակ տերեւին անմիջապէս գիրկը ծլած նորի մը յայտնաբերումով...
«Երէկ չկար այս», կը խօսիմ ես ինծի ու քնքշօրէն կը շոյեմ նորաբոյս ծիլը, այնպէս ինչպէս կը բաղձայի շոյել սիրոյ բագինին ընծայաբերուող խորհրդաւոր այն զոյգ աչքերը, որոնք նոր յոյսի մը թեւերուն վրայ բարձրանցնելով հոգիս կը շարժեն զայն անվրդով՝ դէպի նո՜ր ճամբորդութեան մը անվերջակէ՜տ հորիզոններ...

14 Փետրուար, 2011 Պէյրութ

Հայուհիի մը Օրագրէն հատորէն

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Friday, April 27, 2012

ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ - (Ծաղկաքաղ) 4 - ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ - Թարգմանեց՝ Վազգէն Գէորգեան

Ընդունի´ր սիրով, մեծազօր Աստուած, Աղաչանքները դառնացած սրտիս. Ամօթահարիս մօտեցի´ր մեծիդ բարեգթութեամբ. Փարատի´ր իսպառ,ամենապարգև´, Սխրութիւնն իմ այս նշանակելի. Այս անտանելի ծանրութիւնները Վերցրո´ւ, թօթափի´ր ինձնից, ողորմա´ծ. Կտրի´ր մահացու սովորոյթներն այս, ո՜վ հնարագէ´տ. Աւարի´ մատնիր, մշտապէս յաղթող, Հրապոյրները մոլորապատիր. Ցրի´ր, վերնայի´ն, գայթակղութեան մառախուղն անհետ. Խափանի´ր, փրկի´չ, յարձակումները կորուստ նիւթողի. Ջնջի´ր, ծածակատե´ս, որոգայթներն այս նենգ ու պատրական. Խոյացումներն այս՝ խռովարարի խորտակի´ր, հզօ´ր: Կնքի´ր անունովդ լուսանցոյցն յարկիս. Պարփակիր ձեռքովդ առաստաղն իմ տան. Ցծի´ր քո արեամբ մուտք իմ սենեակի. Սուրբ նշանը քո դրոշմի´ր ամուր Մաղթողիս բոլոր ճամբէքի վրայ: Աջովդ ամրացրո´ւ խշտիս հանգստեան. Մաքրի´ր անկողնուս ծածկարանն իսպառ վարմ ու թակարդից: Կամքովդ պահպանի´ր հոգիս տառապեալ. Եւ մարմնիս շունչը, քեզնից շնորհուած, անարատ պահի´ր. Շրջանակի´ր ինձ ամուր ՝ երկնային զօրքիդ բազմութեամբ՝ Որպէս դիմամարտ դևերի գնդին: Սուրբ աստուածածնիդ և ընտրեալների բարեխօսութեամբ՝ Շնորհի´ր նիրհիս այս մահահանգոյն՝ Խորին գիշերում բերկրալի հանգիստ: Ամփոփի´ր մտքիս և զգայութեան Տեսանելիքի պատուհանները, պարուրի´ր այնպէս, Որ մնան նրանք անսասանելի, խաղաղ, աներկիւղ՝ Ամէն մրրկայոյզ ալեբախումից, Առօրեայ նանիր հոգսերից բոլոր, Անրջական սին երազանքներից, Այս ցնորքներից խենթ ու խօլական, Եւ յիշատակով յոյսիդ պահպանուեն անվթար, անեղծ: Որպէսզի կրկին, երբ որ սթափուեմ այս ծանր քնից, Լիովին զգաստ ու հոգենորոգ Մի զուարթութեամբ կանգնած քո առաջ՝ Մաղթանքներն իմ այս, հաւատքիս բուրմամբ, Ո՜վ ամենօրհնեալ ու անճառելի փառքի թագաւո´ր, Զուգաձայնութեամբ ողջ երկնագումար Փառաբանական բազմութիւններիդ, Բարձունքներդ ի վեր աղաչեմ առ քեզ: *** Երբեք ոչ մի տեղ չի յիշատակուած, Թէ սրախողխողն աւազակներից աղաչել է քեզ, Զի կարկամած էր. Չի արձակել նա մեծիդ ետևից պաղատանքի ձայն, Զի պապանձուած էր. Թի սևեռել քեզ արտասուաշաղ Ու կողկողագին հայեացքն աչքերի, Զի մեղապարտ էր. Ոչ էլ միջնորդի բարեխօսութեամբ Գթառատ կամքդ է շահել աշխատել, Քանզի լքուած էր. Նոյնիսկ ջախջախուած մարմնի արիւնով Ներկուած ձորձերն իր քեզ չկարկառեց Փորձելով ճմլել սիրտը գթածիդ, Զի յուսահատ էր. Ծնկների վրայ, ինչպէս ոտքերի Գարշապարներով, չուղղուեց դէպի քեզ, Քանզի անզօր էր տեղից բարձրանալ. Երբ համարւում է, դեռևս կենդանի, մէկը կիսամեռ, Քիչ է տարբերւում արդէն մեռածից: Նամանաւանդ որ, թէև խրատուեց մեծիդ խօսքերով, Բարերարուեց քո գթասրտութեամբ Ու լուսազարդուեց ճաճանչով փառքիդ, Ոչ միայն դարձեալ շարունակեց քեզ հակառակ գնալ, Այլև հեշտաբար ապստամբելով՝ Անցաւ բանակն իր թշնամիների, Դաշնակեց նրանց ու միաբանուեց ատողներիդ հետ: *** Եթէ երջանիկ Դաւթի սուրբ սրտի հայեցողութեամբ Անօրինութիւնն ու չարիքներն իր՝ գլխից բարձրացած, Իսկ յանցանքներն ու մեղքն անկրելի Բեռներից անգամ ծանր էր համարւում, Հապա ուրեմն սխալմունքներն իմ Կ'անցնեն հեղեղի այն ջրակուտակ ու տիեզերասոյզ, Ամենակործան յորդածուփ ծովից Եւ կատարները բարձր լեռների կը ծածկեն իսպառ: Սակայն թո´ղ փչի քամիդ քաղցրաշունչ Որ լեռներն անգամ կարող է հալել, Ինչպէս այդ եղաւ Նոյի ժամանակ, Եւ իր զօրութեամբ ցամաքեցնի Բազմակոհակ ու ջրակոյտ շեղջերն Աշխարհակործան իմ յանցանքների Եւ լեռնակարկառ բարձրութիւններով դիզուած մեղքերս… Շար . 4 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Thursday, April 26, 2012

ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ (Ծաղկաքաղ) 3 - ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ - Թարգմանեց Վազգէն Գէորգեան

Քեզնից ստացած արժանիքներս այս, բարիքները ողջ Ու ներողամիտ համբերութիւնդ, Օրհնեա´լ, բարերա´ր և երկայնամի´տ, Ես՝ մեղապարտս, փոխարինեցի Անթիւ անհամար ու բազմապիսի անօրինութեան, Այլև մարմնական հոգևոր բոլոր ախտերով ծփուն՝ Երկնաքարշ յոյզ ու մտորումների: Եւ այսպէս ահա, այդ բոլորի տեղ, Աստուա´ծ իմ և տէ´ր, Ես՝ խելակորոյս յիմարամիտս, Քեզ չարիքներով փոխհատուցեցի, Ինչպէս Մովսէսն է յանդիմանաբար ասել առակով: Երախտիքներն ու բարիքները քո Անմիտ ընթացքով վատնեցի իսպառ. Բարձրեալիդ կողմից հոգատարութեամբ Ինձ վրա բարդած անճառ, լուսաւոր շնորհները ողջ Խելագարութեամբ մրրիկով ցնդեցրի: Թէպետ շատ անգամ հոգածու ձեռքդ կարկառելով ինձ՝ Ուզեցիր ձգել դէպի քեզ, սակայն ես չցանկացայ, Իսրայէլի պէս, ըստ մարգարէի ամբաստանութեան: Թէև խոստացայ քեզ հաճոյ լինել, Սակայն այդ ուխտը նոյնպէս դրժեցի Նոյն չարիքները նիւթեցի դարձեալ, Վերադառնալով նախկին կենցաղիս: Անդաստանները սրտիս հերկեցի Միայն մեղքերի փշերի համար, Որ որոմն այնտեղ արգասաւորուի: Ինձ են պատշաճում առակները ողջ Աստուածարեալ սուրբ մարգարէների Քանզի դու ինձնից յուսացիր խաղող, Փոխարէնը ես ընձիւղեցի փուշ. Որթացած այգիս դառն ու անախորժ պտուղներ տուի: Ապաւինեցի անհաստատ հողմին, Որով յարածուփ տատանումնրով Այս ու այն կողմ եմ միշտ տարուբերւում: Ըստ Յոբի խօսքի, գնացի անդարձ մի ճանապարհով Յիմարի նման շէնքս շինեցի աւազի վրայ. Խաբուած՝ կարծեցի լայն արահետով Կարող եմ հասնել անձկալի կեանքին. Ինքս փակեցի ելքը ճամբէքիս. Կամովին բացի վիհս կորստեան: Իմ լսելիքի պատուհանները խցեցի ամուր Որ կենդանարար խօսքդ չլսեմ: Գոցեցի նայուածքն հոգուս աչքերի, Որ չնկատեմ դեղս փրկութեան. Վեր չցատկեցի մտքիս լքումից ու թմրութիւնից՝ Ի լուր պատգամիտ ահաւոր փողի. Մեծ դատաստանի հրափորձ օրուայ Ուժաբեր ձայնից չաչալրջացայ. Չարթնացայ երբեք կորստի տանող մահաբեր քնից: Հանգիստ չտուի հոգուդ՝ մարմնեղէն տաղաւարիս մէջ Բանական շնչիս հետ չխառնեցի Մասը՝ պարգևած քո շնորհների. Ըստ առակողի, ինքս իմ ձեռքով կանչեցի կորուստ՝ Կենդանի հոգիս մատնելու մահուան: *** Ի՝նչ շահ սրանից, կամ ինձ ի՝նչ օգուտ, Ու արձակելով այսպէս շարունակ Ողբ ու հեծութիւն՝ ինքս վհատուեմ Ու դուրս չթափեմ խօսքիս խարանով Մահացու վէրքիս շարաւն ամբարուած Կամ ՝անօթութիւնը, որ մթերուած է սրտիս խորքերում, Առաջ բերելով հոգեկան սաստիկ ցաւատանջ խիթեր, Նողկանք պատճառող մատնամխութեամբ չփսխեմ իսպառ: *** Ահա մտքերիս սևեռուն հայեացքն ուղղած դէպի քեզ Որպէս թիրախի, անձն իմ անպիտան, Խօսքիս քարերով, ինձ պէս անընտել վայրի գազանի, Անողորմաբար պիտի քարկոծեմ: Թէկուզ դրանով չարժանանամ իսկ արդար կոչվելու, Բայց, իմաստունի խօսքի համաձայն, Ինքնակամօրէն, ինչպէս մի ոսոխ, Պիտի ոգորեմ ինքս իմ անձի դէմ: Եւ բոլոր գաղտնի յոյզ ու մտքերն իմ Խոստովանելով՝ որպէս կատարուած չարագործութիւն Պիտի անսքօղ հրապարակեմ, Խպնեմ քո առաջ, Աստուա՜ծ իմ և տէ´ր: Քանզի որքան շատ պարսաւեմ ինքս ինձ, Այնքան աւելի պիտ' արժանանամ Աննուազելի քո ողորմութեան, Ստանալով իմ անթիւ մեծամեծ պարտքերի դիմաց՝ Առաւել առատ շնորհները քո: Որքան աւելի ճարակուած լինեմ Անբժշկելի, ծանր ու անամոք վէրք ու խոցերու: Դրա համեմատ այնքան առաւել ու կրկնապատիկ՝ Բարձրեալ բժշկիդ իմաստութիւնը ամենահնար Ցուցադրուելով պիտի հռչակուի: Շար . 3 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Wednesday, April 25, 2012

«Զատորոշիչ յատկանիշները»...

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
«Զատորոշիչ յատկանիշները»...
Անցեալ սեպտեմբերին Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի
Սանահին մասնաճիւղի տարեկան հայագիտական երկօրեայ լսարանը՝ »Մշակոյթը՝
պանդուխտ« բնաբանով։ Յաջորդաբար Հորիզոն գրականին մէջ լոյս տեսան հոն
ներկայացուած նիւթերը։ Մարտի գրականին մէջ հրատարակուեցաւ Էլօ Պուտաքեանի
ելոյթը՝ »Հայ կերպարուեստը պանդխտութեան մէջ«։ Այդ առթիւ, ընթերցող մը՝ իր
կարգին արուեստագէտ, համացանցի ընկերային կայքերէն Facebook-ի վրայ կը յայտնէր
իր հիասթափութիւնը, որ ներկայացուածը չէր համապատասխաներ իր ակնկալիքին։ »Կը
հաւատայի թէ,« կը գրէր ան, »այս սեմինարին նպատակն էր քննել ու վերծանել
պանդխտութեան մէջ ստեղծագործող հայ արուեստագէտին իւրայատուկ եւ զատորոշիչ
յատկանիշները։«
Հարցը որ կը դրուի մեր առջեւ հետեւեալն է. կրնա՞յ մշակոյթի բոլոր
դրսեւորումներուն մէջ արտացոլալ պանդխտութիւնը, եւ ինչպէ՞ս արտացոլալ։
Գրականութիւնը, երաժշտութիւնը կամ կերպարուեստը կրնա՞ն հաւասարապէս
արտայայտել հայ պանդուխտին ապրումներն ու զգացումները, իսկ ուշադիր ընթեցողը,
ունկնդիրը կամ դիտողը կրնա՞յ նշմարել կամ զգալ հայ արուեստագէտին »իւրայատուկ
եւ զատորոշիչ յատկանիշները«։
Այս հարցադրումին մէջ շեշտը պիտի տեղափոխեմ չակերտուած բառերէն »հայ
արուեստագէտ« եզրին վրայ, նոյնիսկ առաջին հերթին՝ »հայ« բառին վրայ։ Արդարեւ,
պանդխտութիւնը համամարդկային երեւոյթ մըն է եւ չի սահմանափակուիր հայութեան
պարագայով, ուստի հայ արուեստագէտին յատուկ բնորոշիչները գտնելը աւելի բարդ
խնդրի մը կը վերածէ առաջադրանքը։ Այլեւ, պանդխտութիւնը մարդկութեան
պատմութեան մէջ հինէ՜ն եկած երեւոյթ մըն է, որ առկայ է մինչեւ այսօր, եւ որուն
առարկայական պատճառներն ու պայմանները կը փոխուին, փոխելով նաեւ անոր
յառաջացուցած տառապանքները, տագնապներն ու հակազդեցութիւնները։
Հարցումին պատասխանը որոնելու ուղի մը բանալ փորձելու համար, եւ ոչ
թէ անպայման պատասխանը գտնելու, տեսնենք որո՛նք են պանդուխտ մարդու
հաւանական ապրումներն ու զգացումները, որոնք արուստագէտին կողմէ ալ կրնան
դրսեւորուիլ իր ստեղծագործութեանց մէջ։
Առաջին ազդակը տեղափոխութիւնն է, սեփական միջավայրէն հեռանալը, օտար
)այսինքն սեփականէն տարբեր( միջավայրի մը մէջ յայտնուիլը, անոր պատշաճելու
դիւրութիւնը կամ դժուարութիւնը, անոր մէջ վերապրելու եւ իր տեղը գտնելու կամ
չգտնելու խնդիրը։ Հետեւա՞նքը՝ այդ միջավայրն է, իր ֆիզիքական թէ հոգեկան
կողմերով, որ պիտի երեւի գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մէջ՝ որպէս հենք,
որպէս խորանկար։
Սակայն կայ նաեւ, տեղափոխութեան առընթեր՝ ետեւը թողած երկրի կարօտը, որ
արուեստի մէջ ալ պիտի երեւի վերյիշումներու ձեւին տակ։ Այստեղ արդէն
արուեստագէտին երեւակայութիւնն է, որ կը բանի, ու կ'իշխէ։ Ի հարկէ կը ստեղծուի նաեւ
նոր եւ հին միջավայրերու բախման կամ համարկման ուժականութիւնը, որ յաւելեալ
ինքնուրոյնութիւն մը կ'ընծայէ ստեղծագործութեան։
Երկրորդ ազդակը, նոյնքան կարեւոր որքան առաջինը՝ պանդուխտին բաժանումն է
իր հարազատներէն՝ ժամանակաւոր թէ տեւական կերպով։ Առանձնութեան զգացումը,
զրկանքը իրեններուն ներկայութենէն, ու մանաւանդ այդ զրկանքին ալ առթած կարօտը
զօրաւոր զգացումներ են, որոնք կրնան արտայայտուիլ արուեստի դրսեւորումներուն մէջ։
Բաժանումին ալ առընթեր, կայ նաեւ ետեւը մնացողներուն օգնութեան հասնելու,
անոնց կեանքի դժուարին պայմանները, որոնց պատճառաւ ալ հաւանական է, որ յանձն
առնուած պիտի ըլլայ պանդխտութիւնը՝ չափով մը մեղմացնելու տենչը, եւ ի
հարկէ անոնցմէ հոգեպէս ալ խզուելու, չըսելու համար անոնց դաւաճանելու վտանգն ու
յառաջացուցած ժխտական ապրումները, որոնք բոլորն ալ հաւանականութիւններ են։
Արդ, այս բոլորը հարազատօրէն ու բացայայտօրէն կրնան երեւիլ առաջին հերթին
արուեստի այն մարզերուն մէջ, որ խօսքի վրայ են հիմնուած՝ գրականութիւն, երգ,
թատրոն, շարժանկար, պանդուխտին մայրենի լեզուով ըլլան ատոնք, թէ նոր, փոխառեալ
լեզուով։ Լեզուի հարցը, սակայն, այլ դժուարութիւն մը կը պատճառէ - ուրիշին լեզուով
գրուածը ո՞ր մշակոյթին մաս կը կազմէ։
Լեզուի հարցը կը բացակայի արուեստի այլ մարզերէն, որոնք խօսքի վրայ չեն
հիմնուած՝ երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն,
ճարտարապետութիւն։ Այստեղ լսողական ու տեսողական ազդակները կը գործեն, որոնք
սակայն աւելի կը դժուարացնեն արուեստագէտին ապրումներն ու զգացումները ուղղակի
փոխանցելու խնդիրը, ընկալողին ձգելով անոնց մեկնաբանութիւնը։ Արուեստի տարբեր
մարզերու իւրայատկութիւններն են ասոնք։
Նաեւ, ստեղծագործութեան ազգային պատկանելութիւնը կարելի է հարցականի
տակ առնել։ Գանատայի մէջ ապրող ու ստեղծագործող պանդուխտ արուեստագէտին
գործը ո՞ւր կը զետեղուի - գանատակա՞ն մշակոյթին մէջ, թէ այն երկրին, որմէ եկած
է ան։ Տակաւին, եթէ խօսքի բաժին կայ արուեստին մէջ, լեզուն չափով մը, բայց ոչ
անպայման, կը թելադրէ պատկանելութիւն մը, սակայն եթէ զանցենք խօսքը, այն ատեն
ինչպէ՞ս զետեղել գանատական բնանկար մը, թէկուզ հայ կամ սպանացի արուեստագէտի
մը կողմէ յօրինուած ըլլայ ան։ Իսկ հայկական ըլլալու համար՝ արդեօք պայմա՞ն է, որ
արուեստականօրէն հայկական խաչքար մը երեւի կտաւին մէջ, եւ սպանական ըլլալու
համար՝ ֆլամենկօ պարուհի մը։
Տակաւին կրնանք այլ ազդակներ ալ փնտռել, ինչպէս արդարութեան տենչը, կամ
բողոքը՝ մարդկային անարդարութեան դէմ, պահանջատիրական մօտեցումը՝ այդ
անարդարութեան վերացման ի խնդիր, եւայլն, որոնք կրնան դրսեւորուիլ արուեստի
գործերու մէջ, առանց անպայման ազգային առնչութեան մը։
Նոյնն է պարագան երաժշտութեան, ուր հայ տոհմիկ երաժշտութենէն ներշնչուած
մեղեդի մը կրնայ մեծ համանուագի մը հենքը կազմել, նոյնիսկ առանց որ յօրինողը հայ
ըլլայ, ու անպայման արտացոլացումը չըլլալ հայ արուեստագէտի մը ապրումներուն եւ
զգացումներուն, այնպէս ինչպէս եւրոպացի շատ երաժիշտներ իրենց ներշնչումները
յաճախ ստացած են տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթներէն։ Իսկ ստեղծագործութիւնը
ո՞ր մշակոյթին մաս կը կազմէ։
Գալով ճարտարապետութեան, ինչպէ՞ս կրնան հայ ճարտարապետներու գործերը
զատորոշուիլ իրենց ժամանակակիցներու գործերէն ու արտայայտել հայ մարդու
ապրումներն ու զգացումները պանդխտութեան մէջ։ Ամեն պարագայի՝ ոչ հայկական
դասական տաճարի մը պատկերը վերարտադրելով...
Երբ հարցերը ունին համամարդկային բնոյթ, զատորոշիչ յատկանիշներու ազգային
արմատները փնտռելը հերկուլեսեան ճիգի կը կարօտի։
Այս հարցերը շատ աւելի կ'աղօտին ու դժուար մեկնաբանելի կը դառնան
պանդխտութեան մէջ ծնած յաջորդ սերունդներու պարագային։ Երկրորդ
ձեռքէ ստացուած կ'ըլլան հայրենիքի կարօտն ալ, հեռաւոր ազգականներու հետ
առնչութիւններն ալ։
Այսօր սակայն թերեւս համացանցի թեւերուն վրայ սաւառնելով, կրնանք
հեռաւորութիւններու ստեղծած անպատեհութիւնները շրջանցել...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-04-09 )1710(

Tuesday, April 24, 2012

«ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՊԻ Է» - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Թորոնթոյի մէջ նոր ծանօթացած հայ տիկնոջ մը առաջնորդութեամբ շնորհաւորական այցելութեան մը կþերթանք գործի շրջանակէն իրեն ծանօթ հայ ընտանիքի մը տունը, ուր հաւաքուած են չափահաս ու միջին տարիքի այրեր ու կիներ, բոլորն ալ գաղթած՝ միջին արեւելեան երկիրներէ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ոդիսական մը ապրած է, մինչեւ հասած է հոս, Գանատա։ Մէջերնէն ամէնէն նորեկը ես եմ, հետեւաբար, բոլորն ալ անծանօթ դէմքեր ինծի համար։
Հիւրերէն իւրաքանչիւրը տարբեր խողովակներով կապուած է տան տիկնոջ կամ ամուսնոյն։ Կը ծանօթանանք, կը շնորհաւորենք տանտէրը՝ իր գործին մէջ արձանագրած նոր յաջողութեան համար, կը զրուցենք աջէն-ձախէն, Գանատա, Հայաստան, հին ու նոր աշխարհի պարտադրանքներ, միջազգային տագնապներ, քաղաքական իրադարձութիւններ եւ ընկերային զանազան հարցեր մեր խօսակցութիւններուն առանցքը կը դառնան, մինչեւ որ իրարու ետեւէ պարպուող սքաչի ու գինիի գաւաթները կամաց կամաց կը սկսին բանալ ներկաներուն ներքին ծալքերը եւ գրգռել հոն թաքնուած ինքնութիւնները, մանաւանդ որ Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի կը յաջորդեն Ամիրխանեանն ու Հախվերտեանը, իսկ շնորհալի զրուցակիցի մը հայաստանեան անեկդոտները կը բարձրացնեն բոլորիս տրամադրութիւնները։
Միայն գաղափարական հարցեր արծարծելէ կը խուսափինք, որովհետեւ տարբեր թեքումներով հայեր ենք ըստ երեւոյթին եւ այդ իմաստով կը յարգենք տանտիկնոջ՝ քիչ մը կատակով ըսած նախազգուշական հրահանգը. «Բոլորս հայ ենք հոս, թէեւ ունինք գաղափարական տարբերութիւններ։ Բայց չեմ ուզեր, որ կուսակցական հարցեր խօսինք, ժողովի չենք եկած, այլ՝ միասին հաճելի պահ մը անցընելու»։ Եւ սրամտութիւն մը ընելու պէս՝ «Ով որ հրահանգէս դուրս ելլէ, ես ալ անմիջապէս զինք դուրս կը դնեմ տունէս»։ Խնդացինք, խմեցինք կենացը շնորհալի տանտիրուհիին ու հրահանգին ենթարկուելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք։
Բայց եկուր տես, որ տաքարիւն հայեր ենք, պաշտօնականութեան սահմաններուն մէջ երկար մնալ չենք սիրեր, որովհետեւ, հակառակ տանտիրուհիին կէս-կատակ կէս-շիտակ սաստումներուն, մեզ իր յարկին տակ հիւրընկալող տանտէրն էր առաջինը, որ չդիմացաւ իր կնոջ քաշած «կարմիր գիծ»ի պայմաններուն, երբ անսպասելիօրէն յուզուած ու տագնապահար վրայ տուաւ.
- Այս բոլորը լաւ, բայց պէտք է այլեւս ընդունինք, որ մենք վերջացած ժողովուրդ ենք. այլեւս ի՜նչ հայապահպանում կամ հայրենասիրութիւն, այս երկիրներուն մէջ։ Հոս ամէն ինչդ գործ եւ դրամ է։ Հայութիւնը մեր ետեւը մնաց արդէն։ Նայեցէք մէյ մը շուրջերնիդ, ի՞նչ կ՝ընենք մենք՝ մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով կամ կուսակցութիւններով. գրեթէ ոչի՛նչ ... բոլորս ալ գիտենք, բայց խօսիլ չենք ուզեր ... ես շատո՜նց ի վեր գիծ քաշած եմ մեր ազգին վրայէն։ Գաղտնիք չէ, որ այսօր Հնչակեան կուսակցութիւնը իր հոգեվարքը կþապրի, իսկ Դաշնակցութիւնը մահաքունի մէջ է։ Ռամկավարներն ալ արդէն դուրս մնացին Հայաստանի խորհրդարանէն, անոնք ալ անանկ վերջացած են։ Եկէք մենք մեզ չխաբենք եւ ընդունինք որ Գանատայի, Ամերիկայի պէս երկիրներու մէջ այլեւս ընելիք չունինք մենք, այս երկիրներուն ջաղացքը այնքան զօրաւոր կը բանի, որ մեզի պէս պզտիկ ժողովուրդները հարթ-հաւասար կþընէ կ՝անցնի ... այլեւս ի՜նչ հայութիւն, ի՜նչ հայապահպանում...,- ու ձեռքին բռնած գաւաթը խուլ հարուածով մը դրաւ սեղանին։
Պահ մը քար լռութիւն տիրեց։ Հիւր գացածներս բաւական գէշ զգացինք. նայեցանք տանտիկնոջ կողմը՝ սպասելով անոր հակազդեցութեան։ Տիկինը մեր նայուածքներուն դիմաց բան մը ընելու պարտաւորութեամբ մօտեցաւ ամուսնոյն ու ականջին բաներ մը փսփսաց. մարդը ասոր վրայ աւելի փրփրեցաւ եւ՝
- Ինչո՞ւ պիտի չխօսիմ որ։ Հոս Գանատա՛ է, ազատ խօսքի երկիր է։ Հիմա դուն ինծի բան սորվեցնելու մի՛ ելլեր։ Ով ի՛նչ ունի ըսելիք՝ թող ըսէ՛։ Տանս մէ՞ջ ալ ազատ պիտի չխօսիմ, ի՞նչ է...
Խմիչքը կատարած էր իր ներգործութիւնը։ Մարդը անցած էր «կարմիր գիծը», իսկ կինը՝ շուարած, ներողութիւն խնդրած ու խոհանոց անցած էր...։ Բարեկամուհիս, որ այս զոյգին ծանօթացնելու նպատակով հետը բերած էր զիս, իր կարգին անհանգստանալով, դիմեց տանտիրոջ.
- Պարոն Հայկազ, կը յարգեմ կարծիքդ, բայց չեմ ընդունիր աւանդական կուսակցութիւններու մասին տուած գնահատականներդ: Այսքան դպրոց, միութիւններ, Հայաստանի համար նիւթական ու բարոյական օգնութիւններ, Հայ Դատի աշխատանք, հոս՝ Գանատայի մէջ թէ Ամերիկա կամ Եւրոպա, Ցեղասպանութեան ընդունման համար խորհրդարանական մակարդակի վրայ կատարուող նախաձեռնութիւններ, այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնաս մէկ ջուրով լուալ եւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու թէ կուսակցութիւններու կողմէ տարուող ազգային գործունէութիւնը ապարդիւն համարել: Կը ներես, պիտի հակաճառեմ, չե՛մ ընդունիր ըսածներդ...
Կնոջ խօսքը տակաւին չամբողջացած, տանտիրոջ բարեկամը, որ տարիներ առաջ հասած է Գանատա, բայց ներկայիս ամէն բան կորսնցուցած ըլլալուն որոշած է հեգնելով ապրիլ կեանքը, մանաւանդ որ մէջքէն երկու կտոր եղած է օտար կնոջ մը հետ ամուսնանալով, ապա՝ ամուսնալուծուելով, բայց տակաւին ամուր կառչած կը մնայ իր անցեալ դարերու մտածելակերպին վրայ, երբ, օրինակ, կþըսէ, թէ հայ աղջկան մը ամէնէն մեծ երազը հարուստ մարդու մը հետ ամուսնանալ է, յանկարծ կը ցատկէ նիւթին մէջ՝ ըսելով.
- Է՜, ի՞նչ եղաւ ձեզի. վերջացուցէ՛ք այս խօսակցութիւնը նայիմ։ Գանատա նստած ի՞նչ ազգ-հայրենիք կը խօսիք։ Հայութիւնն անգամ անիմաստ բան է այս երկիրներուն մէջ։ Հայ ըլլալնիս կը յիշենք միայն երբ քով-քովի գանք եւ խմենք։ Որովհետեւ հայութիւնը Գանատայի կամ Ամերիկայի մէջ միայն հոպի է, հո՜պի՜՜։ Հասկցա՞ք, թէ նորէն կրկնեմ՝ հո՜՜պիիի՜՜։ Ու բռնազբօսիկ խնդուք մը ձգելէ ետք, հրաւէր կու տայ բոլորիս, թէ՝ եկէք խմենք կենացը մեր սիրելի զոյգին ու գոհ ըլլանք, որ այս լաւ երկրին մէջ կþապրինք։ Գոնէ դուրս կրցանք գալ Միջին Արեւելքէն եւ ուզածնիս կþընենք այս երկիրներուն մէջ...
Նիւթը կրնար երկարիլ ու մեզ տանիլ անհաճոյ եզերքներ, բայց ատոր առաջքը առնելու համար յանկարծ բարեկամուհիս աչքով-ունքով ըրաւ ինծի, հասկցնելու համար, թէ ժամն է հեռանալու։
Ստեղծուած ճնշիչ մթնոլորտը քիչ մը թեթեւցնելու համար ան քանի մը վայրկեան խօսքի բռնուեցաւ տանտիկոջ հետ, դրուատեց կնոջ հիւրասիրութիւնը ու քաղաքավարական ժպիտ մը ծաղկեցնելով դէմքին՝ զիս ալ հետը գրկած, միասնաբար դուրս ելանք տունէն։
Հակառակ ինքզինք պարտադրող ցուրտին, դուրսը կազդուրիչ էր օդը. նոր ծնածի պէս պահ մը լո՜ւռ ներծծեցինք մաքուր օդը, մինչեւ հասանք բարեկամուհիիս ինքնաշարժը, բայց ո՛չ ինքը, ոչ ալ ես կրցանք բան մը ըսել քիչ առաջուան մթնոլորտին մասին. ես նորեկ մըն էի Գանատայի մէջ, ու ակներեւ էր կնոջ խուսափումը՝ ինձմէ։ Միայն մերթ ընդ մերթ, մինչեւ զիս տեղս հասցնելը, ինքնիրեն խօսելու պէս սա բառերը կը կրկնէր.
-Հը՜մմմ ... հոպի ... հոպի ... սըւո՜ր նայէ ... բոլորս հայ ըլլանք եւ Գանատայի մէջ անգամ չկարենանք հասկցուիլ ... հոպի է եղեր ... վերջացած ենք եղեր ... այլեւս ընելիք չունի՜նք եղեր...

21 Մարտ, 2004

Մոնթրէալ
Հայուհիի մը Օրագրէն գիրքէն

Monday, April 23, 2012

ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ (Ծաղկաքաղ) 2 - Գրիգոր Նարեկացի - Թարգմանեց Վազգէն Գէորգեան

Բարեզարդեցիր խօսելու ձիրքով,
Շունչ ներարկելով՝ փայլ տուեցին ինձ,
Մտքով ճոխացրին, աճեցրիր խելքով և իմաստութեամբ,
Հանճարով օժտած՝ զատորոշեցին շնչաւորներից,
Համադրեցին բանական ոգով,
Պճնեցիր գոյով անձնիշխանական:
Ծնեցիր հօր պէս, հոգատար եղար դայակի նման
Եւ խնամեցիր որպէս ստեղծող:
Ինձ՝ ամբարիշտիս տնկած գաւթիդ մէջ,
Ոռոգեցիր քո կենսատու ջրով,
Աւազաններիդ ցօղով մաքրեցիր,
Արմատացրիր վտակով կենաց,
Կերակրեցիր հացովդ երկնային
Համարձակօրէն նայի դէպի քեզ,
Պարածածկեցիր քո փառքի լոյսով,
Քեզ մօտեցրիր անմաքուր ձեռքիս մատներն հողանիւթ,
Մահացու մոխրիս յարգեցիր որպէս լոյսի ճառագայթ,
Քո հօրը հզօր,օրհնեալ,ահաւոր,
Մարդասիրաբար հայր կնքեցիր և անարժան անձիս:
Չայրեցիր բերանս,լցուած նանրութեամբ,
Երբ ժառանգակից կոչեցի ինձ քեզ.
Չկշտամբեցիր,երբ յանդգնեցի քեզ կցորդուելու.
Չմթագրեցիր լոյսը աչքերիս,
Երբ որ հայեացքս քեզ էի յառել.
Մահապարտների հետ շղթայակապ չտարագրեցիր.
Չխորտակեցիր դաստակը բազկիս,
Երբ անմաքրապէս քեզ էր կարկառւում.
Չկոտրատեցիր մատներս երբ ես
Շօշափում էի պատգամդ կենաց:
Նուիրման ժամին խաւար չպատեց շուրջս,ահաւո´ր.
Չփշրտեցիր շարքն ատամներիս
Քեզ ըմբոշխնելիս,անսահմանելի´.
Չնայեցիր ինձ բարկութեամբ խոտոր,
Ինչպէս վարուեցիր իսրայէլի հետ,
Երբ խոտորնակի քեզ հետևեցի.
Խայտառակ չարիր հարսնարանիդ մէջ
Ինձ՝անարժանիս,քո պարերգութեան.
Ո´չ հանդերձներս գծուծ տեսնելով՝
Անօրինեալիս յանդիմանեցիր,
Ո´չ ձեռք ու ոտս ամուր կապկպած՝
Ի կուր խաւարի՝ վռնտեցիր դուրս:
***
Լսի՝ր ինձ, Աստուա՝ծ,
Դու, որ աստուած ես ամէ՝ն մի մարմնի, ամէ՝ն մի հոգու,
Ըստ դաւանութեան աստուածնորհի,
Եւ երկայնամիտ ու բազումողորմ, ըստ սուրբ Յովնանի,
Շնո՝րհ արա ինձ, որ օրհնեալ կամքիդ բարեհաճութեամբ
Աւարտի հասնի աղերսամատեանն
Այս ողբերգական, որ սկսել եմ:
Եւ մինչ այժմ ես, երբ ոտք եմ դրել այն ճանապարհին,
Որը տանում է դէպի պատրաստած օթևաններդ,
Արցունքներով եմ խօսքս սերմանում,
Երբ հասնի ժամը հնձի հաւաքման,
Թող որ կատարեալ քաւութեամբ դառնամ զոհ ու բերկրալից՝
Ընտիր խրձերի երջանիկ բերքով:
Չտա՝ս ինձ սրտի անորդի արգանդ, Իարայէլի պէս,
Ոչ էլ աչքերի ցամաք ստինքներ, ո՜վ ամենագո՝ւթ:
Լսի՝ր բանական աղաչաւորիս, հզօր ողորմա՝ծ,
Նախքան երկնքին, երկունքը՝ երկրին,
Եւ սա՝ ցորենին, գինուն ու ձէթին,
Իսկ սրանք բոլորն Իսրայէլին:
Երկնաւորների աղերսն, ուղղուած քեզ,
Թող որ աւելի ազդի իմ հոգուն,
Քան թէ տարրերին ապականացու:
Դու ստեղծող ես,իսկ ես միայն կաւ.
Տարակուսուածիս այս հեծեծագին
Աղերսանքների սկզբից յայտնի´ր կամքդ բարեգութ,
Որ կարողանամ զօրանալ այստեղ,
Որպէսզի երբ որ երկինքը վերին իմ առաջ բացուի,
Չլինի յանկարծ,լոյս վայելելուն անվարժ,անընտել,
Մի մոմի նման հալուելով իսպառ ջնջեմ մէջտեղից:
Սիրտ տո´ւր զրկուածիս,ինչպէս ասողն է գոչել աղօթքով,
Ուժ դալկացածիս և կեանք մաշուածիս խղճի խայթերից,
Ոչ թէ անձկութեամբ ու տառապանքով քեզ որոնելուց:
Ա´ռ աւանդն իմ այս աղաչանքների
Եւ ողորմութեան շնորհներդ տո´ւր,
Ընդունի´ր փոքր այս ՝ տկարիցս
Եւ հզօրիցդ՝ մեծը շնորհի´ր:
Զօրաւոր դարձրո´ւ խօսքերս զղջման՝
Ուղարկելով մեզ հոգի բարձունքից՝
Քո աստուածաշունչ այն պատգամներով,
Որ զետեղել եմ այս մատեանի մէջ:
Ճշմարտութեամբ լուսաւորելով
Առակով ասուած խօսքը Եսայու,
Հաճի´ր, բարերա´ր, պարգևել մահուան արժանաւորիս՝
Իմ անարձագայն պղնձի տեղակ՝ շնորհիդ ոսկին,
Անզարդ սևաթոյր իմ երկաթի տեղ՝
Հրաշէկ պղինձը Լիբանանի,
Որ օրինակն է առաքինութեան:
Ինչու կարծրացնես սիրտը եղկելուս,անճառ, ահաւո´ր,
Որ չթափանցի երկիւղդ այնտեղ:
Թող որ անվաստակ չմնամ փոքր այս աշխատանքից,
Ինչպէս ջրազան սերմնացան՝ ամուլ, անբերրի հողի.
Թող չպատահի ինձ յանկարծ երկնել, սակայն չծնել,
Ողբալ՝ չարտասուել, խորհել՝ չհառաչել,
Ամպել՝ չանձրևել, գնալ՝ չհասնել,
Քեզ ձայն տալ, և դու ձայնս չլսես,
Պաղատել, սակայն անտեսուած մնալ,
Կողկողել, սակայն դու չողորմես,
Աղաչել քեզ՝ բայց ոչինչ չշահել,
Զոհեր մատուցել, բայց չճենճերել,
Քեզ տեսնել, սակայն ձեռնունայն դուրս գալ:
Լսի´ր ինձ, նախքան ես կը դիմեմ քեզ, ո՜վ միայն հզօ´ր.
Մեղքերով ապրած օրերիս չափով՝
Անվճար թողած պատժի տուգանքը
Ինձ՝ չարագործիս, նոր տանջանքներով վճարել մի´ տուր:
Փրկի´ր ինձ, գթա´ծ, լսի´ր, ողորմա´ծ,
Մարդասէր եղի´ր իմ հանդէպ, ներո´ղ,
Խնայող եղի´ր, ո՜վ երկայնամիտ,
Պաշտպանի´ր, ապաւէ´ն, բարերարի´ր, հզօ´ր,
Ազատի´ր, ամենակա´լ, կեանք տո´ւր,նորոգո´ղ,
Վերականգնի´ր, ահաւո´ր, լուսաւորի´ր, երկնայի´ն,
Բժշկի´ր, հնարագէ´տ, քաւի´ր, անքնի´ն,
Պարգևատրի´ր, առատաձե´ռն, շնորհազարդի´ր, աննախա´նձ,
Հաշտուի´ր, անախտակի´ր,ընդունի´ր, անոխակալ,
Ջնջի´ր պարտքերս, ո՜վ օրհնաբանեա´լ:
Երբ թշուառութեան պահին աչքերս սևեռած լինեմ
Ինձ սպառնացող զոյգ վտանգներին,
Թող որ տեսնեմ քո փրկութիւնը, յոյս ու խնամակա´լն
Եթէ հայեացքս դէպի վեր յառած՝
Դիտելու լինեմ ամենագրաւ ուղին սոսկալի,
Թող խաղաղութեան հրեշտակդ ինձ պատահի սիրով,
Իսկ վերջին օրս, շունչս արձակելիս,
Ցոյց տո´ւր երկնային երջանիկներից
Մի լուսաթռիչ ու մաքուր հոգի,
Որ հասնի ինձ մօտ սիրուդ պարգևով,
Նաև վախճանուած արդարներից ինձ կարեկից հասցրո´ւ:
Յուսահատ օրս չարագործիր,
Քո անակնկալ բարին շնորհի´ր,
Ո՜վ բարեբանեալ փրկիչ բոլորի,
Հիւանդ ոչխարիդ որպէս ուղեկից
Չլինի որ տաս դժնդակ գազան:
Մեղքով մեռածիս պարգևի´ր, գթա´ծ, անապական կեանք
Ու կործանուողիս ծանր պարտքերիս ծանր պարտքերից՝ փրկութիւնը քո:

Շար . 2

Sunday, April 22, 2012

ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ (Ծաղկաքաղ) 1 - Գրիգոր Նարեկացի - Թարգմանեց՝ Վազգէն Գէորգեան

Սիրելի ընթերցող,

Լոսանճելըսաբնակ հայրենի մտաւորական եւ «Նշանակ»ի հրապարակումը բանիւ եւ գործով գնահատող Վահան Գէորգեան ուղարկած է այս գեղեցիկ թարգմանութիւնը , ինչպէս ան կը յայտնէ վարի բացատրութեան մէջ: «Նշանակ» շնորհակալութիւն կը յայտնէ սիրելիք՝ Վահան ու Վազգէն Գէորգեաններուն : Կը հրաւիրենք ընթերցողները , ամէն օր տաս վայրկեան տրամադրել ու կարդալ հատուած մը Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութենէն , ժողովրդական լեզուով՝ «Նարեկ» էն : Այս ծաղկաքաղը կը բաղկանայ 55 էջերէ : Պիտի փորձենք քսան օրերու ընթացքին հրապարակել զայն: Բնագիրը Աբեղեան ուղղագրութեամբ է , խմբագրութիւնս յարմար նկատեց զայն Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հրապարակել:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն Վահան Գէորգեանին:
«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Նարեկացին թող աւելի ճոխացնի ու իր շնչով ուժ ու հաւատ ներարկի «Նշանակ»ի գրասէրներին : Այս էջերի թուայնացումը կատարել էր դոկտոր Հրաչ Վարդանեանը, նա՝ Իրանից , ես՝ Հայաստանից, մի օր մենք պատահաբար հանդիպեցինք Գլենդելի գրադարանում եւ արագ մտերմացանք: Մտաւորական ու պրպտող մտքի տէր անհատ էր, լաւատեղեակ հայ գրականութեանը: Սովորել էր ԱՄՆում, կտրուած ծննդավայրից, այս հեռաւոր ափերում ապրում էր Հայաստանով , հայ մշակոյթի նուիրեալներից էր:
Վահան Գէորգեան

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»

Ի Խորոց Սրտի Խօսք Աստծու Հետ

Սրտիս դառնահեծ հառաչանքների
Վայն ու ողբաձայն աղաղակները
Վերընծայում եմ քեզ, ո՜վ գաղտնատես.
Եւ իմ սասանուած մտքի ճենճերող
Իղձերի պտուղն ու բերքը դրած
Անձս տոչորող թախծի կրակին՝
Կամքիս բուրվառով առաքում եմ քեզ:
Սակայն կը նայես նրան, ո՜վ գթա´ծ,
Ու կը հոտոտես աւելի սիրով,
Քան պատարագն այն բոլորանուէր,
Որ մատուցւում էր ծխով թանձրաբարդ:
Ընդունիր հիւսուածքն իմ այս կարճառոտ ու սեղմ խօսքերի
Բարեհաճօրէն, ոչ թէ բարկութեամբ:
Բանական զոհիս մտքի խոհածուփ սենեակի խորքից
Սրտիս անձկութեամբ ելած կամաւոր այս նուէրը թող,
Ողջակիզուելով պարարտակուտակ ճարպիս զօրութեամբ,
Բարձրանայ ու քեզ հասնի անյապաղ:
Եւ աղերսախառն դատի մտնելս քեզ հետ, ո՜վ հզօ´ր,
Թող քեզ տաղտկալի չթուայ յանկարծ,
Ինչպէս ձեռքերի կարկառումն ի վեր
Ամբարշտացած Յակոբի ցեղի,
Որի դէմ բողոք գրեց Եսային
Կամ թե սաղմոսի առակում յիշուած
Անիրաւութիւնը Բաբելոնի,
Այլ ընդունելի թող լինի այն քեզ,
Ինչպէս Սելովի խորանի անուշ խնկաբուրումը,
Դաւթի նորակերտ խորանի՝ յանուն այն տապանակի,
Որն իր վերստին գերեդարձութեամբ
Վերագտնումն է խորհրդանշում,
Ասես, նաև իմ կորուսեալ հոգու:

***

Հնչում է ահա ուժգնապէս ձորում վրէժխնդրութեան՝
Ձայնը ահաւոր քո դատաստանի,
Երկնելով իմ դէմ նորից մարտերի գրգիռ ու պոռթկում.
Այժմ իսկ զգում եմ արդէն անձիս մէջ
Տագնապախռով ալեկոծումներ ներհակ ուժերի,
Եւ չար ու բարի խորհուրդների ահա խմբուած բազմութեամբ,
Ապառազինուած զէնք ու սուսերով՝
Բախւում են իրար ոսոխների պէս,
Դարձնելով համակ ինձ մահուան գերի:

***

Եթէ վշտերից լքուած, յոգնաբեկ ՝ մէկը նուաղի,
Թող ամրապնդուած յառնի վերստին
Հառաչանքների այս հարստարանով՝ յուսալով ի քեզ:
Եթէ ամբարտակն ապահովութեան մեղքով խորտակուի,
Թող որ քարերով այս, շնորհաձիր
Աջովդ յարմարուած, կառուցուի դարձեալ:
Եթէ յանցանքի սուսերով յոյսի լարը կտրուի,
Ամենակալիդ բարեհաճութեամբ՝
Ամուր պատուաստմամբ՝ քող կցուի նորէն:
Եթէ հոգեկան մահաբեր մի ցաւ պաշարի մէկին,
Թող որ սրանով, աղօթելով քեզ,
Ստանայ կեանքի յոյս ու փրկութիւն:
Թէ տագնապահար ու տարակուսուած խոցոտուի մի սիրտ,
Սրանով փրկուած՝ թող ապաքինուի ՝ մեծիդ քաղցրութեամբ:
Թէ անքաւելի մեղանչումներից մէկը կործանուած՝
Ընկղմուած լինի խորքն անդունդների,
Թող որ այս կարթով դէպի լոյս ելնի՝ քո աջակցութեամբ:
Եթէ թմրութեամբ խաբեպատիր ու խաւար գործերի
Մէկը դալկացած լինի կարեւէր,
Թող որ զօրանա նորից քեզ համար,
Միակ զօրավի´գ, ապաւինած քեզ:
Եթէ պահպանակն ապահովութեան լքի մի մարդու,
Թող որ սրանով յոյս առնի դարձեալ քո յոգնածութեան:
Եթէ սարսուռը դիւային ջերմի
Խռովի մէկին տենդով մոլեկան,
Թող որ սթափուի այս նոյն նշանով՝
Երկրպագութեամբ խոստովանելով խաչիդ խորհրդին:
Եթէ մրրիկը անօրինութեան խորտակիչ հողմի
Աշխարհիս ծովում մարդու մարմնեղէն
Շինուածքն հարուածի ալեբախութեամբ,
Թող որ խաղաղուի կրկին այս ղեկով՝ ուղղուած դէպի քեզ:

Շար . 1

Փուշին ու Վարդին Վէճը – ԶՕՀՐԱՊ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Կը հրապարակենք Քեսապի հարազատ զաւակ՝ Զօհրապ Այնթապլեանի բանաստեղծութիւններէն վերջինը, որ հեղինակը յանձնեց «Նշանակ»ին : Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւն սիրելի Զօհրապին:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Փուշն օր մը լեզու առած ըսաւ վարդին.
Ես քու մարմնիդ զրահըն եմ փրկարար,
Առանց ինծի՝ դուն կեանք չունիս բաւարար,
Մարդիկը քեզ ոտքի կոխան կ'ընէին:

Վարդը ժպտաց ,մտերմաբար ան ըսաւ.
Դուն իմ չորս դին մագիլներովդ սրածայր,
Թշնամութիւն կը սերմանես զերդ խաւար,
Ես չըլլայի՝ այրած էին քեզ հարկաւ:

Վիրաւորուած՝ փուշը գոռաց զայրագին.
Ի՞նչ խօսքեր են որ կը կարդաս իմ գլխին,
Առանց ինծի՝ կարճ է կեանքդ՝ չորս հինգ օր,
Ես եմ յաւերժն, ես եմ ոյժը, վեհ , հզօր:

Վարդը խնդաց , փերթերն բացաւ ու ըսաւ.
Գեղեցիկն է հզօրն ընդմիշտ – դուն ոչինչ.
Ո՞ւր է բոյրըդ քու նազանքըդ կախարդիչ,
Գոյնիս , բոյրիս ՝ ողջ աշխարհը հիացաւ:

Saturday, April 21, 2012

Հեռուն նայելով - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Հեռուն նայելով
Ա.
Տարուած մեր առօրեայ զբաղումներով եւ մտահոգութիւններով, սովորաբար
ժամանակ չենք հասնիր յատկացնելու մեր ապագային մասին մտածելու եւ մեր գալիք
աշխատանքները ծրագրելու համար։ Խօսքս, ի հարկէ, կը վերաբերի մեր հաւաքական
կեանքին։
Սոյն յօդուածաշարքին նպատակն է ճիշդ ատիկա փորձել ընել, ոչ անպայման
չափուած-ձեւուած ծրագիր մը առաջադրելու համար - ատիկա հաւաքական ճիգի կը
կարօտի -, այլ մտածումի արահետներ բանալու ու հարցերը բոլորիս սեղանին վրայ
բերելու համար։ Եթէ կ՚ուզէք՝ մարտահրաւէր մըն է, որ կը կարդամ։ Յուսա՞մ, որ այդ
մարտահրաւէրը ընդունողներ, գրիս՝ գրո՛վ պատասխանողներ պիտի ըլլան,
ըսածներուս առարկողներ ու հակաճառողներ, կամ զանոնք լրացնողներ, եւ սկսելիք
երկխօսութիւնը, աւելի ճիշդ, բազմախօսութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի
ունենայ, որպէսզի դուրս գանք մեր ինքնագոհութենէն եւ ընդարմացումէն, իսկապէս
սկսի՛նք մտածել մեր գաղութի ապագային մասին։ Գաղութին մասնաւորապէս, բայց
նաեւ Սփիւռքի ու հայութեան ապագային մասին ընդհանրապէս։
Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ
Գիտնալու համար, թէ որո՞ւ ապագային մասին է խօսքը, առաջին հերթին
պէտք է գիտնանք, թէ ո՞վ ենք մենք, այսինքն ի՞նչ է մեր ժողովրդագրական
պատկերը։ Եթէ մեր գաղութի մարդահամարը - հայահամա՛րը - ընէինք, ի՞նչ պիտի
ուզէինք գիտնալ մենք մեր մասին։ Ահա շարք մը հարցումներ, որ կրնային տեղ գտնել
մեր վիճակագրութեան հարցաթերթիկին մէջ.
- Ի՞նչ թուական պատկեր կը ներկայացնենք. որո՞նք հայ կը նկատեն իրենք
զիրենք, որո՛նք առնչութիւն մը կը զգան, եւ որոնք՝ ոչ մէկ կապ.
- Ի՞նչ է տարիքային բաշխումը մեր այդ քանակին մէջ՝ նախադպրոցական,
դպրոցական, ուսանողական, սերնդագործական, ասպարէզային եւ հանգստեան
տարիքներու բաժնուած.
- Ուրկէ՞ կու գանք, ի՞նչ համեմատութիւններով՝ տեղածին ենք, սփիւռքածին
(տարբեր գաղութներէ) թէ հայրենածին, եւ ե՞րբ հաստատուած ենք այստեղ, մենք
կամ մեր նախորդ սերունդները՝ ԺԹ. դարո՞ւն, Ի. դարու առաջի՞ն կիսուն, երկրո՞րդ
կիսուն թէ ԻԱ. դարուն.
- Ի՞նչ է մեր ազգային-մշակութային դիմագիծը՝ մեր ի՞նչ համեմատութիւնը
հայերէն կը խօսի, ի՞նչ համեմատութիւնը՝ տեղական մէկ, կամ միւս, կամ զոյգ
լեզուներն ալ կը խօսի կամ չի խօսիր, եւ այս համեմատութիւնները ինչպէ՞ս կը
փոխուին սերունդէ սերունդ.
- Ի՞նչ է մեր ուսումնական դիմագիծը, տարիքային համեմատութիւններով՝
որքա՞նը նախակրթութիւն ստացած է, որքա՛նը՝ երկրորդական, գոլեժական ու
համալսարանական, նոյնիսկ յետ-համալսարանական կրթութիւն ունի. իսկ տուեալ
պահու մը, ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն այս բոլոր մակարդակներուն վրայ ուսում
ստացողները. ո՞ւր կը ստանան, որքա՞նը հայկական վարժարաններու մէջ, ամենօրեայ
ու միօրեայ, որքա՛նը տեղական հաստատութիւններու մէջ, որքա՛նը՝ արտասահմանի
մէջ, Հայաստանի՛ մէջ, եւ ի՞նչ մասնագիտութիւններու հետեւելով.
- Ի՞նչ է գաղութի մարդկային ներուժը, կամ մարդուժը՝ աւելի ծանօթ եզր մը
գործածելու համար. ի՞նչ ասպարէզներու կը հետեւին հայերը այս երկրին մէջ, ի՞նչ
ասպարէզներ ունէին իրենց ծնողները, անո՛նց նախորդները, այստեղ կամ այլուր. ի՞նչ
համեմատութիւններով՝ առեւտրական, ակադեմական, արուեստներու եւ
արհեստներու մարզերէն ներս, ազատ ասպարէզներու, եւայլն, եւ ի՞նչ իրավիճակով՝
անձնական գործի, պետական պաշտօններու վրայ, ընկերութիւններու կամ
հաստատութիւններու որպէս պաշտօնեայ, եւ մասամբ նորին. տակաւին, իրենց
ասպարէզին առնչուած կամ անկէ անկախ՝ ի՞նչ ձիրքեր, կարողութիւններ ունին
գաղութի անդամները կամ ըսենք այս երկրի հայերը (քանի »գաղութի անդամ«
եզրոյթն ալ կրնայ որոշ շփոթ յառաջացնել).
- Ի՞նչ համեմատութիւններով ու տարիքային բաշխումով անոնք կ՚առնչուին
գաղութի կեանքին, ինքզինք կապուած կը զգան մեր եկեղեցիներէն որեւէ մէկուն, մաս
կը կազմեն հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, գործօ՛ն դեր
կը խաղան անոնց մէջ, ապա նաեւ՝ կը դադրի՛ն մաս կազմելէ, եւ ի՛նչ
համեմատութիւններով՝ տեղական ոչ-հայկական կեանքին կ՚առնչուին, կը մասնակցին
տեղական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կամ մշակութային
կազմակերպութիւններու. որո՞նք են հայութեան հետ առնչութեան միջոցները եւ ի՞նչ
համեմատութիւններով կ՚օգտագործուին այդ միջոցները՝ եկեղեցիներ, կեդրոններ,
դպրոցներ (իբր ծնողք), մամուլ, համացանց, անհատական կապեր.
- Հայաստանը ի՞նչ տեղ կը գրաւէ հայերու կեանքին մէջ, հիներուն թէ նորերուն
պարագային. հայրենիք այցելութիւններ կա՞ն, հայրենիքին կ՚օգնե՞ն, հոն ապրող
իրենց հարազատներուն կ՚օժանդակե՞ն.
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու բնակութեան տեղաբաշխումը, ո՛ւր
կ՚ապրին երկրին մէջ, նահանգին մէջ, քաղաքին մէջ. որքա՞նը համախումբ են,
որքա՛նը՝ ցրուած կամ բոլորովին մեկուսացած. հայկական կեդրոններուն որքա՞ն
մօտիկ, կամ որքա՛ն հեռու անոնցմէ. իսկ իրարմէ ի՞նչ հեռաւորութիւններու վրայ
կ՚ապրին զաւակներն ու ծնողները...
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու ընտանեկան վիճակը, ի՞նչ տարիքի
կ՚ամուսնանան, ծնողներուն բաղդատմամբ՝ որքան աւելի ուշ, ի՞նչ
համեմատութիւններով՝ հայերու կամ ոչ-հայերու հետ, քանի՞ զաւակ կ՚ունենան, եւ
զաւակները որքանո՞վ կ՚առնչեն հայ կեանքին.
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու տնտեսական վիճակը՝ նիւթական
վաստակը, ստացուածքները, կենցաղը.
- Վերջապէս, ի՞նչ են փոխներգործութիւնները վերոյիշեալ տուեալներուն՝
ինչպէ՞ս մէկ ազդակը կ՚ազդէ միւսին վրայ, օրինակ՝ հայախօսութիւնը ինչպէ՞ս
կ՚առնչուի այստեղ ապրելու տեւողութեան, կամ հայկական կեդրոններէն
հեռաւորութեան հետ, տնտեսական միջոցները՝ գաղութի կեանքին մասնակցութեան
հետ, եւայլն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(շար. 1)

Wednesday, April 18, 2012

Եղիշէ Չարենց - Յակոբ Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըս

Այս յօդուածը կ'արտատպենք ՌԱԿ Մամուլէն եւ կը հրապարակենք Չարենցի ծննդեան 115 եւ մահուան 75 ամեակներուն առիթներով:

«»«««»«»»»»»»»»«»«»«»»«»»»««««»«»«»«»«»«»«»«»«»»»««»«»»«»»«»«»«»«»»««»«««»»«»«»«»««»«»«»«»»««

«Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Աւելի քան 75 տարիներ առաջ հայ ազգին ուղղուած այս տողերը, որքան հարազատ եւ թարմ են մինչեւ օրս, ուղղուած հայ ազգին, որ տակաւին կը տատամսի գործադրելու այս սուրբ պատգամը:

Հայ ժողովուրդի բանաստեղծ Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեանի ծննդեան 115 ամեակի եւ մահուան 75 ամեակի յիշատակութեան տարին է այս տարի: Ծնած Կարս 1897-ին, պատանի տարիքին ան ականատես կ’ըլլայ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թուրք բանակին կոտորածներուն: Հայ ազգի ոչնչացումը չհանդուրժելով, ազգային ազատագրական պայքարի ոգիով մղուած, ան կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանը ազատող հայ մարտիկներու կամաւորական գունդին, պայքարելու համար թուրք բռնատիրութեան դէմ: Երիտասարդ տարիքին ան համոզուած եւ հաւատացած, հետեւած էր կոմունիստական (համայնավար) շարժումին, սակայն առանց կորսնցնելու իր ազգային ջիղն ու հաւատքը:

Իր ազգային աննկուն ոգին կ’արծարծէր հրատարակուած բանաստեղծութիւններուն եւ գրութիւններուն ընդմէջէն, որոնցմէ շատերուն տողերու առաջին գիրերով ան յաճախ իր պատգամը կը հասցնէր հայ ժողովուրդին, մինչեւ յայտնաբերում, Սթալինեան իշխանութեան շրջանին:

Կ’ըսուի թէ 1937 Նոյեմբեր 27-ին, Սթալինեան իշխանութիւններուն կողմէ ան աքսորուեցաւ եւ անյայտ կորսուեցաւ: Կան նաեւ այլ տարբերակներ իր մահուան պարագաներուն շուրջ: Սակայն իրողութիւնը կը մնայ այն՝ թէ Եղիշէ Չարենցի անյայտ մարմինը մինչեւ այսօր չունի դամբարան:

20-րդ դարուն մէջ եթէ կային մարգարէներ, անոնցմէ մէկը անկասկած անմահն Չարենցն էր, որուն հայ ժողովուրդին յղած հանճարեղ պատգամը, մեզ տակաւին հետեւողականութեան կ’առաջնորդէ:

Հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակը, որ իր ազգի փրկութեան համար կառչած էր լաստի մը, որ իր ազատ, հանճարեղ միտքն ու գրիչը կաշկանդած եւ յուսախաբ ըրած էր իր էութիւնը, զինք մղելով անարդարութեան եւ անմարդկայնութեան դէմ թաքուն պայքարի, ընդվզումի եւ հայ ազգի զաւակները ուշքի կանչելու եւ միացումի ու հաւաքականութեան կոչերով:

Չարենցի մարմինը խամրեցաւ հայրենիքին մէջ այլ հայ մտաւորականներու հետ միասին, որոնք նոյն թուականներուն ենթարկուեցան Չարենցի վախճանին: Հայ մտաւորականութեան մարմինները յաւէտ եւ անյայտ կորած կրնան ըլլալ թէեւ, սակայն անոնց հանճարեղ միտքերն ու ոգիները միշտ անթառամ կը մնան հայ ազգի զաւակներուն մէջ:

Եղիշէ Չարենցի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ տաղանդաշատ բանաստեղծին դիմանկարով այս դրոշմաթուղթը, Հոկտեմբեր 19, 1997-ին

Չարենց իր ստեղծագործութիւններով՝ «Դանթէական Առասպելը», Համաշխարհային Առաջին պատերազմի աւերներու նկարագրութիւններով, «Ամբոխները Խելագարուած»ը եւ վերջապէս՝ «Գիրք Ճանապարհին» եղան հայ ազգի ճանապարհի ուղեցոյցը եւ առաջնորդը, իր բազմաթիւ հրատարակութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու կողքին, որոնք մինչեւ այսօր հայ ազգի մտքին եւ շուրթերուն են, երգերու եւ ասմունքներու ընդմէջէն:

«Ես իմ անոյշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում», «Աշխարհ անցիր Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ, ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ, ես իմ Մասիս սարն եւ սիրում»:

Սիրելի Չարենց, քու եւ հայ ազգին անհաս փառքի ճանապարհին, թող յիշատակդ մնայ անմոռաց: